Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա21 Մարտ էջ 1-10
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 1-7
  • ՄԱՐՏ 8-14
  • ՄԱՐՏ 15-21
  • ՄԱՐՏ 22-28
  • ՄԱՐՏ 29–ԱՊՐԻԼ 4
  • ԱՊՐԻԼ 5-11
  • ԱՊՐԻԼ 12-18
  • ԱՊՐԻԼ 19-25
  • ԱՊՐԻԼ 26–ՄԱՅԻՍ 2
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
ժտա21 Մարտ էջ 1-10

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՐՏ 1-7

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 7-8

«Իսրայէլի բանակէն դասեր»

it-1 497 ¶3

Ժողովուրդ

Իսրայէլ ազգին մէջ պատասխանատու անհատներ կը ներկայացնէին ժողովուրդը (Եզր. 10։14)։ Խորանը կանգնուելէ ետք, «վերակացու իշխանները» ներկայացուցին ժողովուրդը (Թւ. 7։1-11)։ Նէեմիայի օրերուն՝ քահանաները, ղեւտացիները եւ «ժողովուրդին իշխանները» որպէս ժողովուրդին ներկայացուցիչները «հաստատ ուխտ մը» կնքեցին (Նէ. 9։38–10։27)։ Երբ իսրայէլ ազգը անապատին մէջն էր, «ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ» կային, որոնցմէ 250–ը Կորխին, Դաթանին, Աբիրոնին եւ Օնին միանալով Մովսէսին եւ Ահարոնին դէմ ելան (Թւ. 16։1-3)։ Ուրիշ առիթով, Մովսէս Եհովային ուղղութեան հետեւելով իսրայէլի ծերերէն ու գլխաւորներէն 70 անհատ զատեց, որպէսզի իրեն օգնեն «ժողովուրդին բեռը» վերցնելու, քանի որ ինք առանձին չէր կրնար վերցնել (Թւ. 11։16, 17, 24, 25)։ Ղեւտացւոց 4։15–ը կը նշէ «ժողովուրդին ծերերը», եւ այնպէս կ’երեւի որ այս ծերերը, ինչպէս նաեւ՝ իշխանները, դատաւորները եւ ոստիկանները, իրենք էին ժողովուրդին ներկայացուցիչները (Թւ. 1։4, 16. Յես. 23։2. 24։1)։

it-2 796 ¶1

Ռուբէն

Իսրայէլի բանակին մէջ՝ խորանին հարաւը կը գտնուէր Ռուբէնին ցեղը, որուն մէկ կողմը կար Շմաւոնի ցեղը, իսկ միւս կողմը՝ Գադի ցեղը։ Այս երեք ցեղեան բաժանումին գլուխը Ռուբէնին ցեղն էր, եւ երբ իսրայէլի բանակը ճամբայ ելլէր՝ այս բաժանումը կը հետեւէր Յուդայի, Իսաքարի եւ Զաբուղոնի ցեղերէն կազմուած բաժանումին (Թւ. 2։10-16. 10։14-20)։ Երբ խորանը կանգնուեցաւ, անոնք այս նոյն կարգով ներկայացուցին իրենց զոհերը (Թւ. 7։1, 2, 10-47)։

դ04 8/1 19 ¶1

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

8։25, 26. Ղեւտացիներու ծառայութեան մէջ ատակ տղամարդիկ նշանակելու համար եւ անոնց տարիքը նկատի առնելով, տարեցներուն պատուէր տրուած էր որ պարտաւորիչ ծառայութենէն դադրէին։ Սակայն անոնք կրնային կամովին միւս Ղեւտացիներուն օգնել։ Թէեւ այսօր Թագաւորութիւնը ծանուցանողին հանգստեան կոչուիլ չկայ, սակայն այս օրէնքին սկզբունքը արժէքաւոր դաս մը կը սորվեցնէ։ Եթէ յառաջացած տարիքի բերմամբ Քրիստոնեայ մը չկարենայ որոշ պարտաւորութիւններ կատարել, ան կրնայ բաժին բերել ծառայութեան այն մարզին մէջ որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 835

Անդրանիկ, նախածին

Որովհետեւ իսրայէլացիներուն անդրանի՛կ զաւակներն էին որ ընտանիքներու գլուխներ կը դառնային, անոնք ամբո՛ղջ ազգը կը ներկայացնէին։ Եհովան նոյնիսկ ամբողջ ազգը կը սեպէր իր «անդրանիկը», քանի որ անոնք իր անդրանիկ ազգն էին աբրահամական ուխտին պատճառով (Ել. 4։22)։ Քանի որ Եհովան անդրանիկներուն կեանքը խնայած էր, ան պատուիրեց որ «ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն» սրբացուի իրեն համար (Ել. 13։2)։ Այսպիսով, անդրանիկ զաւակները Աստուծոյ նուիրուած էին։

ՄԱՐՏ 8-14

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 9-10

«Իր ժողովուրդը առաջնորդելու Եհովային կերպը»

it-1 398 ¶3

Բանակ

Իսրայէլի մեծ բանակին մէկ տեղէն միւսը ինչ կերպով փոխադրուիլը կը ցուցնէր, որ անոնք հիանալի կերպով կազմակերպուած էին (Թուոց 33–րդ գլուխին մէջ Մովսէս նշած է շուրջ 40 փոխադրութիւններ)։ Այնքան ատեն որ ամպը խորանին վրայ էր, բանակը տեղէն չէր շարժեր։ Երբ ամպը շարժէր, բանակը ճամբայ կ’ելլէր։ Անոնք «Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին» (Թւ. 9։15-23)։ Եհովային հրամանները ժողովուրդին կը տրուէր երկու կռածոյ արծաթէ փողերու միջոցաւ (Թւ. 10։2, 5, 6)։ Փողի յատուկ կանչեր նշան էին, որ բանակը պէտք էր չուէր։ Ասիկա առաջին անգամ պատահեցաւ, «երկրորդ տարուան [Ք.Ա. 1512–ին] երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը»։ Նախ ուխտին տապանակը կը շարժէր, եւ ատոր ետեւէն կը չուէր Յուդայի գլխաւորութեամբ եղող երեք ցեղեան բաժանումը. նախ՝ Յուդան, ետքը՝ Իսաքարը, եւ ետքը՝ Զաբուղոնը։ Ատոնց ետեւէն կը չուէին Գերսոնեանները եւ Մերարեանները, որոնք իրենց հետ կը շալկէին խորանին այն մասերը, որոնք իրենց նշանակուած էին։ Ատկէ ետք Ռուբէնի գլխաւորութեամբ եղող երեք ցեղեան բաժանումը կը չուէր. նախ՝ Ռուբէնը, ետքը՝ Շմաւոնը, եւ ետքը՝ Գադը։ Ետքը Կահաթեանները կը չուէին սրբարանին հետ։ Անկէ ետք, Եփրեմի գլխաւորութեամբ եղող երեք ցեղեան բաժանումը կը չուէր. նախ՝ Եփրեմը, ետքը՝ Մանասէն, եւ ետքը՝ Բենիամինը։ Ի վերջոյ Դանի գլխաւորութեամբ եղող երեք ցեղեան բաժանումը կը չուէր. նախ՝ Դանը, ետքը՝ Ասերը, եւ ետքը՝ Նեփթաղիմը։ Այսպիսով, ամէնէն մեծ եւ զօրաւոր բաժանումները կը գտնուէին բանակին առջեւի եւ ետեւի մասերուն մէջ (Թւ. 10։11-28)։

w11 4/15 4-5

Աստուծոյ առաջնորդութեան փաստը կը տեսնե՞ս

Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կը գնահատենք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք» (Եբ. 13։17)։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ։ Օրինակ մը նկատի առնենք. երեւակայէ որ Մովսէսի օրերուն ապրող իսրայէլացի մըն ես եւ ժամանակէ մը ի վեր կը քալես։ Ամպի սիւնը մէկէն կը կենայ։ Որքա՞ն պիտի կենայ։ Մէ՞կ օր, մէ՞կ շաբաթ, քանի՞ մը ամիս։ Միտքէդ կ’ըսես. ‘Կ’արժէ՞ բոլոր ապրանքներս տեղաւորեմ’։ Թերեւս սկիզբը միայն ամէնէն կարեւոր ապրանքներդ տեղաւորես։ Քանի մը օր ապրանքներդ գտնելու մէջ նեղութիւն քաշելէ ետք, կ’որոշես բոլո՛ր ապրանքներդ տեղաւորել։ Բայց հազիւ տեղաւորես, կը տեսնես որ ամպի սիւնը կը շարժի։ Պէտք է նորէն սկսիս ապրանքներդ հաւաքել։ Ասիկա դիւրին չէ։ Հակառակ ասոր, իսրայէլացիները պէտք էր շուտով չուէին, երբ ամպը շարժէր (Թւ. 9։17-22)։

Լաւ մենք ինչպէ՞ս կը հակազդենք, երբ Եհովան ուղղութիւն մը տայ մեզի։ Կը ջանա՞նք շուտով գործադրել զայն, թէ ոչ կը շարունակենք ընել ինչ որ արդէն սովորութիւն ունէինք ընելու։ Արդեօք գիտե՞նք վերջին ուղղութիւնները ի՛նչ են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ օտար լեզու խօսող մարդոց քարոզելու, կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունք ունենալու, Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբին հետ համագործակցելու եւ համաժողովներու ատեն պատշաճ վարք ունենալու նկատմամբ։ Ասկէ զատ, Եհովային առաջնորդութեան հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք՝ մեզի տրուած խրատները ընդունելով։ Երբ լուրջ որոշումներու առջեւ ըլլանք, մեր իմաստութեան չենք վստահիր, հապա՝ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան առաջնորդութեան։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ մը իր ծնողքին պաշտպանութիւնը կը փնտռէ երբ փոթորիկ ըլլայ, մենք ալ Եհովային կազմակերպութեան պաշտպանութիւնը կը փնտռենք, երբ այս աշխարհին խնդիրները փոթորիկի մը պէս զարնեն մեզի։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 199 ¶3

Ժողով

Ժողվուելուն կարեւորութիւնը։ Շատ կարեւոր էր որ իսրայէլացիները ամէն տարի Պասեքի ժամանակ մէկտեղ հաւաքուելու նկատմամբ Եհովային ըրած կարգադրութիւնները լման յարգէին, որպէսզի ատոնց հոգեւոր օգուտները վայելէին։ Եթէ մաքուր եղող եւ ճամբորդութեան մէջ չեղող տղամարդը անտեսէր Պասեքը տօնել, պէտք էր սպաննուէր (Թւ. 9։9-14)։ Երբ Եզեկիա թագաւորը Յուդայի եւ Իսրայէլի բնակիչները Երուսաղէմ կանչեց Պասեքը տօնելու, անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ. . . Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. . . ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ. . . ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ» (Բ. Մն. 30։6-9)։ Եթէ մէկը դիտմամբ ներկայ չըլլար Պասեքին, Աստուծոյ կռնակ դարձուցած կ’ըլլար։ Ճիշդ է որ քրիստոնեաները Պասեքին նման տօնակատարութիւններ չեն ըներ, բայց Պօղոս զանոնք քաջալերեց որ շարունակեն Աստուծոյ ծառաներուն հետ ժողվուիլ, ըսելով. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։

ՄԱՐՏ 15-21

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 11-12

«Ինչո՞ւ գանգատելու սովորութիւն պէտք չէ ունենանք»

դ01 6/15 17 ¶20

Լսող ու մոռցող ունկնդիրներ մի՛ ըլլաք

20 Քրիստոնեաներու հսկայ մեծամասնութիւնը երբեք անձնատուր չ’ըլլար սեռային անբարոյութեան։ Բայց եւ այնպէս, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ չհետեւինք ընթացքի մը որ տրտնջելու սովորութեան կ’առաջնորդէ, որ կրնայ մեզ Աստուծոյ տհաճութեան արժանացնել։ Պօղոս կը յորդորէ մեզ. «Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս [Իսրայելացիներէն] ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան»։ (Ա. Կորնթացիս 10։9, 10) Իսրայելացիները Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ նոյնիսկ Աստուծոյ՝ դէմ տրտնջեցին, հրաշալի կերպով հայթայթուած մանանային համար գանգատելով։ (Թուոց 16։41. 21։5) Արդեօք Եհովա աւելի քի՞չ նեղացաւ իրենց տրտունջէն քան՝ պոռնկութենէն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ բազմաթիւ տրտնջացողներ սպաննուեցան օձերու կողմէ։ (Թուոց 21։6) Նախապէս ուրիշ առիթով մը, աւելի քան 14,700 ըմբոստ տրտնջացողներ սպաննուած էին։ (Թուոց 16։49) Ուստի թող որ Եհովայի համբերութիւնը չփորձենք՝ իր հայթայթումներուն հանդէպ անյարգալից գտնուելով։

դ06 8/1 5 ¶7

Տրտնջալէ ետ կենանք

7 Իսրայելացիներուն կեցուածքը որքա՜ն փոխուած էր։ Եգիպտոսի լուծէն ազատուիլը եւ Կարմիր ծովէն փրկուիլը գնահատելով, անոնք երգերով Եհովան փառաբանած էին։ (Ելից 15։1-21) Սակայն անապատին անհանգստաւէտութիւնը եւ Քանանացիներուն արհաւիրքը պատճառ եղան որ Աստուծոյ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը փոխարինուի դժգոհութեան հոգիով։ Փոխանակ իրենց ազատութեան համար Աստուծոյ շնորհապարտ ըլլալու, անոնք զինք մեղադրեցին՝ իրենց ենթադրական զրկումին համար։ Ուստի տրտնջալը՝ Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ պատշաճ գնահատութեան պակաս ցոյց կու տար։ Զարմանալի չէ որ ան ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ»։—Թուոց 14։27. 21։5

it-2 719 ¶4

Վիճիլ

Տրտնջալ։ Տրտնջալը կը յուսահատեցնէ եւ կը քանդէ անհատը։ Եգիպտոսէն ելլելէն քիչ ետք, իսրայէլացիները Եհովային դէմ տրտնջացին, չընդունելով Մովսէսին եւ Ահարոնին միջոցաւ Իր առաջնորդութիւնը (Ել. 16։2, 7)։ Ետքը, անոնց տրտունջը այնքա՛ն նեղացուց Մովսէսը, որ ան ուզեց մեռնիլ (Թւ. 11։13-15)։ Տրտնջալը կրնայ շատ լուրջ վնաս հասցնել տրտնջացողին։ Եհովան սեպեց որ Մովսէսին դէմ տրտնջացողները իրականութեան մէջ Ի՛ր առաջնորդութեան դէմ կը գանգատէին եւ կ’ըմբոստանային (Թւ. 14։26-30)։ Շատեր ասոր պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 309

Մանանայ

Նկարագրութիւն։ Մանանան «գինձի սերմի պէս ճերմակ» էր եւ ատոր տեսքը անուշահոտ խէժի պէս էր, որ մոմի նման թափանցիկ եւ մարգարիտի երեւոյթով նիւթ մըն էր։ Մանանային համը «մեղրով շինուած գաթայի պէս» եւ «իւղոտ գաթաներու համին պէս» էր։ Ատիկա աղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը ծեծէին, եւ ետքը կը խաշէին կամ ալ անկէ շօթեր կ’եփէին (Ել. 16։23, 31. Թւ. 11։7, 8)։

ՄԱՐՏ 22-28

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 13-14

«Հաւատքը ինչպէ՞ս քաջութիւն կու տայ մեզի»

դ06 10/1 15 ¶5-6

Քա՛ջ ըլլանք՝ հաւատք ու աստուածավախութիւն ի գործ դնելով

5 Սակայն լրտեսներէն երկուքը՝ Յեսու եւ Քաղէբ, Աւետեաց Երկիրը մտնելու մեծ ցանկութիւն ունէին։ Անոնք ըսին. «Երկրին ժողովուրդը . . . մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ (Թուոց 14։9) Յեսու եւ Քաղէբ անտեղիօրէ՞ն լաւատես էին։ Բնաւ երբեք։ Անոնք եւ մնացեալ ազգը ականատես եղած էին, երբ Եհովա հզօր Եգիպտոսն ու անոր չաստուածները նուաստացուց՝ Տասը Պատուհասներու միջոցաւ, ապա Փարաւոնն ու անոր զօրագունդերը Կարմիր ծովուն մէջ խեղդեց։ (Սաղմոս 136։15) Բացայայտ է որ տասը լրտեսներուն եւ անոնցմէ ազդուողներուն ցուցաբերած վախը անարդարանալի էր։ Եհովա խոր վիշտ յայտնելով՝ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը . . . մինչեւ ե՞րբ՝ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի»։—Թուոց 14։11

6 Եհովա ուղղակի խնդրին արմատը նշեց,– ժողովուրդին վախկոտ կեցուածքը անհաւատութեան հետեւանքն էր։ Արդարեւ հաւատքն ու քաջութիւնը սերտօրէն յարակից են. ատոր համար Յովհաննէս առաքեալ կրցաւ քրիստոնէական ժողովքին ու անոր հոգեւոր պատերազմին նկատմամբ գրել. «Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ»։ (Ա. Յովհաննու 5։4) Ներկայիս, աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ՝ երիտասարդ ու տարեց, զօրաւոր ու տկար, որոնք Յեսուի ու Քաղէբի հաւատքին նման հաւատք ունին, Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզած են։ Ո՛չ մէկ թշնամի կրցած է այս հզօր ու քաջ բանակը լռեցնել։—Հռովմայեցիս 8։31

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 740

Այն երկիրը որ Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ

Այն երկիրը որ Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ իրապէս լաւ երկիր էր։ Երբ Մովսէս լրտեսներ ղրկեց որ Աւետեաց երկիրը քննեն եւ ատոր բերքէն բերեն, անոնք իրենց հետ բերին թուզեր, նուռեր եւ խաղողի ողկոյզ մը, որ այնքան մեծ էր որ երկու հոգի ձողով վերցուցին զայն։ Ճիշդ է որ լրտեսները տկար հաւատք ունենալնուն պատճառով վախցան այդ երկրէն, բայց ատոր մասին ըսին. «Իրաւցնէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն» (Թւ. 13։24, 28)։

ՄԱՐՏ 29–ԱՊՐԻԼ 4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 15-16

«Հպարտութենէ եւ չափազանց ինքնավստահութենէ հեռու մնա՛»

դ11 9/1 31 ¶12

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես

12 Այսուհանդերձ, մինչ իսրայէլ ազգը ճամբայ ելած էր դէպի Խոստացեալ երկիր, Կորխ ազգին առաջնորդուած կերպին նկատմամբ խնդիրներ նկատեց։ Ապա 250 անուանի տղամարդիկ Կորխին կողքին դիրք բռնեցին, ջանալով փոփոխութիւն մտցնել։ Կորխ եւ միւսները Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան նկատմամբ ինքնավստահ ըլլալու էին։ Անոնք Մովսէսի ըսին. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է» (Թուոց 16։1-3)։ Ի՜նչ չափազանց ինքնավստահութիւն եւ հպարտ կեցուածք։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը» (կարդա՛ Թուոց 16։5)։ Յաջորդ օրուան վերջաւորութեան, Կորխ եւ իր կողքին դիրք բռնած բոլոր ըմբոստները մահացած էին (Թուոց 16։31-35)։

դ11 9/1 30 ¶11

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես

11 Եհովայի կարգադրութիւնը եւ անոր որոշումները յարգելու առնչութեամբ, նկատի պիտի առնենք երկու անհատներու օրինակները, որոնք տարբեր կերպերով վարուեցան. Մովսէս եւ Կորխ։ Անոնց հակազդեցութիւնները ազդակ մըն էին, թէ Եհովա զիրենք ինչպէ՛ս նկատեց։ Կորխ Կահաթի որդիներէն եղող ղեւտացի մըն էր, որ շատ մը առանձնաշնորհումներ վայելեց, որոնք հաւանաբար պարփակեցին՝ Կարմիր ծովէն ազգին ազատման ականատես ըլլալ, Սինա լերան մօտ անհնազանդ իսրայէլացիներուն դէմ Եհովայի արձակած դատաստանին թիկունք կանգնիլ, եւ ուխտին տապանակը փոխադրելու մէջ բաժին բերել (Ել. 32։26-29. Թուոց 3։30, 31)։ Բացայայտօրէն, ան երկար տարիներ Եհովայի հաւատարիմ մնացած էր, եւ ատոր համար իսրայէլացիներէն շատեր զինք կը յարգէին։

Հոգեւոր գոհարներ

դ98 9/1 30 ¶1-2

ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԵՐԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՆԵԼՈՒ ՀՈԳ ՏԱՐԷՔ

Եհովա այս հարցը շատ աւելի լրջօրէն նկատի առաւ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. ‘Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի’»։ (Թուոց 15։35) Եհովա ինչո՞ւ այսքան խստօրէն վարուեցաւ մարդուն ըրածին նկատմամբ։

Մարդիկ վեց օր ունէին փայտ հաւաքելու, ինչպէս նաեւ ուտելիքի, հագուելիքի ու բնակարանի համար հարկ եղած բաները ընելու։ Եօթներորդ օրը իրենց հոգեւոր կարիքներուն պէտք էր յատկացնէին։ Թէեւ փայտ հաւաքելը սխալ չէր, բայց սխալ էր Եհովան պաշտելու համար յատկացուած ժամանակը ուրիշ բանի գործածել։ Թէեւ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, բայց այս դէպքը մեզի չի՞ սորվեցներ որ ներկայիս ալ պէտք է գիտնանք նախապատուութիւնները ինչպէս դասաւորել։—Փիլիպպեցիս 1։10

ԱՊՐԻԼ 5-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 17-19

«Ժառանգութիւնդ ես եմ»

դ11 9/1 17 ¶9

Թոյլ կու տա՞ս որ Եհովան բաժինդ ըլլայ

9 Պահ մը խորհէ ղեւտացիներուն մասին, որոնք կալուած չստացան։ Քանի որ մաքուր պաշտամունքը անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր, ապրուստի համար անոնք պէտք էր վստահէին Եհովային՝ որ իրենց ըսաւ. «Քու բաժինդ. . . ես եմ» (Թուոց 18։20)։ Թէեւ քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն նման բառացի տաճարի մէջ չենք ծառայեր, սակայն կրնանք անոնց կեցուածքը ընդօրինակել, վստահութիւն ունենալով որ Եհովա մեզի հոգ պիտի տանի։ Մեզի հոգ տանելու Աստուծոյ կարողութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը, հետզհետէ աւելի կարեւոր կը դառնայ՝ մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին կը մօտենան (Յայտ. 13։17)։

դ11 9/1 12 ¶4

Եհովա իմ բաժինս է

4 Այդ նշանակումը ի՞նչ նշանակեց ղեւտացիներուն։ Եհովա ըսաւ թէ ինք իրենց բաժինը պիտի ըլլար, այն առումով որ փոխանակ կալուած ստանալու, իրենց պիտի վստահուէր ծառայութեան անգին առանձնաշնորհում մը։ «Տէրոջը քահանայութիւնը» ըլլալը անոնց ժառանգն էր (Յես. 18։7)։ Թուոց 18։20–ին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա ղեւտացիները աղքատութեան չառաջնորդեց (կարդա՛ Թուոց 18։19, 21, 24)։ Ղեւտացիներուն պիտի տրուէր ‘իսրայէլի բոլոր տասանորդը. . . ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում’։ Անոնք իսրայէլի բերքին եւ ընտանի կենդանիներուն յաւելման 10 տոկոսը պիտի ստանային։ Իրենց կարգին, ղեւտացիները քահանայութեան աջակցութեան համար պիտի մատուցանէին իրենց ստացածին տասանորդը՝ «ամենալաւ»ը (Թուոց 18։25-29)։ Քահանաները նաեւ կը ստանային «սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները», որոնք իսրայէլի որդիները Աստուծոյ պաշտամունքի վայրը կը բերէին։ Ուստի, քահանայութեան անդամները լաւ պատճառներ ունէին հաւատալու, թէ Եհովան իրենց կարիքները պիտի հոգար։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 12/1 7 ¶10

Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

13։5—«Աղի ուխտ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Իր պահպանելու յատկութեան համար, աղը մշտականութեան եւ անփոփոխելիութեան խորհրդանշան դարձաւ։ Ուստի «աղի ուխտ» արտայայտութիւնը պարտաւորիչ համաձայնութիւն կը մատնանշէ։

ԱՊՐԻԼ 12-18

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 20-21

«Հեզ մնա՛ երբ ճնշումի տակ ըլլաս»

դ19.02 12 ¶19

Հեզութիւն մշակէ՛ եւ Եհովան հաճեցուր

19 Աւելի քիչ սխալներ պիտի ընենք։ Նորէն մտածէ Մովսէսին մասին։ Ան տասնեակ տարիներ հեզ մնաց եւ Եհովան հաճեցուց։ Բայց իսրայէլացիները անապատին մէջ շուրջ 40 տարի թափառելէ ետք, Մովսէս հեզութիւն ցոյց տալուն մէջ թերացաւ։ Իր քոյրը, որ Եգիպտոսի մէջ շատ հաւանաբար օգնեց իր կեանքը փրկուելու, դեռ նոր մեռած էր եւ Կադէսի մէջ թաղուած էր։ Եւ հիմա իսրայէլացիները անգամ մը եւս կ’ըսէին թէ իրենց լաւ հոգ չէր տարուեր։ Այս անգամ «Մովսէսին հետ վիճեցան» ջուր չըլլալուն պատճառով։ Հակառակ այն բոլոր հրաշքներուն որ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ ըրած էր եւ հակառակ անոր որ Մովսէս այսքան երկար ժամանակ ժողովուրդը անձնուիրաբար առաջնորդած էր, անոնք գանգատեցան։ Գանգատեցան ոչ միայն ջուր չըլլալուն համար, հապա նաեւ՝ Մովսէսին դէմ,– կարծես թէ իրենց ծարաւ ըլլալը ի՛ր յանցանքն էր (Թւ. 20։1-5, 9-11)։

դ19.02 13 ¶20-21

Հեզութիւն մշակէ՛ եւ Եհովան հաճեցուր

20 Բարկութեան մէջ, Մովսէս իր հեզ կեցուածքը կորսնցուց։ Փոխանակ հաւատքով ժայռին խօսելու, ինչպէս որ Եհովան պատուիրած էր, դառնօրէն ժողովուրդին հետ խօսեցաւ, եւ ըսաւ որ հրաշք մը պիտի գործէր։ Ետքը, ժայռին երկու անգամ զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ։ Հպարտութիւնն ու բարկութիւնը պատճառ դարձան որ լուրջ սխալ մը գործէ (Սաղ. 106։32, 33)։ Ժամանակաւորապէս հեզութիւն չունենալով, անոր թոյլ չտրուեցաւ, որ Աւետեաց երկիրը մտնէ (Թւ. 20։12)։

21 Այս դէպքէն շատ կարեւոր դասեր կը սորվինք։ Նախ, պէտք է մի՛շտ աշխատինք մեր հեզ կեցուածքը պահպանելու համար։ Եթէ ատեն մը չջանանք հեզ ըլլալ, հպարտութիւնը ետ ի յայտ պիտի գայ եւ ձգէ որ անմտօրէն խօսինք ու վարուինք։ Երկրորդ, ճնշուածութիւնը կրնայ մեզ տկարացնել, անոր համար պէտք է լրջօրէն ջանանք հեզ ըլլալ, նոյնիսկ երբ ճնշումի տակ ենք։

w09 9/1 19 ¶5

Դատաւոր մը որ միշտ ճիշդը ամուր կը բռնէ

Առաջին, Աստուած Մովսէսին չէր պատուիրած, որ ժողովուրդին խօսի։ Մովսէս նոյնիսկ «ապստամբ» կոչեց ժողովուրդը։ Երկրորդ, Մովսէս եւ Ահարոն փառքը Աստուծոյ չտուին։ Աստուած ըսաւ. «Ինծի չհաւատացիք Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս փառաւորելու» (Թուոց 20։12)։ Երբ Մովսէս ըսաւ՝ «ձեզի. . . ջուր պիտի հանենք», անանկ մէկ խօսեցաւ որ կարծես ինքը եւ Ահարոնն էին, որ հրաշալիօրէն ջուր պիտի հանէին, եւ ոչ թէ Աստուա՛ծ։ Երրորդ, Աստուած նախապէս իր տուած դատավճիռներուն համաձայն վարուեցաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ ըմբոստներու նախկին սերունդը զրկած էր Քանանի երկիրը մտնելէ, ան նոյն կերպով վարուեցաւ Մովսէսին եւ Ահարոնին հետ (Թուոց 14։22, 23)։ Չորրորդ, Մովսէս եւ Ահարոն իսրայէլացիներուն առաջնորդներն էին։ Անոնք որոնք աւելի պատասխանատուութիւններ ունին, աւելի հաշիւ կու տան Աստուծոյ (Ղուկաս 12։48)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ14 6/15 26 ¶12

Մարդկային տկարութիւնը կը նկատե՞ս այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ

12 Իւրաքանչիւր պարագային, Եհովան կրնար Ահարոնը տեղւոյն վրայ պատժել։ Բայց ան զատորոշեց թէ Ահարոն վատ անձ մը չէր կամ չափազանց յանցաւոր չէր։ Այնպէս կը թուի թէ Ահարոն թոյլ տուաւ որ պարագաները եւ ուրիշներուն ազդեցութիւնը զինք շեղեցնեն։ Սակայն, երբ իր սխալները նշուեցան, ան անմիջապէս զանոնք ընդունեց եւ Եհովայի դատավճիռներուն թիկունք կանգնեցաւ (Ել. 32։26. Թուոց 12։11. 20։23-27)։ Եհովան Ահարոնի հաւատքին եւ զղջական կեցուածքին վրայ կեդրոնացաւ։ Դարեր ետք, Ահարոն եւ իր զարմը տակաւին յիշուեցան որպէս Եհովայէն վախցողներ (Սաղ. 115։10-12. 135։19, 20)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

g 1/15 9

Ինչպէ՞ս կրնաս ջղայնութիւնդ զսպել

Նպատակ դիր։ Փոխանակ ըսելու՝ «Ես ասանկ եմ», ջանայ որոշ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յառաջդիմել. թերեւս վեց ամիս։ Այդ ժամանակամիջոցին ընթացքին գրէ որքա՛ն կը յառաջդիմես։ Ամէն անգամ որ շապիկէդ ելլես, գրէ՝ 1) ի՞նչ եղաւ, 2) ինչպէ՞ս հակազդեցիր եւ 3) ինչպէ՞ս աւելի լաւ կրնայիր հակազդել, եւ ինչո՞ւ։ Ետքը, նպատակ դիր որ աւելի լաւ կերպով հակազդես յաջորդ անգամ որ ջղայնանաս։ Ասկէ զատ, յառաջդիմութի՛ւնդ ալ արձանագրէ։ Գրէ որքա՛ն լաւ կը զգաս, երբ ջղայնութիւնդ զսպես։ Աստուածաշունչի սկզբունք. Կողոսացիս 3։8։

Սպասէ առաջ որ հակազդես։ Երբ բանէ մը կամ մէկէ մը ջղայնանաս, մի՛ ըսեր առաջին բանը որ միտքդ կու գայ։ Սպասէ՛։ Եթէ պէտք կայ, երկա՜ր շունչ առ։ 15 տարեկան եղող Էրիք կ’ըսէ. «Երբ երկար շունչ կ’առնեմ, ժամանակ կ’ունենամ մտածելու, առաջ որ ընեմ կամ ըսեմ բան մը եւ ետքը զղջամ»։ Աստուածաշունչի սկզբունք. Առակաց 21։23։

Տարբեր անկիւնէ դիտէ հարցը։ Ատեններ թերեւս կը ջղայնանաս, քանի որ հարցը միայն մէկ անկիւնէ կը դիտես. քու անկիւնէդ։ Փորձէ դիմացինին անկիւնէն ալ դիտել հարցը։ Ճեսիքա անունով երիտասարդուհի մը կ’ըսէ. «Նոյնիսկ երբ մարդիկ վերջին ծայր անքաղաքավար կը վարուին, կը փորձեմ հասկնալ իրենց վարմունքին պատճառը»։ Աստուածաշունչի սկզբունք. Առակաց 19։11։

Ձգէ–գնա, եթէ պէտք ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Վէճը չբռնկած ետ քաշուէ» (Առակաց 17։14)։ Ինչպէս որ այս համարը ցոյց կու տայ, ատեններ՝ երբ լարուած վիճակ մը ըլլայ, ամէնէն լաւ բանը՝ ձգել–երթալն է։ Ետքը, փոխանակ հարցը միտքիդ մէջ մեծցնելու եւ աւելի ջղայնանալու, ուրիշ բանով մը զբաղիր։ Տընիէլ անունով երիտասարդուհի մը կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ մարզանք ընելը սթրեսս կը տանի եւ կ’օգնէ որ ջղայնութիւնս զսպեմ»։

Սորվէ ականջիդ ետեւ նետել հարցը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ. . . ու լռեցէ՛ք» (Սաղմոս 4։4)։ Ջղայնացած զգալը սխալ չէ։ Հարցումը այս է՝ ‘Յետոյ ի՞նչ’։ Ռիչըրտ անունով երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Եթէ ձգես որ ուրիշները շապիկէդ հանեն քեզ, անոնք քեզ ղեկավարած կ’ըլլան։ Ինչո՞ւ չփորձես հասուն կերպով վարուիլ եւ հարցը ականջիդ ետեւ նետել»։ Այսպիսով, փոխանակ ջղայնութիւնդ գլուխը առնել երթալու, պիտի կարենաս զայն զսպել։

ԱՊՐԻԼ 19-25

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 22-24

«Եհովան անէծք մը օրհնութեան կը փոխէ»

bt 53 ¶5

Յիսուսին մասին բարի լուրը ծանուցանել

5 Ինչպէս առաջին դարուն, ներկայիս ալ հալածանքը չէ կրցած քարոզչութիւնը կեցնել։ Շատ անգամ քրիստոնեաները բանտ կամ երկրէն դուրս դրուած են, բայց ասիկա օգնած է որ Թագաւորութեան բարի լուրը հասնի այդտեղի մարդոց։ Օրինակ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, Եհովայի վկաները շատ լաւ վկայութիւն կրցան տալ նացի համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ։ Հոն Վկաներուն հանդիպող հրեայ մը ըսաւ. «Եհովայի վկայ բանտարկեալներուն քաջութիւնը զիս համոզեց, որ անոնց հաւատքը հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։ Ասոր համար ե՛ս ալ Վկայ դարձայ»։

it-2 291

Յիմարութիւն

Եհովային դէմ յիմարութիւն։ Բաղաամ մարգարէն յիմարութեամբ ուզեց իսրայէլացիներուն դէմ մարգարէանալ, որպէսզի մովաբացիներուն Բաղակ թագաւորէն դրամ առնէր, բայց Եհովան անոր ջանքերուն արգելք կեցաւ։ Պետրոս առաքեալ Բաղաամին մասին ըսաւ որ «անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց»։ Մարգարէին յիմարութեան ակնարկելու համար Պետրոս գործածեց յունարէն փա·րա·ֆրո·նիա բառը, որ կու տայ «խելքը գլուխէն երթալ»ու գաղափարը (Բ. Պետ. 2։15, 16. Թւ. 22։26-31)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ04 8/1 21 ¶2

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

22։20-22—Եհովայի բարկութիւնը ինչո՞ւ բորբոքեցաւ Բաղաամի դէմ։ Եհովա Բաղաամ մարգարէին ըսած էր որ Իսրայելացիները չանիծէ։ (Թուոց 22։12) Սակայն մարգարէն Բաղակի մարդոց հետ գնաց, լիովին մտադրած որ Իսրայէլը անիծէ։ Բաղաամ ուզեց Մովաբացի թագաւորը հաճեցնել եւ իրմէ վարձատրութիւն ստանալ։ (Բ. Պետրոս 2։15, 16. Յուդա 11) Նոյնիսկ երբ ստիպուեցաւ Իսրայէլը օրհնել, Բաղաամ թագաւորին հաճութիւնը փնտռեց, թելադրելով որ Բահաղ պաշտող կիները հրապուրեն Իսրայելացի տղամարդիկը։ (Թուոց 31։15, 16) Արդ, Բաղաամի դէմ Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ, անոր անխիղճ ագահութեան պատճառով։

ԱՊՐԻԼ 26–ՄԱՅԻՍ 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 25-26

«Մէկ հոգիի քաջութիւնը օգուտ մը ունի՞»

ասմ 97 ¶1-2

«Պոռնկութենէն փախէք»

ՁԿՆՈՐՍԸ կ’ուղղուի դէպի իր նախասիրած վայրը, որպէսզի ձուկի որոշ տեսակ մը որսայ։ Ան կ’ընտրէ յարմար խայծը, կ’անցընէ կարթին եւ կը նետէ ջուրը։ Քանի մը վայրկեան ետք կարթալարը կը պրկուի, ձողը կը ծռի։ Ան կը քաշէ կարթին կախուած ձուկը եւ կը ժպտայ. ան ճիշդ խայծը ընտրած էր։

2 Ք.Ա. 1473–ին, Բաղաամ անունով մարդ մը, երկար ատեն խորհեցաւ որպէսզի խայծ մը գտնէր որսալու համար Աստուծոյ ժողովուրդը, որ Մովաբի դաշտերուն մէջ բանակած էր, Աւետեաց երկրին սահմանը։ Բաղաամ կը դաւանէր Եհովայի մարգարէ մը ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ, ան ագահ մարդ մըն էր, որ վարձուած էր իսրայէլը անիծելու համար։ Սակայն Եհովայի միջամտութեամբ, Բաղաամ կրցաւ միա՛յն օրհնել իսրայէլը։ Ան վճռած ըլլալով վարձատրութիւն ստանալ, մտածեց որ թերեւս կարենար Աստուած մղել որ Իր իսկ ժողովուրդը անիծէ, եթէ անոնք լուրջ մեղք մը գործէին։ Այդ նպատակով, Բաղաամ ընտրեց իր խայծը,– Մովաբի հրապուրիչ երիտասարդուհիները (Թուոց 22։1-7. 31։15, 16. Յայտնութիւն 2։14)։

ասմ 98 ¶4

«Պոռնկութենէն փախէք»

4 Ի՞նչ բան ճամբան հարթեց այս աղէտին։ Ժողովուրդէն շատեր չար սիրտ մը մշակած էին՝ հեռանալով Եհովայէ, այն Աստուծմէն՝ որ զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրած էր, անապատին մէջ կերակրած եւ ապահովաբար Աւետեաց երկիր առաջնորդած էր (Եբրայեցիս 3։12)։ Այս դէպքին անդրադառնալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան» (Ա. Կորնթացիս 10։8)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 359 ¶1-2

Սահման

Այնպէս կ’երեւի թէ երկու բաներու հիման վրայ Աւետեաց երկիրը բաժնուեցաւ ցեղերուն միջեւ. վիճակ ձգելուն արդիւնքը եւ ցեղին մեծութիւնը։ Հաւանաբար վիճակ ձգելով գիտցուեցաւ, որ որոշ ցեղ մը մօտաւորապէս ո՛ւր պիտի ապրի. օրինակ՝ դէպի հիւսի՞ս կամ դէպի հարաւ, դէպի արեւե՞լք կամ դէպի արեւմուտք, ծովեզե՞րքը կամ լեռնային շրջանը։ Վիճակով եղած որոշումը Եհովայէն եկաւ, եւ օգնեց որ ցեղերուն միջեւ նախանձ կամ վէճ չըլլայ (Առ. 16։33)։ Այսպիսով Եհովան նաեւ կրնար հարցերը այնպէս մը առաջնորդել, որ ամէն մէկ ցեղ իր ժառանգութիւնը ստանար Յակոբ նահապետին ըրած ներշնչեալ մարգարէութեան համաձայն, գրուած՝ Ծննդոց 49։1-33–ին մէջ։

Ամէն մէկ ցեղին աշխարհագրական մօտաւոր տեղը որոշուելէ ետք, պէտքը կար որ ցեղին մեծութեան հիման վրայ որոշուէր ատոր ժառանգութեան որքա՛ն մեծ ըլլալը։ «Այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ» (Թւ. 33։54)։ Վիճակին արդիւնքը պիտի չփոխուէր, բայց ժառանգութեան մեծութիւնը կրնար փոխուիլ։ Այսպիսով, երբ տեսնուեցաւ որ Յուդային ժառանգութիւնը շատ մեծ է, ատոր մէկ մասը տրուեցաւ Շմաւոնի ցեղին (Յես. 19։9)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել