Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա21 Մայիս էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՅԻՍ 3-9
  • ՄԱՅԻՍ 10-16
  • ՄԱՅԻՍ 17-23
  • ՄԱՅԻՍ 24-30
  • ՄԱՅԻՍ 31–ՅՈՒՆԻՍ 6
  • ՅՈՒՆԻՍ 7-13
  • ՅՈՒՆԻՍ 14-20
  • ՅՈՒՆԻՍ 21-27
  • ՅՈՒՆԻՍ 28–ՅՈՒԼԻՍ 4
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
ժտա21 Մայիս էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՅԻՍ 3-9

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 27-29

«Եհովային պէս անաչառ եղիր»

դ13 6/15 10 ¶14

Եհովայի յատկութիւնները լիովին գնահատէ

14 Հինգ քոյրերը Մովսէսի մօտենալով՝ հարց տուին. «Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար»։ Անոնք աղերսեցին. «Մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։ Արդեօք Մովսէս սապէս հակազդե՞ց. ‘Կանոնին առնչութեամբ բացառութիւններ չկան’։ Ո՛չ. այլ՝ «անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ» (Թուոց 27։2-5)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես»։ Ասկէ աւելին, Եհովան այդ բացառութիւնը կանոնի վերածեց, Մովսէսին ըսելով. «Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք» (Թուոց 27։6-8. Յես. 17։1-6)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, բոլոր իսրայէլացի կիները՝ որոնք նոյն խնդիրը ունէին, պիտի պաշտպանուէին։

դ13 6/15 11 ¶15

Եհովայի յատկութիւնները լիովին գնահատէ

15 Ասիկա ի՜նչ ազնիւ ու անաչառ որոշում մըն էր։ Այդ հինգ քոյրերը անպաշտպան էին եւ Եհովան իրենց հետ արդարացիօրէն ու յարգանքով վարուեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ միւս բոլոր իսրայէլացիներուն հետ կը վարուէր (Սաղ. 68։5)։ Այս դէպքը միայն մէկ օրինակն է Աստուածաշունչի բազմաթիւ արձանագրութիւններուն, որոնք սա սրտապնդիչ ճշմարտութիւնը կը լուսաբանեն. Եհովան իր բոլոր ծառաներուն հետ անաչառութեամբ կը վարուի (Ա. Թագ. 16։1-13. Գործք 10։30-35, 44-48)։

դ13 6/15 11 ¶16

Եհովայի յատկութիւնները լիովին գնահատէ

16 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի նման անաչառ ըլլալ։ Յիշէ թէ անաչառութիւնը երկու երեսակ ունի։ Եթէ անաչառ ենք, ուրիշներու հետ անաչառութեամբ պիտի վարուինք։ Թերեւս խորհիս որ լայնամիտ ու անաչառ ես։ Բայց երբեմն դժուար է զատորոշել թէ ուրիշներու հանդէպ իսկապէս ինչպէ՛ս կը զգանք։ Ուստի, ի՞նչ կրնաս ընել գիտնալու համար թէ արդեօք ճանչցուա՛ծ ես թէ անաչառ ես։ Երբ Յիսուս ուզեց գիտնալ թէ մարդիկ իր մասին ի՛նչ կ’ըսեն, իր վստահելի բարեկամներուն հարցուց. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ» (Մատ. 16։13, 14)։ Ինչո՞ւ Յիսուսի չհետեւիս։ Կրնաս ճշմարտախօս ու վստահելի բարեկամի մը հարցնել, թէ անաչառ ըլլալու համբաւը ունի՛ս կամ ոչ։ Եթէ ան քեզի յայտնէ թէ որոշ խումբ մը կը նախընտրես, անոնց ցեղին, դրամին կամ բարձր ուսման պատճառաւ, ի՞նչ պէտք է ընես։ Զգացումներուդ մասին Եհովայի աղօթէ, աղաչելով որ քեզի օգնէ կեցուածքդ ճշդելու, որպէսզի ա՛լ աւելի իրեն նմանիս եւ ամէնուն հետ անաչառութեամբ վարուիս (Մատ. 7։7. Կող. 3։10, 11)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 528 ¶5

Ընծաներ

Ըմպելիքի ընծաներ։ Ըմպելիքի ընծաները կը մատուցուէին միւս ընծաներուն մեծամասնութեան հետ, մանաւանդ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրին մէջ հաստատուելէն ետք (Թւ. 15։2, 5, 8-10)։ Ատիկա կը պարփակէր գինի («օղի») եւ զոհասեղանին վրայ կը թափուէր (Թւ. 28։7, 14. համեմատէ՛ Ել. 30։9. Թւ. 15։10)։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն գրեց. «Նոյնիսկ եթէ կը թափուիմ ըմպելիքի ընծայի մը պէս այն զոհին ու սուրբ ծառայութեան վրայ, որ ձեր հաւատքին շնորհիւ կը մատուցանէք, ես ուրախ եմ ու բոլորիդ հետ կը հրճուիմ»։ Հոս, ան ըմպելիքի ընծային օրինակը գործածեց, որպէսզի ցոյց տայ որ ինք յօժար է ինքզինք սպառելու իր հաւատակիցներուն համար (Փլպ. 2։17, ՆԱ)։ Պօղոս իր մահէն քիչ առաջ Տիմոթէոսին գրեց. «Ես արդէն զոհ [«ըմպելիքի ընծայ», ՆԱ] ըլլալու նուիրուած եմ ու իմ մեկնելուս ատենը հասեր է» (Բ. Տիմ. 4։6)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w07 4/1 17-18

Եհովան հաճեցնող զոհեր տանք

Երբ իսրայէլ ազգը կազմուեցաւ, Եհովան յստակ ցուցմունքներ տուաւ, որ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս պէտք է զինք պաշտեն։ Օրինակ, ի՛նչ ընծաներ եւ զոհեր պէտք է մատուցանեն (Թուոց 28–րդ եւ 29–րդ գլուխները)։ Որպէս ընծայ կը տրուէին երկրին բերքերէն, ինչպէս նաեւ կը զոհուէին անասուններ,– օրինակ՝ զուարակ, ոչխար, այծ, աղաւնի եւ տատրակ (Ղեւտացւոց 1։3, 5, 10, 14. 23։10-18. Թուոց 15։1-7. 28։7)։ Ողջակէզի ընծաները պէտք էր լման այրուէին (Ելից 29։38-42)։ Իսկ խաղաղութեան զոհին պարագային, զոհ մատուցանողն ալ կ’ուտէր Աստուծոյ մատուցուած այդ զոհէն (Ղեւտացւոց 19։5-8)։

Մովսիսական օրէնքին տակ մատուցանուած բոլոր ընծաներն ու զոհերը մաս կը կազմէին Եհովային պաշտամունքին եւ կը ցուցնէին, որ զանոնք մատուցանողները կ’ընդունէին, թէ Եհովան տիեզերքին Գերիշխանն է։ Իսրայէլացիները այդ զոհերուն միջոցաւ իրենց գնահատանքը ցոյց կու տային Եհովային հանդէպ, քանի որ զիրենք կ’օրհնէր, կը պաշտպանէր եւ իրենց մեղքերը կը ներէր։ Այնքան ատեն որ անոնք պաշտամունքի նկատմամբ Եհովային պահանջները կը կատարէին, Եհովան զիրենք շատ կ’օրհնէր (Առակաց 3։9, 10)։

Եհովային համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ զոհ մատուցանողներուն կեցուածքն էր։ Եհովան Ովսէէ մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը» (Ովսէէ 6։6)։ Այս պատճառով, երբ ժողովուրդը ճշմարիտ պաշտամունքը ձգելով սկսաւ անբարոյ արարքներ ընել եւ անմեղ արիւն թափել, Եհովային զոհասեղանին վրայ անոնց մատուցած զոհերը արժէք չունեցան։ Ասոր համար, Եհովան Եսայիին միջոցաւ իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը. . . ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր» (Եսայի 1։11)։

ՄԱՅԻՍ 10-16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 30-31

«Ուխտերդ կատարէ»

it-2 1162

Ուխտ

Ուխտը կամաւոր կ’ըլլար, բայց մէյ մը որ մէկը ուխտ ընէր, պէտք էր զայն կատարէր։ Ուխտերը լման կամաւոր կ’ըլլային, բայց մէյ մը որ մէկը ուխտ ընէր, Աստուծոյ օրէնքը զինք կը պարտադրէր որ ուխտը կատարէր։ Ասոր համար ուխտին մասին կ’ըսուի, որ ‘անոր անձին կապուած’ կ’ըլլար, այսինքն՝ անոր կեանքը կախեալ էր իր խօսքին տէրը ըլլալէն (Թւ. 30։2. նաեւ տե՛ս Հռով. 1։31, 32)։ Քանի որ մահ ու կենաց հարց էր, կրնանք հասկնալ որ Սուրբ Գրութիւնները ինչո՛ւ կը զգուշացնեն անհատը որ ուխտ ընելէ առաջ լաւ մտածէ եւ ուշադրութեամբ նկատի առնէ ատոր պարտաւորութիւնները։ Օրէնքը կ’ըսէր. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես. . . քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս. բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չ’ըլլար» (Բ. Օր. 23։21, 22)։

it-2 1162

Ուխտ

Ուխտը Աստուծոյ տրուած լուրջ խոստում մըն էր։ Օրինակ, մէկը Աստուծոյ կը խոստանար բան մը ընել, ընծայ մը կամ նուէր մը տալ, որոշ ծառայութեան մը սկսիլ կամ ինքզինք զրկել որոշ բաներէ, որոնք ինքնին սխալ չէին։ Ուխտը բան մըն էր, որ մէկը իր ուզելով կ’ընէր։ Ուխտը երդումին չափ կարեւոր էր, եւ ատեններ «ուխտ» եւ «երդում» բառերը միասին նշուած են Սուրբ Գիրքին մէջ (Թւ. 30։2)։

դ04 8/1 21 ¶3

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

30։6-8—Քրիստոնեայ ամուսին մը կրնա՞յ իր կնոջ ուխտերը անվաւեր դարձնել։ Ուխտերու նկատմամբ, Եհովա այժմ իր երկրպագուներուն հետ անհատապէս կը վարուի։ Օրինակ, Եհովայի նուիրուիլը անհատական ուխտ մըն է։ (Գաղատացիս 6։5) Ամուսին մը այս ուխտը անվաւեր դարձնելու կամ ջնջելու հեղինակութիւն չունի։ Սակայն կին մը պէտք չէ այնպիսի ուխտեր ընէ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կամ իր ամուսինին հանդէպ իր պարտականութիւններուն կը հակասեն։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 28 ¶1

Յեփթայէ

Անհատ մը կրնար ուրիշ անհատ մը ամբողջովին նուիրել Եհովային ծառայելու սրբարանին մէջ։ Ծնողներ ունէի՛ն այս իրաւունքը։ Օրինակ, առաջ որ Սամուէլ ծնէր, իր մայրը Աննան ուխտ ըրաւ, որ զինք խորանին ծառայութեան պիտի նուիրէ։ Իր ամուսինը՝ Եղկանան յօժար էր ասոր։ Հազիւ որ Սամուէլ կաթէ կտրուեցաւ, Աննան սրբարան երթալով զինք նուիրեց։ Աննան անասուն մըն ալ զոհ մատուցանեց (Ա. Թագ. 1։11, 22-28. 2։11)։

ՄԱՅԻՍ 17-23

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 32-33

«Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտեցէք»

w10 8/1 23

Գիտէի՞ր

Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ շատ անգամ նշուած «բարձր տեղերը» ի՞նչ էին։

Ատոնք սուտ պաշտամունքի կեդրոններ էին, որոնք կա՛մ բացօթեայ տեղեր էին բլուրներու գագաթը, կամ ալ շինուած ամպիոններ էին ծառերու տակ կամ քաղաքներու մէջ (Գ. Թագաւորաց 14։23. Դ. Թագաւորաց 17։29. Եզեկիէլ 6։3)։ Ատոնք կրնային ունենալ զոհասեղաններ, արձաններ կամ կուռքեր, պատկերներ, խունկի սեղաններ եւ պաշտամունքի յատուկ ուրիշ բաներ։

w08 2/15 27 ¶5-6

Իսրայէլացիներուն սխալներէն սորվէ

Ներկայիս մենք ունինք դժուարութիւններ, որոնք անցեալին իսրայէլացիներուն ունեցած դժուարութիւններուն կը նմանին։ Մեր օրերու կուռքերը տարբեր ձեւի են, ինչպէս՝ դրամը, յայտնի դերասաններ կամ մարզիկներ, քաղաքական համակարգեր, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ եւ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներ։ Ասոնցմէ որեւէ մէկը կրնայ մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դառնալ։ Եհովան չսիրողներուն հետ մտերիմ ըլլալը կրնայ հոգեւորապէս վնասել մեզի։

Բահաղի պաշտամունքին մաս կը կազմէր անբարոյութիւնը, որուն փոսին մէջ ինկան շատ մը իսրայէլացիներ։ Ներկայիս ալ շատեր այդ փոսին մէջ կ’իյնան։ Օրինակ, հետաքրքիր եւ անզգոյշ անձ մը կրնայ իր տան մէջ առանձին եղած ատեն համակարգիչին վրայ մէկ կոճակ սեղմելով իր խղճմտանքին վնաս հասցնել։ Որքա՜ն ցաւալի կ’ըլլայ, եթէ քրիստոնեայ մը համացանցի վրայ պոռնկագրութիւն դիտէ։

it-1 404 ¶2

Քանան

Յեսուն իմաստութիւն գործածելով «ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ», երբ քանանացիները կը բնաջնջէր (Յես. 11։15)։ Բայց իսրայէլ ազգը իր լաւ օրինակին չհետեւեցաւ։ Անոնք երկրին պղծութեան պատճառը ամբողջութեամբ մէջտեղէն չհանեցին։ Անոնք ձգեցին որ քանանացիները իրենց մէջ մնան, եւ ասիկա անկասկած ժամանակի ընթացքին պատճառ եղաւ որ աւելի մարդիկ մեռնին (չնշելու համար ոճիրը, անբարոյութիւնը եւ կռապաշտութիւնը), քան՝ որքան պիտի մեռնէին, եթէ բոլոր քանանացիները սպաննուէին, ինչպէս որ Եհովան ըսած էր (Թւ. 33։55, 56. Դատ. 2։1-3, 11-23. Սաղ. 106։34-43)։ Եհովան իրենց զգուշացում տուած էր, որ եթէ քանանացիներուն հետ փոխյարաբերութիւններ ունենային, անոնց հետ ամուսնանային եւ անոնց կրօնական սովորութիւններուն ու հաւատալիքներուն հետեւէին, անոնք քանանացիներուն կրած պատիժը կրելով պիտի բնաջնջուէին եւ ‘երկիրը զանոնք դուրս պիտի փսխէր’։ Այսպիսով Եհովան արդարութեամբ եւ անաչառութեամբ վարուած պիտի ըլլար (Ել. 23։32, 33. 34։12-17. Ղեւ. 18։26-30. Բ. Օր. 7։2-5, 25, 26)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 359 ¶2

Սահման

Ամէն մէկ ցեղին աշխարհագրական մօտաւոր տեղը որոշուելէ ետք, պէտքը կար որ ցեղին մեծութեան հիման վրայ որոշուէր ատոր ժառանգութեան որքա՛ն մեծ ըլլալը։ «Այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ» (Թւ. 33։54)։ Վիճակին արդիւնքը պիտի չփոխուէր, բայց ժառանգութեան մեծութիւնը կրնար փոխուիլ։ Այսպիսով, երբ տեսնուեցաւ որ Յուդային ժառանգութիւնը շատ մեծ է, ատոր մէկ մասը տրուեցաւ Շմաւոնի ցեղին (Յես. 19։9)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w09 10/1 30, շրջանակ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Քրիստոնէութիւնը հաստատուելէն դարեր առաջ Եհովան իսրայէլ ազգը զատեց որպէս իր յատուկ ժողովուրդը։ Ատեններ անոնց պատուիրեց, որ բանակ կազմելով պատերազմի երթան։ Առաջ որ իսրայէլացիները մտնեն Քանան, այսինքն՝ այն երկիրը որ Աստուած խոստացած էր Աբրահամին տալ, անոնց ըսուեցաւ. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ տայ, զանոնք [եօթը ազգերը] զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր» (Բ. Օրինաց 7։1, 2)։ Այսպիսով, իսրայէլացի զօրավարը՝ Յեսուն յաղթեց այդ ազգերուն «ինչպէս Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատուիրեր էր» (Յեսու 10։40)։

Արդեօք ասիկա անգո՞ւթ պատերազմ մըն էր, ուր իսրայէլացիները ագահութեամբ գրաւեցին օտար երկիրներ։ Անշուշտ ո՛չ։ Այդ ազգերը կռապաշտ, արիւն թափող եւ ծայր աստիճան անբարոյ դարձած էին։ Անոնք նոյնիսկ իրենց պզտիկները որպէս զոհ կ’այրէին (Թուոց 33։52. Երեմիա 7։31)։ Որովհետեւ Եհովան սուրբ է, արդար է եւ իր ժողովուրդը կը սիրէ, ուզեց այդ երկրին բոլոր անմաքրութիւնները վերցնել։ Հակառակ ասոր, Եհովան բոլորին սրտերը քննեց,– բան մը որ ներկայիս ոչ մէկ հրամանատար կրնայ ընել,– եւ խնայեց այն անհատները, որոնք ուզեցին իրենց չար ընթացքէն վազ անցնիլ եւ իրեն ծառայել։

ՄԱՅԻՍ 24-30

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 34-36

«Եհովային քով ապաստանիր»

դ17.11 9 ¶4

Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս

4 Իսկ երբ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, ողորմութեամբ կը վարուէին իրեն հետ, հակառակ որ տակաւին յանցաւոր էր որ անմեղ արիւն թափեց (Ծն. 9։5)։ Ան կրնար ապաստանի վեց քաղաքներէն մէկը փախչիլ եւ հոն պաշտպանուած ըլլալ։ Ապաստանի քաղաքին մէջ պէտք էր մնար մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր (Թւ. 35։15, 28)։

դ17.11 9 ¶6

Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս

6 Եթէ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, պէտք էր ապաստանի քաղաք մը վազէր, եւ քաղաքին դրան մօտ ծերերուն ‘յայտնէր’ իր պարագան։ Անոնք պէտք էր հիւրասիրութեամբ ընդունէին զինք (Յես. 20։4)։ Ժամանակ մը ետք, ան կը ղրկուէր այն քաղաքին ծերերուն, ուր սպանութիւնը եղած էր, որպէսզի զինք դատեն (կարդա՛ Թուոց 35։24, 25)։ Եթէ որոշուէր որ սպանութիւնը դիտմամբ չէր, զինք կը վերադարձնէին ապաստանի քաղաքը։

դ17.11 11 ¶13

Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս

13 Մէյ մը որ փախստականը ապաստանի քաղաքը մտնէր, ապահով կ’ըլլար։ Եհովան այդ քաղաքներուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան» (Յես. 20։2, 3)։ Եհովան չպահանջեց որ փախստականը երկրորդ անգամ ալ դատուի նոյն հարցին համար։ Նաեւ, արտօնութիւն չէր տրուեր որ «արեան վրէժխնդիրը» քաղաքը մտնէ եւ փախստականը մեռցնէ։ Ուրեմն, փախստականը պէտք չունէր վախնալու, քանի որ քաղաքին մէջ ապահով էր Եհովային պաշտպանութեան տակ։ Ան բանտի մէջ չէր։ Ան կրնար քաղաքին մէջ աշխատիլ, ուրիշներուն օգնել եւ խաղաղութեամբ Եհովային ծառայել։ Ան իրապէս կրնար ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը ունենալ։

Հոգեւոր գոհարներ

դ91 4/1 13 ¶13

Համապատասխան փրկանք մը բոլորին համար

13 Սակայն ո՛չ Ադամ եւ ոչ Եւա փրկանքէն կ’օգտուին։ Մովսիսական Օրէնքը հետեւեալ սկզբունքը կը բովանդակէր. «Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք»։ (Թուոց 35։31)։ Ադամ չխաբուեցաւ, այլ, դիտումնաւոր, յօժարակամութեամբ մեղք գործեց։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14) Որպէս հետեւանք, ան իր սերունդը սպաննեց, քանի որ անոնք իր անկատարութիւնը ժառանգեցին եւ մահուան դատապարտութեան տակ եկան։ Որոշ է ուրեմն որ Ադամ մեռնելու արժանի էր, քանի որ կատարեալ ըլլալով, դիտումնաւոր կերպով ընտրեց Աստուծոյ օրէնքին անհնազանդ գտնուիլ։ Եհովայի արդար սկզբունքներուն հակառակ պիտի ըլլար փրկանքը կիրարկել Ադամի ի նպաստ։ Ադամի մեղքին հատուցում ընելով ուրեմն, անոր սերունդին վրայ եկած մահուան դատապարտութիւնը կը չէզոքացնէ։ (Հռովմայեցիս 5։16) Օրինաւոր առումով, մեղքին կործանարար զօրութիւնը իր արմատէն կը խլուի։ Փրկարարը ‘ամէնուն համար մահ կը ճաշակէ’, Ադամի բոլոր որդիներուն մեղքին հետեւանքները կրելով։—Եբրայեցիս 2։9. Բ. Կորնթացիս 5։21. Ա. Պետրոս 2։24

ՄԱՅԻՍ 31–ՅՈՒՆԻՍ 6

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 1-2

«Դատաստանը Աստուծոյ է»

դ96 6/1 31 ¶1

Եհովա—Արդարութիւնը ու իրաւունքը սիրող

Ժողովքին նշանակուած երէցները, ստիպուած են դատել, երբ լուրջ յանցագործութիւն մը կատարուի։ (Ա. Կորնթացիս 5։12, 13) Այս պարագային, անոնք կը յիշեն որ Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմած ձեռք կ’երկարէ հոն ուր կարելի է։ Եթէ ողորմութեան հիմ մը չկայ՝ ինչպէս անզեղջ յանցագործներու պարագային՝ կարելի չէ ողորմիլ։ Բայց երէցները ոխակալութենէ մղուած չէ որ այսպիսի յանցագործ մը ժողովքէն կը վտարեն։ Անոնք կը յուսան որ վտարումը թերեւս անհատին խելքը գլուխը բերէ։ (Տես Եզեկիէլ 18։23) Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ, երէցները արդարութեան շահերուն կը ծառայեն եւ այս կերպով, «հովին դէմ դնող պատսպարան» մը կ’ըլլան։ (Եսայեայ 32։1, 2) Հետեւաբար, անոնք անաչառութիւն եւ բանականութիւն ցոյց պէտք է տան։—Բ. Օրինաց 1։16, 17

դ02 8/1 22 ¶4

Հաւատարմօրէն ենթարկուեցէք աստուածային հեղինակութեան

4 Սակայն, դատաւոր ըլլալը Օրէնքը գիտնալէն աւելին կը պարփակէր։ Անկատար ըլլալով, երէցները պէտք էր արթուն ըլլային զսպելու համար իրենց կամակոր հակումները, ինչպէս՝ անձնասիրութիւնը, աչառութիւնը եւ ագահութիւնը, թոյլ չտալով որ անոնք խեղաթիւրեն իրենց դատողութիւնը։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է»։ Այո, Իսրայէլի դատաւորները Աստուծոյ կողմէ դատաստան կ’ընէին։ Ասիկա ի՜նչ երկիւղ ներշնչող առանձնաշնորհում մըն էր։—Բ. Օրինաց 1։16, 17

Հոգեւոր գոհարներ

դ13 9/15 9 ¶9

Եհովայի յիշեցումները վստահելի են

9 Երբ իսրայէլացիներու 40 տարուան ճամբորդութիւնը սկսաւ «ահագին անապատ»ին մէջ, Եհովան սկիզբէն մասնայատուկ մանրամասնութիւններ չտուաւ, թէ զիրենք ինչպէ՛ս պիտի առաջնորդէր, պաշտպանէր եւ հոգար։ Բայց ան կրկին անգամ ցոյց տուաւ, թէ կրնային իրեն եւ իր ցուցմունքներուն վստահիլ։ Ցերեկը ամպի սիւն եւ գիշերը կրակի սիւն գործածելով, Եհովան իսրայէլացիներուն յիշեցուց թէ իրենց կ’աջակցէր իրենց դժուար ճամբորդութեան ընթացքին (Բ. Օր. 1։19. Ել. 40։36-38)։ Ան նաեւ իրենց հիմնական կարիքները հոգաց։ «Անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան»։ Արդարեւ, «անոնց բան մը չպակսեցաւ» (Նէ. 9։19-21)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«‘Վերջին օրերուն’ վերջին ժամերուն ընթացքին պատրաստ եղիր»

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 24։8

ցաւերուն։ Յունարէն բառը բառացիօրէն կ’ակնարկէ այն զօրաւոր ցաւին, որ մայր մը կը զգայ ծննդաբերութեան ժամանակ։ Մինչ հոս այս արտայայտութիւնը ընդհանուր առմամբ կ’ակնարկէ նեղութեան, ցաւի եւ տառապանքի, անիկա կրնայ նաեւ ցոյց տալ որ մարգարէացուած խնդիրները եւ տառապանքը՝ ծննդաբերութեան ցաւերու նման՝ երթալէն աւելի յաճախ, աւելի ուժգին եւ աւելի երկար տեւողութեամբ պիտի ըլլան մեծ նեղութեան նախորդող ժամանակամիջոցին։ Մեծ նեղութեան մասին նշուած է Մատ. 24։21–ին մէջ։

od 176 ¶15-17

Եհովային կազմակերպութեան մօտիկ մնա՛

15 Պատերազմներու, յեղափոխութիւններու կամ հալածանքներու եւ պաշտօնական արգիլումներու պատճառով կրնայ շատ դժուար ըլլալ, որ մեր պաշտամունքը բացէ ի բաց կատարենք։ Թերեւս մեր ժողովքը չկրնայ մէկտեղ հաւաքուիլ։ Կրնայ ըլլալ որ մասնաճիւղին հետ մեր կապը կտրուած ըլլայ։ Թերեւս շրջանային տեսուչները չկրնան ժողովքները այցելել։ Թերեւս հրատարակութիւններ չհասնին մեր ձեռքը։ Եթէ այսպիսի բաներ պատահին, ի՞նչ պէտք է ընես։

16 Ըրէ ի՛նչ որ կրնաս ընել եւ որքա՛ն որ կրնաս ընել քու պարագայիդ ներած չափով։ Հաւանաբար կրնա՛ս անձնական ուսումնասիրութիւն ընել։ Ընդհանրապէս, կարելի է պզտիկ խումբերով հաւաքուիլ անձնական տուներու մէջ։ Ժողովներուն ընթացքին կարելի է նկատի առնել նախապէս սերտուած հրատարակութիւններ եւ Սուրբ Գիրքը։ Հոգ մի՛ ըներ եւ իրար մի՛ անցնիր։ Շատ չանցած, Կառավարիչ մարմինը ձեւով մը կապ պիտի պահէ պատասխանատու եղբայրներուն հետ։

17 Նոյնիսկ եթէ բոլոր եղբայրներէն հեռու ես, բնաւ մի՛ մոռնար որ հեռու չես Եհովայէն եւ իր Որդիէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն։ Յոյսդ կրնա՛ս զօրաւոր պահել։ Եհովան տակաւին կրնա՛յ քու աղօթքներդ լսել եւ իր սուրբ հոգիով զօրացնել քեզ։ Իրմէ առաջնորդութիւն խնդրէ։ Միշտ յիշէ թէ դուն Եհովային ծառան ես եւ Յիսուս Քրիստոսին աշակերտը։ Անոր համար, առիթները օգտագործէ որ վկայութիւն տաս ուրիշներուն։ Եհովան ջանքերդ պիտի օրհնէ եւ նոյնիսկ կրնայ ըլլալ որ ուրիշներ սկսին Եհովան պաշտել (Գործք 4։13-31. 5։27-42. Փլպ. 1։27-30. 4։6, 7. Բ. Տիմ. 4։16-18)։

g17.5 4, 6

Կեանք ազատող քայլեր՝ երբ աղէտ պատահի

ԱՂԷՏԸ ոեւէ մէկուն կրնայ պատահիլ։ Եթէ կ’ուզես ատկէ ազատիլ, ամէնէն կարեւոր բանը որ կրնաս ընել՝ պատրաստուիլն է։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ։

• Միտքդ պատրաստէ։ Ընդունէ որ ոեւէ մէկուն հետ կրնայ աղէտ պատահիլ, նոյնիսկ՝ քու եւ քու սիրելիներուդ հետ։ Աղէտէն ետք պատրաստուիլը օգուտ մը չունի։

• Նկատի առ որ ի՛նչ աղէտներ կրնան պատահիլ շրջանիդ մէջ։ Տես թէ ի՛նչ ապահով տեղեր կան, ուր կրնաս փախչիլ։ Տանդ կառոյցը եւ ապրած տեղդ բաւարար չափով ապահով ե՞ն։ Ճարին նայէ այն բաներուն, որոնք կրնան կրակ պատճառել։ Ծուխ յայտնող սարքեր (smoke detectors) դիր տանդ մէջ եւ ատոնց մարտկոցները (Batteries) փոխէ առնուազն տարին մէկ անգամ։

• Պէտքերդ կանխաւ ապահովէ։ Երբ աղէտ մը պատահի, կրնայ ըլլալ որ ելեկտրականութիւնը, ջուրը, հեռաձայնները կամ փոխադրութեան միջոցները ընդհատուին։ Եթէ ինքնաշարժ ունիս, գոնէ յիսուն առ հարիւր պենզին թող ըլլայ մէջը։ Միշտ տունիդ մէջ ունեցիր ուտելիք, ջուր եւ անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը։ Տե՛ս «Պէտք եղած բաները ապահովա՞ծ ես» շրջանակը։

• Եղբայրներուն թիւերը ունեցիր, թէ՛ մօտիկ եղողներունը եւ թէ հեռու եղողներունը։

• Փախչելու ծրագիր մը ունեցիր եւ փորձ ըրէ։ Շէնքիդ ելքերը միտքդ պահէ եւ տես թէ զաւակներուդ դպրոցը ի՛նչ ծրագիր դրած է աղէտներու նկատմամբ։ Ընտանեօք որոշեցէք որ աղէտի մը պարագային ո՛ւր պիտի հաւաքուիք,– ինչպէս՝ դպրոցը կամ գործատեղը,– տեղերէն մէկը մօտիկ թող ըլլայ, իսկ միւսը՝ հեռու։ Կառավարութիւնները կ’ըսեն, որ պէտք է ընտանեօք փորձ ընես այդ տեղերը քալելով երթալ։

• Ծրագրէ ուրիշներուն օգնել, մէջը ըլլալով ծերերը եւ անկարողները։

ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԱ՞Ծ ԵՍ

Այն կազմակերպութիւնները, որոնք աղէտի վերաբերեալ կարգադրութիւններ կ’ընեն, ընտանիքները կը քաջալերեն որ պէտք եղած ապրանքները ապահովեն իրենց տան մէջ եւ զանոնք ամէն տարի նորոգեն։ Անշուշտ, պէտքերը կը տարբերին տեղէ–տեղ եւ պարագայէ–պարագայ։ Ասոր համար, տեղական կազմակերպութիւններէն տեղեկացիր, որ քու շրջանիդ մէջ ի՛նչ բաներ պէտք է ապահովես։

Նախընտրելի է անձ գլուխ առնուազն 11 լիդր ջուր ապահովես, ինչպէս նաեւ՝ պատրաստ ուտելիքներ երեք օրուան համար, որոնք չեն աւրուիր։

Ասոնցմէ զատ, կարգ մը ընտանիքներ անակնկալ պարագաներու համար պայուսակներ պատրաստած են, որոնց մէջ կան հետեւեալները.

■ Անակնկալ պարագաներու յատուկ ծածկուելիքներ, տաք պահող հագուստներ եւ տոկուն կօշիկներ

■ Ելեկտրական լամբ (փիլ), ռատիօ եւ աւելորդ մարտկոցներ (Batteries)

■ Նախնական դարմանումի տուփ եւ սուլիչ՝ օգնութիւն ուզելու համար

■ Ուտելու համար աման, դգալ, պատառաքաղ, տուփ բանալիք, գրպանի չափով գործիքներ եւ ջուր չծծող լուցկի

■ Փոշիի դիմակներ, ջուր չծծող փակցնելիք եւ փլասթիք ծածկոց՝ իբր վրան գործածելու համար

■ Ակռայի վրձիններ, օճառ, անձեռոցներ եւ արտաքնոցի թուղթ

■ Պզտիկներու, տարեցներու եւ անկարողներու համար յատուկ ապրանքներ։

■ Ջուր չծծող տոպրակ մը, ուր դրուած են դեղեր, դեղագիրներու օրինակներ եւ ուրիշ կարեւոր թուղթեր

■ Կարեւոր անհատներու թիւերը, ձեր շրջանին քարտէսը եւ տեղեկութիւններ՝ ո՛ւր հաւաքուելու նկատմամբ

■ Վարկաքարտեր (Credit cards) եւ դրամ

■ Տունին եւ ինքնաշարժին աւելորդ բանալիները

■ Թուղթ, մատիտներ, գիրքեր եւ պզտիկներու համար խաղեր

■ Սուրբ Գիրք

[Ստորանիշ]

Թերեւս քու պարագայիդ կամ ուր որ կ’ապրիս յարմար չըլլայ պայուսակիդ մէջ դնել նշուած բաներէն ոմանք։ Թերեւս նոյնիսկ պէտք ըլլայ որ հոս չնշուած բաներ աւելցնես պայուսակիդ մէջ։

ՅՈՒՆԻՍ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 3-4

«Եհովային օրէնքները իմաստուն եւ արդար են»

it-2 1140 ¶5

Հասկնալ

Աստուծոյ Խօսքը լաւ մը սերտելը եւ գործադրելը կ’օգնեն, որ անհատը աւելի խորունկ ըլլայ, քան՝ իր ուսուցիչները, եւ աւելի հանճար կամ հասկացողութիւն ունենայ, քան՝ տարեցները (Սաղ. 119։99, 100, 130. համեմատէ՛ Ղուկ. 2։46, 47)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ կանոններն ու դատաստանները իմաստութեամբ եւ հասկացողութեամբ դրուած են։ Երբ իսրայէլացիները հաւատարմօրէն գործադրէին ատոնք, շուրջի ազգերը զիրենք պիտի սեպէին «իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մը» (Բ. Օր. 4։5-8. Սաղ. 111։7, 8, 10. համեմատէ՛ Գ. Թագ. 2։3)։ Հասկացողութիւն ունեցող անհատը կ’ըմբռնէ, որ պէտք չէ Աստուծոյ Խօսքը կտրէ, կը ջանայ զայն գործադրել եւ ասոր մէջ Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէ (Սաղ. 119։169)։ Ան կը ձգէ որ Աստուծոյ Խօսքը իր սրտին խորը իջնէ (Մատ. 13։19-23), իր սրտին տախտակին վրայ կը գրէ զայն (Առ. 3։3-6. 7։1-4) եւ «ստութեան ամէն ճամբայ» կ’ատէ (Սաղ. 119։104)։ Երբ Աստուծոյ Որդին երկրի վրայ էր, ցուցուց որ հասկացողութիւն ունէր։ Ան նոյնիսկ չփախաւ ցիցի մը վրայ մեռնելէ, քանի որ ինք պէտք էր այդ կերպով մեռնէր, որպէսզի ինչ որ գրուած էր կատարուէր (Մատ. 26։51-54)։

դ99 11/1 20 ¶6-7

Յորդ առատաձեռնութիւն

Իր լսած ու տեսած բաներէն ափիբերան մնացած, թագուհին հեզութեամբ ըսաւ. «Երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն»։ (Գ. Թագաւորաց 10։4-8) Ան Սողոմոնի ծառաները երանելի չկոչեց իրենց վայելած պերճանքին համար, ինչ որ էր պարագան։ Հապա Սողոմոնի ծառաները երանելի էին, քանի որ միշտ կրնային լսել Սողոմոնի աստուածատուր իմաստութիւնը։ Սաբայի թագուհին ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է Եհովայի արդի ծառաներուն համար, որոնք ուղղակի Ստեղծիչին եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի իմաստութիւնը կը վայելեն։

Ուշագրաւ է նաեւ Սողոմոնի ըրած թագուհիին յաջորդ ակնարկութիւնը. «Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ»։ (Գ. Թագաւորաց 10։9) Ան բացայայտօրէն Եհովայի ձեռքը տեսաւ Սողոմոնի իմաստութեան ու բարգաւաճութեան մէջ։ Ասիկա ներդաշնակ է նախապէս Իսրայէլի տուած Եհովայի խոստումին հետ։ Ան ‘իր կանոնները պահելուն’ մասին ըսաւ. «Ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’»։—Բ. Օրինաց 4։5-7

դ07 8/1 30 ¶13

‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’

13 Երբ Եհովա իր ժողովուրդին օրհնութիւններ շնորհէ, միշտ լաւագոյնը կու տայ։ (Յակոբոս 1։17) Օրինակ, երբ Եհովա Իսրայելացիներուն երկիր մը տուաւ, անիկա ‘կաթ ու մեղր բղխող երկիր’ մըն էր։ Թէեւ Եգիպտոսի մասին նոյն նկարագրութիւնը տրուած էր, սակայն Խոստացեալ Երկիրը առնուազն մէկ էական տարբեր երեսակ ունէր։ Զայն «քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ», ըսաւ Մովսէս Իսրայելացիներուն։ Ուրիշ խօսքով, անոնք պիտի բարգաւաճէին, քանի որ Եհովա իրենց հոգ պիտի տանէր։ Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները Եհովայի հաւատարիմ մնացին, իր կողմէ մեծապէս օրհնուեցան եւ շրջակայ ազգերէն շատ աւելի լաւ կեանք մը վայելեցին։ Արդարեւ, Եհովայի օրհնութիւնն է որ «հարստութիւն կու տայ»։—Թուոց 16։13. Բ. Օրինաց 4։5-8. 11։8-15

Հոգեւոր գոհարներ

դ04 10/1 19 ¶3

Բ. Օրինաց գիրքէն աչքառու կէտեր

4։15-20, 23, 24—Արձաններ շինելու արգելումը կը նշանակէ՞ թէ արուեստագիտական նպատակով որեւէ բանի կերպարանքը շինելը սխալ է։ Ո՛չ։ Այս համարները կ’արգիլէին պաշտամունքի համար արձաններ շինելը,– ‘կուռքերու երկրպագութիւն ընելը եւ զանոնք պաշտելը’։ Սուրբ Գրութիւնները չեն արգիլեր արուեստագիտական նպատակով որեւէ բանի կերպարը քանդակել կամ նկարել։—Գ. Թագաւորաց 7։18, 25

ՅՈՒՆԻՍ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 5-6

«Զաւակներդ մարզէ որ Եհովան սիրեն»

դ05 7/1 13 ¶11

Ծնողնե՛ր, ձեր ընտանիքին կարիքները հոգացէք

11 Այս նիւթին շուրջ յաճախ կը մէջբերուի Բ. Օրինաց 6։5-7–ն։ Հաճեցէք Աստուածաշունչը բանալ ու այս համարները կարդալ։ Նկատեցէք թէ նա՛խ ծնողներուն կ’ըսուի որ իրենց հոգեւորականութիւնը մշակեն, Եհովայի հանդէպ սէր կերտելով եւ իր խօսքերուն անսալով։ Այո, Աստուծոյ Խօսքին լուրջ աշակերտը պէտք է ըլլաք, Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, այնպէս որ Եհովայի ճամբաներուն, սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն հանդէպ իսկական հասկացողութիւն ու սէր մշակէք։ Որպէս արդիւնք, ձեր սիրտը Աստուածաշունչի գրաւիչ ճշմարտութիւններով պիտի լեցուի, ձեզ մղելով որ Եհովայով ուրախանաք եւ իր հանդէպ երկիւղ ու սէր զգաք։ Ձեր զաւակներուն հաղորդելիք բազմաթիւ բարի բաներ պիտի ունենաք։—Ղուկաս 6։45

w07 5/15 15-16

Ինչպէ՞ս կրնամ զաւակներուս օգնել որ իսկական կրթութիւն ունենան

Դուն ոչ միայն խօսքերով՝ հապա նաեւ գործերով յայտնի կ’ընես, որ ի՛նչ են քու փափաքներդ, գաղափարներդ, արժեւորած բաներդ եւ հետաքրքրութիւններդ (Հռովմայեցիս 2։21, 22)։ Զաւակները իրենց պզտիկութենէն շատ բաներ կը սորվին՝ ուշի–ուշի դիտելով իրենց ծնողները։ Պզտիկները կրնա՛ն ըմբռնել որ իրենց ծնողքին համար ո՛ր բաները կարեւոր են, եւ ընդհանրապէս այդ նոյն բաները կարեւոր կը դառնան իրենց համար։ Զաւակներդ կրնան գիտնալ որ դուն իրապէս կը սիրե՞ս Եհովան։ Օրինակ, անոնք կրնան տեսնել, որ Սուրբ Գիրք կարդալը եւ սերտելը իրապէս կարեւո՞ր են քեզի համար։ Անոնք կրնան գիտնալ, որ Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնե՞ս (Մատթէոս 6։33)։ Եթէ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կ’ըլլաս եւ ծառայութեան կ’ելլես, անոնք պիտի տեսնեն որ քեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը Եհովային ծառայելն է (Մատթէոս 28։19, 20. Եբրայեցիս 10։24, 25)։

դ05 7/1 14 ¶14

Ծնողնե՛ր, ձեր ընտանիքին կարիքները հոգացէք

14 Ինչպէս Բ. Օրինաց 6։7–ն ցոյց կու տայ, ձեր զաւակներուն հետ հոգեւոր նիւթերու մասին խօսելու բազմաթիւ առիթներ կան։ Կրնաք ձեր զաւակներուն հոգեւոր կարիքները հոգալ, երբ միասնաբար կը ճամբորդէք, առտնին գործերը կը կատարէք կամ կը հանգստանաք։ Անշուշտ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին անդադար ձեր զաւակներուն պէտք չէ «դասախօսէք»։ Փոխարէն, ջանացէք ընտանեկան զրոյցները շինիչ ու հոգեւոր մակարդակի վրայ պահել։ Օրինակ, Զարթի՛ր պարբերաթերթը այլազան նիւթերու շուրջ բազմաթիւ յօդուածներ կը բովանդակէ։ Այս յօդուածները կրնան ճամբան հարթել որ խօսակցիք Եհովայի անասնական ստեղծագործութեան, բնական գեղեցկութեամբ օժտուած վայրերու, եւ մշակոյթներու ու կենցաղներու սքանչելի այլազանութեան մասին։ Այս խօսակցութիւնները կրնան երախաները մղել որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած գրականութիւնները աւելի կարդան։—Մատթէոս 24։45-47

Հոգեւոր գոհարներ

դ19.02 22 ¶11

Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս Եհովայի սէրն ու արդարադատութիւնը յայտնեց

11 Դասեր։ Եհովան միայն անհատի մը դրսերեւոյթին չի նայիր։ Ան կը տեսնէ ինչ որ ենք՝ մեր ներսը, մեր սրտին մէջ (Ա. Թագ. 16։7)։ Ո՛չ մէկ մտածում, զգացում եւ արարք կրնանք իրմէ պահել։ Ան մեր մէջի լաւ յատկութիւնները կը փնտռէ եւ կ’ուզէ որ զանոնք զարգացնենք։ Բայց նաեւ կ’ուզէ որ մեր սխալ մտածումները բնորոշենք եւ զսպենք, առաջ որ սխալ արարքներու վերածուին (Բ. Մն. 16։9. Մատ. 5։27-30)։

ՅՈՒՆԻՍ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 7-8

«Անոնց հետ խնամութիւն մի՛ ըներ»

w12 7/1 29 ¶2

Աստուած ինչո՞ւ պահանջած էր որ զինք պաշտողները միայն հաւատակիցներու հետ ամուսնանան։

Եհովան գիտէր որ Սատանան կ’ուզէր Իր ժողովուրդը ապականել, զանոնք մղելով որ չաստուածներ պաշտեն։ Ասոր համար Աստուած զանոնք զգուշացուց անհաւատներէն, ըսելով. «Քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն»։ Ասոր հետեւանքը շատ գէշ պիտի ըլլար։ Եթէ իսրայէլ ազգը չաստուածներ պաշտէր, Աստուծոյ հաճութիւնն ու պաշտպանութիւնը պիտի կորսնցնէր, եւ այսպիսով իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի իյնային։ Եւ հետեւաբար իսրայէլ ազգը պիտի չկարենար մէջտեղ բերել խոստացեալ Մեսիան։ Ասիկա յստակ պատճառ մըն էր, որ Սատանան իսրայէլացիները մղէր անհաւատներու հետ ամուսնանալու։

դ15 3/15 30-31

‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը տակաւի՞ն իրապաշտական է

Այսուհանդերձ Եհովան իր Խօսքին մէջ նշած է, թէ ամուսնութիւնը միայն Տէրոջմով ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէ թէ ի՛նչ բան իր ժողովուրդին համար օգտակար է։ Ան ոչ միայն կ’ուզէ անխոհեմ ընթացքի մը առթած ցաւէն զերծ պահել իր ծառաները, այլեւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլան։ Նէեմիան Սողոմոնի գէշ օրինակին ակնարկեց, երբ տեսաւ որ բազմաթիւ հրեաներ կ’ամուսնանային Եհովան չպաշտող օտար կիներու հետ։ Սողոմոն «իր Աստուծոյն սիրելի էր. . . սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին» (Նէ. 13։23-26)։ Ուրեմն, իր ծառաներուն բարիքի՛ն համար, Աստուած մեզի ուղղութիւն տուած է որ ամուսնանանք միայն ճշմարիտ երկրպագուներու հետ (Սաղ. 19։7-10. Եսա. 48։17, 18)։ Հարազատ քրիստոնեաները երախտապարտ են Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութեան համար եւ իր ուղղութեան կ’ապաւինին։ Այսպէս իրեն ենթարկուելով որպէս Կառավարիչ, զինք կը ճանչնան որպէս տիեզերքի Գերիշխան (Առ. 1։5)։

դ15 8/15 26 ¶12

Ընկերակցութիւններուդ ուշադրութի՛ւն ըրէ

12 Ամուրի քրիստոնեաները, որոնք կ’ուզեն ամուսնանալ, մասնաւորաբար պէտք է ուշադրութիւն ընեն իրենց ընկերակցութիւններուն։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը խրատէ. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ» (Բ. Կոր. 6։14)։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ծառաները կը խրատէ, որ ամուսնանան ‘միայն Տէրոջմով’, այսինքն՝ միայն նուիրուած, մկրտուած անձի մը հետ, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն կ’ապրի (Ա. Կոր. 7։39)։ Երբ հաւատակիցի հետ ամուսնանաս, կ’ունենաս կողակից մը, որ Եհովային նուիրուած է եւ քեզի պիտի օգնէ Եհովային հաւատարիմ մնալու։

Հոգեւոր գոհարներ

դ04 2/1 19 ¶4

Եհովա կը հայթայթէ մեր առօրեայ կարիքները

4 Ամէնօրեայ հացին համար մեր աղօթքը մեզի պէտք է յիշեցնէ նաեւ առօրեայ հոգեւոր սնունդի մեր կարիքը։ Երկար ժամանակ ծոմ պահելէ ետք, շատ անօթեցած ըլլալով հանդերձ, Յիսուս մերժեց քարերը հացի վերածելու Սատանայի փորձութիւնը, ըսելով. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ (Մատթէոս 4։4) Հոս Յիսուս կը մէջբերէր Մովսէս մարգարէին խօսքերը որ Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի»։ (Բ. Օրինաց 8։3) Եհովայի մանանայ հայթայթելու կերպը, Իսրայելացիներուն ո՛չ միայն ֆիզիքական ուտելիք ապահովեց, այլ նաեւ հոգեւոր դասեր տուաւ։ Անոնք ‘օրէ օր պէտք էր հաւաքէին ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը’։ Եթէ օրուան համար պէտք եղածէն աւելին ժողվէին, աւելցածը կը հոտէր ու կ’որդնոտէր։ (Ելից 16։4, 20) Բայց ասիկա չէր պատահեր վեցերորդ օրը, երբ Շաբաթ օրուան համար՝ օրուան կարիքին կրկինը կը ժողվէին։ (Ելից 16։5, 23, 24) Ուստի, մանանան անոնց միտքին մէջ դրոշմեց թէ հնազանդ պէտք էր ըլլային եւ թէ իրենց կեանքը ո՛չ միայն հացէն կախեալ էր, այլ նաեւ՝ «Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսք»էն։

ՅՈՒՆԻՍ 28–ՅՈՒԼԻՍ 4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 9-10

«Քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ»

w09 10/1 10 ¶3-4

Եհովան մեզմէ ի՞նչ կը խնդրէ

Ինչը՞ կրնայ մեզ մղել որ յօժարութեամբ հնազանդինք Եհովային։ Մովսէս նշեց կէտ մը. «Քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ» (Բ. Օրինաց 10։12)։ Հոս վախնալ բառը չի նշանակեր՝ գէշ հետեւանքներէ վախնալ, հապա՝ խորապէս յարգել Աստուած եւ իր չափանիշները։ Եթէ Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանք ունինք, պիտի չուզենք զինք նեղացնել։

Գլխաւորաբար ի՞նչը պէտք է մեզ մղէ Եհովային հնազանդելու։ Մովսէս ըսաւ. «[Եհովան] սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել» (Բ. Օրինաց 10։12)։ Աստուած սիրել չի նշանակեր պարզապէս զգացումներ ունենալ։ Աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ. «Զգացումներ արտայայտող եբրայերէն բայերը ատեններ կ’ակնարկեն զգացումներէն յառաջ եկած գործերո՛ւն»։ Նոյն աշխատասիրութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ սէրը կը նշանակէ՝ «սիրով վարուիլ» իրեն հանդէպ։ Ուրիշ խօսքով, եթէ իրապէս կը սիրենք Աստուած, պիտի ընենք բաներ, որ զինք կ’ուրախացնեն (Առակաց 27։11)։

w09 10/1 10 ¶6

Եհովան մեզմէ ի՞նչ կը խնդրէ

Եթէ յօժարութեամբ Եհովային հնազանդինք, օրհնութիւններ պիտի վայելենք։ Մովսէս գրեց. ‘Տէրոջը պատուիրանքները պահէ, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ’ (Բ. Օրինաց 10։13)։ Եհովային ամէն մէկ պատուիրանքը, այսինքն՝ ամէն մէկ բան որ մեզմէ կը խնդրէ, մեր օգտին համար է։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ասոր համար, Եհովային տուած բոլոր պատուէրները մեր յաւիտենական օգտին համար են (Եսայի 48։17)։ Եթէ Եհովային պատուիրած բոլոր բաները ընենք, յուսախաբութիւններ պիտի չապրինք եւ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելենք, երբ իր Թագաւորութիւնը իշխէ։

cl 16 ¶2

Իրապէս կրնա՞ս ‘Աստուծոյ մօտենալ’

2 Աբրահամ Աստուծոյ մօտիկ էր։ Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը սեպեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աբրահամ «Աստուծոյ հաւատաց» (Յակոբոս 2։23)։ Ներկայիս ալ Եհովան առիթներ կը փնտռէ, որ մտերիմ ըլլայ այն անհատներուն հետ, որոնք սէրէ մղուած իրեն կը ծառայեն (Բ. Օրինաց 10։15)։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Այս խօսքը թէ՛ մեզ կը քաջալերէ որ Աստուծոյ մօտենանք, եւ թէ կը խոստանայ որ Աստուած մեզի պիտի մօտենայ։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 103

Ենակի որդիներ

Ենակի որդիները կամ ենակիմները ցեղ մըն էին, որոնք շատ հսկայ էին եւ կ’ապրէին Քանանի երկրին լեռնային շրջանները եւ կարգ մը ծովեզերեայ շրջաններ, մանաւանդ դէպի հարաւ։ Ժամանակ մը, Քեբրոնի մէջ կ’ապրէին ենակիմներէն երեք յայտնի տղամարդիկ՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի (Թւ. 13։23)։ Հոն էր որ եբրայեցի 12 լրտեսները առաջին անգամ տեսան ենակիմները, եւ լրտեսներէն 10–ն գէշ լուր բերին իրենց տեսածներուն մասին, ըսելով որ այդտեղի մարդիկը՝ Ջրհեղեղէն առաջ եղող նեֆիլիմներուն սերունդն են, եւ թէ ատոնց բաղդատմամբ՝ եբրայեցիները «մարախ»ի պէս են (Թւ. 13։29-34. Բ. Օր. 1։28)։ Անոնց հսկայ ըլլալը ձգեց որ մարդիկ անոնց հետ բաղդատեն նոյնիսկ էմիմները եւ ռափայինները։ Ըստ երեւոյթին, անոնց ունեցած զօրութեան ետեւէն մէջտեղ եկաւ ասացուածք մը. «Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել» (Բ. Օր. 2։10, 11, 20, 21. 9։1-3)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել