Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա22 Մայիս էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՅԻՍ 2-8
  • ՄԱՅԻՍ 9-15
  • ՄԱՅԻՍ 16-22
  • ՄԱՅԻՍ 23-29
  • ՄԱՅԻՍ 30–ՅՈՒՆԻՍ 5
  • ՅՈՒՆԻՍ 6-12
  • ՅՈՒՆԻՍ 13-19
  • ՅՈՒՆԻՍ 20-26
  • ՅՈՒՆԻՍ 27–ՅՈՒԼԻՍ 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
ժտա22 Մայիս էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՅԻՍ 2-8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 27-29

«Դաւիթին պատերազմի ծրագիրը»

դ07 3/1 23 ¶7-8

Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք

7 Դաւիթ Նոբէն Փղշտացիներուն շրջանը ուղղուեցաւ՝ 40 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, եւ Գողիաթի ծննդավայրին՝ Գէթի մէջ ապաստան գտաւ Անքուս թագաւորին քով, թերեւս խորհելով որ Սաւուղի մտքէն պիտի չանցնէր թէ զինք հոն փնտռէր։ Սակայն շուտով Անքուսի ծառաները Դաւիթը ճանչցան, ուստի ան «Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ»։—Ա. Թագաւորաց 21։10-12

8 Փղշտացիները Դաւիթը ձերբակալեցին։ Թերեւս այս միջոցին էր որ Դաւիթ սրտագին սաղմոսը յօրինեց, որուն մէջ Եհովայի աղաչեց. «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր»։ (Սաղմոս 56։8 եւ մակագրութիւն) Այսպէս ան վստահութիւն յայտնեց թէ Եհովա իր վիշտը պիտի չմոռնար, այլ՝ սիրալիրօրէն զինք պիտի հոգար ու պաշտպանէր։ Դաւիթ նաեւ Փղշտացի թագաւորը խաբելու ծրագիր մը պատրաստեց։ Ան ինքզինք «խենթ» ձեւացնելով, Անքուս թագաւոր իր ծառաները յանդիմանեց ու զինք քաղաքէն դուրս վռնտեց։ Բացորոշ է որ Եհովա Դաւիթի ռազմավարութիւնը օրհնեց, եւ ան մահէն դարձեալ հազիւ–հազ փրկուեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 21։13-15

դ21.03 4 ¶8

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

8 Նկատի առէք ուրիշ դժուարութիւն մը, որ Դաւիթ ունեցաւ։ Որպէս թագաւոր օծուելէ եւ երկա՜ր տարիներ անցնելէ ետք, ան պաշտօնապէս Յուդայի թագաւորը եղաւ (Ա. Թագ. 16։13. Բ. Թագ. 2։3, 4)։ Այդ տարիներուն ընթացքին, ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ համբերութեամբ սպասէ։ Փոխանակ վհատութեան յանձնուելու, ան կեդրոնացաւ այն բանին վրայ որ կրնար ընել։ Օրինակ, մինչ փղշտացիներու շրջանին մէջ որպէս փախստական կ’ապրէր, Դաւիթ առիթը օգտագործեց, որպէսզի Իսրայէլի թշնամիներուն հետ կռուի։ Այսպիսով, Յուդայի տարածքին սահմանները պաշտպանեց (Ա. Թագ. 27։1-12)։

it-2 245 ¶6

Սուտ

Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ սխալ է գէշ նպատակով սուտ խօսիլը, բայց ասիկա ըսել չէ որ անհատը ստիպուա՛ծ է ճիշդ տեղեկութիւններ տալու այնպիսի անհատներու, որոնց չ’իյնար զանոնք գիտնալ։ Յիսուս այս խրատը տուաւ. «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն» (Մատ. 7։6)։ Ասոր համար, ատեններ երբ հարցում մը կը հարցուէր Յիսուսին, ան բոլոր տեղեկութիւնները չէր տար կամ ուղղակիօրէն չէր պատասխաներ, որպէսզի խնդիրներու առիթ չտար (Մատ. 15։1-6. 21։23-27. Յովհ. 7։3-10)։ Լաւ է որ ասիկա մեր միտքը պահենք, երբ կը կարդանք որ Աբրահամ, Իսահակ, Ռախաբ եւ Եղիսէ սխալ տեղեկութիւններ տուին կամ ամբողջ տեղեկութիւնները չըսին Եհովան չպաշտողներուն (Ծն. 12։10-19. գլ. 20. 26։1-10. Յես. 2։1-6. Յակ. 2։25. Դ. Թագ. 6։11-23)։

Հոգեւոր գոհարներ

w10 1/1 20 ¶5-6

Մեռելները կրնա՞ն օգնել ողջերուն

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ անձ մը մեռնի, «իր հողը կը դառնայ» եւ «անոր խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։4)։ Թէ՛ Սաւուղը եւ թէ Սամուէլը գիտէին, որ Աստուած արգիլած էր վհուկներուն հետ գործ ունենալը։ Սաւուղ նոյնիսկ առաջնորդութիւնը առած էր, որ երկիրը մաքրէր ոգեհարցական բաներէ (Ղեւտացւոց 19։31)։

Մէկ հատ մտածէ. եթէ հաւատարիմ Սամուէլ ողջ ըլլար, ան Աստուծոյ օրէնքը կտրելով վհուկի մը հետ կապ պիտի պահէ՞ր, որպէսզի Սաւուղին հետ խօսէր։ Ասկէ զատ, մենք գիտենք որ Աստուած չէր ուզեր Սաւուղին հետ խօսիլ։ Լաւ, կրնա՞յ ըլլալ որ վհուկ մը Ամենակարող Աստուածը ստիպէր, որ Սաւուղին հետ խօսի Սամուէլին միջոցաւ։ Ո՛չ։ Ուրեմն շատ յստակ է որ այս դէպքին մէջի «Սամուէլ»ը Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան չէր։ Ատիկա չար ոգի մըն էր՝ դեւ մը, որ կը ձեւացնէր Սամուէլը ըլլալ։

ՄԱՅԻՍ 9-15

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 30-31

«Եհովա Աստուծմով զօրացիր»

դ06 8/1 26 ¶12

Եհովայէ վախնալով՝ երջանի՛կ եղիր

12 Եհովայի հանդէպ Դաւիթի վախը զինք սխալ գործելէ ետ պահելէն աւելին ըրաւ։ Անիկա զինք զօրացուց որ դժուար պարագաներու ներքեւ վճռականօրէն ու խոհեմաբար գործի լծուի։ Մէկ տարի եւ չորս ամիս, Դաւիթ ու իր տղամարդիկը Սաւուղէն փախչելով Փղշտացիներու դաշտավայրի մէկ քաղաքին՝ Սիկելակի մէջ ապաստանեցան։ (Ա. Թագաւորաց 27։5-7) Օր մը, տղամարդոց բացակայութեան, ասպատակիչ Ամաղեկացիներ քաղաքը հրոյ ճարակ ըրին եւ բոլոր կիները, երախաները եւ հօտերը գերեվարեցին։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը վերադարձան ու եղելութիւնը իմացան, սկսան լալ։ Շուտով կսկիծը վերածուեցաւ դառնութեան, եւ Դաւիթի մարդիկը խորհեցան զինք քարկոծել։ Վշտացած ըլլալով հանդերձ, Դաւիթ չվհատեցաւ։ (Առակաց 24։10) Աստուծոյ հանդէպ իր վախը զինք մղեց Եհովայի դիմելու, եւ «իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ»։ Աստուծոյ օգնութեամբ, Դաւիթն ու իր մարդիկը Ամաղեկացիները հետապնդեցին եւ ամէն բան ազատեցին։—Ա. Թագաւորաց 30։1-20

դ12 4/1 31 ¶14

Եհովա մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար

14 Դաւիթ իր կեանքին մէջ բազմաթիւ նեղացուցիչ պարագաներ դիմագրաւեց (Ա. Թագ. 30։3-6)։ Իր ներշնչեալ խօսքերը կը յայտնեն թէ Եհովան իր զգացումները գիտէր (կարդա՛ Սաղմոս 34։18. 56։8)։ Աստուած մեր զգացումներն ալ գիտէ։ Երբ մեր «սիրտը կոտրած է» կամ «հոգիով խոնարհած» ենք, ան մեզի կը մօտենայ։ Ասիկա ինքնին որոշ չափով մխիթարութիւն կու տայ, ինչպէս որ Դաւիթին տուաւ, որ տաղերգեց. «Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար» (Սաղ. 31։7)։ Բայց Եհովան մեր նեղութիւնները նշմարելէն աւելի՛ն կ’ընէ։ Մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն տալով՝ ան մեզ կը կազդուրէ։ Ասիկա ընելու իր գործածած մէկ կերպն է՝ քրիստոնէական ժողովները։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 4/1 31 ¶11

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

30։23, 24. Այս որոշումը, որ Թուոց 31։27–ի վրայ հիմնուած է, ցոյց կու տայ թէ Եհովա կ’արժեւորէ այն անհատները, որոնք զանազան կերպերով ժողովքին կ’աջակցին։ Ուստի ինչ որ ալ կ’ընենք, թող ‘սրտանց ընենք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց’։—Կողոսացիս 3։23

ՄԱՅԻՍ 16-22

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 1-3

«‘Աղեղ’ ողբերգէն ի՞նչ կը սորվինք»

դ00 6/15 13 ¶9

Պատուեցէք ձեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողները

9 Դաւիթ ընկճուեցա՞ւ իրեն հանդէպ եղած այս վատ վերաբերմունքին համար։ «Բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս», աղաղակեց Դաւիթ։ (Սաղմոս 54։3) Ան իր սիրտը թափեց Եհովայի առջեւ. «Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս. . . . Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։ Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։ Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան. արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛»։ (Սաղմոս 59։1-4) Պատահա՞ծ է որ դուք ալ այսպէս զգաք. հեղինակաւոր անհատի մը դէմ յանցանք մը չէք գործած, եւ սակայն ան ձեզ կը նեղէ։ Դաւիթ՝ Սաւուղի հանդէպ յարգանք ցոյց տալու մէջ չթերացաւ։ Սաւուղի մահուան վրայ փոխանակ ցնծալու, Դաւիթ ողբ մը գրեց. «Սաւուղ ու Յովնաթան իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի . . . Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։ Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար»։ (Բ. Թագաւորաց 1։23, 24) Եհովայի օծեալին հանդէպ անկեղծ յարգանքի ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, հակառակ անոր որ Դաւիթ զուր տեղ տառապեցաւ Սաւուղի երեսէն։

դ12 4/1 16 ¶8

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

8 Աստուածաշունչը նաեւ կը նկարագրէ բազմաթիւ հաւատարիմ անհատներ։ Անոնցմէ երկուքը նկատի առնենք, եւ տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ. սկսինք անհատով մը՝ որ Դաւիթին հաւատարիմ էր։ Յովնաթան՝ Սաւուղ թագաւորին երիցագոյն որդին՝ հաւանաբար Իսրայէլի գահաժառանգը պիտի ըլլար։ Սակայն, Եհովա Դաւիթը ընտրեց որպէս Իսրայէլի յաջորդ թագաւոր։ Յովնաթան Աստուծոյ որոշումը յարգեց եւ նախանձելով Դաւիթը մրցակից չնկատեց։ Փոխարէն, իր «սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ» եւ անոր հաւատարմութիւն խոստացաւ։ Ան նոյնիսկ Դաւիթին տուաւ իր հանդերձները, սուրը, աղեղը եւ գօտին, այսպէս թագաւորական պատիւ տալով անոր (Ա. Թագ. 18։1-4)։ Յովնաթան իր ամէն կարելին ըրաւ, որ ‘Դաւիթի ձեռքը զօրացնէ’, այն աստիճան որ իր կեանքը վտանգեց Դաւիթը պաշտպանելու համար Սաւուղի առջեւ։ Ան հաւատարմաբար Դաւիթի ըսաւ. «Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ» (Ա. Թագ. 20։30-34. 23։16, 17)։ Զարմանալի չէ որ Յովնաթանի մահէն ետք, Դաւիթ յուզիչ սգերգով իր վիշտը եւ անոր հանդէպ իր սէրը արտայայտեց (Բ. Թագ. 1։17, 26)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 369 ¶2

Եղբայր

Ատեններ, իրարու եղբայր կը սեպուին անոնք, որոնք որոշ պատճառով մը միացած են եւ նման նպատակներ ունին։ Դաւիթ գրեց. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Ան յստակ դարձուց որ միայն արեան կապը չէ որ մարմնաւոր եղբայրներուն միջեւ խաղաղութիւն եւ միութիւն կը ստեղծէ։ Ան Յովնաթանը եղբայր կոչեց, քանի որ իր եւ Յովնաթանին միջեւ սէր ու գուրգուրանք կար եւ երկուքը իրարմով սրտանց հետաքրքրուած էին (Բ. Թագ. 1։26)։ Ասկէ զատ, նման բնաւորութիւններ եւ յատկութիւններ ունեցողները իրարու եղբայր կը սեպուին (Առ. 18։9)։

ՄԱՅԻՍ 23-29

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 4-6

«Ջանք թափէ որ Եհովան չնեղացնես»

դ05 6/1 29 ¶7

Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

6։1-7. Թէեւ Դաւիթ բարի նպատակ ունէր, բայց տապանակը սայլով փոխադրելու իր փորձը Աստուծոյ հրամանին հակառակ էր, եւ այս պատճառով ձախողեցաւ։ (Ելից 25։13, 14. Թուոց 4։15, 19. 7։7-9) Տապանակը բռնելու Ոզայի արարքն ալ ցոյց կու տայ թէ լաւ դիտաւորութիւնները Աստուծոյ պահանջները չեն փոխեր։

դ05 2/1 31 ¶20

Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի

20 Մի՛ մոռնար թէ Ոզա Օրէնքին քաջածանօթ էր։ Տապանակը Եհովայի ներկայութեան առնչուած էր։ Օրէնքը նշած էր թէ հեղինակութիւն չունեցողները անոր պէտք չէր դպչէին, յստակօրէն ազդարարելով թէ անհնազանդ գտնուողները մահուան պատիժին պիտի ենթարկուէին։ (Թուոց 4։18-20. 7։89) Հետեւաբար, այս սրբազան արկղին փոխադրութիւնը թեթեւի առնուելիք պարտականութիւն մը չէր։ Ակներեւօրէն Ոզա Ղեւտացի էր (թէեւ ո՛չ քահանայ), ուստի Օրէնքին քաջածանօթ ըլլալու էր։ Աւելին, տարիներ առաջ Տապանակը իր հօր տունը փոխադրուած էր, որպէսզի պահպանուէր։ (Ա. Թագաւորաց 6։20–7։1) Անիկա հոն մնացած էր շուրջ 70 տարի, մինչեւ որ Դաւիթ ուզեց զայն փոխադրել։ Ուրեմն, իր մանկութենէն ի վեր, Ոզա հաւանաբար Տապանակին վերաբերեալ օրէնքներուն քաջատեղեակ էր։

դ05 2/1 31 ¶21

Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի

21 Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Եհովա կրնայ սիրտերը կարդալ։ Որովհետեւ իր Խօսքը Ոզայի արարքը «թերացում» կը կոչէ, թերեւս Եհովա անձնասէր շարժառիթ մը նկատած է, որ արձանագրութեան մէջ մասնայատուկ կերպով չէ յայտնուած։ Կարելի՞ է որ Ոզա յաւակնոտ անձ մըն էր, որ իր սահմանէն անդին կ’երթար։ (Առակաց 11։2) Կրնա՞յ ըլլալ որ Տապանակը իր ընտանիքին մօտ պահպանուելէ ետք, զայն հանրապէս առաջնորդելը զինք հպարտութեամբ լեցուց։ (Առակաց 8։13) Արդեօք Ոզա հաւատքով այնքան տկա՞ր էր, որ խորհեցաւ թէ Եհովա չէր կրնար Իր ներկայութիւնը խորհրդանշող սրբազան արկղը կայուն պահել։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար պարագան, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա արդարութեամբ վարուեցաւ։ Ան հաւանաբար Ոզայի սիրտին մէջ բան մը տեսաւ, որ պատճառ եղաւ որ արագօրէն դատաստան գործադրէ։—Առակաց 21։2

Հոգեւոր գոհարներ

w96 4/1 29 ¶1

Հոգերդ Եհովային յանձնէ

Դաւիթ պէտք էր պատահածին պատասխանատուութիւնը շալկէր։ Իր հակազդած կերպը կը ցուցնէ որ նոյնիսկ անոնք, որոնք Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունին, թերեւս ատեններ սխալ կերպով հակազդեն երբ դժուարութիւններ ունենան։ Օրինակ՝ Դաւիթ նախ ջղայնացաւ եւ ետքը վախցաւ (Բ. Թագաւորաց 6։8, 9)։ Մեզի հետ ալ կրնա՞յ նոյնը պատահիլ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովային ուղղութիւններուն չհետեւելնուս պատճառով խնդիրներ ունենանք, եւ յանցանքը Եհովային վրայ նետենք (Առակաց 19։3)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Քաղաքային խռովութեան պատրա՞ստ ես

jr 125-126 ¶23-24

Ամէն օր կը հարցնե՞ս. «Ո՞ւր է Եհովան»

23 Աղօթքով Եհովային ուղղութիւնը անկեղծօրէն խնդրելէ զատ, պէտք է շարունակենք անձնական ուսումնասիրութիւն ընել, քանի որ ատիկա շատ կարեւոր է որ Եհովային կամքը գիտնանք։ Այսօր մենք ունինք բան մը, որ Երեմիան չունէր. ամբողջ Սուրբ Գիրքը։ Ճիշդ ինչպէս որ Երեմիան խորունկ պրպտումներ ըրաւ, որպէսզի ճշգրիտ գրութիւններ գրէ, դուն ալ կրնաս Աստուծոյ Խօսքին մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը փնտռել, հարցնելով՝ «Ո՞ւր է Եհովան»։ Երբ Եհովային կամքը փնտռես, իրեն վստահած կ’ըլլաս եւ վստահաբար ‘ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլաս, որ իր արմատները գետի քով կ’երկնցնէ’ (Կարդա՛ Երեմիա 17։5-8)։

24 Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս եւ ատոր վրայ կը խոկաս, փորձէ ըմբռնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ վարուիս որոշ պարագաներու մէջ։ Կրնաս փնտռել սկզբունքներ, որ կ’ուզես յիշել եւ գործադրել։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը կարդաս պատմութիւններ, պատուիրաններ, սկզբունքներ եւ իմաստուն խօսքեր, մտածէ թէ ատոնք ինչպէ՛ս պէտք է ազդեն ամէնօրեայ որոշումներուդ։ Երբ կը հարցնես «Ո՞ւր է Եհովան», Եհովան կրնայ իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ քեզի ցուցնել, որ ինչպէ՛ս կրնաս վարուիլ նոյնիսկ ամէնէն գէշ պարագաներուն մէջ։

g17.5 3-7

Կեանք ազատող քայլեր՝ երբ աղէտ պատահի

«Շատ բարձր պայթում մը եղաւ եւ քիչ մնաց որ գետին փռուէի։ Մուխ սկսաւ մտնել պատերուն բացութիւններէն ներս, որոնք օդափոխութեան համար շինուած էին, եւ մեր գրասենեակը սկսաւ կրակ առնել» (Ճոշուա)։

Երկրաշարժ. . . ոլորամրրիկ. . . ահաբեկչական յարձակում. . . դպրոցին մէջ կրակոցներ։ Շատ անգամ այսպիսի արտայայտութիւններ կը տեսնենք լուրերուն մէջ։ Անշուշտ, աղէտի մը մասին կարդա՛լը բան մըն է, եւ ատիկա ապրիլը՝ ուրիշ բան մը։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել աղէտէ մը առաջ, ատոր ընթացքին եւ ատկէ ետք, որպէսզի ատկէ ազատիս։

ԿՐՆԱՍ ԱՂԷՏԷՆ ԱՌԱՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ

ԱՂԷՏԸ ոեւէ մէկուն կրնայ պատահիլ։ Եթէ կ’ուզես ատկէ ազատիլ, ամէնէն կարեւոր բանը որ կրնաս ընել՝ պատրաստուիլն է։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ։

• Միտքդ պատրաստէ։ Ընդունէ որ ոեւէ մէկուն հետ կրնայ աղէտ պատահիլ, նոյնիսկ՝ քու եւ քու սիրելիներուդ հետ։ Աղէտէն ետք պատրաստուիլը օգուտ մը չունի։

• Նկատի առ որ ի՛նչ աղէտներ կրնան պատահիլ շրջանիդ մէջ։ Տես թէ ի՛նչ ապահով տեղեր կան, ուր կրնաս փախչիլ։ Տանդ կառոյցը եւ ապրած տեղդ բաւարար չափով ապահով ե՞ն։ Ճարին նայէ այն բաներուն, որոնք կրնան կրակ պատճառել։ Ծուխ յայտնող սարքեր (smoke detectors) դիր տանդ մէջ եւ ատոնց մարտկոցները (Batteries) փոխէ առնուազն տարին մէկ անգամ։

• Պէտքերդ կանխաւ ապահովէ։ Երբ աղէտ մը պատահի, կրնայ ըլլալ որ ելեկտրականութիւնը, ջուրը, հեռաձայնները կամ փոխադրութեան միջոցները ընդհատուին։ Եթէ ինքնաշարժ ունիս, գոնէ յիսուն առ հարիւր պենզին թող ըլլայ մէջը։ Միշտ տունիդ մէջ ունեցիր ուտելիք, ջուր եւ անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը։ Տե՛ս «Պէտք եղած բաները ապահովա՞ծ ես» շրջանակը։

• Եղբայրներուն թիւերը ունեցիր, թէ՛ մօտիկ եղողներունը եւ թէ հեռու եղողներունը։

• Փախչելու ծրագիր մը ունեցիր եւ փորձ ըրէ։ Շէնքիդ ելքերը միտքդ պահէ եւ տես թէ զաւակներուդ դպրոցը ի՛նչ ծրագիր դրած է աղէտներու նկատմամբ։ Ընտանեօք որոշեցէք որ աղէտի մը պարագային ո՛ւր պիտի հաւաքուիք,– ինչպէս՝ դպրոցը կամ գործատեղը,– տեղերէն մէկը մօտիկ թող ըլլայ, իսկ միւսը՝ հեռու։ Կառավարութիւնները կ’ըսեն, որ պէտք է ընտանեօք փորձ ընէք այդ տեղերը քալելով երթալու։

• Ծրագրէ ուրիշներուն օգնել, մէջը ըլլալով ծերերը եւ անկարողները։

ԿՐՆԱՍ ԱՂԷՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՇՈՒՏՈՎ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌՆԵԼ

Նախապէս յիշուած Ճոշուան կ’ըսէ. «Երբ գրասենեակս կրակ առաւ, մարդիկ իրար անցնելու տեղ սկսան կամաց–կամաց շարժիլ։ Կարգ մը մարդիկ իրենց համակարգիչը գոցեցին եւ ուրիշներ իրենց ջուրի շիշը լեցուցին։ Մարդ մը ըսաւ. ‘Թերեւս պէտք է սպասենք’»։ Հակառակ անոր որ ուրիշներ երկու միտքի վրայ էին, բայց Ճոշուան այսպէս պոռաց. «Պէտք է հի՛մա հոսկէ դուրս ելլենք»։ Երբ ասիկա ըսաւ, իր գործակիցները իր ետեւէն երթալով սկսան աստիճաններէն վար իջնել։ Լման ժամանակը Ճոշուան միւսներուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը իյնայ, շուտով շալկեցէք եւ շարունակեցէք քալել։ Բոլորս պիտի ազատինք»։

• Երբ տեղ մը կրակ առնէ։ Գետին ծռելով շուտով գնա՛ ամէնէն մօտ ելքը։ Ծուխը չի ձգեր որ տեսնես, եւ շատ անգամ մարդիկ հրդեհի ատեն կը մահանան, քանի որ ծուխը կը շնչեն։ Անձնական ապրանքներդ առնելու մի՛ նայիր։ Ատեններ մեռնիլը կամ ազատիլը քանի մը երկվայրկեանի հարց է։

• Երբ երկրաշարժ ըլլայ։ Տոկուն կահկարասիներու կամ ներքին պատի մը տակը մտիր։ Հազիւ որ առիթ ունենաս, դուրս ել եւ շէնքերէ հեռու մնա՛, քանի որ նորէն երկրաշարժ կրնայ ըլլալ։ Եթէ կրնաս՝ ուրիշները ազատէ, քանի որ ժամեր կ’առնէ որ մարզուած անձեր հասնին մարդիկը ազատելու։

• Երբ ցունամի ըլլայ։ Երբ ջուրը ծովեզերքէն քաշուի, շուտով աւելի բարձր տեղ մը ել։ Ակնկալէ որ աւելի մեծ եւ աւելի շատ ալիքներ գան։

• Երբ փոթորկահով (tornado) կամ ոլորամրրիկ ըլլայ (hurricane)։ Շուտով փոթորիկէ պաշտպանուած տեղ մը վազէ։

• Երբ հեղեղ ըլլայ։ Ջուր լեցուած շէնքերէն հեռու մնա՛։ Մի՛ փորձեր ջուրին մէջէն անցնիլ կամ քշել։ Ջուրին մէջ կրնայ ըլլալ կոյուղիի ջուր, քանդուած բաներու կտորներ, փոսեր եւ ելեկտրական թելեր։

• Գիտէի՞ր։ 0.6 մեթր ջուրը կրնայ ինքնաշարժ մը առնել–տանիլ։ Ընդհանրապէս հեղեղներու ատեն մարդիկ կը մեռնին, քանի որ կը փորձեն վազող ջուրին մէջ քշել։

• Եթէ կառավարութիւնը ըսէ որ բոլորը պէտք է ուրիշ տեղ երթան, շուտով ձգէ–գնա՛։ Ծանօթներուդ լուր տուր ուր կ’երթաս, թէ ոչ անոնց կեանքը կրնայ վտանգի տակ ըլլալ, եթէ փորձեն քեզ գտնել։

• Գիտէի՞ր։ Թերեւս միայն կարելի ըլլայ, որ մէսըճով կապ պահես ուրիշներու հետ, քան՝ հեռաձայնելով։

• Եթէ կառավարութիւնը ըսէ որ պէտք է տունը մնաք, տունը մնա՛։ Եթէ դուրսը քիմիական, կենսաբանական կամ կորիզային արկած մը կամ յարձակում մը ըլլայ, ներսը մնա՛, օդափոխութեան սիստեմը մարէ եւ բոլոր դուռերն ու պատուհանները եւ ատոնց բոլոր ծակերը գոցէ։ Եթէ կորիզային դէպք մը ըլլայ, շէնքիդ ամէնէն վարի մասը գնա՛, որպէսզի կրցածիդ չափ չենթարկուիս ճառագայթներուն։ Մտիկ ըրէ հեռատեսիլի կամ ռատիոյի լուրերուն։ Ներսը մնա՛ մինչեւ որ կառավարութիւնը ըսէ, որ այլեւս վտանգ չկայ։

ԿՐՆԱՍ ԱՂԷՏԷՆ ԵՏՔ ԱՊԱՀՈՎ ՄՆԱԼ

Հիւանդութիւններէ եւ վտանգներէ հեռու մնալու համար. . .

• Ծանօթներու հետ մնա՛,– եթէ կարելիութիւնը կայ,– քան թէ գաղթակայան մը։

• Ապրած տեղդ մաքուր պահէ։

• Ինքզինքդ պաշտպանելու գործիքներ հագիր, երբ քանդուած բաները մէջտեղէն կը վերցնես։ Եթէ կարելիութիւնը կայ, ձեռնոցներ դիր, տոկուն կօշիկներ հագիր, ամուր գլխարկ մը դիր եւ փոշիի յատուկ դիմակ դիր։ Ուշադիր եղիր ելեկտրական թելերէն եւ ածուխ դարձած ապրանքներէ, որոնք տակաւին տաք են։

• Կրցածիդ չափ ռութինդ պահէ։ Զաւակներդ պէտք է տեսնեն որ դուն հանդարտ եւ դրական ես։ Ընտանեօք դպրոցական պարտականութիւնները ըրէք, խաղցէք եւ հոգեւոր բաներ ըրէք։ Խելքդ–միտքդ լուրերուն վրայ թող չըլլայ եւ նեղութիւնդ ընտանիքիդ վրայ մի՛ պարպեր։ Ուրիշներուն օգնէ եւ անոնց քեզի տուած օգնութիւնը ընդունէ։

• Ընդունէ որ աղէտին պատճառով անպայման բաներ պիտի կորսնցնես։ Կառավարութիւնները միայն կ’օգնեն, որ մարդիկ ազատին եւ կարենան իրենց կեանքը շարունակել, ոչ թէ կ’օգնեն որ բոլոր կորսնցուցածներդ ետ ապահովես։ Մենք պարզապէս մաքուր ջուրի, ուտելիքի, հագուելիքի եւ օդի վիճակէն պաշտպանուելու պէտք ունինք որ ապրինք։

• Եթէ զգացական գետնի վրայ վնասուած ես, բան մը ըրէ։ Շատ անգամ, երբ աղէտէ մը ետք ինքզինքիդ գաս, կ’անդրադառնաս որ զգացական գետնի վրայ վնասուած ես։ Օրինակ, կրնաս շատ մտահոգ կամ ընկճուած զգալ, տրամադրութիւնդ կրնայ մէյ մը բարձր եւ մէյ մը ցած ըլլալ, կամ կրնաս դժուարութիւն ունենալ մտածելու, աշխատելու եւ պառկելու։ Այս պարագային, կրնաս սիրտդ պարպել հոգատար բարեկամներուդ։

Ճոշուան ազատեցաւ երբ իր գործատեղը կրակ առաւ, բայց իր գործակիցներէն շատեր չազատեցան։ Երէցները եւ մասնագէտներ իրեն օգնեցին, որ իր ցնցումէն դուրս ելլէ։ Ճոշուան կ’ըսէ. «Անոնք ինծի վստահեցուցին որ շատ բնական է տխուր զգամ եւ թէ ժամանակի ընթացքին ատիկա պիտի թեթեւնայ եւ պիտի լաւանամ։ Վեց ամիս ետք սկսայ աւելի քիչ գէշ երազներ ունենալ, բայց ուրիշ բաներ աւելի ժամանակ առին հետս»։

Աղէտները մեր արդարութեան զգացումը մէջտեղ կը հանեն։ Երբ աղէտ մը պատահի, կարգ մը մարդիկ Աստուած յանցաւոր կը հանեն։ Իսկ ուրիշներ իրե՛նք յանցաւոր կը զգան Ճոշուային պէս։ Ան կ’ըսէ. «Մինչեւ հիմա կը մտածեմ որ արդեօք կրնայի՞ աւելի մարդիկ ազատել։ Խիղճս կը հանգստացնէ այն գաղափարը, որ Աստուած մօտ ատենէն արդարութիւն պիտի բերէ ամբողջ երկրին վրայ եւ բոլոր գէշ բաները պիտի վերցնէ։ Մինչեւ այդ օրը գայ, ես արժէքը գիտեմ ամէն մէկ օրուան որ կ’ապրիմ եւ ամէն կարելիս կ’ընեմ որ ապահով ըլլամ»։

ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԱ՞Ծ ԵՍ

Այն կազմակերպութիւնները, որոնք աղէտի վերաբերեալ կարգադրութիւններ կ’ընեն, ընտանիքները կը քաջալերեն որ պէտք եղած ապրանքները ապահովեն իրենց տան մէջ եւ զանոնք ամէն տարի նորոգեն։ Անշուշտ, պէտքերը կը տարբերին տեղէ–տեղ եւ պարագայէ–պարագայ։ Ասոր համար, տեղական կազմակերպութիւններէն տեղեկացիր, որ քու շրջանիդ մէջ ի՛նչ բաներ պէտք է ապահովես։

Նախընտրելի է անձ գլուխ առնուազն 11 լիդր ջուր ապահովես, ինչպէս նաեւ՝ պատրաստ ուտելիքներ երեք օրուան համար, որոնք չեն աւրուիր։

Ասոնցմէ զատ, կարգ մը ընտանիքներ անակնկալ պարագաներու համար պայուսակներ պատրաստած են, որոնց մէջ կան հետեւեալները.

■ Անակնկալ պարագաներու յատուկ ծածկուելիքներ, տաք պահող հագուստներ եւ տոկուն կօշիկներ

■ Ելեկտրական լամբ (փիլ), ռատիօ եւ աւելորդ մարտկոցներ (Batteries)

■ Նախնական դարմանումի տուփ եւ սուլիչ՝ օգնութիւն ուզելու համար

■ Ուտելու համար աման, դգալ, պատառաքաղ, տուփ բանալիք, գրպանի չափով գործիքներ եւ ջուր չծծող լուցկի

■ Փոշիի դիմակներ, ջուր չծծող փակցնելիք եւ փլասթիք ծածկոց՝ իբր վրան գործածելու համար

■ Ակռայի վրձիններ, օճառ, անձեռոցներ եւ արտաքնոցի թուղթ

■ Պզտիկներու, տարեցներու եւ անկարողներու համար յատուկ ապրանքներ։

■ Ջուր չծծող տոպրակ մը, ուր դրուած են դեղեր, դեղագիրներու օրինակներ եւ ուրիշ կարեւոր թուղթեր

■ Կարեւոր անհատներու թիւերը, ձեր շրջանին քարտէսը եւ տեղեկութիւններ՝ ո՛ւր հաւաքուելու նկատմամբ

■ Վարկաքարտեր (Credit cards) եւ դրամ

■ Տունին եւ ինքնաշարժին աւելորդ բանալիները

■ Թուղթ, մատիտներ, գիրքեր եւ պզտիկներու համար խաղեր

■ Սուրբ Գիրք

ՄԱՅԻՍ 30–ՅՈՒՆԻՍ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7-8

«Եհովան ուխտ մը կ’ընէ Դաւիթին հետ»

w10 4/1 20 ¶3

‘Քու թագաւորութիւնդ ապահով պիտի ըլլայ’

Դաւիթին սրտանց փափաքը շատ կ’ազդէ Եհովային։ Ասոր համար եւ մարգարէութիւններուն համաձայն՝ Եհովան ուխտ մը կ’ընէ Դաւիթին հետ, որ Դաւիթին սերունդէն մէկը յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Նաթան մարգարէն Աստուծոյ խոստումը կ’ըսէ Դաւիթին. «Քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ» (Բ. Թագ. 7։16)։ Ո՞վ է այն անձը որ յաւիտեան պիտի թագաւորէ (Սաղմոս 89։20, 29, 34-36)։

w10 4/1 20 ¶4

‘Քու թագաւորութիւնդ ապահով պիտի ըլլայ’

Նազովրեցի Յիսուսը Դաւիթին սերունդէն էր։ Երբ հրեշտակ մը Մարիամին կը յայտնէր, որ Յիսուս պիտի ծնի, ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկաս 1։32, 33)։ Ուրեմն Դաւիթին հետ ըրած Աստուծոյ ուխտը կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ։ Այսպիսով, Յիսուս կ’իշխէ Աստուծո՛յ ըրած խոստումին հիման վրայ եւ իրաւունքը ունի յաւիտեան իշխելու։ Միշտ յիշենք որ Աստուծոյ խոստումները միշտ կը կատարուին (Եսայի 55։10, 11)։

դ14 10/15 10 ¶14

Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունեցիր

14 Նկատէ թէ Եհովան Դաւիթեան ուխտին միջոցաւ ի՛նչ խոստացաւ իսրայէլացի Դաւիթ թագաւորին (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 7։12, 16)։ Եհովան այս ուխտը ըրաւ մինչ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ կ’իշխէր, խոստանալով որ Մեսիան անոր շառաւիղէն պիտի գար (Ղուկ. 1։30-33)։ Այսպէս, Եհովան Մեսիային նախահայրերուն մասին աւելի մասնայատուկ տեղեկութիւն տուաւ եւ հաստատեց թէ Դաւիթէն սերած այս անհատը «իրաւունք» պիտի ունենար Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու (Եզեկ. 21։25-27)։ Յիսուսի միջոցաւ, Դաւիթի թագաւորութիւնը «յաւիտեան պիտի հաստատուի»։ Արդարեւ Դաւիթի սերունդը «յաւիտեան պիտի մնայ ու անոր աթոռը. . . արեգակին չափ» (Սաղ. 89։34-37)։ Այո, Մեսիային իշխանութիւնը բնա՛ւ փտածութիւն պիտի չտեսնէ, եւ անոր իրագործումները յաւիտեան պիտի մնան։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 206 ¶2

Վերջին օրերը

Բաղաամին մարգարէութիւնը։ Առաջ որ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնեն, Բաղաամ մարգարէն Մովաբի Բաղակ թագաւորին ըսաւ. «Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը [իսրայէլ] վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ. . . Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ» (Թւ. 24։14-17)։ Այս մարգարէութեան առաջին կատարումին մէջ, «աստղ»ը Դաւիթ թագաւորն էր, որ մովաբացիներուն յաղթեց (Բ. Թագ. 8։2)։ Ուրեմն յստակ է որ «վերջին օրերը» սկսան երբ Դաւիթ թագաւոր եղաւ։ Իսկ քանի որ Դաւիթ կը նախապատկերացնէ Յիսուսը որպէս մեսիական Թագաւոր, այս մարգարէութիւնը նաեւ պիտի կատարուի Յիսուսին միջոցաւ, երբ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ (Եսա. 9։7. Սաղ. 2։8, 9)։

ՅՈՒՆԻՍ 6-12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 9-10

«Դաւիթ հաւատարիմ սէր ցուցուց»

դ06 7/1 30 ¶6

Երջանկութիւն կրնա՛ս գտնել

Դաւիթ գրեց. «Երանի՜ անոր՝ որ չքաւորին ուշադրութիւն կը դարձնէ. ձախորդութեան ժամանակ Տէրը պիտի ազատէ զինք։ Տէրը պիտի պահպանէ եւ ողջ պահէ զինք. երանելի պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 41։1, 2, ԱՎ) Այս մարզին մէջ Դաւիթ օրինակ հանդիսացաւ, Յովնաթանի կաղ որդիին՝ Մեմփիբոսթէի հանդէպ սիրալիր նկատառութիւն ցուցաբերելով։—Բ. Թագաւորաց 9։1-13

դ05 6/1 29 ¶11

Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

9։1, 6, 7. Դաւիթ իր խոստումը պահեց։ Մենք ալ պէտք է ջանանք մեր խօսքը յարգել։

դ02 3/1 7 ¶10

Անոնք մարմնի փուշի հետ գլուխ ելան

10 Քանի մը տարի ետք, Յովնաթանի հանդէպ իր մեծ սիրոյն պատճառաւ, Դաւիթ Թագաւոր Մեմփիբոսթէին հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերեց։ Դաւիթ Սաւուղի բոլոր արտերը անոր վերադարձուց եւ Սաւուղի ծառան՝ Սիբան այս արտերուն տնտես նշանակեց։ Դաւիթ նաեւ ըսաւ Մեմփիբոսթէի. «Դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։ (Բ. Թագաւորաց 9։6-10) Անկասկած Դաւիթի ողորմութիւնը Մեմփիբոսթէն մխիթարեց եւ իր անկարողութեան վիշտը թեթեւցնելու նպաստեց։ Ի՜նչ ընտիր դաս մը։ Մենք ալ մարմնի փուշի մը դէմ մաքառողներուն հանդէպ ազնուութիւն պէտք է ցուցաբերենք։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 266

Մօրուք

Անցեալին, արեւելքի մէջ ապրող շատ մը ժողովուրդներու քով, մէջը ըլլալով՝ իսրայէլացիները, մօրուքը տղամարդու արժանապատուութեան նշան էր։ Աստուծոյ օրէնքը կ’արգիլէր կտրել «գլուխներուն եզերքի մազերը» (այն մազերը որոնք ականջին ու աչքին միջեւ կ’ըլլային) եւ մօրուքին եզերքը (Ղեւ. 19։27. 21։5)։ Ինչո՞ւ։ Անկասկած քանի որ ասիկա կրօնական սովորութիւն մըն էր կարգ մը հեթանոսներու քով։

ՅՈՒՆԻՍ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 11-12

«Մի՛ ձգեր որ սխալ ցանկութիւնները վրադ իշխեն»

դ21.06 17 ¶10

Կրնա՛ս Սատանայի թակարդներէն ազատիլ

10 Ագահութիւնը պատճառ դարձաւ որ Դաւիթ թագաւոր մոռնայ այն ինչ որ Եհովան իրեն տուած էր, մէջը ըլլալով՝ հարստութիւն, երեւելի դիրք եւ իր թշնամիներէն շատերու վրայ յաղթանակ։ Դաւիթ գնահատութեամբ կ’ընդունէր, որ Եհովայի պարգեւները «համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Բայց որոշ մէկ հանգրուանի, ան մոռցաւ ի՛նչ որ Եհովան իրեն տուած էր։ Ատիկա իր աչքին քիչ երեւցաւ եւ աւելին ուզեց։ Թէեւ քանի մը կիներ ունէր, սկսաւ իր սրտին մէջ ուրիշ տղամարդու մը կնոջ ցանկալ։ Այդ կինը Բերսաբէն էր, իսկ անոր ամուսինը՝ քետացի Ուրիան։ Դաւիթ անձնասիրաբար Բերսաբէին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ. եւ Բերսաբէն յղի մնաց։ Չի բաւեր որ շնութիւն ըրաւ, Դաւիթ նաեւ ծրագրեց որ Ուրիան սպաննուի (Բ. Թագ. 11։2-15)։ Դաւիթին խելքը ո՞ւր էր։ Ամէն խելքովը կը կարծէր թէ Եհովան չի՞ տեսներ։ Թէեւ Դաւիթ տարիներով Եհովային հաւատարմօրէն ծառայած էր, բայց ագահութեան տեղի տուաւ եւ սուղ գին վճարեց ատոր համար։ Ետքը Դաւիթ իր յանցանքը ընդունեց եւ զղջաց։ Որքա՜ն ուրախացաւ, երբ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։7-13)։

դ19.09 17 ¶15

Յօժարաբար Եհովային հնազանդէ

15 Եհովան Դաւիթը նշանակեց որպէս գլուխ՝ ոչ միայն իր ընտանիքին, հապա նաեւ ամբողջ իսրայէլ ազգին։ Թագաւոր ըլլալով, Դաւիթ շատ մեծ հեղինակութիւն ունէր։ Երբեմն իր հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածեց եւ լուրջ սխալներ ըրաւ (Բ. Թագ. 11։14, 15)։ Բայց ան Եհովայի ենթարկուեցաւ, իրեն տրուած կրթութիւնը ընդունելով։ Աղօթքով իր սիրտը թափեց Եհովային առջեւ եւ ամէն ջանք ըրաւ որ իրեն հնազանդի (Սաղ. 51։1-4)։ Ասկէ զատ, ան այնքա՛ն խոնարհ էր, որ խրատ ընդունեց ոչ միայն տղամարդոցմէ, հապա նաեւ կիներէ (Ա. Թագ. 19։11, 12. 25։32, 33)։ Ան իր սխալներէն սորվեցաւ եւ Եհովայի ծառայելը իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձուց։

դ18.06 17 ¶7

Աստուծոյ օրէնքներով եւ սկզբունքներով խիղճդ մարզէ

7 Պէտք չունինք Աստուծոյ օրէնքները կտրելուն գէշ հետեւանքները կրելու, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։ Կրնանք սորվիլ ուրիշներուն սխալներէն, որոնց մասին գրուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Առակաց 1։5–ը կ’ըսէ. «Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ»։ Մենք Աստուծմէ լաւագոյն ուղղութիւնը կը ստանանք։ Օրինակ, մտածէ թէ Դաւիթ ինչերէ՜ անցաւ, երբ Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ եւ Բերսաբէին հետ անբարոյութիւն գործեց (Բ. Թագ. 12։7-14)։ Երբ այս պատմութիւնը կը կարդաս եւ ատոր վրայ կը խոկաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Դաւիթ ինչպէ՞ս կրնար հեռու մնալ այդ խնդիրներէն։ Եթէ ես նման պարագայի մէջ ըլլամ, ի՞նչ պիտի ընեմ։ Եթէ անբարոյութիւն ընելու փորձութեան առջեւ գտնուիմ, Դաւիթի՞ն պէս պիտի վարուիմ, թէ ոչ Յովսէփին պէս’ (Ծն. 39։11-15)։ Եթէ լաւ մտածենք մեղքին ցաւալի հետեւանքներուն մասին, երթալէն աւելի ‘պիտի ատենք չարութիւնը’։

Հոգեւոր գոհարներ

դ07 10/1 10 ¶11

‘Ձեր Հայրը գթած է’

11 Դաւիթի ու Բերսաբէի պարագային, մահուան դատավճիռը թեթեւցնելէ առաջ, իրենց մեղքը պէտք էր ներուէր։ Իսրայելացի դատաւորները ասիկա ընելու լիազօրութիւն չունէին։ Եթէ անոնց թոյլ տրուէր որ այս հարցը նկատի առնէին, անոնք փոխընտրութիւն մը չունենալով՝ մահապատիժ պիտի արձակէին։ Օրէնքը ա՛յս կը պահանջէր։ Սակայն Դաւիթի հետ ըրած ուխտին պատճառաւ, Եհովա ուզեց տեսնել թէ Դաւիթի մեղքը ներելու հիմ մը կա՞ր։ (Բ. Թագաւորաց 7։12-16) Ուստի «բոլոր երկրի Դատաւորը»՝ Եհովա Աստուած, որ ‘սրտերը կը փորձէ’, որոշեց հարցը ձեռք առնել։ (Ծննդոց 18։25. Ա. Մնացորդաց 29։17) Աստուած կրնար Դաւիթի սիրտը ճշգրտօրէն կարդալ, անոր զղջումին հարազատութիւնը արժեւորել եւ ներում շնորհել։

դ12 11/1 24-25 ¶9-10

Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ

9 Եհովան Դաւիթը չպաշտպանեց իր մեղքերուն հետեւանքներէն։ Ատոնք պիտի շարունակէին խնդիրներ պատճառել Դաւիթին, իր կեանքի մնացեալ օրերուն մէջ։ Բայց քանի որ Դաւիթ «կոտրած ու խոնարհ սիրտ» ունէր,– այսինքն՝ զղջացած էր,– Եհովան իրեն ներեց (կարդա՛ Սաղմոս 32։5. Սաղ. 51։17)։ Ամենակալ Աստուածը մեր մեղքերուն ետին գտնուող իսկական կեցուածքն ու պատճառները կը հասկնայ։ Փոխանակ թոյլ տալու որ Դաւիթ ու Բերսաբէ դատաւորներու կողմէ դատապարտուին Մովսիսական օրէնքին հիման վրայ, Եհովան ողորմութեամբ միջամտեց, ի՛նք զանոնք դատելով (Ղեւ. 20։10)։ Աստուած նոյնիսկ անոնց զաւակը՝ Սողոմոնը, Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը նշանակեց (Ա. Մն. 22։9, 10)։

10 Կրնայ ըլլալ որ Եհովան Դաւիթին նաեւ ներեց, քանի որ ան Սաւուղի հանդէպ ողորմած գտնուած էր (Ա. Թագ. 24։5-8)։ Յիսուս բացատրեց, թէ Եհովան մեզի հետ կը վարուի այնպէս՝ ինչպէս մենք ուրիշներուն հետ կը վարուինք, երբ ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի» (Մատ. 7։1, 2)։ Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան մեր մեղքերը պիտի ներէ,– նոյնիսկ՝ շնութեան կամ մարդասպանութեան նման լուրջ յանցանքներ,– եթէ ներող հոգի ունինք, մեր մեղքերը խոստովանինք իրեն եւ մեր սխալ արարքներուն հանդէպ մեր կեցուածքը փոխենք։ Երբ մեղանչողները անկեղծօրէն զղջան, Եհովան «սփոփանքի ժամանակներ» կը բերէ (կարդա՛ Գործք 3։19, 20)։

ՅՈՒՆԻՍ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 13-14

«Ամնոնին անձնասիրութիւնը չարիք պատճառեց»

it-1 32

Աբիսողոմ

Ամնոնին սպանութիւնը։ Թամարին գեղեցկութիւնը պատճառ դարձաւ, որ իր խորթ եղբայրը Ամնոն իրեն սիրահարուի։ Ամնոն ձեւացուց որ հիւանդ է եւ խնդրեց, որ Թամար իրեն գայ ու իրեն կերակուր եփէ, եւ այսպիսով զինք բռնաբարեց։ Երբ Աբիսողոմ գիտցաւ եղածը, իր քրոջ ըսաւ որ լուռ կենայ եւ զինք իր տունը տարաւ (Բ. Թագ. 13։1-20)։

դ17.09 5 ¶11

Ջանա՛ ժուժկալ ըլլալ

11 Սուրբ Գիրքին մէջ նաեւ կան անհատներ, որոնք տեղի տուին սեռային անբարոյութեան։ Անոնց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ ինչ գէշ արդիւնքներու կրնանք հասնիլ, երբ ժուժկալ չըլլանք։ Եթէ Քիմին պարագան ունիս, լաւ կ’ըլլայ որ մտածես այն անփորձ երիտասարդին մասին, որ նկարագրուած է Առակաց 7–րդ գլուխին մէջ։ Նաեւ մտածէ Ամնոնին մասին եւ թէ իր ըրածը ի՛նչ արդիւնքներու հասցուց (Բ. Թագ. 13։1, 2, 10-15, 28-32)։ Ծնողները կրնան այս օրինակներուն մասին խօսիլ ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, որպէսզի իրենց զաւակներուն օգնեն որ ժուժկալութիւն եւ իմաստութիւն ունենան ռոմանթիկ յարաբերութիւններու մարզին մէջ։

it-1 33 ¶1

Աբիսողոմ

Երկու տարի անցաւ եւ ոչխարները ասրակտուր ընելու ժամանակը հասաւ։ Այս ուրախ ժամանակին, Աբիսողոմ խնճոյք մը ըրաւ Բաղաասօրին մէջ, որ շուրջ 22 քմ. հեռու էր Երուսաղէմէն։ Ան իր հայրը՝ Դաւիթ թագաւորը՝ եւ անոր որդիները հրաւիրեց։ Երբ Դաւիթ ըսաւ որ պիտի չերթայ խնճոյքին, Աբիսողոմ պնդեց որ իր անդրանիկը՝ Ամնոնը՝ ղրկէ իր տեղը (Առ. 10։18)։ Խնճոյքին ընթացքին, երբ Ամնոն ‘գինիէն զուարթացած էր’, Աբիսողոմ իր ծառաներուն հրամայեց, որ զինք սպաննեն (Բ. Թագ. 13։23-38)։

Հոգեւոր գոհարներ

պհհ 7 ¶2-5

Ինչո՞ւ տեսքովս մտահոգ եմ

Եթէ ախորժակի պակասութեան կամ սննդառութեան ուրիշ խանգարումի մը ախտանշանները կը նշմարես, օգնութեան դիմէ։ Կրնաս ծնողներէդ մէկուն կամ վստահելի չափահասի մը սիրտդ բանալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։

ԼԱՒԱԳՈ՛ՅՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՈՐ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Ներքին անձն է որ կրնայ մէկը գրաւիչ դարձնել կամ՝ չդարձնել։ Նկատի առ Դաւիթ թագաւորին տղուն՝ Աբիսողոմին պարագան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.

«Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա. . . արատ մը չունէր» (Բ. Թագաւորաց 14։25)։

Բայց այս երիտասարդը հպարտ, փառասէր եւ դաւաճան անձ մըն էր։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը դրական կերպով չի խօսիր Աբիսողոմին մասին. այլ անոր մասին կ’ըսէ՝ անամօթ, անհաւատարիմ եւ ատելութեամբ լեցուած մարդ։

Ուրեմն տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը այս խրատը կու տայ.

«Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը» (Կողոսացիս 3։10, ՆԱ)։

‘Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն, հապա սրտին ծածուկ մարդը հոգիին զարդը թող ըլլայ’ (Ա. Պետրոս 3։3, 4)։

Սխալ չէ որ մէկը ուզէ գեղեցիկ երեւիլ. բայց անձնաւորութիւնդ արտաքին երեւոյթէդ աւելի՛ կարեւոր է։ Վերջ ի վերջոյ գովելի յատկութիւննե՛րն են որ քեզ աւելի գրաւիչ պիտի դարձնեն, քան՝ մկանոտ մարմինդ կամ գեղեցիկ տեսքդ։ Ֆիլիսիան կ’ըսէ. «Գեղեցկութիւնը շատ արագ մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ, բայց ներքին անձդ եւ լաւ յատկութիւններդ են որ մարդիկ պիտի յիշեն»։

ՏԵՍՔԻԴ ՎՐԱՅ ԱԿՆԱՐԿ

Տեսքդ երբեմն քեզ յուսախաբ կ’ընէ՞։

Մտածա՞ծ ես ֆիզիքական որոշ թերութիւն մը սրբագրելու համար գեղեցկագիտական գործողութեան մը դիմել կամ խիստ սննդականոնի հետեւիլ։

Եթէ ձեռքէդ գար տեսքիդ մէջ բան մը փոխել, ի՞նչ կը փոխէիր (ընտրէ՛)։

• ՀԱՍԱԿ

• ԿՇԻՌՔ

• ՄԱԶԵՐ

• ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄ

• ԴԷՄՔ

• ՄՈՐԹԻ ԳՈՅՆ

Եթէ առաջին երկու հարցումներուն «այո» պատասխանեցիր, իսկ երրորդ հարցումին մէջ երեք կամ աւելի երեսակներ ընտրեցիր, ինչո՞ւ այսպէս չես մտածեր. հաւանական է որ ուրիշներ տեսքիս նկատմամբ այդքան ժխտական տեսակէտ չունին։ Մի մոռնար որ դիւրի՛ն է երեւոյթովդ չափէ դուրս մտահոգուիլ (Ա. Թագաւորաց 16։7)։

ՅՈՒՆԻՍ 27–ՅՈՒԼԻՍ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 15-17

«Աբիսողոմ իր հպարտութեան պատճառով ըմբոստացաւ»

դ16.02 28 ¶10

Սորվէ՛ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն

Դաւիթի տղան՝ Աբիսողոմ, նոյնպէս հաւատարիմ չեղաւ Աստուծոյ, իր խոնարհութիւն չունենալուն պատճառով։ Ան այնքան հպարտ էր, որ «իրեն համար կառքեր եւ ձիեր պատրաստեց, նաեւ իր առջեւէն վազող յիսուն մարդ» (Բ. Թագ. 15։1)։ Աբիսողոմ ժողովուրդին հաւատարմութիւնն ալ գողցաւ։ Ան Աբենների պէս աշխատեցաւ Դաւիթը սպաննել, հակառակ որ քաջ գիտէր, թէ Եհովա՛ն Դաւիթը նշանակած էր որպէս Իսրայէլի թագաւոր (Բ. Թագ. 15։13, 14. 17։1-4)։

դ12 7/1 18 ¶5

Ազատութեան Աստուծոյն ծառայէ՛

5 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ անհատներու օրինակներ, որոնք ուրիշներու վրայ գէշ ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնցմէ մէկն է Աբիսողոմ՝ Դաւիթ թագաւորի որդին։ Աբիսողոմ բացառիկ կերպով գեղահայեաց տղամարդ մըն էր։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, Սատանային նման, ան թոյլ տուաւ որ փառասիրութիւնը իր սրտին մէջ աճի, ցանկալով իր հօր գահին, որուն իրաւասութիւն չունէր։ Գահը խլելու խորամանկ ջանքով մը, Աբիսողոմ ձեւացուց թէ իր հայրենակիցներուն հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ունէր, եւ անուղղակի կերպով ակնարկեց թէ արքունիքը անոնց հանդէպ անտարբեր էր։ Արդարեւ, ճիշդ ինչպէս որ Բանսարկուն Եդեմի պարտէզին մէջ ըրաւ, Աբիսողոմ ինքզինք ներկայացուց որպէս բարերար, միեւնոյն ժամանակ անգթօրէն իր հայրը զրպարտելով (Բ. Թագ. 15։1-5)։

it-1 1083-1084

Քեբրոն

Քանի մը տարի ետք, Դաւիթին տղան՝ Աբիսողոմը՝ վերադարձաւ Քեբրոն եւ հոնկէ սկսաւ փորձել իր հօր թագաւորութիւնը անոր ձեռքէն առնել, բայց չյաջողեցաւ (Բ. Թագ. 15։7-10)։ Ան Քեբրոնը զատեց շատ հաւանաբար քանի որ ատիկա իր ծննդավայրն էր եւ նախապէս Յուդային մայրաքաղաքը ըլլալով պատմական քաղաք մըն էր։

Հոգեւոր գոհարներ

դ18.08 6 ¶11

Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս

11 Թերեւս օր մը անձամբ մենք ալ անարդարութիւն կրենք, երբ մարդիկ պատմութիւններ տարածեն մեր մասին, որոնց մէկ մասը սխալ է կամ ալ պակաս տեղեկութիւններ ունին։ Տես թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մեմփիբոսթէին։ Դաւիթ թագաւոր առատաձեռն գտնուեցաւ իրեն հանդէպ, իրեն վերադարձնելով իր մեծ հօր՝ Սաւուղին, բոլոր արտերը (Բ. Թագ. 9։6, 7)։ Բայց յետագային, Դաւիթ ժխտական բան մը լսեց Մեմփիբոսթէին մասին։ Առանց փաստելու որ տեղեկութիւնը ճիշդ է, Դաւիթ Մեմփիբոսթէին ձեռքէն առաւ բոլոր ունեցածը (Բ. Թագ. 16։1-4)։ Ժամանակ մը ետք, երբ Դաւիթ խօսեցաւ իրեն հետ, անդրադարձաւ որ սխալ ըրած էր, եւ Մեմփիբոսթէին վերադարձուց արտերուն մէկ մասը (Բ. Թագ. 19։24-29)։ Բայց այս անարդարութիւնը կրնա՛ր տեղի չունենալ, եթէ Դաւիթ ժամանակ տրամադրէր, որ բոլոր իրողութիւնները գիտնար, փոխանակ իր ականջին հասած մէկ տեղեկութեան հիման վրայ որոշում առնելու։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

դ16.02 30 ¶15-18

Սորվէ՛ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն

15 Քուսի Դաւիթ թագաւորի հաւատարիմ բարեկամներէն մէկն էր։ Երբ ժողովուրդը ուզեց Աբիսողոմը թագադրել, Քուսի խիզախութեան պէտք ունէր որ Աստուծոյ եւ Դաւիթին հաւատարիմ մնար։ Ան գիտէր թէ Աբիսողոմ իր զինուորներով Երուսաղէմ մտած էր, իսկ Դաւիթ փախած էր (Բ. Թագ. 15։13. 16։15)։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Դաւաճանե՞ց Դաւիթին՝ Աբիսողոմին թիկունք կանգնելով։ Ո՛չ։ Թէեւ Դաւիթ ծերացած էր եւ շատեր կ’ուզէին զինք սպաննել, բայց Քուսի հաւատարիմ մնաց իրեն, քանի որ Եհովա՛ն էր որ զինք թագաւոր նշանակած էր։ Հետեւաբար, Քուսի Ձիթենեաց լեռը ելաւ Դաւիթը դիմաւորելու համար (Բ. Թագ. 15։30, 32)։

16 Դաւիթ Քուսիէն խնդրեց որ Երուսաղէմ վերադառնայ ու ձեւացնէ թէ Աբիսողոմի բարեկամն է, որպէսզի զինք համոզէ որ Աքիտոփէլին խրատը մերժէ։ Այսպէս, Քուսի իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Եհովային հաւատարիմ մնայ եւ Դաւիթի խնդրանքը կատարէ։ Դաւիթ Քուսիի համար աղօթք ըրաւ եւ Եհովան անոր օգնեց,– Աբիսողոմ Քուսիին խրատը աւելի հաւնեցաւ քան Աքիտոփէլինը (Բ. Թագ. 15։31. 17։14)։

17 Եհովային հաւատարիմ մնալը խիզախ ըլլալ կը պահանջէ։ Մեզմէ շատեր քաջաբար դիմադրած են ընտանիքի անդամներու, գործընկերներու եւ կառավարական պաշտօնեաներու, որպէսզի Աստուծոյ հաւատարիմ մնան։ Ճափոնի մէջ, զոր օրինակ, Թարօ անունով երիտասարդ մը իր մանկութենէն ի վեր, իր ամէն կարելին կ’ընէր իր ծնողքին ուրախութիւն պատճառելու համար։ Անոնց հաւատարմաբար կը հնազանդէր, ոչ թէ քանի որ ստիպուած էր, այլ՝ քանի որ կը սիրէր զիրենք։ Բայց երբ սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ սերտել, ծնողքը դէմ կեցաւ իրեն։ Թարոն ասկէ շատ տխրեցաւ, եւ իրեն համար շատ դժուար էր ծնողներուն ըսել, թէ որոշած է ժողովներուն երթալ։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք ա՛յնքան բարկացան, որ տարիներով չձգեցին որ տունը իրենց այցելեմ։ Աստուծմէ քաջութիւն խնդրեցի, որ որոշումիս վրայ մնամ։ Իսկ այժմ, ծնողքիս սիրտը կակուղցած է եւ կրնամ կանոնաւորաբար իրենց այցելել» (կարդա՛ Առակաց 29։25)։

18 Թող որ մենք ալ գոհունակ զգանք, Դաւիթին, Յովնաթանին, Նաթանին եւ Քուսիին պէս Եհովային հաւատարիմ մնալով։ Ասկէ զատ, թող որ դաս մը քաղենք Աբենների եւ Աբիսողոմի անհաւատարմութենէն։ Վստահաբար կ’ուզենք Դաւիթին պէս Եհովային յարիլ։ Ճիշդ է որ անկատար ենք, եւ կրնանք սխալիլ, բայց թող որ փաստենք, թէ նա՛խ Եհովային հաւատարիմ ենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել