Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Տէրը իմ հովիւս է»
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Աստուծոյ մօտեցիր

      «Տէրը իմ հովիւս է»

      ԱՅՍ էջին վրայի պատկերին նայէ։ Կրնա՞ս հովիւին գիրկը եղող գառնուկին ապահովութիւնը զգալ։ Աստուածաշունչը 23–րդ սաղմոսին մէջ կը գործածէ հովիւի մը եւ անոր ոչխարին փոխաբերութիւնը, որպէսզի Իր երկրպագուներուն հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած քնքուշ հոգատարութիւնը լուսաբանէ։ Ան կ’ուզէ որ զգանք այն ապահովութիւնը, զոր կը վայելեն անոնք՝ որոնք սաղմոսերգու Դաւիթին նման կրնան վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ հովիւս է» (համար 1)։a

      Այս սաղմոսը յօրինողը՝ Դաւիթ, պատանեկութեան ատեն հովիւ մըն էր։ Ան ոչխարներու կարիքներուն եւ հովիւի մը պատասխանատուութիւններուն տեղեակ էր։ Դաւիթ, որ վայելած էր Աստուծոյ հոգատարութիւնը իր կեանքին մէջ, գրեց ինչ որ կոչուեցաւ «հաւաստիքի կամ վստահութեան սաղմոս»։ Բնագիրին մէջ, սաղմոսին սկիզբը եւ վերջաւորութեան կը գտնուի աստուածային անունը՝ Եհովա (համար 1, 6)։ Մնացեալ համարները կը նկարագրեն երեք կերպեր, որոնցմով Եհովա իր ժողովուրդին հոգ կը տանի, ինչպէս հովիւ մը՝ իր ոչխարներուն (Սաղմոս 100։3)։

      Եհովան իր ոչխարները կ’առաջնորդէ։ Հովիւ չունեցող ոչխարները հակամէտ կ’ըլլան կորսուելու։ Նմանապէս՝ որպէսզի կեանքի շիտակ ճամբան գտնենք, օգնութեան կարիք ունինք (Երեմիա 10։23)։ Դաւիթ կը բացատրէ թէ Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ դէպի «խոտաւէտ արօտներ»ը եւ «հանդարտ ջուրեր»ը։ Ան զանոնք «արդարութեան ճամբաներու» մէջ կ’առաջնորդէ (համար 2, 3)։ Այս հովուական պատկերները մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ կրնա՛նք Աստուծոյ վստահիլ։ Աստուածաշունչին համաձայն իր հոգիին առաջնորդութեան հետեւելով, կրնանք հետապնդել ապրելակերպ մը, որ կու տայ գոհունակութիւն, թարմացում եւ ապահովութիւն։

      Եհովան իր ոչխարները կը պաշտպանէ։ Հովիւ չունեցող ոչխարները վախկոտ եւ անօգնական կ’ըլլան։ Եհովա իր ծառաներուն կ’ըսէ թէ վախնալու կարիք չունին, նոյնիսկ երբ «մահուան շուքի ձորին մէջ» պտըտին,– այսինքն՝ երբ կեանքի ամէնէն գէշ պահերէն անցնին (համար 4)։ Եհովա անոնց վրայ կը հսկէ եւ մի՛շտ պատրաստ է անոնց օգնելու։ Ան կրնայ իր երկրպագուներուն հարկ եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը տալ, որպէսզի փորձութիւններու հետ գլուխ ելլեն (Փիլիպպեցիս 4։13. Յակոբոս 1։2-5)։

      Եհովան իր ոչխարները կը կերակրէ։ Ուտելիք գտնելու առնչութեամբ, ոչխարները իրենց հովիւէն կախեալ են։ Մենք հոգեւոր կարիք ունինք, որուն գոհացում կը տրուի միայն Աստուծոյ օգնութեամբ (Մատթէոս 5։3)։ Երախտապարտ ենք որ Եհովան առատաձեռն է, եւ իր ծառաներուն առջեւ ճոխ սեղան կը պատրաստէ (համար 5)։ Աստուածաշունչը եւ զայն սերտելու նպաստող հրատարակութիւնները, զոր օրինակ այս պարբերաթերթը, հոգեւոր սնունդի աղբիւր են, որուն միջոցով կը գիտնանք կեանքի իմաստը եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը։

      Դաւիթ ինքզինք ապահով զգաց, գիտնալով որ եթէ իր երկնաւոր Հովիւին մօտ մնար, ‘իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը պիտի վայելէր (համար 6)։ Այսպիսի ապահովութիւն կը փնտռե՞ս։ Եթէ այո՛, ուրեմն սորվէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային մօտենալ։ Այսպէս՝ կրնաս ապահով զգալ Մեծագոյն Հովիւին բազուկներուն մէջ, որ կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը կերակրէ զանոնք՝ որոնք իրեն հաւատարիմ կը մնան (Եսայի 40։11)։

  • Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին

      ‘Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար’ (ՀՌՈՎ. 1։16)։

      1, 2. Ինչո՞ւ «Արքայութեան այս աւետարանը» կը քարոզես, եւ անոր ո՞ր երեսակները կը շեշտես։

      ‘ՈՒՐԱ՛Խ եմ որ ամէն օր բարի լուրը կը քարոզեմ’։ Հաւանաբար այդ զգացումը ունեցած ես կամ՝ արտայայտած։ Որպէս Եհովայի նուիրուած վկայ, գիտես թէ որքա՜ն կարեւոր է «Արքայութեան այս աւետարանը» կամ բարի լուրը քարոզել։ Թերեւս գոց կրնաս ըսել ասոր վերաբերեալ Յիսուսի մարգարէութիւնը (Մատ. 24։14)։

      2 ‘Թագաւորութեան’ բարի լուրը քարոզելով, դուն կը շարունակես՝ ինչ որ Յիսուս սկսաւ (կարդա՛ Ղուկաս 4։44)։ Անկասկած, կէտ մը որ կը շեշտես այն է, թէ շուտով Աստուած մարդկային հարցերուն պիտի միջամտէ։ «Մեծ նեղութիւն»ով ան սուտ կրօնքին վերջ պիտի դնէ եւ երկրագունդը ամբարշտութենէ պիտի մաքրէ (Մատ. 24։21)։ Հաւանաբար ցցուն կ’ընես նաեւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ, այնպէս որ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը կրնան ուռճանալ։ Իրականութեան մէջ, «Արքայութեան այս աւետարանը» կամ բարի լուրը՝ ‘կանուխէն Աբրահամին տրուած աւետիսին’ մէկ մասն է, թէ «քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը» (Գաղ. 3։8)։

      3. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Հռովմայեցիս նամակին մէջ Պօղոս աւետարանը ընդգծեց։

      3 Սակայն կրնա՞յ ըլլալ որ շատ ուշադրութիւն չընծայենք «աւետարան»ի բանալի մէկ երեսակին, որուն մարդիկ պէտք ունին։ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ «արքայութիւն» բառը միայն մէկ անգամ նշեց, իսկ «աւետարան» բառը՝ 12 անգամ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։17)։ Աւետարանին ո՞ր երեսակին Պօղոս յաճախ ակնարկեց այդ նամակին մէջ։ Ինչո՞ւ այդ մասնայատուկ աւետարանը կամ բարի լուրը կարեւոր է։ Եւ ինչո՞ւ զայն մեր մտքին մէջ պէտք է պահենք, մինչ «Աստուծոյ աւետարանը» մեր թաղամասի մարդոց կը քարոզենք (Մար. 1։14. Հռով. 15։16. Ա. Թես. 2։2)։

      Ինչ որ հռոմայեցիները պէտք ունէին

      4. Հռոմի մէջ իր առաջին բանտարկութեան ընթացքին, Պօղոս ի՞նչ բաներու մասին քարոզեց։

      4 Օգտակար է նկատի առնել այն նիւթերը, զորս Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց, երբ Հռոմի մէջ առաջին անգամ բանտարկուեցաւ։ Կը կարդանք որ երբ կարգ մը հրեաներ իրեն այցելեցին, ան «1) Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք 2) Յիսուսին վրայով»։ Արդի՞ւնքը։ «Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին»։ Անկէ ետք, Պօղոս «բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել