Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
© 2023 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
ՄԱՅԻՍ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 17-19
«Եհովային աչքով նայէ ուրիշներուն»
Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս
7 Հիմա նկատի առնենք Ասային տղան՝ Յովսափատը։ Ան շատ մը լաւ յատկութիւններ ունէր, եւ Եհովային վստահելով բազմաթիւ լաւ բաներ ըրաւ։ Բայց ան նաեւ կարգ մը սխալ որոշումներ առաւ։ Օրինակ, ան կարգադրեց որ իր տղան ամուսնանայ Աքաաբ չար թագաւորին աղջկան հետ։ Ետքը, Յովսափատ Աքաաբին հետ պատերազմեցաւ ասորիներուն դէմ, հակառակ որ Միքիա մարգարէն զգուշացուցած էր զինք որ չպատերազմի։ Եւ քիչ մնաց որ Յովսափատ մեռնէր պատերազմին մէջ (Բ. Մն. 18։1-32)։ Երբ ան Երուսաղէմ վերադարձաւ, Յէու մարգարէն իրեն հարցուց. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր» (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 19։1-3)։
Խոկա՛ Եհովայի մնայուն սիրոյ վրայ
8 Եհովան կ’ուզէ որ գիտնանք, թէ ինք մեզ կը սիրէ եւ մեր անկատարութիւններէն անդին կը նայի։ Ան մեր մէջ լաւ բաներ կը փնտռէ (Բ. Մն. 16։9)։ Օրինակ՝ ան այս մէկը ըրաւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորի պարագային։ Օր մը, Յովսափատ սխալ որոշում առաւ, որ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին հետ պատերազմի ասորիներուն դէմ, Ռամովթ–Գաղաադը ազատագրելու համար։ Հակառակ որ 400 սուտ մարգարէներ Աքաաբին վստահեցուցին որ պատերազմը պիտի շահի, Աստուծոյ ճշմարիտ մարգարէն՝ Միքիան մարգարէացաւ որ ան պիտի պարտուի։ Աքաաբ պատերազմին մէջ մեռաւ, իսկ Յովսափատ հազիւ կրցաւ պրծիլ։ Երբ ան Երուսաղէմ վերադարձաւ, Անանի տեսանողին որդին՝ Յէուն զինք յանդիմանեց Աքաաբին հետ համաձայնութիւն ընելուն համար։ Սակայն Յէու նաեւ ըսաւ. «Քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան» (Բ. Մն. 18։4, 5, 18-22, 33, 34. 19։1-3)։
9 Իր իշխանութեան սկիզբը, Յովսափատ Յուդայի բոլոր քաղաքները ղրկած էր իշխաններ, ղեւտացիներ եւ քահանաներ, որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցնեն։ Անոնք այնքա՛ն յաջողութիւն գտան, որ շուրջի երկիրներուն վրայ Եհովային վախը ինկաւ (Բ. Մն. 17։3-10)։ Այո, Յովսափատ անմիտ գտնուեցաւ, բայց Եհովան իր ըրած լաւ բաները չմոռցաւ։ Այս պատմութիւնը մեզի յիշեցում մըն է, թէ հակառակ որ անկատար ենք, եթէ սրտանց ջանանք Եհովան հաճեցնել, ան մեզի հանդէպ մնայուն սէր պիտի ունենայ։
Հոգեւոր գոհարներ
Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ
10 Յովսափատ «իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց» (Բ. Մն. 20։31, 32)։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր հօրը պէս քաջալերեց ժողովուրդը, որ շարունակեն Եհովան պաշտել։ Ան մարդիկ ղրկեց Յուդայի քաղաքները, որպէսզի «Տէրոջը օրէնքի գիրք»էն սորվեցնեն ժողովուրդին (Բ. Մն. 17։7-10)։ Ան նոյնիսկ գնաց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան շրջանները՝ Եփրեմի լեռները, որպէսզի «զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձ[նէ]» (Բ. Մն. 19։4)։ Յովսափատ թագաւոր մըն էր, որ իր ամբողջ սրտով Եհովան փնտռեց (Բ. Մն. 22։9)։
11 Ներկայիս, Եհովան կ’ուզէ որ աշխարհի չորս կողմը մարդիկ իր մասին սորվին, եւ բոլորս կրնանք այս գործին մասնակցիլ։ Նպատակակէտ դրա՞ծ ես որ ամէն ամիս այս գործին մասնակցիս։ Կ’ուզե՞ս Սուրբ Գիրքը սորվեցնել ուրիշներուն, որպէսզի անոնք ալ սկսին Եհովան պաշտել։ Ասոր մասին կ’աղօթե՞ս։ Եթէ ջանք թափես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիս։ Պատրա՞ստ ես մէկու մը հետ ուսումնասիրելու, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ ազատ ժամերէդ զոհես։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Յովսափատ Եփրեմի շրջանները գնաց, որպէսզի մարդոց օգնէ որ դարձեալ սկսին Եհովան պաշտել, մենք ալ կրնանք ջանալ օգնել անգործունեայ դարձողներուն։ Ասկէ զատ, երէցները կարգադրութիւններ կ’ընեն որ այցելեն եւ օգնութիւն առաջարկեն ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող վտարուած անհատներուն, որոնք թերեւս մեղք գործելու իրենց սովորութիւնը ձգած են։
ՄԱՅԻՍ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20-21
«Ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք»
Այս հին աշխարհին վախճանը միասին դիմագրաւենք
8 Յովսափատ թագաւորի օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ահարկու թշնամիներու «մեծ բազմութիւն» մը դիմագրաւեց (Բ. Մն. 20։1, 2)։ Գովելի է որ Աստուծոյ ծառաները չփորձեցին իրենց ուժով յաղթել թշնամիին, հապա՝ Եհովայի՛ն դիմեցին (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 20։3, 4)։ Անոնք միա՛սնաբար Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցին եւ ոչ թէ ինչպէս որ ամէն մէկը կ’ուզէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին» (Բ. Մն. 20։13)։ Երիտասա՛րդ թէ տարեց, անոնք հաւատքով միասնաբար ջանացին Եհովայի ուղղութեան հետեւիլ, եւ Եհովան զիրենք պաշտպանեց (Բ. Մն. 20։20-27)։ Ասիկա ընտիր օրինակ մըն է մեզի, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կրնայ դժուարութիւնները միասին դիմագրաւել։
Նոր ամուսնացած զոյգե՛ր, Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնացէ՛ք
7 Եհովան ղեւտացի Յազիէլի միջոցաւ պատասխանեց Յովսափատին. «Դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք» (Բ. Մն. 20։13-17)։ Ասիկա վստահաբար պատերազմելու անսովոր կերպ մըն էր։ Բայց այս ուղղութիւնը Եհովայի՛ն կողմէն էր։ Յովսափատ Եհովային լիովին վստահելով ըրաւ այդ մէկը։ Ան առաջին գիծին վրայ դրաւ, ո՛չ թէ փորձառու եւ քաջ զինուորներ, հապա երգողներ։ Եհովան Յովսափատը յուսախաբ չըրաւ, եւ անոր յաղթանակ տուաւ (Բ. Մն. 20։18-23)։
Հոգեւոր գոհարներ
խա-1 1271 ¶1-2
Յովրամ
Յովրամ իր հօր՝ Յովսափատին լաւ օրինակին չհետեւեցաւ։ Պատճառներէն մէկը իր գէշ կնոջ՝ Գոթողիային ազդեցութիւնն էր (Դ. Թագ. 8։18)։ Յովրամ ոչ միայն իր 6 եղբայրները եւ Յուդայի կարգ մը իշխանները մեռցուց, հապա նաեւ պատճառ դարձաւ որ ժողովուրդը Եհովային տեղ ուրիշ չաստուածներ պաշտէ (Բ. Մն. 21։1-6, 11-14)։ Իր լման իշխանութեան ատեն, թէ՛ երկրին մէջ խնդիրներ կային, թէ ալ՝ ուրիշ ազգերու հետ։ Նախ, Եդովմը ապստամբեցաւ, իսկ ետքը՝ Լեբնան (Դ. Թագ. 8։20-22)։ Եղիա մարգարէն նամակով մը զգուշացուց Յովրամը, ըսելով. «Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ» (Բ. Մն. 21։12-15)։
Այդպէս ալ եղաւ։ Եհովան ձգեց որ արաբացիները եւ փղշտացիները Յուդային վրայ յարձակին եւ Յովրամին կիներն ու տղաները գերի տանին։ Բայց Եհովան ձգեց որ միայն Յովրամին ամէնէն պզտիկ տղան՝ Յովաքազը (որ նաեւ կը կոչուէր Ոքոզիա) ազատի, այդ ալ միայն քանի որ Դաւիթին հետ Թագաւորութեան ուխտը ըրած էր։ «Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր»։ Երկու տարի ետք, անոր «փորոտիքը դուրս թափեցան» եւ ան կամաց–կամաց մեռաւ։ «Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ»։ Ան Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ, «բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ»։ Իր տղան՝ Ոքոզիան իր տեղը թագաւոր եղաւ (Բ. Մն. 21։7, 16-20. 22։1. Ա. Մն. 3։10, 11)։
ՄԱՅԻՍ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 22-24
«Եհովան կը վարձատրէ քաջութեամբ վարուողները»
Յովաս չար ընկերներու պատճառով Եհովային կռնակ դարձուց
Շատ գէշ բաներ կ’ըլլային Երուսաղէմին մէջ, ուր Աստուծոյ տաճարը կար։ Ոքոզիա թագաւորը դեռ նոր սպաննուած էր։ Ատկէ ետք, անոր մայրը՝ Գոթողիայն խելքէ–մտքէ դուրս բան մը ըրաւ։ Ան Ոքոզիային տղաները, այսինքն՝ ի՛ր թոռնիկները, մեռցնել տուաւ։ Ինչո՞ւ։ Որ ի՛նքը իշխէ։
Բայց Գոթողիային թոռնիկներէն մէկը՝ պզտիկ Յովասը՝ ազատեցաւ։ Գոթողիան ասկէ լուր չունէր։ Ինչպէ՞ս։ Յովասին հօրաքոյրը՝ Յօսաբէէն, իր ամուսինին՝ Յովիադա քահանայապետին օգնութեամբ Յովասը պահեց Աստուծոյ տաճարին մէջ։ Երկուքը վստահ եղան որ ան հոն ապահով է։
Յովաս չար ընկերներու պատճառով Եհովային կռնակ դարձուց
Յովաս 6 տարի տաճարին մէջ պահուըտած մնաց։ Հոն ան սորվեցաւ Եհովա Աստուծոյ եւ իր օրէնքներուն մասին։ Երբ ան 7 տարեկան եղաւ, Յովիադան քայլեր առաւ որ Յովասը թագաւոր ընէ։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ ասիկա ինչպէ՛ս եղաւ եւ ի՛նչ պատահեցաւ Յովասին մեծ մօր՝ չար Գոթողիա թագուհիին։
Յովիադան գաղտնի կանչեց յատուկ պահապանները, որոնք այդ ժամանակ Երուսաղէմի թագաւորներուն պահպանութիւն կ’ընէին։ Ան անոնց պատմեց որ ինչպէ՛ս ինքը եւ իր կինը ազատած էին Ոքոզիա թագաւորին տղան։ Ետքը, Յովիադան անոնց ցոյց տուաւ Յովասը։ Պահապանները անդրադարձան որ Յովասը պէտք է թագաւոր ըլլայ։ Ասանկով, անոնք ծրագիր մը դրին։
Յովիադան Յովասը մէջտեղ հանեց եւ թագաւոր օծեց։ Ժողովուրդը «ծափ զարնելով՝ ըսին. ‘Կեցցէ՛ արքայ’»։ Պահապանները Յովասին շուրջը եկան որ զինք պաշտպանեն։ Երբ Գոթողիան լսեց ուրախութեան ձայները, տաճար վազեց եւ պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ Բայց Յովիադան պահապաններուն հրամայեց որ Գոթողիան մեռցնեն (Դ. Թագաւորաց 11։1-16)։
խա-1 379 ¶5
Թաղում, թաղումի վայրեր
Յովիադա քահանայապետը պատիւը ունեցաւ որ ‘Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղուի’։ Ան Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած միակ անձն էր, որ թագաւորներու հետ թաղուեցաւ, հակառակ անոր որ թագաւորական ընտանիքէն չէր (Բ. Մն. 24։15, 16)։
Հոգեւոր գոհարներ
խա-2 1223 ¶13
Զաքարիա
12. Զաքարիան Յովիադա քահանայապետին տղան էր։ Յովիադային մահէն ետք, Յովաս թագաւորը Եհովային մարգարէներուն մտիկ ընելու տեղ սխալ խրատներու մտիկ ըրաւ եւ ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացաւ։ Յովասին հօրաքրոջ տղան՝ Զաքարիան՝ (Բ. Մն. 22։11) ժողովուրդին զգուշացում տուաւ. բայց փոխանակ զղջալու, ելան զինք քարկոծեցին տաճարին գաւիթին մէջ։ Ան մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ»։ Այս մարգարէական խնդրանքը կատարուեցաւ։ Ասորիքը շատ մեծ վնասներ հասցուց Յուդային։ Ասկէ զատ, Յովասին երկու ծառաները զինք մեռցուցին «Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար»։ Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւնը եւ լատիներէն Վուլկաթա թարգմանութիւնը կ’ըսեն, որ Յովաս սպաննուեցաւ Յովիադային «որդիին» արեանը համար։ Բայց մազօրէթական գրութիւնը եւ ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը կը գործածեն այդ բառին յոգնակին՝ «որդիներուն», հաւանաբար որպէսզի պատուեն Յովիադային տղան՝ Զաքարիան, որ թէ՛ մարգարէ ու թէ քահանայ էր (Բ. Մն. 24։17-22, 25)։
ՄԱՅԻՍ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 25-27
«Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»
խա-1 1266 ¶6
Յովաս
Յուդայի թագաւորը՝ Ամասիան՝ 100,000 պատերազմողներ վարձու առաւ Յովասէն, որպէսզի եդովմայեցիներուն դէմ կռուի։ Բայց «Աստուծմէ մարդ մը» իրեն խրատ տուաւ, որ զանոնք տուն ղրկէ։ Հակառակ անոր որ այդ զինուորները արդէն 100 տաղանդ արծաթ ($660,600) առած էին, բայց շատ ջղայնացան, քանի որ կը յուսային աւարէն բաժին առնել։ Ասոր համար, երբ որ հիւսիս վերադարձան, հարաւային թագաւորութեան մէջ քաղաքներ կողոպտեցին՝ Սամարիայէն (որ թերեւս անոնց գործողութիւններուն կեդրոնն էր) մինչեւ Բեթորոն (Բ. Մն. 25։6-10, 13)։
‘Ճաշակէ’ Եհովային բարութիւնը. ինչպէ՞ս
16 Եհովայի համար զոհողութիւններ ըրէ։ Եհովան հաճեցնելու համար պէտք չունինք մեր բոլոր սիրած բաներէն վազ անցնելու (Ժող. 5։19, 20)։ Բայց եթէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին ընելէ ետ կենանք, միայն որպէսզի չստիպուինք անձնական զոհողութիւններ ընել, այն նոյն սխալը ըրած պիտի ըլլանք, որ ըրաւ Յիսուսի առակին մէջի մարդը, որ իրեն համար հանգստաւէտ կեանք մը ապահովեց, բայց անտեսեց Աստուած (կարդա՛ Ղուկաս 12։16-21)։ Քրիսթիան անունով եղբայր մը, որ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Եհովային ու ընտանիքիս լաւագոյնս չէի տար, ժամանակս եւ ուժս տարբեր բաներու վրայ վատնելով»։ Ան եւ իր կինը որոշեցին ռահվիրայութիւն ընել։ Բայց այդ նպատակակէտին հասնելու համար պէտք էր որ երկուքն ալ իրենց գործը ձգէին։ Ապրուստը ապահովելու համար, մաքրութեան վերաբերող պզտիկ գործ մը սկսան եւ սորվեցան քիչով բաւարարուիլ։ Կ’արժէ՞ր այդ զոհողութիւնը ընել։ Քրիսթիան կ’ըսէ. «Այժմ մեր ծառայութիւնը աւելի իմաստալից է եւ կ’ուրախանանք տեսնելով թէ Աստուածաշունչի աշակերտները եւ վերայցելութիւնները Եհովայի մասին կը սորվին»։
Հոգեւոր գոհարներ
դ07 12/15 10 ¶1-2
Հոգեւոր խրատ տուող մէկը ունի՞ս
ՈԶԻԱՆ 16 տարեկանին Յուդայի հարաւային թագաւորութեան թագաւորը եղաւ։ Ան աւելի քան 50 տարի թագաւորեց՝ Ք.Ա. իններորդ դարուն վերջաւորութենէն մինչեւ ութերորդ դարուն սկիզբը։ Ոզիան պզտիկ տարիքէն «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ»։ Լաւ, ի՞նչը իր վրան լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «[Ոզիան] Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար» (Բ. Մնացորդաց 26։1, 4, 5)։
Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածէն զատ շատ բան չենք գիտեր թագաւորին խրատ տուող Զաքարիային մասին։ Զաքարիան Ոզիային կը սորվեցնէր ճշմարիտ Աստուծմէ վախնալ, եւ այսպիսով լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր վրայ։ Գիրք մը կ’ըսէ որ ըստ երեւոյթին Զաքարիան «սուրբ գրութիւնները լաւ գիտէր, շատ լաւ հոգեւոր փորձառութիւն ունէր եւ կարողութիւն ունէր իր գիտութիւնը ուրիշին փոխանցելու» (The Expositor’s Bible)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը Զաքարիային մասին ըսաւ. «Ան մարգարէութիւնները շատ լաւ գիտէր եւ. . . խելացի, նուիրուած եւ լաւ մարդ մըն էր։ Եւ ըստ երեւոյթին, ան Ոզիային վրայ շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ»։
ՄԱՅԻՍ 29–ՅՈՒՆԻՍ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 28-29
«Կրնա՛ս Եհովային ծառայել՝ նոյնիսկ եթէ ծնողքդ քեզի լաւ օրինակ չէ»
Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները
8 Ի տարբերութիւն Հռութի, Եզեկիան Եհովա Աստուծոյ նուիրեալ ազգին մէջ ծնած էր։ Բայց իսրայէլացիներէն ոմանք իրենց նուիրումին համաձայն չէին ապրեր։ Եզեկիային հայրը՝ Աքազ թագաւոր, ատոնցմէ մէկն էր։ Այդ չար մարդը Յուդայի թագաւորութեան ժողովուրդը կռապաշտութեան առաջնորդեց, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի տաճարը սրբապղծելով։ Աքազ նոյնիսկ Եզեկիայի եղբայրներէն ոմանք կրակի բերնէ անցուց իբրեւ ողջակէզ որոշ չաստուածի մը համար։ Եզեկիայի մանկութիւնը ցաւալի ըլլալու էր (Դ. Թագ. 16։2-4, 10-17. Բ. Մն. 28։1-3)։
Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները
9 Իր հօր գէշ օրինակէն ազդուելով՝ Եզեկիան կրնար դիւրութեամբ Եհովայի դէմ իր երեսը դառնացնել։ Ոմանք իրմէ շատ աւելի նուազ դժուարութիւններ ունենալով հանդերձ, խորհած են որ յստակ պատճառ մը ունին «Տէրոջը դէմ տրտունջ» ընելու կամ իր կազմակերպութեան առջեւ երես ծռելու (Առ. 19։3)։ Ոմանք ալ համոզուած են թէ ամէն ո՛վ որ գէշ ընտանիքի մը մէջ մեծցած է, գէշ կեանք մը պիտի վարէ՝ հաւանաբար իր ծնողքին նոյն սխալները գործելով (Եզեկ. 18։2, 3)։ Բայց այս գաղափարները ճի՞շդ են։
10 Եզեկիայի անձնական կեանքը յստա՛կօրէն կը պատասխանէ, որ ճիշդ չեն։ Բնաւ պատճառ մը չկայ Եհովայի դէմ տրտունջ ընելու, քանի որ ինքը չէ մարդոց քաշած չարիքներուն աղբիւրը (Յոբ 34։10)։ Ճիշդ է որ ծնողներ կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ իրենց զաւակներուն վրայ, ըլլայ բարի կամ չար (Առ. 22։6. Կող. 3։21)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ մարդու մը կեանքը իր մեծցած ընտանիքէն կախեալ է։ Ընդհակառակը, Եհովան բոլորիս ազատ կամք նուիրած է, որպէսզի կարենանք որոշել թէ բարիք պիտի ընենք կամ չարիք (Բ. Օր. 30։19)։ Եզեկիան այս նուէրը ինչպէ՞ս գործածեց։
11 Յուդայի ամէնէն գէշ թագաւորներէն մէկուն տղան ըլլալով հանդերձ, Եզեկիան լաւագոյն թագաւորներէն մէկը դարձաւ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։5, 6)։ Այո, իր հայրը գէշ ազդեցութիւն ձգեց իր վրայ, բայց ուրիշ մարդիկ ալ կրնային իր ուշադրութիւնը գրաւել։ Այդ օրերուն, կային Եսայի, Միքիա եւ Ովսէէ մարգարէները։ Թագաւորը ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ անոնց ներշնչեալ խրատներն ու սրբագրումը։ Ասիկա զինք մղեց որ իր հօր յարուցած շատ մը խնդիրները լուծէ։ Ան մաքրագործեց տաճարը, Աստուծմէ խնդրեց որ ժողովուրդին մեղքերը ներուին, եւ կուռքերը կործանելու արշաւ մը կատարեց ամբողջ երկրին մէջ (Բ. Մն. 29։1-11, 18-24. 31։1)։ Երբ մեծ խնդիրներ յառաջ եկան, զոր օրինակ՝ երբ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը սպառնաց Երուսաղէմի վրայ յարձակիլ, Եզեկիա մեծ հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Ան փրկութեան համար Աստուծոյ ապաւինեցաւ եւ խօսքով ու գործով զօրացուց ժողովուրդին սիրտը (Բ. Մն. 32։7, 8)։ Յետագային, երբ պարծենկոտ ոգի ցոյց տալուն համար յանդիմանուեցաւ, ինքզինք խոնարհեցուց ու զղջաց (Բ. Մն. 32։24-26)։ Յստակ է որ Եզեկիան թոյլ չտուաւ որ իր անցեալը աւերէ իր ներկան եւ ապագան։ Ընդհակառակը, ան փաստեց որ Եհովայի բարեկամն է եւ ընդօրինակուելու արժանի է։
Հոգեւոր գոհարներ
դ12 2/15 24-25
Նաթան հաւատարմօրէն թիկունք կանգնեցաւ ճշմարիտ պաշտամունքին
Նաթան խանդավառօրէն քաջալերեց Դաւիթը, երբ ան ուզեց տաճար մը շինել Եհովային պաշտամունքին համար։ Բայց ասանկով Նաթան իր անձնական կարծիքը տուած եղաւ, փոխանակ Եհովային անունով խօսելու։ Այդ գիշեր, Եհովան Նաթանին ուղղութիւն տուաւ, որ թագաւորին ըսէ թէ ինք չէ որ Եհովային տաճարը պիտի շինէ, հապա՝ իր տղաներէն մէկը։ Բայց Նաթան Դաւիթին ըսաւ որ Եհովան իր հետը ուխտ մը կ’ընէր եւ կ’ըսէր, որ իր աթոռը «յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ» (Բ. Թագ. 7։4-16)։
Աստուծոյ կամքը տարբեր էր Նաթանին ըսածէն։ Բայց Նաթան առանց գանգատելու եւ խոնարհօրէն Աստուծոյ կամքին համաձայն վարուեցաւ։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ իրեն պէս վարուինք, եթէ օր մը Եհովան մեզ սրբագրէ բանի մը մէջ։ Յստակ է որ Նաթանը Աստուծոյ հաճութիւնը չկորսնցուց։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան շարունակեց իբրեւ մարգարէ ծառայել եւ այնպէս կ’երեւի որ Եհովան թէ՛ զինք եւ թէ Գադ տեսանողը ներշնչեց, որ Դաւիթին ուղղութիւններ տան կազմակերպելու 4000 երաժիշտներ՝ տաճարին մէջ ծառայելու համար (Ա. Մն. 23։1-5. Բ. Մն. 29։25)։
ՅՈՒՆԻՍ 5-11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 30-31
«Միասնաբար մէկտեղ հաւաքուիլը մեզի համար օգտակար է»
խա-1 1103 ¶2
Եզեկիա
Նիսան ամիսն էր. Պասեքի ժամանակը հասած էր, բայց տաճարը եւ քահանաներն ու ղեւտացիները մաքուր չէին։ Մինչեւ նիսան 16, տաճարը եւ ատոր ամանները մաքրուեցան։ Ետքը, պէտք էր որ զոհեր մատուցանուէին, որպէսզի Եհովան բոլոր իսրայէլացիներուն մեղքերը ներէր։ Նախ, իշխանները մեղքի պատարագներ մատուցանեցին թագաւորութեան, սրբարանին եւ ժողովուրդին համար։ Ետքը, ժողովուրդը հազարաւոր ողջակէզներ մատուցանեց (Բ. Մն. 29։1-36)։
խա-1 1103 ¶3
Եզեկիա
Ժողովուրդը չէր կրնար ճիշդ ժամանակին Պասեքը տօնել, քանի որ մաքուր չէր։ Ասոր համար, Եզեկիա օգտագործեց այն օրէնքը որ կ’արտօնէր մաքուր չեղողներուն որ մէկ ամիս վերջ տօնեն Պասեքը։ Ան ամբողջ երկրին մէջ, Բերսաբէէն մինչեւ Դան նամակներ ղրկեց եւ ոչ միայն Յուդան կանչեց, հապա նաեւ՝ Իսրայէլը։ Շատեր ծաղր ըրին նամակ տանողները։ Բայց կային անհատներ, մանաւանդ Ասերէն, Մանասէէն եւ Զաբուղոնէն, որոնք ինքզինքնին խոնարհեցնելով Երուսաղէմ գացին։ Եփրեմէն եւ Իսաքարէն ալ անհատներ գացին։ Ասկէ զատ, իսրայէլացի չեղող բայց Եհովան պաշտող անհատներ ալ կային Պասեքին։ Հաւանաբար, հիւսիսային թագաւորութեան մէջ եղող եւ Եհովան պաշտող անհատներուն համար դժուար էր ներկայ ըլլալ։ Անոնք ալ ծաղր պիտի ըլլային նամակ բերողներուն պէս, քանի որ տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը սուտ պաշտամունքին մէջ թաղուած էր եւ ասորեստանցիներուն ճնշումէն յոգնած էր (Բ. Մն. 30։1-20. Թւ. 9։10-13)։
խա-1 1103 ¶4-5
Եզեկիա
Պասեքէն վերջ, եօթը օր Բաղարջակերաց տօնը կատարուեցաւ, եւ ժողովուրդը այնքա՛ն ուրախ էր որ ուզեց եօթը օր եւս տօնել: Նոյնիսկ այսպիսի վտանգաւոր ժամանակի մը մէջ Եհովային օրհնութիւնը այնքա՛ն շատ էր, որ «Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր» (Բ. Մն. 30։21-27)։
Այս տօնակատարութիւնը պարզապէս ուրախ առիթ մը չէր: Ատիկա նաեւ առիթ էր որ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատուէր: Ուրկէ՞ գիտենք: Առաջ որ տօնակատարները իրենց տունը դառնան, գացին եւ Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ արձաններն ու կուռքերը կտոր–կտոր ըրին, բարձր տեղերն ու զոհասեղանները փլցուցին (Բ. Մն. 31։1): Եզեկիան ալ անձամբ կտոր–կտոր ըրաւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը, քանի որ ժողովուրդը զայն կուռքի վերածած էր եւ ատոր խունկ կը ծխէր (Դ. Թագ. 18։4): Այս հսկայ տօնակատարութենէն ետք, Եզեկիան կազմակերպեց քահանայական բաժանումները եւ կարգադրութիւններ ըրաւ որ ժողովուրդը քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն տար անոնց ինկած բաժինը, որ անոնք կեդրոնանային իրենց ծառայութեան վրայ: Ան ժողովուրդը քաջալերեց, որ Օրէնքին հնազանդին եւ իրենց բերքին տասանորդներն ու երախայրիները տան ղեւտացիներուն ու քահանաներուն: Ժողովուրդն ալ սրտանց հնազանդեցաւ Եզեկիային (Բ. Մն. 31։2-12):
Հոգեւոր գոհարներ
«Երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»
14 Նաեւ, դիմացինին մտիկ ընելու մեր պատրաստակամութիւնը յայտնի կ’ընէ թէ որքանո՛վ խոնարհ ենք։ Յակոբոս 1։19–ն կ’ըսէ թէ պէտք է ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ’։ Եհովան այս մարզին մէջ լաւագոյն օրինակն է (Ծն. 18։32. Յես. 10։14)։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ելից 32։11-14–ի մէջ գրուած խօսակցութենէն (կարդա՛)։ Թէեւ Եհովան Մովսէսի կարծիքին պէտք չունէր, բայց անոր առիթ տուաւ որ իր զգացումները արտայայտէ։ Ո՞ր մարդ արարածը պատրաստ կ’ըլլայ երկար ժամանակ մտիկ ընելու մէկու մը, որ նախապէս սխալ կերպով մտածած էր, եւ ետքը անոր ըսածը կ’ընէ։ Սակայն Եհովան համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով իրեն կ’աղօթեն։
15 Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ Եհովան այնքա՛ն խոնարհ է, որ պատրաստ է մարդոց մտիկ ընելու, ինչպէս մտիկ ըրաւ Աբրահամին, Ռաքէլին, Մովսէսին, Յեսուին, Մանուէին, Եղիային եւ Եզեկիային, պէտք չէ՞ ես ալ ջանամ նոյնը ընել։ Կրնա՞մ աւելի պատուել բոլոր եղբայրներս, անոնց գաղափարները մտիկ ընելով եւ գործադրելով եթէ կարելիութիւն կայ։ Ժողովքիս մէջ կամ ընտանիքիս մէջ կա՞յ անդամ մը, որուն պէտք է աւելի ուշադրութիւն դարձնեմ։ Իրեն համար ի՞նչ պիտի ընեմ’ (Ծն. 30։6. Դատ. 13։9. Գ. Թագ. 17։22. Բ. Մն. 30։20)։
ՅՈՒՆԻՍ 12-18
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 32-33
«Դժուար ժամանակներուն եղբայրներն ու քոյրերը զօրացուր»
խա-1 204 ¶5
Ասորեստան
Սենեքերիմ: Եզեկիա թագաւորին 14–րդ տարին (Ք.Ա. 732–ին), Սարգոն Բ. թագաւորին տղան՝ Սենեքերիմը, Յուդայի թագաւորութեան վրայ յարձակեցաւ (Դ. Թագ. 18։13. Եսա. 36։1): Ինչո՞ւ: Եզեկիան Ասորեստանի դէմ ըմբոստացած էր եւ կ’ուզէր դուրս գալ անոնց ճնշումէն, որ իրենց վրայ պարտադրուած էր իր հօր՝ Աքազին՝ պատճառով (Դ. Թագ. 18։7): Ասոր համար, Սենեքերիմը Յուդային վրայ յարձակեցաւ եւ 46 քաղաք գրաւեց (համեմատէ՛ Եսա. 36։1, 2): Ետքը, մինչ ան իր բանակավայրին մէջ էր, Լաքիսի մէջ, Եզեկիայէն ուզեց 30 տաղանդ ոսկի (մօտ $11,560,000) եւ 300 տաղանդ արծաթ (մօտ $1,982,000) (Դ. Թագ. 18։14-16. Բ. Մն. 32։1. համեմատէ՛ Եսա. 8։5-8): Հակառակ անոր որ Եզեկիան այս գումարը վճարեց, Սենեքերիմ իր ներկայացուցիչը անոր քով ղրկեց եւ պահանջեց որ Երուսաղէմը յանձնուի (Դ. Թագ. 18։17–19։34. Բ. Մն. 32։2-20):
«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»
12 Երբ զգանք թէ խնդիր մը լուծելու կարող չենք, Եհովան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու. բայց ան կ’ակնկալէ որ մեր ամէն կարելին ընենք խնդիրը լուծելու համար։ Եզեկիան «իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ» եւ միասնաբար որոշեցին որ «քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ»։ Ասկէ զատ, Եզեկիան «բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ շինեց. . . ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց» (Բ. Մն. 32։3-5)։ Այդ ժամանակ իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ հովուելու համար, Եհովան կտրիճ տղամարդիկ գործածեց, ինչպէս՝ Եզեկիան, անոր իշխանները եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մարգարէները։
«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»
13 Անկէ ետք, Եզեկիան առաւ քայլ մը, որ աղբիւրներուն ջուրերը պաշտպանելէ կամ քաղաքին պարիսպները ամրացնելէ աւելի կարեւոր էր։ Բարի հովիւ ըլլալով, ան ժողովուրդը հաւաքեց եւ քաջալերեց. «Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Եզեկիան ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Եհովան իրենց համար պիտի պատերազմէր։ Ասիկա որքա՜ն անոնց հաւատքը զօրացուց։ Այսպիսով, ժողովուրդը «Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ»։ Եզեկիան, անոր իշխանները եւ կտրիճ տղամարդիկը, ինչպէս նաեւ Միքիա եւ Եսայի մարգարէները ցոյց տուին թէ ազդու հովիւներ են, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իր մարգարէին միջոցաւ կանխագուշակած էր (Բ. Մն. 32։7, 8. կարդա՛ Միքիա 5։5, 6)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ի՞նչ է իսկական զղջումը
11 Ժամանակի ընթացքին, Եհովան Մանասէի աղօթքներուն պատասխանեց։ Անոր աղօթքներէն տեսաւ, որ կը փոխուէր։ Ուստի, անոր ներելով՝ զինք ետ իր գահին դարձուց։ Մանասէն այդ առիթը օգտագործելով, ամէն բան ըրաւ որ փաստէ թէ խորապէս զղջացած է։ Ան ըրաւ ինչ որ Աքաաբ բնա՛ւ չըրաւ։ Ան իր ընթացքը փոխեց։ Սուտ պաշտամունքի դէմ պայքարեցաւ եւ մարդիկը քաջալերեց, որ Եհովան պաշտեն (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 33։15, 16)։ Անկասկած, ատիկա քաջութիւն եւ հաւատք կը պահանջէր, քանի որ տասնամեակներ շարունակ Մանասէն իր ընտանիքին վրայ, իր իշխաններուն վրայ եւ իր ժողովուրդին վրայ գէշ ազդեցութիւն ունեցած էր։ Բայց հիմա, երբ Մանասէն արդէն ծեր էր, փորձեց իր ըրած գէշ բաներէն ոմանք սրբագրել։ Եւ հաւանաբար լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ իր պզտիկ թոռնիկին՝ Յովսիային վրայ, որ ետքը շատ լաւ թագաւոր եղաւ (Դ. Թագ. 22։1, 2)։
12 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մանասէի օրինակէն։ Ան ինքզինք խոնարհեցուց եւ աւելին ըրաւ։ Ան աղօթքով Եհովայէն ողորմութիւն խնդրեց եւ իր կեանքի ընթացքը փոխեց։ Ան շատ ջանք թափեց, որ իր պատճառած վնասը շտկէ։ Իր ամէն կարելին ըրաւ, որ Եհովան պաշտէ եւ ուրիշներուն ալ օգնէ, որ նոյնը ընեն։ Մանասէի օրինակը յոյս կու տայ նոյնիսկ անոնց, որոնք շատ գէշ բաներ ըրած են։ Անոր օրինակը նաեւ կը փաստէ, որ Եհովան «բարի ու ներող» է (Սաղ. 86։5)։ Ան կը ներէ՛ անոնց, որոնք իրապէս կը զղջան։
ՅՈՒՆԻՍ 19-25
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 34-36
«Աստուծոյ Խօսքէն լիովին կ’օգտուի՞ս»
խա-1 1157 ¶4
Ողդա
Մինչ տաճարը կը նորոգուէր, Քեղկիա քահանայապետը «օրէնքներու գիրք»ը գտաւ: Երբ Յովսիան լսեց ատոր խօսքերը, մարդիկ ղրկեց որ Եհովային հարցնեն ատոր մասին: Անոնք Ողդա մարգարէուհիին գացին եւ Ողդան ալ իրենց փոխանցեց Աստուծոյ խօսքը: Ան ըսաւ որ ժողովուրդին գլխուն պիտի գար «գրքին» մէջ գրուած բոլոր չարիքները, քանի որ անոնք Եհովային անհնազանդ եղած էին: Բայց Ողդան նաեւ Յովսիային համար ըսաւ որ այդ չարիքները պիտի չտեսնէր, քանի որ ինքզինք խոնարհեցուց Եհովային առջեւ: Ան ‘իր հայրերուն հետ պիտի խառնուէր եւ խաղաղութեամբ իր գերեզմանին մէջ պիտի ամփոփուէր’ (Դ. Թագ. 22։8-20. Բ. Մն. 34։14-28)։
Եհովայի տան նախանձախնդի՛ր եղիր
20 Յովսիա թագաւորին կազմակերպած վերահաստատման աշխատանքին ընթացքին, քահանայապետ Քեղկիա «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ»։ Ան զայն յանձնեց Սափան ատենադպիրին, որ իր կարգին՝ անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 34։14-18)։ Ազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ Վշտահար թագաւորը անմիջապէս իր հագուստները պատռեց եւ իր ծառաներուն պատուիրեց, որ Եհովայի խորհուրդը փնտռեն։ Ողդա մարգարէուհիին միջոցաւ, Աստուած պատգամ մը տուաւ, դատապարտելով Յուդայի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը կրօնական սովորութիւնները։ Բայց կռապաշտական սովորութիւնները վերցնելու Յովսիայի լուրջ ջանքերը աննկատ չմնացին, եւ ան շարունակեց Եհովայի հաճութիւնը ունենալ, հակառակ ամբողջ ազգին համար նախագուշակուած աղէտներուն (Բ. Մն. 34։19-28)։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Վստահաբար Յովսիայի փափաքը կը բաժնենք։ Մենք կ’ուզենք փութով Եհովայի ուղղութեան ընդառաջել, ի մտի ունենալով այն ազդարարական օրինակը, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ եթէ թոյլ տանք հաւատուրացութեան եւ անհաւատարմութեան որ մեր պաշտամունքէն ներս թափանցեն։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ մեր ցուցաբերած նախանձախնդրութեան պիտի հաճի, ինչպէս ըրաւ Յովսիայի պարագային։
Հոգեւոր գոհարներ
Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս
15 Եւ վերջապէս Յովսիայէն ի՞նչ կը սորվինք։ Թէեւ ան լաւ թագաւոր մըն էր, բայց սխալ մը ըրաւ՝ որուն պատճառով պարտուեցաւ ու մեռաւ (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 35։20-22)։ Յովսիան Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորին դէմ «պատերազմելու գնաց», հակառակ որ այդ թագաւորը ըսաւ որ իրեն հետ հարց մը չունէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Նեքաւովին ըսածը «Աստուծոյ բերնէն էր»։ Լաւ, Յովսիան ինչո՞ւ պատերազմելու գնաց։ Սուրբ Գիրքը ասոր պատասխանը չի տար։
16 Յովսիան ինչպէ՞ս պիտի գիտնար որ Նեքաւովին ըսածը Աստուծոյ կողմէ էր։ Ան կրնար Երեմիային հարցնել, որ հաւատարիմ մարգարէ մըն էր (Բ. Մն. 35։23, 25)։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած չէ թէ ան իրեն հարցուց։ Նաեւ, Նեքաւով Քարքամիս կ’երթար, որպէսզի պատերազմի «պատերազմ ընող տանը դէմ», եւ ոչ թէ Երուսաղէմին դէմ։ Ասկէ զատ, Նեքաւով չէր անարգեր Եհովան կամ Իր ժողովուրդը։ Յովսիան այս բաներուն մասին լաւ չմտածեց առաջ որ իր որոշումը առնէ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք ասկէ։ Երբ խնդիր մը ունենանք, պէտք է նախ նկատի առնենք թէ Եհովային կամքը ինչ է։
17 Երբ որոշումի մը առջեւ ըլլանք, նախ պէտք է մտածենք թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել եւ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք գործադրել։ Ատեններ, թերեւս ուզենք մեր հրատարակութիւններուն մէջ յաւելեալ պրպտում ընել կամ նոյնիսկ խրատ խնդրել երէցէ մը։ Ան կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշ սկզբունքներու մասին ալ մտածենք։ Օրինակ, երեւակայէ թէ քոյր մը ամուսնացած է մէկու մը հետ, որ Վկայ չէ։ Ան գիտէ թէ բարի լուրը քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունի (Գործք 4։20)։ Օր մը, ան կ’որոշէ ծառայութեան ելլել, բայց ամուսինը կ’ուզէ որ ան տունը մնայ։ Ամուսինը կ’ըսէ որ վերջերս իրարու հետ շատ ժամանակ չեն անցուցած եւ թէ կ’ուզէ որ միասին բան մը ընեն։ Քոյրը միտքէն կ’անցընէ համարներ, որոնք կրնան իրեն օգնել որ իմաստուն որոշում մը առնէ։ Ան գիտէ թէ պէտք է Աստուծոյ հնազանդի եւ աշակերտելու գործին մասնակցի (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։29)։ Բայց ան նաեւ պէտք է յիշէ որ իր ամուսինին պէտք է ենթարկուի եւ տրամաբանական ըլլայ (Եփ. 5։22-24. Փլպ. 4։5)։ Արդեօք ամուսինը կը փորձէ իրեն արգե՞լք ըլլալ որ բնաւ չքարոզէ, թէ՞ պարզապէս կ’ուզէ ա՛յդ օրը իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, կ’ուզենք որոշումներ առնել որ թէ՛ տրամաբանական են եւ թէ Եհովան կը հաճեցնեն։
ՅՈՒՆԻՍ 26–ՅՈՒԼԻՍ 2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԶՐԱՍ 1-3
«Ձգէ որ Եհովան քեզ գործածէ»
Կը տեսնե՞ս ինչ որ Զաքարիան տեսաւ
ՀՐԵԱՆԵՐԸ շատ խանդավառ էին։ Եհովա Աստուած «Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց», որպէսզի ազատ արձակէ հրեաները, որոնք տասնեակ տարիներ բաբելոնական գերութեան մէջ էին։ Թագաւորը յայտարարեց, որ անոնք կրնային իրենց հայրենիքը վերադառնալ ու ‘Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն տունը շինել’ (Եզր. 1։1, 3)։ Ի՜նչ հետաքրքրաշարժ հրովարտակ մըն էր։ Ատիկա նշանակեց, որ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր այն երկրին մէջ, որ իր ժողովուրդին տուած էր։
Կառքերու եւ թագի մը պաշտպանութեան տակ ես
2 Զաքարիան գիտէր որ Երուսաղէմ վերադարձող հրեաները հաւատք ունէին։ Անոնք այն անհատներն էին, «որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր», որպէսզի իրենց ետեւը ձգեն իրենց տուներն ու գործերը (Եզր. 1։2, 3, 5)։ Անոնք իրենց շատ լաւ գիտցած երկիրը ձգեցին, որպէսզի երթան երկիր մը, որ իրենց մեծամասնութեան ծանօթ չէր։ Եթէ Եհովայի տաճարին վերաշինութիւնը կարեւոր չըլլար իրենց աչքին, անոնք այս վտանգաւոր ճամբորդութիւնը չէին ըներ՝ շուրջ 1600 քմ. կտրելով խորտուբորտ ճամբաներէ։
Հոգեւոր գոհարներ
Եզրասայ գիրքէն աչքառու կէտեր
1։3-6. Բաբելոնի մէջ մնացող կարգ մը Իսրայելացիներուն նման, բազմաթիւ Եհովայի Վկաներ չեն կրնար լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել կամ ծառայել հո՛ն, ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Այսուհանդերձ անոնք թիկունք կը կանգնին եւ կը քաջալերեն զանոնք որ կրնան, ինչպէս նաեւ յօժարակամ նուիրատուութիւններ կ’ընեն Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ու աշակերտելու գործունէութիւնը յառաջացնելու համար։