Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 2/1 էջ 32
  • Եհովա ձեզ ի՞նչպէս պիտի յիշէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա ձեզ ի՞նչպէս պիտի յիշէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 2/1 էջ 32

Եհովա ձեզ ի՞նչպէս պիտի յիշէ

‘Ո՛Վ ԱՍՏՈՒԱԾ իմ զիս յիշէ’։ Քանիցս Նէեմիա Աստուծոյ պաղատեցաւ վերոյիշեալ խօսքերով։ (Նէեմեայ 5։19. 13։14, 31) Շատ բնական երեւոյթ մըն է, որ երբ մարդիկ նեղութեան մէջ իյնան, Աստուծոյ կը դիմեն վերոյիշեալին նման աղաչանքներ մատուցանելով։

Սակայն, մարդիկ ի՞նչ բան ի մտի կ’ունենան երբ Աստուծմէ կը խնդրեն որ զիրենք յիշէ։ Բացայայտօրէն, անոնք կ’ակնկալեն որ Աստուած իրենց անունները յիշելէն աւելին ընէ։ Վստահաբար, անոնք կ’ակնկալեն ի՛նչ որ Յիսուսի կողքին մահուան դատապարտուած չարագործներէն մէկը ակնկալեց։ Միւսին հակառակը, ան Յիսուսի աղաչեց ըսելով. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Ան ուզեց որ Յիսուս ոչ միայն իր ո՛վ ըլլալը յիշէ, այլ նաեւ իրեն համար բան մը ընէ՝ իրեն յարութիւն տայ։—Ղուկաս 23։42

Աստուածաշունչը յաճախ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ աչքին «յիշել» կը նշանակէ՝ դրական քայլեր առնել։ Օրինակ, երկիրը 150 օր ջրհեղեղի ջուրերով ողողուելէ ետք, «Աստուած յիշեց Նոյը . . . ։ Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան»։ (Ծննդոց 8։1) Դարեր ետք, Փղշտացիներու կողմէ կուրացուած ու շղթայուած Սամփսոն, աղօթեց. «Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր»։ Եհովա յիշեց Սամփսոնը, անոր գերբնական զօրութիւն տալով, որպէսզի կարենար Աստուծոյ թշնամիներէն իր վրէժը առնել։ (Դատաւորաց 16։28-30) Իսկ ինչ կը վերաբերի Նէեմիայի, Եհովա անոր ջանքերը օրհնեց եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Եթէ Եհովան յիշենք իր կամքը կատարելով, ինչպէս իր հաւատարիմ ծառաները ըրին անցեալին, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի յիշէ մեզ, մեզի օգնելով որ մեր առօրեայ կարիքները ձեռք ձգենք, մեր փորձութիւններուն մէջ մեզի նեցուկ կանգնելով, եւ մեզ ազատելով երբ անաստուածներուն վրայ դատաստան բերէ։—Մատթէոս 6։33. Բ. Պետրոս 2։9

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել