Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Գրաւոր Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 7 Մայիսէն մինչեւ 20 Օգոստոս 2001, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Նէեմեայ 2։4–ի մէջ ակնարկուած աղօթքը, վերջին վայրկեանին մատուցուած ճարահատ աղօթք մըն էր։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 6/1 էջ 29 § 8։]
2. «Ժողովք» բառը թարգմանուած է Յունարէն էք·քլէ·սիա բառէն, որուն մէջ պարփակուած է միակամութեան եւ փոխադարձ օգնութեան գաղափարները։ [w99 5/15 էջ 25 § 4]
3. Թէեւ Եհովայի ծառաները կը խուսափին մահուան հետ առնչուած սովորութիւններէ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին հակառակ են, սակայն անոնք մահուան հետ առնչուած բոլոր սովորութիւնները չեն մերժեր։ (Յովհ. 19։40) [rs էջ 102 § 4]
4. Յոբի ապրած ժամանակաշրջանին, ան Եհովայի հաւատարիմ միա՛կ անհատն էր։ (Յոբ. 1։8) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w92 8/1 էջ 31 § 3-4։]
5. Այն իրողութիւնը թէ Սօղոս, կամ Պօղոս, իր ծախսերը կը հոգար վրաններ շինելով, ցոյց կու տայ թէ ան համեստ ընտանիքէ մը սերած էր։ (Գործք 18։2, 3) [w99 5/15 էջ 30 § 2–էջ 31 § 1]
6. Թէեւ Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործեց, սակայն Եհովա կրնար ըսել թէ ան ‘իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղաւ’՝ Դաւիթի զղջացող կեցուածքին եւ լաւ յատկութիւններուն համար։ (Գ. Թագ. 14։8) [w99 6/15 էջ 11 § 4]
7. Բացի երբ մեր խոստացածը սուրբ գրային չէ, պէտք է ամէն ջանք թափենք մեր խոստումները յարգելու համար, նոյնիսկ երբ հետագային անդրադառնանք թէ ասիկա ընելը դժուար է։ (Սաղմ. 15։4) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ90 5/1 էջ 30 § 5։]
8. Սաղմոս 22։1–ն ցոյց կու տայ թէ ճնշումի ներքեւ Դաւիթ ժամանակաւորապէս իր հաւատքը կորսնցուց։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 12/1 էջ 30 § 19։]
9. Քրիստոնեայ մը յուսախաբութեանց, եւ օրինական կամ տնտեսական ձախորդութիւններու պատճառաւ կրնայ ‘իյնալ’, սակայն, Աստուծոյ հոգիին եւ Անոր սիրալիր երկրպագուներուն օգնութեամբ, ան հոգեւոր գետնի վրայ բոլորովին «պիտի չկործանի»։ (Սաղմ. 37։23, 24) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w86 11/1 էջ 30 § 14։]
10. Ծննդոց առաջին գլուխը կը սորվեցնէ թէ Աստուած երկրի վրայ ամէն բան ստեղծեց 24 ժամերէ բաղկացող վեց օրերու ընթացքին։ [rs էջ 126 § 1]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Եզրաս եւ իր օգնականները ի՞նչպէս Օրէնքը ‘մեկնեցին’։ (Նէեմ. 8։8) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 6/1 էջ 30 § 4։]
12. Ի՞նչ բանով կը պատճառուի «Եհովայի ուրախութիւնը»։ (Նէեմ. 8։10) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 6/1 էջ 30 § 9։]
13. ‘Յօժար կամքով Երուսաղէմի մէջ բնակողները’ ինչո՞ւ օրհնուեցան։ (Նէեմ. 11։2, ՆԱ) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 6/1 էջ 30 § 12։]
14. Ինչո՞ւ Եսթեր իր մասնայատուկ նպատակը թագաւորին իմացնելու ուշացաւ։ (Եսթեր. 5։6-8) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 7/1 էջ 30 § 18։]
15. Յոբայ գրքին մէջ ո՞ր երկու կարեւոր հարցումներու կը պատասխանուին։ [si էջ 95 § 1]
16. Եղիփազի խրատը ինչո՞ւ վհատեցուց Յոբը եւ չքաջալերեց զինք։ (Յոբ. 21։34. 22։2, 3) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w95 2/15 էջ 27 § 5-6։]
17. Ի՞նչ է սաղմոսը։ [si էջ 101 § 2]
18. Ազգերը ի՞նչ «պարապ բան» կը շարունակեն ‘մտածել’, ինչպէս արձանագրուած է Սաղմոս 2։1–ին (ՆԱ) մէջ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 12/1 էջ 30 § 5։]
19. Սամարացիները եւ Եթովպիացի պաշտօնեան ընդգրկող Փիլիպպոսի ծառայութենէն ի՞նչ գործնական դաս մը կրնանք սորվիլ անաչառութեան մասին։ (Գործք 8։6-13, 26-39) [w99 7/15 էջ 25 § 2]
20. Յոբ ի՞նչպէս բացատրեց իր համոզումը, թէ Աստուած զինք կրնար յարուցանել գերեզմանէն, զոր ինք նկատեց որպէս իր խնդիրներէն պահուըտելու վայր մը։ (Յոբ. 14։7, 13-15) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 5/15 էջ 27 § 2–էն մինչեւ էջ 28 § 1։]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եսթերայ 8։17–ին մէջ կ’ըսէ թէ ժողովուրդը ‘Հրեայ կ’ըլլային’. նոյնպէս այսօր, «ուրիշ ոչխաներ»էն «_________________________» մը _________________________ կողքին դիրք բռնած են։ (Յայտ. 7։9. Յովհ. 10։16. Զաք. 8։23) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 7/1 էջ 31 § 14։]
22. Ինչպէս Գործք Առաքելոց 1։7–ն ցոյց կու տայ, թէեւ Եհովա _________________________ նկատմամբ շատ արթուն է, սակայն անոր հաշուետուութեան օրը պիտի գայ _________________________ պէս, երբ մարդիկ զայն չեն ակնկալեր։ (Բ. Պետ. 3։10) [w99 6/1 էջ 5 § 1-2]
23. Բ. Պետրոս 3։7, 10–ին մէջ, «երկինք» ու «երկիր» բառերը _________________________ գործածուած են. ինչպէս բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, «երկիր»ը կ’ակնարկէ _________________________։ [rs էջ 114 § 2-4]
24. Օգտակար հաղորդակցութիւնը կարելի կը դառնայ վստահութեամբ ու փոխադարձ հասկացողութեամբ, իսկ այս յատկութիւնները յառաջ կու գան երբ ամուսնութիւնը նկատուի որպէս _________________________ յարաբերութիւն մը եւ զայն յաջողեցնելու համար իսկական _________________________ կայ։ [w99 7/15 էջ 21 § 3]
25. Շրջապատի դրական ազդեցութիւնը կրնայ մեզի օգնել բարոյական ու հոգեւոր պահանջները _________________________ ու հետեւաբար մեզի օգնելու որ _________________________ Եհովայի ծառայենք։ [w99 8/1 էջ 24 § 3]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Մուրթքէի ‘թագաւորին դուռը նստիլը’ ցոյց կու տայ թէ ան (թագաւորին թիկնապահն էր. Ասուերոս Թագաւորին պաշտօնեաներէն մէկն էր. կը սպասէր թագաւորին առջեւ ներկայանալու)։ (Եսթեր. 2։19, 20) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 7/1 էջ 30 § 9։]
27. Ինչպէս արձանագրուած է Յոբայ 19։25-27–ի մէջ, Յոբ հաւատք արտայայտեց թէ ‘Աստուած պիտի տեսնէր’, այն իմաստով թէ (իրեն տեսիլք մը պիտի շնորհուէր. երկնային կեանքի պիտի յարուցանուէր. իր հասկացողութեան աչքերը պիտի բացուէին Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը տեսնելու համար)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ95 3/1 էջ 25 § 17։]
28. Յոբ ամենէն շատ կը յիշուի իր (սիրոյն. ազնուութեան. համբերութեան) համար։ (Յակ. 5։11) [si էջ 100 § 41]
29. Սաղմոսաց գրքին գրութիւնը մօտաւորապէս (երեք հարիւր. հինգ հարիւր. հազար) տարի տեւեց։ [si էջ 101 § 4]
30. Բացայայտօրէն (Դաւիթ. Ասափ. Եզրաս) էր Սաղմոսաց գրքին վերջին բանաքաղը։ [si էջ 102 § 6]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Նէեմ. 3։5. Սաղմ. 12։2. 19։7. Բ. Տիմ. 3։16, 17. Յակ. 5։14-16
31. Յօժար պէտք է ըլլանք մեր անձերը տրամադրելու, առանց հպարտօրէն ետ կենալու ծանր աշխատանքէն, զայն նկատելով մեր արժանապատուութիւնը նուաստացնող բան մը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ86 6/1 էջ 29 § 12, 19։]
32. Լուրջ յանցագործութեան միջամուխ եղած անհատ մը իր մեղքերը երէցներուն պէտք է խոստովանի։ [rs էջ 83 § 9]
33. Թէեւ անցեալին Եհովա երազներ գործածած է իր ժողովուրդին ազդարարութիւններ, հրահանգներ ու մարգարէութիւն տալու համար, սակայն ներկայիս ան մեզի փրկութիւն կը հայթայթէ իր ներշնչեալ գրաւոր Խօսքին միջոցաւ։ [rs էջ 106 § 2]
34. Եթէ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կ’ուզենք, պէտք է ներքնապէս պարկեշտ ըլլանք, առանց կեղծաւորութեան։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ90 5/1 էջ 28 § 7։]
35. Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլը, անհատին հոգին կը տոգորէ եւ անոր բարօրութեան կը նպաստէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 10/1 էջ 13 § 4։]