-
Յիսուս տաճարը նորէն կը մաքրէՅիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
-
-
ԴԱՍ 103
Յիսուս տաճարը նորէն կը մաքրէ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։12, 13, 18, 19 ՄԱՐԿՈՍ 11։12-18 ՂՈՒԿԱՍ 19։45-48 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 12։20-27
ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻ ՄԸ Կ’ԱՆԻԾԷ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՄԱՔՐԷ
ՅԻՍՈՒՍ ՊԷՏՔ Է ՄԵՌՆԻ, ՈՐ ՇԱՏԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔ ՏԱՅ
Երիքովէն գալէն ի վեր, Յիսուս եւ իր աշակերտները երեք գիշեր անցուցած են Բեթանիայի մէջ։ Հիմա, առտու կանուխ, երկուշաբթի, նիսան 10–ին, անոնք Երուսաղէմ կ’ուղղուին։ Յիսուս անօթի է։ Թզենի մը տեսնելով, անոր կը մօտենայ։ Անոր վրայ թուզ կա՞յ։
Հիմա մարտ ամսուն վերջերն է, եւ թուզին եղանակը յունիսին կը սկսի։ Բայց այս թզենիին տերեւները ժամանակէն առաջ ելած են։ Անոր համար Յիսուս կը մտածէ որ թերեւս կանխահաս թուզ գտնէ։ Բայց չի գտներ։ Տերեւները խաբէական տեսք տուած են ծառին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան» (Մարկոս 11։14)։ Անմիջապէս ծառը կը սկսի չորնալ։ Յաջորդ առտու այս դէպքին նշանակութիւնը յստակ պիտի դառնայ։
Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը հասնին։ Ան կ’երթայ տաճար, ուր երէկ՝ կէսօրէ ետք ամէն բան ուշի–ուշով աչքէ անցուց։ Իսկ այսօր ան կ’ընէ բան մը, որ երեք տարի առաջ, Ք.Ե. 30–ի Պասեքին ըրած էր (Յովհաննէս 2։14-16)։ Այս անգամ, ան դուրս կը հանէ անոնք՝ որոնք ‘տաճարին մէջ կը ծախեն ու կը գնեն’։ Ան նաեւ «ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները» կը կործանէ (Մարկոս 11։15)։ Ասկէ զատ, Յիսուս չի ձգեր որ մարդիկ քաղաքին մէկ կողմէն միւսը ապրանք տանելու համար տաճարին գաւիթէն անցնին՝ որպէս կտրուկ ճամբայ։
Յիսուս ինչո՞ւ լուրջ եւ վճռական քայլեր կ’առնէ այդ դրամափոխներուն եւ անասուն ծախողներուն դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք» (Մարկոս 11։17)։ Ան այս մարդիկը աւազակ կը կոչէ, քանի որ ժողովուրդին չափազանց բարձր գինով կը ծախեն այն անասունները, որոնք որպէս զոհ պիտի մատուցանուին։ Յիսուս անոնց ըրածը գողութիւն կը սեպէ։
Անշուշտ, քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին գլխաւորները կը լսեն Յիսուսին ըրածը, եւ նորէն քայլեր կ’առնեն, որ զինք սպաննեն։ Բայց խնդիր մը կայ։ Անոնք չեն գիտեր Յիսուսը ինչպէ՛ս սպաննել, քանի որ անոր շուրջը միշտ շատ մարդ կայ։
Պասեքը տօնելու համար ոչ միայն հրեաներ եկած են, հապա նաեւ նորահաւատներ, այսինքն՝ հրեաներուն կրօնքը ընդունող մարդիկ։ Անոնց մէջ կան յոյներ, որոնք եկած են տօնին մասնակցելու եւ Աստուած պաշտելու։ Անոնք կը մօտենան Փիլիպպոսին,– թերեւս քանի որ յունական անուն ունի,– եւ կը խնդրեն Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպպոս թերեւս վստահ չըլլալով, թէ ասիկա յարմար է կամ ոչ, Անդրէասին կարծիքը կ’առնէ։ Եւ երկուքը Յիսուսին քով կ’երթան, որ այնպէս կ’երեւի թէ դեռ տաճարն է։
Յիսուս գիտէ որ քանի մը օր ետք պիտի մեռնի, եւ հիմա ժամանակը չէ ուրիշներուն հետաքրքրասիրութեան գոհացում տալու կամ ժողովրդականութիւն փնտռելու։ Ան երկու առաքեալներուն կը պատասխանէ՝ օրինակ մը տալով. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’» (Յովհաննէս 12։23, 24)։
Ցորենի հատիկ մը թերեւս քիչ արժէք ունենայ։ Բայց եթէ հողին մէջ դրուի եւ «մեռնի» որպէս հատիկ, կրնայ ծլիլ եւ ժամանակի ընթացքին դառնալ հասկ՝ շատ հատիկներով։ Նոյնպէս, Յիսուս մէկ կատարեալ մարդ է։ Բայց մինչեւ մահ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով, միջոցը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանք տալու շատերու, որոնք իրեն պէս անձնազոհ ոգի կը դրսեւորեն։ Անոր համար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։25)։
Յիսուս իր կեդրոնացումը ուրիշներու վրայ դարձնելով՝ կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։26)։ Ի՜նչ վարձատրութիւն։ Անոնք որոնք պատիւի կ’արժանանան Հօր կողմէ, Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ընկերակիցները պիտի ըլլան։
Մտածելով այն չարչարանքին եւ ցաւալի մահուան մասին, որ իրեն կը սպասեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’»։ Բայց Յիսուս չ’ուզեր իր Հօր կամքը կատարելէն խոյս տալ։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց ես եկայ այս ժամուան համար» (Յովհաննէս 12։27)։ Յիսուս յօժար է ընելու ամէն ինչ որ Աստուած նպատակադրած է, մէջը ըլլալով իր կեանքը զոհել։
-
-
Հրեաները Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ հաւատք ցոյց պիտի տա՞նՅիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
-
-
ԴԱՍ 104
Հրեաները Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ հաւատք ցոյց պիտի տա՞ն
ՇԱՏԵՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆԸ ԿԸ ԼՍԵՆ
ԴԱՏՈՒԵԼՈՒ ՀԻՄԸ
Երկուշաբթի՝ նիսան 10–ին, Յիսուս տաճարին մէջ կը խօսի իր մօտալուտ մահուան մասին։ Ան մտահոգ է, որ իր մահը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ իր Հօր համբաւին։ Անոր համար կ’ըսէ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Երկնքէն զօրաւոր ձայն մը կը պատասխանէ. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհաննէս 12։27, 28)։
Մօտակայ մարդիկը իրար կ’անցնին։ Ոմանք կը կարծեն որ որոտումի ձայն լսեցին։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ» (Յովհաննէս 12։29)։ Բայց իրականութեան մէջ, ատիկա Եհովայի՛ն ձայնն է։ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, ասիկա առաջին անգամը չէ որ մարդիկ Աստուծոյ ձայնը կը լսեն։
Երեքուկէս տարի առաջ, Յիսուսին մկրտութեան ժամանակ, Յովհաննէս Մկրտիչ լսեց ինչ որ Աստուած Յիսուսի մասին ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Յետագային, Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս Յակոբոսին, Յովհաննէսին եւ Պետրոսին առջեւ այլակերպեցաւ։ Այդ երեք տղամարդիկը լսեցին Աստուծոյ յայտարարութիւնը. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 3։17. 17։5)։ Բայց այս երրորդ անգամին, Եհովային ձայնը շատեր կը լսեն։
Յիսուս կ’ըսէ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար» (Յովհաննէս 12։30)։ Ատիկա փաստ է որ իրապէս Աստուծոյ Որդին է եւ անոր խոստացած Մեսիան։
Ասկէ զատ, Յիսուս իր հաւատարիմ ընթացքով օրինակ է, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պէտք է ապրին, եւ կը հաստատէ թէ Բանսարկու Սատանան՝ այս աշխարհին իշխանը, բնաջնջման արժանի է։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ Յիսուսին մօտալուտ մահը պարտութիւն չէ, հապա յաղթանակ է։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը բացատրէ. «Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ» (Յովհաննէս 12։31, 32)։ Ցիցին վրայ մեռնելով, Յիսուս մարդիկը իրեն պիտի քաշէ՝ անոնց առջեւ յաւիտենական կեանքի դուռը բանալով։
Իսկ ներկաները Յիսուսին ‘բարձրանալուն’ նկատմամբ կ’ըսեն. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ» (Յովհաննէս 12։34)։ Այո, անոնց մեծամասնութիւնը չ’ընդունիր Յիսուսը որպէս ճշմարիտ Որդի մարդոյ՝ խոստացուած Մեսիան, հակառակ անոր որ շա՜տ փաստեր ունին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ ձայնը լսեցին։
Ետքը Յիսուս իր մասին կը խօսի որպէս «լոյս», ինչպէս որ ասկէ առաջ խօսած էր (Յովհաննէս 8։12. 9։5)։ Ան մարդոց կ’ըսէ. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. . . Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք» (Յովհաննէս 12։35, 36)։ Ետքը, Յիսուս կը հեռանայ, քանի որ պէտք չէ մեռնի այդ օրը՝ նիսան 10–ին։ Ան նիսան 14–ի Պասեքին է որ պիտի ‘բարձրանայ’, ցիցին վրայ գամուելով (Գաղատացիս 3։13)։
Յիսուսին ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, հրեաները իրեն չհաւատացին։ Ասիկա մարգարէացուած էր։ Եսային ըսած էր որ ժողովուրդին աչքերը պիտի կուրնային եւ անոնց սիրտը այնքա՛ն պիտի կարծրանար, որ դարձի պիտի չգային ու պիտի չբժշկուէին (Եսայի 6։10. Յովհաննէս 12։40)։ Այո, հրեաներուն մեծամասնութիւնը յամառօրէն կ’անտեսէ բոլոր այն փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուսն է իրենց խոստացուած Ազատարարը՝ կեանքի տանող ճամբան։
Նիկոդէմոսը, արիմաթացի Յովսէփը եւ շատ մը ուրիշ իշխաններ «հաւատացին» Յիսուսին։ Բայց արդեօք անոնք իրենց հաւատքը գործերով ցոյց պիտի տա՞ն, թէ ոչ ետ պիտի քաշուին ատիկա ընելէ, քանի որ կը վախնան որ ժողովարանէն վռնտուին կամ քանի որ ‘մարդոց փառքը կը սիրեն’ (Յովհաննէս 12։42, 43)։
Յիսուս կը բացատրէ, որ իրեն հաւատալը ի՛նչ կը պարփակէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ»։ Այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուած Յիսուսին պատուիրած է սորվեցնել եւ որոնց մասին Յիսուս շարունակաբար կը քարոզէ, ա՛յնքան կարեւոր են, որ Յիսուս կ’ըսէ. «Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չ’ընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը» (Յովհաննէս 12։44, 45, 48)։
Ետքը Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։ Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է» (Յովհաննէս 12։49, 50)։ Յիսուս գիտէ որ կարճ ժամանակ ետք, իր կեանքը պիտի զոհէ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հաւատան (Հռովմայեցիս 5։8, 9)։
-