Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Թզենիին օրինակով հաւատքի մասին դաս կը սորվեցնէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս եւ իր աշակերտները կը նկատեն որ անպտուղ թզենին չորցած է

      ԴԱՍ 105

      Թզենիին օրինակով հաւատքի մասին դաս կը սորվեցնէ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 21։19-27 ՄԱՐԿՈՍ 11։19-33 ՂՈՒԿԱՍ 20։1-8

      • ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍ՝ ՉՈՐՑԱԾ ԹԶԵՆԻԷՆ

      • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՐՈՒԻ

      Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, Յիսուս Երուսաղէմէն ճամբայ կ’ելլէ դէպի Բեթանիա, որ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի։ Ան հաւանաբար գիշերը կ’անցընէ իր ընկերներուն՝ Ղազարոսին, Մարիամին եւ Մարթային տան մէջ։

      Հիմա նիսան 11–ի առտուն է։ Յիսուս եւ իր աշակերտները ճամբայ կ’ելլեն, որ ետ դառնան Երուսաղէմ, ուր ան վերջին անգամ ըլլալով տաճար պիտի երթայ։ Եւ այս օրը իր ծառայութեան վերջին օրն է։ Անկէ ետք, ան Պասեքը պիտի տօնէ, իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատէ, դատաքննութեան ենթարկուի եւ մահուան մատնուի։

      Անոնք Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’ուղղուին՝ Ձիթենեաց լեռը կտրելով։ Ճամբան, Պետրոս կը նկատէ նախորդ առաւօտուն Յիսուսին անիծած թզենին, եւ կ’ըսէ. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է» (Մարկոս 11։21)։

      Ինչո՞ւ Յիսուս ծառը չորցուց։ Ան պատճառը կու տայ իր պատասխանով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատթէոս 21։21, 22)։ Իր այս կէտը նոր գաղափար չէ։ Ան ասկէ առաջ ալ ըսած էր, որ հաւատքը կրնայ լեռ մը փոխադրել (Մատթէոս 17։19)։

      Ծառը չորցնելով Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է Աստուծոյ հաւատալ։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի» (Մարկոս 11։24)։ Ասիկա ի՜նչ կարեւոր դաս է Յիսուսին բոլոր հետեւորդներուն համար, մանաւանդ՝ առաքեալներուն համար, որոնք մօտ օրէն դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւեն։ Բայց թզենիին չորնալուն եւ հաւատք ունենալուն միջեւ ուրիշ կապ մըն ալ կայ։

      Այս թզենիին պէս, իսրայէլ ազգը խաբէական տեսք ունի։ Այս ազգին անդամները ուխտով փոխյարաբերութիւն ունին Աստուծոյ հետ, եւ դուրսէն այնպէս կ’երեւին, որ իր Օրէնքը կը պահեն։ Բայց ազգը ընդհանուր առմամբ ցոյց տուած է, որ հաւատք չունի եւ լաւ պտուղ չի տար։ Անոնք նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին կը մերժեն։ Անպտուղ թզենին չորցնելով՝ Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս անհաւատ եւ անպտղաբեր ազգին վախճանը։

      Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը մտնեն։ Իր սովորութեան պէս, Յիսուս տաճարը կ’երթայ եւ սորվեցնելու կը սկսի։ Քահանայապետները եւ ծերերը, հաւանաբար ի մտի ունենալով այն ինչ որ Յիսուս մէկ օր առաջ ըրաւ դրամափոխներուն, անոր կը հարցնեն. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես» (Մարկոս 11։28)։

      Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ Հիմա իր հակառակորդնե՛րը նեղ պարագայի կը մատնուին։ Անոնք իրարու միջեւ կ’ըսեն. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ». . . ։ Յստակ է որ անոնք ժողովուրդէն կը վախնային, քանի որ «ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր» (Մարկոս 11։29-32)։

      Յիսուսին հակառակորդները չեն կրնար յարմար պատասխան մը գտնել, անոր համար կ’ըսեն. «Չենք գիտեր»։ Յիսուսն ալ կ’ըսէ. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները» (Մարկոս 11։33)։

      • Նիսան 11–ը ինչո՞ւ կարեւոր օր է։

      • Թզենին չորցնելով՝ Յիսուս ի՞նչ դասեր կը սորվեցնէ։

      • Յիսուս ինչպէ՞ս կը պատասխանէ անոնց՝ որոնք իրեն կը հարցնեն, թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընէ բաներ։

  • Երկու առակներ այգիներու մասին
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Մշակները կը սպաննեն այգիին տէրոջը որդին

      ԴԱՍ 106

      Երկու առակներ այգիներու մասին

      ՄԱՏԹԷՈՍ 21։28-46 ՄԱՐԿՈՍ 12։1-12 ՂՈՒԿԱՍ 20։9-19

      • ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

      • ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

      Տաճարին մէջ, քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը դեռ նոր Յիսուսին հարցուցած են որ ի՛նչ իշխանութեամբ այս բոլոր բաները կ’ընէ։ Եւ Յիսուսին պատասխանը զանոնք լռեցուցած է։ Հիմա, Յիսուս կը պատմէ առակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ անոնք ի՛նչ տեսակ մարդիկ են։

      Յիսուս կը պատմէ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա՛ այսօր այգիիս մէջ գործէ’։ Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց» (Մատթէոս 21։28-31)։ Պատասխանը յստակ է. առաջին որդին իր հօր ըսածը ըրաւ։

      Յիսուս իր հակառակորդներուն կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Մաքսաւորները եւ պոռնիկները սկիզբը Աստուծոյ չծառայեցին, բայց առաջին որդիին նման, անոնք ետքը զղջացին եւ հիմա Աստուծոյ կը ծառայեն։ Անոնց հակապատկերը, կրօնական առաջնորդները, երկրորդ որդիին պէս, կը դաւանին որ Աստուծոյ կը ծառայեն, բայց իրականութեան մէջ չեն ծառայեր։ Յիսուս կ’ըսէ. «Յովհաննէս [Մկրտիչ] արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ» (Մատթէոս 21։31, 32)։

      Ետքը, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ։ Այս անգամ ան ցոյց կու տայ, որ կրօնական առաջնորդները ոչ միայն Աստուծոյ չեն ծառայեր, հապա նաեւ չար են։ Ան կը պատմէ. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին» (Մարկոս 12։1-5)։

      Յիսուսին մտիկ ընողները պիտի հասկնա՞ն իր առակը։ Անոնք թերեւս յիշեն Եսայիի այս խօսքը. «Զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ» (Եսայի 5։7)։ Յիսուս նոյն գաղափարը կ’ընդգծէ իր առակով։ Այգիին տէրը Եհովան է եւ այգին՝ իսրայէլ ազգը, որ պաշտպանուած է Աստուծոյ Օրէնքով։ Եհովան մարգարէներ ղրկեց, որ իր ժողովուրդին ուղղութիւններ տայ եւ անոնց օգնէ լաւ պտուղ արտադրելու։

      Բայց «մշակները» ծառաներուն հետ գէշ կերպով վարուեցան եւ նոյնիսկ սպաննեցին։ Յիսուս կը բացատրէ. «[Այգիին տէրը] սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց այն մշակները ըսին իրարու. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ’։ Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին» (Մարկոս 12։6-8)։

      Հիմա Յիսուս կը հարցնէ. «Այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ» (Մարկոս 12։9)։ Կրօնական առաջնորդները կը պատասխանեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն» (Մատթէոս 21։41)։

      Այսպէս պատասխանելով՝ անոնք իրենք զիրենք կը դատեն, քանի որ Եհովայի «այգի»ին՝ իսրայէլ ազգին՝ «մշակներ»էն են։ Եհովան այսպիսի մշակներէ կ’ակնկալէ պտուղներ ստանալ։ Այդ պտուղներէն մէկն է, իր Որդիին՝ Մեսիային հանդէպ հաւատք։ Յիսուս ուղղակի կրօնական առաջնորդներուն կը նայի եւ կ’ըսէ. «Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ. ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’» (Մարկոս 12։10, 11)։ Ետքը Յիսուս իր կէտը կը յստակացնէ. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատթէոս 21։43)։

      Դպիրներն ու քահանայապետները կ’անդրադառնան, որ Յիսուս «այն առակը իրենց համար ըսաւ» (Ղուկաս 20։19)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, անոնք կ’ուզեն սպաննել զինք, ինք որ իրաւացի «ժառանգորդ»ն է։ Բայց ժողովուրդէն կը վախնան, քանի որ անոնք Յիսուսը մարգարէ կը նկատեն։ Անոր համար անոնք չեն փորձեր այդ ժամանակ Յիսուսը սպաննել։

      • Յիսուսի առակին մէջի երկու որդիները որո՞նք կը ներկայացնեն։

      • Երկրորդ առակին մէջ, «այգիին տէրը», «այգին», «մշակները», «ծառաները» եւ «ժառանգորդը», որո՞նք կը ներկայացնեն։

      • Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ «մշակներ»ուն։

  • Թագաւորը կը հրամայէ հարսանիքին կանչել հրաւիրուածները
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Թագաւորը դուրս դնել կու տայ մարդ մը, որ հարսանիքի հանդերձ չէ հագած

      ԴԱՍ 107

      Թագաւորը կը հրամայէ հարսանիքին կանչել հրաւիրուածները

      ՄԱՏԹԷՈՍ 22։1-14

      • ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱԿԸ

      Յիսուսին ծառայութիւնը վերջանալու վրայ է եւ ան կը շարունակէ առակներով մէջտեղ հանել դպիրներուն եւ քահանայապետներուն ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը։ Անոր համար, անոնք կ’ուզեն Յիսուսը սպաննել (Ղուկաս 20։19)։ Բայց Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ, որպէսզի զանոնք քօղազերծէ.

      «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ» (Մատթէոս 22։2, 3)։ Յիսուս առակին սկիզբը կը նշէ «երկնքի թագաւորութիւնը»։ Ուրեմն, տրամաբանօրէն, «թագաւոր»ը Եհովան է։ Իսկ թագաւորին որդին եւ հարսանիքին հրաւիրուածները որո՞նք են։ Դժուար չէ եզրակացնել թէ թագաւորին որդին Եհովային Որդին է, որ այս առակը կը պատմէ, եւ թէ հրաւիրուածները անոնք են՝ որոնք երկնքի Թագաւորութեան մէջ Որդիին հետ պիտի ըլլան։

      Որո՞նք սկիզբը կը հրաւիրուին։ Յիսուս եւ իր առաքեալները որո՞նց կը քարոզէին Թագաւորութեան մասին։ Հրեաներո՛ւն (Մատթէոս 10։6, 7. 15։24)։ Այս ազգը Օրէնքի ուխտը ընդունեց Ք.Ա. 1513–ին, եւ այսպիսով անոնք առաջինները պիտի ըլլային «քահանաներու թագաւորութիւն» մը կազմելու (Ելից 19։5-8)։ Բայց ճիշդ ե՞րբ պիտի կանչուէին «հարսանիքին»։ Տրամաբանական է եզրակացնել, որ անոնք հրաւիրուեցան Ք.Ե. 29–ին, երբ Յիսուս սկսաւ քարոզել երկնքի Թագաւորութեան մասին։

      Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս ընդառաջեց հրաւէրին։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «անոնք չուզեցին գալ»։ Կրօնական առաջնորդներուն եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չընդունեց Յիսուսը որպէս Մեսիան եւ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։

      Բայց Յիսուս կ’ըսէ որ հրեաներուն նորէն առիթ պիտի տրուէր. «[Թագաւորը] նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. ‘Ըսէք հրաւիրուածներուն, «Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք»’։ Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին» (Մատթէոս 22։4-6)։ Ասիկա պատահեցաւ յետագային, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ։ Այդ ժամանակ, հրեաները դեռ առիթ ունէին Թագաւորութեան մէջ ըլլալու, բայց անոնց մեծամասնութիւնը հրաւէրը մերժեց, նոյնիսկ գէշ կերպով վարուեցաւ ‘թագաւորին ծառաներուն’ հետ (Գործք 4։13-18. 7։54, 57)։

      Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց» (Մատթէոս 22։7)։ Եւ ասիկա իրապէս տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմայեցիները կործանեցին «անոնց քաղաքը»՝ Երուսաղէմը։

      Հրեաներուն կողմէ թագաւորին հրաւէրին մերժումը կը նշանակէ՞ որ ուրիշ ո՛չ ոք պիտի հրաւիրուի։ Ըստ Յիսուսի առակին, ո՛չ։ Ան կը շարունակէ ըսել. «Այն ատեն [թագաւորը] իր ծառաներուն ըսաւ. ‘Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք’։ Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ» (Մատթէոս 22։8-10)։

      Այդ խօսքերը պիտի կատարուէին յետագային, երբ Պետրոս առաքեալ պիտի սկսէր օգնել ծագումով հրեայ չեղողներուն եւ նորահաւատ չեղողներուն, որպէսզի քրիստոնեաներ ըլլան։ Ք.Ե. 36–ին, հռոմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոս եւ իր ընտանիքը սուրբ հոգին ստացան եւ առիթը ունեցան մտնելու երկնքի Թագաւորութիւնը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ (Գործք 10։1, 34-48)։

      Յիսուս կը յայտնէ, որ ո՛չ բոլոր մարդիկը, որոնք հարսանիքին կու գան, վերջապէս «թագաւոր»ին ընդունելի պիտի ըլլան։ Ան կ’ըսէ. «Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, ըսաւ անոր. ‘Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի’։ Անիկա պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’։ Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ» (Մատթէոս 22։11-14)։

      Կրօնական առաջնորդները, որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն, չեն ըմբռներ իր բոլոր ըսածներուն իմաստը կամ կիրարկումը, բայց եւ այնպէս իր խօսքերը չեն մարսեր։ Անոր համար անոնք ա՛լ աւելի կը վճռեն ձերբազատուիլ այս անձէն, որ իրենց ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը մէջտեղ կը հանէ։։

      • Յիսուսին առակին մէջ, ո՞վ է «թագաւորը», ո՞վ է «իր որդին» եւ որո՞նք են անոնք՝ որոնք սկիզբը կը հրաւիրուին հարսանիքին։

      • Հրեաները ե՞րբ կը հրաւիրուին, իսկ ետքը որո՞նք կը հրաւիրուին։

      • Ի՞նչ կը հասկցուի այն իրողութենէն, թէ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։

  • Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս տուրքին դրամը բռնած՝ կը պատասխանէ փարիսեցիներուն խորամանկ հարցումներուն

      ԴԱՍ 108

      Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

      ՄԱՏԹԷՈՍ 22։15-40 ՄԱՐԿՈՍ 12։13-34 ՂՈՒԿԱՍ 20։20-40

      • ԿԱՅՍՐԻՆԸ ԿԱՅՍՐԻՆ ՏԱԼ

      • ՅԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱ՞Լ

      • ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

      Յիսուսի կրօնական հակառակորդները նեղացած են։ Ան քիչ առաջ առակներով իրենց չար ըլլալը քօղազերծած է։ Հիմա, փարիսեցիները կը ծրագրեն ինչպէ՛ս զինք ծուղակը ձգել։ Անոնք կը փորձեն մղել Յիսուսը, որ ըսէ բան մը՝ որուն պատճառով կրնան զինք մատնել հռոմայեցի կառավարիչին։ Իրենց աշակերտներէն քանի մը հոգիին դրամ կու տան, որպէսզի Յիսուսը ծուղակը ձգեն (Ղուկաս 6։7)։

      Անոնք կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը» (Ղուկաս 20։21, 22)։ Այդ անոյշ խօսքերը Յիսուսը չեն խաբեր, քանի որ գիտէ որ անոնք կեղծաւոր եւ խորամանկ են։ Եթէ ան ըսէ ‘Ոչ, ճիշդ չէ այս տուրքը տալ’, իր հակառակորդները կրնան զինք ամբաստանել, որ Հռոմի դէմ ապստամբութիւն կը հրահրէ։ Իսկ եթէ ըսէ ‘Այո, ճիշդ է այս տուրքը տալ’, ժողովուրդը որ նեղացած է հռոմէական իշխանութենէն, կրնայ իր խօսքերը սխալ հասկնալ եւ իրեն դէմ ելլել։ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։

      Ան կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը կը բերեն իրեն։ Անոնց կը հարցնէ. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Կայսրին»։ Այն ատեն անոնց ուղղակի կ’ըսէ. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատթէոս 22։18-21)։

      Անոնք Յիսուսի խօսքերուն վրայ կը հիանան եւ չեն կրնար անոր պատասխանել ու կը հեռանան։ Բայց օրը դեռ չէ վերջացած, ոչ ալ զինք ծուղակը ձգելու ջանքերը։ Փարիսեցիներուն ջանքերը ձախողելէ ետք, կրօնական ուրիշ խումբի մը առաջնորդները Յիսուսին քով կու գան։

      Անոնք սադուկեցիներն են, որոնք կ’ըսեն որ յարութիւն չկայ։ Յիսուսին մօտենալով կը հարցնեն հարցում մը, որ կապ ունի յարութեան եւ տագրամուսնութեան հետ. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան» (Մատթէոս 22։24-28)։

      Սադուկեցիները Մովսէսին գրութիւնները կ’ընդունին, անոր համար Յիսուս անոնցմէ մէջբերելով կ’ըսէ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք» (Մարկոս 12։24-27. Ելից 3։1-6)։ Ժողովուրդը կը զարմանայ անոր պատասխանին վրայ։

      Յիսուս թէ՛ փարիսեցիները եւ թէ սադուկեցիները կը պապանձեցնէ։ Հիմա այս երկու հակառակորդ խումբերը կը միանան Յիսուսը նորէն փորձելու համար։ Դպիր մը կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ» (Մատթէոս 22։36)։

      Յիսուս կը պատասխանէ. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ» (Մարկոս 12։29-31)։

      Յիսուսին պատասխանը լսելով՝ դպիրը կ’ըսէ. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ Յիսուս տեսնելով որ դպիրը խելացութիւնով պատասխան տուաւ, կ’ըսէ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես» (Մարկոս 12։32-34)։

      Երեք օրէ ի վեր (նիսան 9, 10 եւ 11) Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէ։ Ոմանք, ինչպէս այս դպիրը, հաճոյքով իրեն մտիկ ըրին։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել կրօնական առաջնորդներուն մասին, որոնք այլեւս ‘չէին համարձակեր անոր բան մը հարցնել’։

      • Փարիսեցիները ինչպէ՞ս կը փորձեն Յիսուսը ծուղակը ձգել, բայց արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

      • Երբ սադուկեցիները կը փորձեն Յիսուսը ծուղակը ձգել, ան ի՞նչ կը պատասխանէ։

      • Դպիրի մը հարցումին պատասխանելու ատեն, Յիսուս ի՞նչ շատ կարեւոր կէտ մը կը շեշտէ։

  • Յիսուս իր հակառակորդները կը դատապարտէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս կը քօղազերծէ կրօնական հակառակորդները

      ԴԱՍ 109

      Յիսուս իր հակառակորդները կը դատապարտէ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 22։41–23։24 ՄԱՐԿՈՍ 12։35-40 ՂՈՒԿԱՍ 20։41-47

      • ՔՐԻՍՏՈՍԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՈՐԴԻՆ Է

      • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾԷ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐԸ

      Կրօնական հակառակորդներուն թափած բոլոր ջանքերը կը ձախողին։ Անոնք չեն կրնար Յիսուսին համբաւը աւրել, ոչ ալ կը կարենան զինք ծուղակը ձգել եւ հռոմայեցիներուն յանձնել (Ղուկաս 20։20)։ Հիմա, մինչ ան դեռ տաճարն է նիսան 11–ին, նախաքայլը կ’առնէ եւ իր ո՛վ ըլլալը կը յայտնէ իր հակառակորդներուն՝ հարցնելով. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է» (Մատթէոս 22։42)։ Մարդիկ գիտեն որ Քրիստոսը, կամ Մեսիան, Դաւիթին շառաւիղէն պիտի գայ։ Յիսուսին հակառակորդները ճիշդ այդ պատասխանը կու տան (Մատթէոս 9։27. 12։23. Յովհաննէս 7։42)։

      Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ» (Մատթէոս 22։43-45)։

      Փարիսեցիները լուռ կը մնան, քանի որ կ’ակնկալեն որ Մեսիան Դաւիթին սերունդէն գայ եւ զիրենք ազատէ հռոմէական լուծէն։ Բայց Սաղմոս 110։1, 2–ին մէջ արձանագրուած Դաւիթին խօսքերը մէջբերելով՝ Յիսուս կը շեշտէ որ Մեսիան պարզապէս մարդկային կառավարիչ չէ։ Ան Դաւիթին Տէրն է, եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստելէ ետք իր իշխանութիւնը պիտի բանեցնէ։ Յիսուսին պատասխանը զիրենք կը պապանձեցնէ։

      Հիմա, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ աշակերտներուն եւ ուրիշներու, որոնք խօսակցութիւնը մտիկ կ’ընէին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ դպիրներէն եւ փարիսեցիներէն։ Այս մարդիկը ‘Մովսէսին աթոռը նստած են’, որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնեն։ Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ» (Մատթէոս 23։2, 3)։

      Ետքը Յիսուս անոնց կեղծաւորութեան մասին օրինակներ կու տայ՝ ըսելով. «Կը լայնցնեն իրենց գրապանակները»։ Կարգ մը հրեաներ իրենց ճակատին կամ թեւին վրայ կը դնէին փոքր տուփեր, որոնց մէջ կային Օրէնքէն որոշ հատուածներ։ Իսկ փարիսեցիները կը լայնցնեն իրենց գրապանակները, որպէսզի մարդիկը տպաւորեն եւ ցոյց տան որ իրենք Աստուծոյ Օրէնքը կատարելու մէջ նախանձախնդիր են։ Անոնք նաեւ «կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները»։ Իսրայէլացիներէն պահանջուած էր իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր շինել. բայց փարիսեցիները իրենց ծոպերը բաւարար երկար կ’ընեն (Թուոց 15։38-40)։ Անոնք այդ բոլորը կ’ընեն «մարդոց երեւնալու համար» (Մատթէոս 23։5)։

      Նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները կրնան ազդուիլ անոնց երեւելի ըլլալու ոգիէն։ Անոր համար ան անոնց խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի՛ կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ [«առաջնորդներ», ՆԱ] մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը [«Առաջնորդը», ՆԱ] մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։ Լաւ, աշակերտները ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատթէոս 23։8-12)։

      Ետքը Յիսուս կեղծաւոր դպիրներուն ու փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն» (Մատթէոս 23։13)։

      Յիսուս փարիսեցիները կը դատապարտէ, քանի որ հոգեւոր արժանիքներ չունին, ինչպէս որ յստակ կ’երեւնայ իրենց դրած կանոններէն։ Օրինակ, անոնք կ’ըսեն. «Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ»։ Այսպիսով, անոնք ցոյց կու տան որ բարոյապէս կոյր են, քանի որ իրենց համար աւելի կարեւոր է տաճարին ոսկին, քան՝ տաճարը,– ուր մարդիկ կրնան Եհովան պաշտել եւ իրեն մօտենալ։ Ասկէ զատ անոնք նաեւ ‘կը ձգեն օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը [«արդարութիւնը», ՆԱ] եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը’ (Մատթէոս 23։16, 23. Ղուկաս 11։42)։

      Յիսուս փարիսեցիները կը կոչէ ‘կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամեն եւ ո՛ւղտը կը կլլեն’ (Մատթէոս 23։24)։ Անոնք մժղուկը իրենց գինիէն կը հանեն, քանի որ ըստ Օրէնքին՝ ծիսականօրէն անմաքուր է։ Բայց անդին Օրէնքին աւելի ծանր բաները կ’անտեսեն. ինչ որ կը նմանի ուղտ մը կլլելուն, որ մժղուկին պէս անմաքուր է, բայց շատ աւելի մեծ է (Ղեւտացւոց 11։4, 21-24)։

      • Երբ Յիսուս փարիսեցիներուն կը հարցնէ Սաղմոս 110–ին մէջ գրուած Դաւիթին խօսքին մասին, անոնք ինչո՞ւ լուռ կը մնան։

      • Փարիսեցիները ինչո՞ւ կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները։

      • Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ իր աշակերտներուն։

  • Յիսուսին վերջին օրը տաճարին մէջ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս կը տեսնէ աղքատ որբեւայրի մը երկու լումայ կը դնէ տաճարին գանձանակին մէջ

      ԴԱՍ 110

      Յիսուսին վերջին օրը տաճարին մէջ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 23։25–24։2 ՄԱՐԿՈՍ 12։41–13։2 ՂՈՒԿԱՍ 21։1-6

      • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

      • ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ

      • ԱՂՔԱՏ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՆ ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՄԱՅ ԿԸ ՁԳԷ

      Յիսուս տաճարին մէջ է վերջին անգամ ըլլալով եւ կը շարունակէ դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը քօղազերծել, զանոնք բացէ ի բաց կոչելով կեղծաւորներ։ Ան պատկերաւոր արտայայտութիւններ կը գործածէ՝ ըսելով. «Գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ» (Մատթէոս 23։25, 26)։ Թէեւ փարիսեցիները բծախնդրօրէն հոգ կը տանին ծիսական մաքրութեան եւ իրենց արտաքին տեսքին, բայց ուշադրութիւն չեն դարձներ իրենց ներքին անձին եւ չեն մաքրեր իրենց այլաբանական սիրտը։

      Անոնց կեղծաւորութիւնը նաեւ կ’երեւի այն բանէն, որ անոնք մարգարէներու համար գերեզմաններ կը շինեն եւ կը զարդարեն։ Մինչդեռ, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘անոնք զաւակներն են անոնց՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին’ (Մատթէոս 23։31)։ Եւ քանի՛ որ կը փորձեն Յիսուսը սպաննել, ցոյց կու տան որ ճիշդ իրենց հայրերուն պէս են (Յովհաննէս 5։18. 7։1, 25)։

      Ետքը Յիսուս կ’ըսէ, թէ ի՛նչ կը սպասէ այս կրօնական առաջնորդներուն, եթէ չզղջան. «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն» (Մատթէոս 23։33)։ Գեհենը այն մօտակայ Ենովմի ձորն է, որ կը գործածուի աղբերը այրելու համար։ Անիկա յարմար կերպով կը խորհրդանշէ վերջնական բնաջնջումը, որ կը սպասէ այդ չար դպիրներուն ու փարիսեցիներուն։

      Յիսուսի աշակերտները պիտի ըլլան «մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ»։ Անոնք ի՞նչ վերաբերմունքի պիտի հանդիպին։ Յիսուս իր խօսքը կրօնական առաջնորդներուն ուղղելով կ’ըսէ. «[Իմ աշակերտներէս] մէկ քանիները պիտի սպաննէք. . . մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ. . . Զաքարիային արիւնը, որ. . . սպաննեցիք»։ Ան կը զգուշացնէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ» (Մատթէոս 23։34-36)։ Յիսուսին այս խօսքերը կ’իրականանան Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմէական զօրքը կը կործանէ Երուսաղէմը եւ հարիւր հազարաւոր հրեաներ կը սպաննուին։

      Այս վախնալիք կործանման մասին մտածելով՝ Յիսուս կը տառապի եւ խոր տխրութեամբ կ’ըսէ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոնք՝ որոնք իր խօսքերը կը լսեն, թերեւս հարց կու տան որ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ «տուն» բառով։ Արդեօք ան կ’ակնարկէ Երուսաղէմի փառաւոր տաճարի՞ն, որ այնպէս կ’երեւի թէ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունի։

      Ետքը Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’» (Մատթէոս 23։39)։ Ան կը մէջբերէ Սաղմոս 118։26–ի մարգարէական խօսքը. «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն»։ Մարդիկ այսպէս պիտի արտայայտուին, բայց ոչ թէ աս բառացի տաճարին մէջ, քանի որ ատիկա պիտի կործանի։

      Յիսուս հիմա կ’ուղղուի տաճարին այն մասը, ուր դրուած են գանձանակները։ Գանձանակները վերէն փոքր բացուածք մը ունին, ուրկէ մարդիկ կրնան նուիրատուութիւններ դնել։ Յիսուս կը տեսնէ հրեաներ նուիրատուութիւն կ’ընեն եւ հարուստները ‘շատ բան կը ձգեն’։ Ետքը կը տեսնէ աղքատ որբեւայրի մը ‘երկու լումայ կը ձգէ, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ’ (Մարկոս 12։41, 42)։ Անկասկած Յիսուս գիտէ թէ անոր նուիրատուութիւնը որքա՜ն հաճելի է Աստուծոյ։

      Իր աշակերտները կանչելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը բացատրէ. «Ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը» (Մարկոս 12։43, 44)։ Այս որբեւայրին թէ՛ իր մտածելակերպով եւ թէ իր գործերով որքա՜ն տարբեր է կրօնական առաջնորդներէն։

      Մինչ տակաւին նիսան 11–ն է, Յիսուս տաճարէն կ’ելլէ վերջին անգամ ըլլալով։ Իր աշակերտներէն մէկը իրեն կ’ըսէ. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր» (Մարկոս 13։1)։ Իրապէս տաճարի պատերուն կարգ մը քարերը շատ մեծ են, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն կու տայ որ այդ շինութիւնը ամուր եւ հաստատ է։ Անոր համար թերեւս Յիսուսին խօսքը տարօրինակ կը թուի. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի» (Մարկոս 13։2)։

      Այս խօսքերը ըսելէ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները Կեդրոն հեղեղատը կը կտրեն եւ կը բարձրանան Ձիթենեաց լեռը։ Պահ մը, ան առանձին կը մնայ չորս առաքեալներու հետ. Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս։ Իրենց տեղէն կրնան տեսնել փառաւոր տաճարը։

      • Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ, մինչ վերջին անգամ ըլլալով տաճարին մէջ է։

      • Յիսուս տաճարին մասին ի՞նչ կը մարգարէանայ։

      • Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ որբեւայրին հարուստներէն աւելի նուիրատուութիւն ըրաւ։

  • Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս իր չորս առաքեալներուն հարցումներուն կը պատասխանէ։

      ԴԱՍ 111

      Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն

      ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3-51 ՄԱՐԿՈՍ 13։3-37 ՂՈՒԿԱՍ 21։7-38

      • ՉՈՐՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

      • ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ ԵՒ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ

      • ՊԷՏՔ Է ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ

      Երեքշաբթի կէսօրէ ետք է եւ նիսան 11–ը իր աւարտին կը մօտենայ։ Վերջին քանի մը օրերուն Յիսուս շատ զբաղած էր, եւ իր ժրաջան ծառայութիւնը երկրի վրայ վերջանալու վրայ է։ Ցերեկը ան կը սորվեցնէր տաճարին մէջ, իսկ գիշերը Բեթանիա կը մնար։ Մարդիկ շատ մեծ հետաքրքրութեամբ «առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը՝ իր խօսքերը լսելու» (Ղուկաս 21։37, 38)։ Իսկ հիմա, Յիսուս Ձիթենեաց լեռը նստած է՝ Պետրոսին, Անդրէասին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։

      Այս չորս առաքեալները կ’ուզեն Յիսուսին հետ խօսիլ։ Անոնք մտահոգ են, քանի որ Յիսուս քիչ առաջ տաճարին մասին մարգարէացաւ, որ հոն քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Բայց անոնք մտահոգ են նաեւ ուրիշ հարցերու մասին։ Յիսուս իրենց ըսած էր. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկաս 12։40)։ Ան նաեւ խօսած էր այն օրուան մասին, ‘երբ Որդին մարդոյ պիտի յայտնուէր’ (Ղուկաս 17։30)։ Արդեօք այդ խօսքերը կապ ունի՞ն տաճարին նկատմամբ իր ըսածին հետ։ Առաքեալները անպայման կ’ուզե՛ն գիտնալ։ Անոնք Յիսուսին կ’ըսեն. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«աշխարհի վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։

      Անոնք թերեւս ի մտի ունին տաճարին կործանումը։ Ասկէ զատ, անոնք նաեւ մանրամասնութիւններ կ’ուզեն գիտնալ Որդին մարդոյ ներկայութեան մասին։ Թերեւս կը յիշեն Յիսուսին առակը «ազնուական մարդ»ու մը մասին, որ «հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։11, 12)։ Ինչպէս նաեւ անոնք հարց կու տան, որ «աշխարհի վախճան»ը ի՛նչ կը պարփակէ։

      Յիսուս կու տայ նշան մը, որ կը յայտնէ թէ ե՛րբ Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը պիտի կործանին։ Այդ նշանը նաեւ յետագային պիտի օգնէ քրիստոնեաներուն, որ գիտնան թէ ե՛րբ կ’ապրին Յիսուսի «ներկայութեան» եւ աշխարհի վախճանին ժամանակ։

      Տարիներու ընթացքին, առաքեալները կը տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի խօսքերը կ’իրականանան։ Այո, Յիսուսի մարգարէական խօսքերէն շատեր կը սկսին կատարուիլ առաքեալներուն օրերուն։ Այնպէս որ 37 տարի ետք, Ք.Ե. 70–ին, արթուն քրիստոնեաները անակնկալի չեկան, երբ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանման ժամանակը հասաւ։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուսին ո՛չ բոլոր ըսածները կը կատարուին մինչեւ Ք.Ե. 70 կամ ճիշդ այդ թուականին։ Իր կարգ մը ըսածները պիտի կատարուին իր ներկայութեան ժամանակ որպէս Թագաւոր։ Լաւ, ի՞նչը պիտի նշէ իր ներկայութիւնը։ Յիսուս ատոր մասին ալ կը պատասխանէ։

      Յիսուս կը մարգարէանայ որ «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր» պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։6, 7)։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ «տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11)։ Յիսուս իր աշակերտները կը զգուշացնէ. «Իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն» (Ղուկաս 21։12)։ Սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն եւ շատերը մոլորեցնեն։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնայ եւ մեծամասնութեան սէրը պիտի պաղի։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ որ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։

      Յիսուսին տուած մարգարէութեան կարգ մը երեսակները կը կատարուին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ եւ անոր ընթացքին։ Բայց արդեօք իր խօսքերը աւելի մեծ կատարում պիտի ունենայի՞ն ապագային։ Անձամբ չե՞ս տեսներ այդ խօսքերուն գլխաւոր կատարումը մեր օրերուն։

      Յիսուսի ներկայութեան նշանին մաս կազմող դէպքերէն մէկը՝ ‘աւերմունքին պղծութեան’ ի յայտ գալն է (Մատթէոս 24։15)։ Ք.Ե. 66–ին, յայտնի կ’ըլլայ որ այդ պղծութիւնը հռոմէական «զօրքեր»ն են, իրենց կռապաշտական դրօշակներով։ Անոնք Երուսաղէմը կը պաշարեն եւ որոշ տեղեր պարիսպին տակը կը փորեն (Ղուկաս 21։20)։ Այսպիսով, պղծութիւնը կը կենայ հոն՝ ուր պէտք չէ կենայ. այսինքն՝ հոն ուր հրեաները «սուրբ տեղ» կը նկատեն։

      Յիսուս կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը՝ ըսելով. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ Ք.Ե. 70–ին, հռոմայեցիները Երուսաղէմը կը կործանեն։ Հրեաներուն ‘սուրբ քաղաքին’ եւ տաճարին կործանումը իրենց համար «մեծ նեղութիւն» կ’ըլլայ եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին (Մատթէոս 4։5. 24։21)։ Երուսաղէմին եւ հրեայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ այսպիսի կործանում բնաւ չէ եղած։ Այդ կործանումով վերջ կը գտնէ հրեաներուն պաշտամունքի դրութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է։

      ԳԱԼԻՔ ՕՐԵՐԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ

      Յիսուս կը շարունակէ իր առաքեալներուն հետ խօսիլ՝ թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ որ չհետեւին ‘սուտ Քրիստոսներու ու սուտ մարգարէներու’։ Ան կ’ըսէ որ ջանքեր պիտի թափուին, որ «եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն» (Մատթէոս 24։24)։ Բայց անոնք պիտի չմոլորին։ Սուտ Քրիստոսները ի յայտ կու գան տեսանելի ձեւով։ Իսկ Յիսուսի ներկայութիւնը անտեսանելի պիտի ըլլայ։

      Խօսելով աւելի մեծ նեղութեան մը մասին, որ պիտի ըլլայ ներկայ աշխարհի վախճանին, Յիսուս կ’ըսէ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Մատթէոս 24։29)։ Առաքեալները լիովին չեն գիտնար, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, բայց վստահաբար ատիկա ցնցիչ պիտի ըլլայ։

      Այս ցնցիչ դէպքերը ինչպէ՞ս պիտի ազդեն մարդոց։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Ղուկաս 21։26)։ Իրապէս, Յիսուս կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ ժամանակաշրջանը։

      Բայց Յիսուս առաքեալներուն կ’օգնէ հասկնալու, որ ամէն մարդ չէ որ պիտի ողբայ երբ ‘Որդին մարդոյ գայ՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ (Մատթէոս 24։30)։ Ան արդէն ըսած էր, որ Աստուած պիտի միջամտէ «ընտրեալներուն համար» (Մատթէոս 24։22)։ Լաւ այսպիսի հաւատարիմ աշակերտներ ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն այդ ցնցիչ դէպքերուն։ Յիսուս իր հետեւորդները կը քաջալերէ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։28)։

      Բայց այդ ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի հասկնան որ վերջը մօտ է։ Յիսուս թզենիի մը օրինակով ատիկա կը բացատրէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան» (Մատթէոս 24։32-34)։

      Ուրեմն, երբ աշակերտները տեսնեն, որ Յիսուսի տուած նշանին շատ մը երեսակները կը կատարուին, կրնան գիտակցիլ որ վերջը մօտ է։ Իսկ հիմա Յիսուս կը խօսի կէտի մը մասին, որ շատ կարեւոր է այդ նշանակալից ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտներուն համար։

      Ան կ’ըսէ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։36-39)։ Այսպիսով, Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կը յիշեցնէ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը։ Այդպէս ալ պիտի ըլլայ ներկայ չար աշխարհի վերջը։

      Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսի խօսքերը լսելով, առաքեալները անկասկած պէտք է հասկնան որ շատ կարեւոր է արթուն մնալ։ Ան կ’ըսէ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկաս 21։34-36)։

      Յիսուս նորէն ցոյց կու տայ, որ իր ըսած մարգարէութիւնը աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի կատարուի։ Ան չի խօսիր դէպքերու մասին, որոնք քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան եւ միայն կապ ունին Երուսաղէմին կամ հրեայ ազգին հետ։ Ան կը նշէ դէպքեր, որոնք «բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ» պիտի գան։

      Ան կ’ըսէ որ իր աշակերտները պէտք է արթուն, զգաստ եւ պատրաստ ըլլան։ Ան այս զգուշացումը ուրիշ առակով մը կը շեշտէ. «Այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատթէոս 24։43, 44)։

      Ետքը, Յիսուս կ’ըսէ թէ աշակերտները պատճառ ունին ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալու։ Ան կ’ըսէ որ իր մարգարէական խօսքերուն կատարման ժամանակաշրջանին, արթուն եւ եռանդուն «ծառայ» մը պիտի ըլլայ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ծանօթ պարագայ մը որպէս օրինակ բերելով կ’ըսէ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ Բայց եթէ «ծառան» չար դառնայ եւ ուրիշներուն հետ գէշ կերպով վարուի, տէրը զինք խիստ կերպով պիտի պատժէ (Մատթէոս 24։45-51. համեմատէ՛ Ղուկաս 12։45, 46)։

      Բայց Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ իր հետեւորդներէն խումբ մը չար պիտի դառնայ։ Լաւ, ան ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել իր աշակերտներուն։ Ան կ’ուզէ որ անոնք արթուն եւ եռանդուն ըլլան։ Ան այս կէտը աւելի կը յստակացնէ ուրիշ առակով մը։

      • Ի՞նչը առաքեալները կը մղէ որ ապագայ դէպքերու մասին հարցնեն, բայց անոնք թերեւս ուրիշ ի՞նչ ի մտի ունին։

      • Յիսուսի մարգարէութիւնը ե՞րբ կը սկսի կատարուիլ եւ ինչպէ՞ս։

      • Ի՞նչ կարգ մը դէպքեր Քրիստոսին ներկայութիւնը կը նշեն։

      • «Աւերմունքին պղծութիւնը» ինչպէ՞ս ի յայտ կու գայ, եւ անոր յայտնուելէն ետք ի՞նչ դէպքեր կը պատահին։

      • Մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն, երբ Յիսուսի մարգարէութեան կատարման ականատես ըլլան։

      • Յիսուս ի՞նչ օրինակով կ’օգնէ իր աշակերտներուն, որ հասկնան թէ ե՛րբ վերջը մօտ է։

      • Ի՞նչը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսի մարգարէութիւնը համաշխարհային կատարում ունի։

      • Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ իր աշակերտներուն, որոնք չար աշխարհի վախճանին կ’ապրին։

  • Տասը կոյսերուն առակը
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Հինգ իմաստուն կոյսեր իրենց լապտերներով։

      ԴԱՍ 112

      Տասը կոյսերուն առակը

      ՄԱՏԹԷՈՍ 25։1-13

      • ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

      Յիսուս կը խօսէր իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Հիմա ան յաւելեալ առակի մը միջոցաւ, իր առաքեալներուն իմաստուն խրատ մը կու տայ։ Իր ներկայութեան ժամանակ ապրողները առակին կատարումը պիտի տեսնեն։

      Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար» (Մատթէոս 25։1, 2)։

      Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ երկնքի Թագաւորութիւնը ժառանգող իր աշակերտներուն կէսը յիմար են, իսկ միւս կէսը՝ իմաստուն։ Հապա ան ըսել կ’ուզէ որ Թագաւորութեան առնչութեամբ, իր աշակերտներէն ամէն մէկը անձամբ կ’որոշէ արթուն ըլլալ կամ ոչ։ Յիսուս վստահ է որ իր ամէն մէկ ծառան կրնա՛յ հաւատարիմ մնալ եւ իր Հօր օրհնութիւնները ստանալ։

      Առակին մէջի տասը կոյսերը դուրս կ’ելլեն փեսան դիմաւորելու եւ հարսանիքին մասնակցելու։ Երբ փեսան հարսը բերէ այն տունը, որ իրեն համար պատրաստուած է, կոյսերը պէտք է իրենց լապտերներով լուսաւորեն ճամբան եւ այդպիսով պատիւ տան փեսային։ Բայց արդեօք կոյսերը արթուն ու պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

      Յիսուս կը բացատրէ. «Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան» (Մատթէոս 25։3-5)։ Փեսան կոյսերուն ակնկալած ժամանակին չի գար։ Իրենց համար կը թուի որ փեսան շա՛տ ուշացած է, անոր համար անոնք քունի կ’անցնին։ Մինչ Յիսուս առակին մանրամասնութիւններուն կ’երթայ, առաքեալները թերեւս կը յիշեն այն ինչ որ Յիսուս պատմեց ազնուական մարդու մը մասին, որ հեռու երկիր գնաց եւ ի վերջոյ «թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ» (Ղուկաս 19։11-15)։

      Տասը կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ի վերջոյ փեսան կը հասնի. «Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’» (Մատթէոս 25։6)։ Արդեօք տասը կոյսերը արթուն եւ պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

      Յիսուս կը շարունակէ. «Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’» (Մատթէոս 25։7-9)։

      Յստակօրէն հինգ կոյսերը յիմար են այն առումով, որ անոնք արթուն եւ պատրաստ չեն փեսան դիմաւորելու։ Անոնք բաւարար իւղ չունին լապտերները վառ պահելու համար եւ ստիպուած են իւղ գնել։ Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’» (Մատթէոս 25։10-12)։ Այո, արթուն եւ պատրաստ չըլլալը գէշ հետեւանքներ ունի։

      Առաքեալները կը հասկնան որ փեսան Յիսուսն է։ Ասկէ առաջ, ան ինքզինք նմանցուցած էր փեսայի (Ղուկաս 5։34, 35)։ Իսկ որո՞նք են իմաստուն կոյսերը։ Երբ Յիսուս կը խօսէր «պզտիկ հօտ»ին մասին, որուն Թագաւորութիւնը պիտի տրուէր, ըսաւ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած» (Ղուկաս 12։32, 35)։ Ուրեմն, առաքեալները տասը կոյսերուն առակէն կրնան հասկնալ, որ Յիսուս ի մտի ունի իրենց պէս հաւատարիմ աշակերտներ։ Լաւ, Յիսուս ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել այս առակին միջոցաւ։

      Ան բացայայտօրէն կը նշէ դասը, երբ իր առակը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատթէոս 25։13)։

      Յստակ է որ Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն խրատ կու տայ, որ իր ներկայութեան ժամանակ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Ան անպայման պիտի գայ, բայց աշակերտները պէտք է հինգ իմաստուն կոյսերուն պէս արթուն եւ պատրաստ ըլլան, որպէսզի իրենց թանկարժէք յոյսը վառ պահեն եւ վարձատրուին։

      • Հինգ իմաստուն կոյսերը ինչպէ՞ս տարբեր են հինգ յիմար կոյսերէն։

      • Ո՞վ է փեսան եւ որո՞նք են կոյսերը։

      • Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ տասը կոյսերուն առակով։

  • Յիսուս տաղանդներուն առակով կը սորվեցնէ ժրաջան ըլլալ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Ծառայ մը դրամով լեցուն տոպրակ մը կը պահէ գետնին տակը։

      ԴԱՍ 113

      Յիսուս տաղանդներուն առակով կը սորվեցնէ ժրաջան ըլլալ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 25։14-30

      • ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

      Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուս իր չորս առաքեալներուն հետ խօսած ատեն կը պատմէ ուրիշ առակ մը։ Քանի մը օր առաջ, երբ Երիքովի մէջ էր, մնասներուն առակը պատմելով ցոյց տուաւ, որ Թագաւորութիւնը հեռաւոր ապագային պիտի գար։ Իսկ այն առակը, որ հիմա կը պատմէ, կը նմանի մնասներուն առակին։ Անիկա կապ ունի իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին հետ, եւ ցոյց կու տայ որ իր աշակերտները պէտք է իրենց վստահուած գործին նկատմամբ ժրաջան ըլլան։

      Յիսուս կ’ըսէ. «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց» (Մատթէոս 25։14)։ Յիսուս ասկէ առաջ ինքզինք նմանցուցած էր մարդու մը, որ հեռու երկիր գնաց՝ «իրեն թագաւորութիւն առնելու» (Ղուկաս 19։12)։ Ուրեմն, առաքեալները կրնան դիւրաւ ըմբռնել, որ այս առակին մէջն ալ «մարդ»ը Յիսուսն է։

      Այս մարդը օտար երկիր ճամբորդելէ առաջ, իր թանկարժէք ունեցուածքը կը յանձնէ իր ծառաներուն։ Յիսուս նոյնը ըրաւ։ Իր ծառայութեան երեքուկէս տարուան ընթացքին, ան կեդրոնացաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու վրայ եւ իր աշակերտները մարզեց, որ այդ գործը ընեն։ Հիմա ան երթալու վրայ է եւ վստահ է, որ անոնք պիտի շարունակեն ընել իրենց վստահուած գործը (Մատթէոս 10։7. Ղուկաս 10։1, 8, 9. համեմատէ՛ Յովհաննէս 4։38. 14։12)։

      Առակին մէջ, մարդը ինչպէ՞ս իր ունեցուածքը կը բաժնէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ» (Մատթէոս 25։15)։ Ծառաները ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն իրենց վստահուած տաղանդները։ Արդեօք ժրաջանօրէն ատոնք պիտի գործածե՞ն իրենց տիրոջ օգուտ բերելու համար։

      Յիսուս կ’ըսէ առաքեալներուն. «Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց» (Մատթէոս 25։16-18)։ Ի՞նչ պիտի պատահի երբ տէրը վերադառնայ։

      Յիսուս կը շարունակէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց» (Մատթէոս 25։19)։ Առաջին երկուքը իրենց լաւագոյնը ըրին՝ ‘ամէն մէկը իր կարողութեան չափ’։ Իւրաքանչիւրը ժրաջան ու ջանասէր էր, եւ արդիւնաբեր աշխատանք տարաւ։ Թէ՛ հինգ տաղանդ ստացողը եւ թէ երկու տաղանդ ստացողը կրկնապատկեցին իրենց ստացած տաղանդները (այդ օրերուն, մէկը պէտք էր մօտ 20 տարի աշխատէր, որպէսզի մէկ տաղանդ շահէր)։ Տէրը երկուքն ալ նոյն ձեւով կը գովէ, ըսելով. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատթէոս 25։21)։

      1. Ծառայ մը դրամով լեցուն տոպրակ մը կը պահէ գետնին տակը. 2. Նոյն ծառան դուրս կը նետուի մթութեան մէջ։

      Բայց մէկ տաղանդ ստացող ծառային պարագան տարբեր է։ Ան իր տիրոջ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի» (Մատթէոս 25։24, 25)։ Ան դրամը նոյնիսկ սեղանաւորներուն չէր տուած, որ գոնէ իր տիրոջ շահ մը բերէր։ Իրողութիւնը այն է որ ան իր տիրոջ վնաս բերած էր։

      Անոր համար տէրը իրեն կ’ըսէ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ»։ Ան իրմէ կ’առնէ ինչ որ իրեն վստահուած էր եւ ժրաջան ծառային կու տայ։ Ետքը տէրը իր սկզբունքը կը նշէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի» (Մատթէոս 25։26, 29)։

      Յիսուսին աշակերտները կը քարոզեն։

      Այս առակը կարեւոր դասեր կը պարփակէ Յիսուսի աշակերտներուն համար։ Անոնք կը տեսնեն որ այն ինչ որ Յիսուս իրենց կը վստահի, այսինքն աշակերտելու առանձնաշնորհումը, շատ մեծ արժէք ունի։ Եւ ան կ’ակնկալէ որ այդ գործին մէջ ժրաջան ըլլան։ Բայց եւ այնպէս, ան չ’ակնկալեր որ նոյն չափով աշխատանք տանին այս գործին մէջ։ Ինչպէս յստակ է առակէն, ‘ամէն մէկը իր կարողութեանը չափ’ պէտք է իր լաւագոյնը տայ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ Յիսուս պիտի հաճի այն անհատին, որ ծոյլ է եւ իր լաւագոյնը չ’ըներ Տէրոջ ունեցուածքը աւելցնելու համար։

      Առաքեալները անկասկած կը քաջալերուին, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի»։

      • Տաղանդներուն առակին մէջ, ո՞վ կը ներկայացնէ տէրը եւ որո՞նք կը ներկայացնեն ծառաները։

      • Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ դասեր կը սորվեցնէ։

  • Երբ Յիսուս գայ, ոչխարներն ու այծերը պիտի դատէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Բոլոր ազգերէն մարդիկ երկինք կը նային՝ մինչ կը սպասեն Յիսուսին դատաստանին։

      ԴԱՍ 114

      Երբ Յիսուս գայ, ոչխարներն ու այծերը պիտի դատէ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 25։31-46

      • ՅԻՍՈՒՍ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅԾԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

      Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս դեռ նոր պատմած է տասը կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ Ան ինչպէ՞ս իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին նկատմամբ առաքեալներուն ուղղած հարցումին պատասխանը կ’եզրափակէ։ Ան կը պատմէ ոչխարներուն եւ այծերուն առակը։

      Ան այս առակը կը սկսի պատմել հետեւեալ խօսքերով. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի» (Մատթէոս 25։31)։ Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ ինքն է առակին գլխաւոր դերակատարը։ Ան շատ անգամ ինքզինք կոչած է՝ «Որդին մարդոյ» (Մատթէոս 8։20. 9։6. 20։18, 28)։

      Յիսուս իր փառաւոր աթոռին վրայ նստած՝ կը դատէ հաւատարիմները որպէս ոչխարներ։

      Այս առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։ Երբ Յիսուս հրեշտակներուն հետ «իր փառքովը գայ» եւ ‘իր փառաց աթոռը նստի’։ Ան արդէն ըսած էր, որ ‘Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ պիտի գայ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ եւ իր հրեշտակներուն հետ։ Ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ «Նեղութեան օրերէն յետոյ» (Մատթէոս 24։29-31. Մարկոս 13։26, 27. Ղուկաս 21։27)։ Ուրեմն, առակին մէջ նկարագրուածը պիտի կատարուի ապագային՝ երբ Յիսուս իր փառքով գայ։ Այդ ժամանակ ի՞նչ պիտի ընէ։

      Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ. . . Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը» (Մատթէոս 25։31-33)։

      Ոչխարներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’» (Մատթէոս 25։34)։ Թագաւորը ինչո՞ւ ոչխարներուն կը հաճի։

      Թագաւորը կը բացատրէ. «Անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։ Երբ այս ոչխարները՝ «արդարները»՝ հարց կու տան, թէ ի՛նչ կերպով այդ բարի բաները ըրին, ան կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթէոս 25։35, 36, 40, 46)։ Անոնք այս լաւ բաները չեն ըներ երկնքի մէջ, քանի որ հոն հիւանդ կամ անօթի մէկը չկայ։ Անոնք կ’օգնեն Քրիստոսի եղբայրներուն, հո՛ս՝ երկրի վրայ։

      Խումբ մը անհաւատարիմ մարդիկ կը դատուին որպէս այծեր։

      Ի՞նչ կարելի է ըսել այծերուն մասին, որոնք Թագաւորին ձախ կողմն են։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’» (Մատթէոս 25։41-43)։ Անոնք այս դատաստանին արժանի են, քանի որ երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն հետ ազնուութեամբ չվարուեցան։

      Առաքեալները Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն կը հասկնան, որ ոչխարներուն եւ այծերուն այս ապագայ դատաստանը վերջնական պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’։ Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 25։45, 46)։

      Այսպէս Յիսուս իր առաքեալներուն հարցումին կը պատասխանէ։ Եւ այս պատասխանը իր բոլոր հետեւորդները կը մղէ, որ մտածեն ու լրջօրէն քննեն իրենց կեցուածքը եւ գործերը։

      • Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, ո՞վ է «թագաւորը», եւ այս առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։

      • Յիսուս ինչո՞ւ ոչխարներուն պիտի հաճի։

      • Ի՞նչ բանի հիման վրայ ոմանք պիտի դատուին որպէս այծեր, եւ ի՞նչ ապագայ կը սպասէ ոչխարներուն եւ այծերուն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել