Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուս խոնարհութիւն կը սորվեցնէ վերջին Պասեքին ընթացքին
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով՝ անոնց խոնարհութեան մասին դաս կը սորվեցնէ։

      ԴԱՍ 116

      Յիսուս խոնարհութիւն կը սորվեցնէ վերջին Պասեքին ընթացքին

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։20 ՄԱՐԿՈՍ 14։17 ՂՈՒԿԱՍ 22։14-18 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։1-17

      • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՍԵՔԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

      • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼՈՎ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

      Յիսուսին տուած ուղղութեան հետեւելով՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս արդէն Երուսաղէմ են եւ Պասեքին պատրաստութիւնները կը տեսնեն։ Ետքը Յիսուս միւս տասը առաքեալներուն հետ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Երուսաղէմ։ Կէսօրէ ետք է, եւ արեւը կամաց–կամաց մայր կը մտնէ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Ձիթենեաց լեռնէն վար կ’իջնէ։ Ան իր յարութենէն առաջ, վերջին անգամ ըլլալով՝ ցերեկ աչքով այս լեռնէն կը նայի դէպի Երուսաղէմ։

      Քիչ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները կը հասնին քաղաք եւ կ’երթան հոն՝ ուր Պասեքի ընթրիքը պիտի ուտեն։ Անոնք մեծ վերնատունը կ’ելլեն։ Հոն արդէն ամէն բան պատրաստ է ընթրելու համար։ Յիսուս անհամբեր կը սպասէր այս առիթին, քանի որ կ’ըսէ. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ» (Ղուկաս 22։15)։

      Տարիներ առաջ, հրեաներուն մէջ սկսած էր սովորութիւն դառնալ, որ Պասեքի ժամանակ քանի մը գաւաթ գինի փոխանցել իրարու։ Երբ գաւաթներէն մէկը իր քովը կը հասնի, Յիսուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կ’ըսէ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ» (Ղուկաս 22։17, 18)։ Այս խօսքերով ան յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ իր մահը մօտ է։

      Ընթրած ժամանակնին, տարօրինակ բան մը կ’ըլլայ։ Յիսուս ոտքի կ’ելլէ, հանդերձները մէկ կողմ կը դնէ եւ անձեռոց մը կ’առնէ։ Ետքը տաշտի մը մէջ ջուր կը լեցնէ։ Սովորաբար տանտէ՛րը նախաքայլ կ’առնէ, որ իր հիւրերուն ոտքերը լուացուին, հաւանաբար ծառայի մը կողմէ (Ղուկաս 7։44)։ Այս առթիւ, տանտէր չկայ. անոր համար, Յիսուս ինք անոնց ոտքերը կը լուայ։ Առաքեալներէն ոեւէ մէկը կրնար այս նախաքայլը առնել, բայց մէկը չառաւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց մէջ դեռ մրցակցութեան ոգի կայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, անոնք կ’ամչնան որ Յիսո՛ւս այդ քայլը առնելով իրենց ոտքերը կը լուայ։

      Երբ Յիսուս Պետրոսին կը մօտենայ անոր ոտքերը լուալու, Պետրոս կ’ըսէ. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ Պետրոս կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ Յիսուսին պատասխանը թերեւս Պետրոսը կը զարմացնէ. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ» (Յովհաննէս 13։8-10)։

      Յիսուս 12–ին ոտքերը կը լուայ, մէջը ըլլալով Յուդա Իսկարիովտացիին ոտքերը։ Ան իր հանդերձները ետ կը հագնի եւ նորէն սեղան կը նստի ու անոնց կը հարցնէ. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։12-17)։

      Ան ի՜նչ աղուոր դաս կը սորվեցնէ խոնարհութեան մասին։ Յիսուսին հետեւորդները պէտք չէ ձգտին առաջինը ըլլալ, կարծելով որ իրենք կարեւոր են եւ ուրիշները պէտք է իրենց ծառայեն։ Անոնք պէտք է հետեւին Յիսուսի օրինակին։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ անոնք ոտքեր լուալու արարողութիւն ընեն։ Կէտը այն է, որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան խոնարհութեամբ եւ անաչառութեամբ ուրիշներուն ծառայելու։

      • Պասեքի ընթրիքին ընթացքին, Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ կ’ըսէ, որ ցոյց կու տայ թէ իր մահը մօտ է։

      • Ինչո՞ւ տարօրինակ է, որ Յիսուս առաքեալներուն ոտքերը լուայ։

      • Առաքեալներուն ոտքերը լուալով, Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

  • Տէրունական ընթրիքը
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս Տէրունական ընթրիքը կը հաստատէ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ

      ԴԱՍ 117

      Տէրունական ընթրիքը

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։21-29 ՄԱՐԿՈՍ 14։18-25 ՂՈՒԿԱՍ 22։19-23 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։18-30

      • ՅԻՍՈՒՍ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ՈՐ ՅՈՒԴԱՆ Է ՄԱՏՆԻՉԸ

      • ՅԻՍՈՒՍ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ

      Կանուխ երեկոյեան, Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով՝ սորվեցուցած էր որ խոնարհ ըլլան։ Իսկ հիմա, ակներեւաբար Պասեքի ընթրիքէն ետք, ան Դաւիթի մարգարէական խօսքերը կը մէջբերէ. «Իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի, իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց»։ Ետքը կը բացատրէ. «Ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ» (Սաղմոս 41։9. Յովհաննէս 13։18, 21)։

      Առաքեալները իրարու կը նային եւ ամէն մէկը կը սկսի հարցնել. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։ Նոյնիսկ Յուդա Իսկարիովտացին այդ հարցումը կը հարցնէ։ Պետրոս նշան կ’ընէ Յովհաննէսին, որ Յիսուսին ճիշդ քովը նստած է, որ փորձէ գիտնալ թէ մատնիչը ո՛վ է։ Յովհաննէսն ալ Յիսուսին աւելի մօտենալով՝ կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան» (Մատթէոս 26։22. Յովհաննէս 13։25)։

      Յիսուս կը պատասխանէ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Ան հացը պնակի մը մէջ կը թաթխէ եւ Յուդային կու տայ ու կ’ըսէ. «Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար» (Յովհաննէս 13։26. Մատթէոս 26։24)։ Ետքը Սատանան Յուդային մէջ կը մտնէ։ Յուդան, որուն միտքն ու սիրտը արդէն ապականած են, կ’երթայ Սատանային կամքը ընելու եւ այսպիսով կը դառնայ՝ «կորստեան որդին» (Յովհաննէս 6։65, 71. 12։4. 17։12)։

      Յիսուս Յուդային կ’ըսէ. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ Քանի՛ որ գանձանակը Յուդային հետն է, միւս առաքեալները կը խորհին որ Յիսուս իրեն կ’ըսէ՝ «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է», կամ կ’առաջարկէ որ «աղքատներուն բան մը տայ» (Յովհաննէս 13։27-30)։ Մինչդեռ Յուդան կ’երթայ Յիսուսը մատնելու։

      Յուդան մեկնելէ ետք, Յիսուս կը հաստատէ Տէրունական ընթրիքը։ Ան հացը կ’առնէ, շնորհակալական աղօթք մը կ’ընէ, հացը կը կտրէ եւ իր առաքեալներուն կու տայ, որ ուտեն։ Ան կ’ըսէ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Առաքեալները հացը իրարու կը փոխանցեն եւ անկէ կ’ուտեն։

      Ետքը Յիսուս գինիի գաւաթ մը կ’առնէ, շնորհակալական աղօթք մը կ’ընէ եւ առաքեալներուն կը փոխանցէ։ Բոլորը այդ գաւաթէն կը խմեն, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկաս 22։20)։

      Այսպէս՝ Յիսուս կը հաստատէ իր մահուան Յիշատակատօնը, որ իր հետեւորդները պէտք է ամէն տարի նիսան 14–ին տօնեն։ Ատիկա անոնց պիտի յիշեցնէ, որ Յիսուսն ու իր Հայրը ի՛նչ ըրին, որպէսզի հաւատացեալ մարդիկ ազատին մեղքին ու մահուան դատապարտութենէն։ Այս տօնակատարութիւնը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան՝ հրեաներուն Պասեքը, քանի որ մարդոց ուշադրութիւնը կը դարձնէ Յիսուսի մահուան, որ հաւատացեալ մարդոց յաւիտենական ազատում պիտի տայ։

      Յիսուս կ’ըսէ որ իր արիւնը «պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար»։ Անոնց մէջ կան հաւատարիմ առաքեալներն ու աշակերտները։ Անո՛նք են որ Յիսուսին հետ պիտի ըլլան իր Հօրը Թագաւորութեան մէջ (Մատթէոս 26։28, 29)։

      • Յիսուս ո՞ր մարգարէութիւնը կը մէջբերէ, եւ ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ։

      • Յիսուս Յուդային ի՞նչ կ’ըսէ, իսկ առաքեալները ի՞նչ կը հասկնան։

      • Յիսուս ի՞նչ տօնակատարութիւն կը հաստատէ, եւ ատիկա ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։

  • Առաքեալները կը վիճին թէ ո՛վ աւելի մեծ է
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուսին առաքեալները կը վիճին թէ իրենց մէջ ո՛վ աւելի մեծ է

      ԴԱՍ 118

      Առաքեալները կը վիճին թէ ո՛վ աւելի մեծ է

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։31-35 ՄԱՐԿՈՍ 14։27-31 ՂՈՒԿԱՍ 22։24-38 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։31-38

      • ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՐԱՏ ԿՈՒ ՏԱՅ

      • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԸՍԷ ՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԶԻՆՔ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱՆԱՅ

      • ՍԷՐԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

      Իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին երեկոյեան, Յիսուս խոնարհութեան մասին կարեւոր դաս սորվեցուցած է՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Ատիկա ինչո՞ւ տեղին է։ Քանի որ ցոյց տուած են որ տկարութիւն մը ունին։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ նուիրուած են, դեռ մտահոգուած են թէ իրենց մէջ ո՛վ աւելի մեծ է (Մարկոս 9։32, 33. 10։35-37)։ Անոնց տկարութիւնը նորէն մէջտեղ կ’ելլէ աս երեկոյ։

      Առաքեալներուն մէջ ‘վէճ մը կ’ըլլայ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի’ (Ղուկաս 22։24)։ Յիսուս որքա՜ն տխրած ըլլալու է, որ անոնք նորէ՛ն կը վիճին։ Ի՞նչ կ’ընէ։

      Ան առաքեալները չի յանդիմաներ անոնց սխալ մտածելակերպին եւ վարքին համար, հապա համբերութեամբ կը տրամաբանէ անոնց հետ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք. . . Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը»։ Յետոյ իրենց կը յիշեցնէ իր օրինակը՝ ըսելով. «Սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ» (Ղուկաս 22։25-27)։

      Հակառակ անոր որ առաքեալները թերութիւններ ունին, անոնք հաւատարմօրէն Յիսուսին կողմը դիրք բռնած են դժուար պարագաներու մէջ։ Անոր համար, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց» (Ղուկաս 22։29)։ Անոնք իր հաւատարիմ հետեւորդներն են։ Եւ զիրենք կը վստահեցնէ որ իր ըրած ուխտին միջոցաւ, Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլան եւ իրեն հետ պիտի թագաւորեն։

      Թէեւ առաքեալները հոյակապ ապագայ ունին, բայց դեռ երկրի վրայ կ’ապրին եւ անկատար են։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ» (Ղուկաս 22։31)։ Ան նաեւ կը զգուշացնէ. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’» (Մատթէոս 26։31. Զաքարիա 13։7)։

      Պետրոսը ամենայն վստահութեամբ կ’առարկէ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ» (Մատթէոս 26։33)։ Յիսուս Պետրոսին կ’ըսէ, որ այդ գիշեր աքլորը երկու անգամ չկանչած, զինք պիտի ուրանայ։ Բայց Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես» (Ղուկաս 22։32)։ Իսկ Պետրոս կը պնդէ. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26։35)։ Միւս առաքեալներն ալ նոյն բանը կ’ըսեն։

      Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։33-35)։

      Լսելէ ետք որ Յիսուս քիչ ժամանակ իրենց հետ պիտի մնայ, Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ Պետրոս շուարած կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ» (Յովհաննէս 13։36, 37)։

      Հիմա Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ Գալիլիոյ մէջ իր առաքեալները ղրկեց քարոզելու՝ առանց դրամ կամ ուտելիքի պարկ ունենալու (Մատթէոս 10։5, 9, 10)։ Անոնց կը հարցնէ. «Բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոչ մէկ բանի»։ Յետոյ Յիսուս գալիք օրերուն նկատմամբ անոնց կ’ըսէ. «Հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է» (Ղուկաս 22։35-37)։

      Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ զինք ցիցին վրայ պիտի գամեն չարագործներու, այսինքն՝ անօրէններու հետ։ Անկէ ետք, իր հետեւորդները խիստ հալածանք պիտի դիմագրաւեն։ Առաքեալները կը կարծեն որ պատրաստ են ու կ’ըսեն. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Հերիք են» (Ղուկաս 22։38)։ Իրենց հետ երկու սուր ունենալը քիչ ետք Յիսուսին առիթ պիտի տայ, որ անոնց ուրիշ կարեւոր դաս մը սորվեցնէ։

      • Առաքեալները ինչո՞ւ իրարու հետ կը վիճին, եւ Յիսուս հարցը ինչպէ՞ս նկատի կ’առնէ։

      • Իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ Յիսուսին ըրած ուխտին միջոցաւ ի՞նչ բան պիտի իրագործուի։

      • Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ, երբ Պետրոս ինքնավստահութեամբ կը խօսի։

  • Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս վերնատան մէջ՝ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ

      ԴԱՍ 119

      Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է

      ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 14։1-31

      • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԹԱՅ ՈՐ ՏԵՂ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

      • ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՕԳՆԱԿԱՆ ՂՐԿԵԼ

      • ՀԱՅՐԸ ՅԻՍՈՒՍԷՆ ՄԵԾ Է

      Տէրունական ընթրիքէն ետք, Յիսուս տակաւին վերնատան մէջ է իր առաքեալներուն հետ, եւ զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք» (Յովհաննէս 13։36. 14։1)։

      Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ մտահոգուին որ ինք կ’երթայ, ըսելով. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. . . եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ Բայց առաքեալները չեն ըմբռներ, որ երկինք երթալու մասին կը խօսի։ Թովմաս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ» (Յովհաննէս 14։2-5)։

      «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», Յիսուս կը պատասխանէ։ Միայն Յիսուսը եւ անոր սորվեցուցածները ընդունելով եւ իր կեանքի ընթացքը ընդօրինակելով է, որ մէկը կրնայ իր Հօր երկնային բնակարանը մտնել։ Ան կ’ըսէ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։

      Փիլիպպոս, որ Յիսուսին ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, կը խնդրէ. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։ Այնպէս կ’երեւի որ Փիլիպպոս կ’ուզէ, որ Աստուած ձեւով մը ինքզինք յայտնէ իրենց, ինչպէս որ տեսիլքներով ինքզինք յայտնած էր Մովսէսին, Եղիային եւ Եսայիին։ Բայց առաքեալները այդպիսի տեսիլքներէ աւելի լաւ բան մը ունին։ Յիսուս ատիկա կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ Յիսուս իր Հօր անձնաւորութիւնը կատարելապէս կ’արտացոլէ։ Անոր համար Յիսուսին հետ ապրիլը եւ իր օրինակը տեսնելը հաւասար է Հայրը տեսնելուն։ Անշուշտ, Հայրը Որդիէն մեծ է. եւ Յիսուս այդ կէտը կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհաննէս 14։8-10))։ Առաքեալները յստակ կերպով կրնան տեսնել, թէ Յիսուս իր սորվեցուցած բաներուն ամբողջ վարկը իր Հօրը կու տայ։

      Առաքեալները տեսած են թէ Յիսուս ինչպէ՛ս սքանչելի գործեր կ’ընէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէ։ Հիմա ան անոնց կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ» (Յովհաննէս 14։12)։ Ան ըսել չ’ուզեր որ անոնք իրմէ աւելի մեծ հրաշքներ պիտի ընեն. հապա թէ անոնք պիտի քարոզեն աւելի երկար ժամանակ, շա՛տ աւելի շրջաններու մէջ եւ աւելի շատ մարդոց։

      Իր երթալէն ետք, Յիսուս զանոնք առանձին պիտի չձգէ։ Ան կը խոստանայ. «Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ»։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ. «Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին» (Յովհաննէս 14։14, 16, 17)։ Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ, որ պիտի ստանան սուրբ հոգին, այս միւս «մխիթարիչ»ը կամ օգնականը։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ Պէնտէկոստէին։

      Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք» (Յովհաննէս 14։19)։ Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս մարմնով անոնց պիտի յայտնուի, եւ որոշ ժամանակ ետք, նշանակուած ժամանակին, անոնց յարութիւն պիտի տայ որպէս հոգեղէն արարածներ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան երկնքի մէջ։

      Հիմա Յիսուս ճշմարտութիւն մը կը նշէ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ Այն ատեն Յուդա առաքեալը, որ նաեւ Թադէոս կը կոչուի, կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ. . . Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր» (Յովհաննէս 14։21-24)։ Իր հետեւորդներուն հակառակը, աշխարհը չ’ընդունիր որ Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է։

      Յիսուս քիչ ժամանակ ետք պիտի երթայ. աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի յիշեն բոլոր այն բաները որ սորվեցուց։ Յիսուս կը բացատրէ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ Առաքեալները տեսած են որ Յիսուս ինչպէ՛ս սուրբ հոգիին միջոցաւ մեծ գործեր ըրած է։ Անոր համար այդ խօսքերը շատ մխիթարական են իրենց համար։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. . . Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ» (Յովհաննէս 14։26, 27)։ Աշակերտները պէտք չունին տակնուվրայ ըլլալու, քանի որ Յիսուսին Հայրը զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ պաշտպանէ։

      Շուտով անոնք պիտի տեսնեն, որ Աստուած կրնայ մարդիկ պաշտպանել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի» (Յովհաննէս 14։30)։ Սատանան կրցաւ մտնել Յուդային մէջ եւ անոր ազդել։ Բայց Յիսուս չունի տկարութիւն մը, որ Սատանան կրնայ օգտագործել՝ զինք Աստուծոյ դէմ հանելու համար։ Սատանան նոյնիսկ կարողութիւն չունի Յիսուսը մահուան կապանքներուն մէջ պահելու։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ»։ Ուրեմն ան վստահ է, որ իր Հայրը յարութիւն պիտի տայ իրեն (Յովհաննէս 14։31)։

      • Յիսուս ո՞ւր պիտի երթայ, եւ ինչպէ՞ս կը պատասխանէ Թովմասի հարցումին։

      • Այնպէս կ’երեւի որ Փիլիպպոս ի՞նչ կը խնդրէ Յիսուսէն։

      • Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընեն։

      • Հայրը Յիսուսէն մեծ ըլլալը ի՞նչ երաշխիք կու տայ Յիսուսին։

  • Պտուղ բերել եւ Յիսուսին բարեկամը ըլլալ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս իր առաքեալներուն հետ կը խօսի, մինչ վերնատունէն դուրս կու գան

      ԴԱՍ 120

      Պտուղ բերել եւ Յիսուսին բարեկամը ըլլալ

      ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 15։1-27

      • ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ ԵՒ ՃԻՒՂԵՐԸ

      • ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄՆԱԼ ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅՆ ՄԷՋ

      Յիսուս սրտբաց խօսակցութեամբ իր հաւատարիմ առաքեալները քաջալերած է։ Հիմա ուշ գիշեր է, թերեւս կէս գիշերը անց է։ Յիսուս իրենց կը պատմէ առակ մը, որ գործի կը մղէ։

      Ան կ’ըսէ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է» (Յովհաննէս 15։1)։ Այս առակը կը նմանի դարեր առաջ իսրայէլ ազգին մասին ըսուածին, թէ ատիկա Եհովային որթատունկն է (Երեմիա 2։21. Ովսէէ 10։1, 2)։ Բայց Եհովան այդ ազգը մերժելու վրայ է (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոր համար հիմա Յիսուս նոր գաղափար մը կը ներկայացնէ։ Ան կ’ըսէ որ ինք այն որթը կամ որթատունկն է, որ իր Հայրը կը մշակէ Ք.Ե. 29–էն սկսեալ, երբ սուրբ հոգիով օծեց զինք։ Բայց Յիսուս ցոյց կու տայ, որ որթատունկը միայն զինք չի ներկայացներ, երբ կ’ըսէ.

      «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, [իմ Հայրս] կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ . . . Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք» (Յովհաննէս 15։2-5)։

      Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն խոստացաւ, որ իր երթալէն ետք օգնական մը պիտի ղրկէ՝ սուրբ հոգին։ 51 օր ետք, երբ առաքեալները եւ ուրիշներ սուրբ հոգին կը ստանան, այդ որթատունկին ճիւղերը կը դառնան։ Եւ բոլոր «ճիւղերը» պէտք է Յիսուսին հետ միութեան մէջ մնան։ Բայց ի՞նչ բան իրագործելու համար։

      Ան կը բացատրէ. «Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։ Այս «ճիւղերը»,– իր հաւատարիմ հետեւորդները,– շատ պտուղ պիտի բերեն, Յիսուսին յատկութիւնները ընդօրինակելով, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն քարոզելով եւ աւելի անհատներ աշակերտելով։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ մէկը Յիսուսին հետ միութեան մէջ չմնայ եւ պտուղ չբերէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած եւ չորցած է»։ Միւս կողմէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի» (Յովհաննէս 15։5-7)։

      Հիմա Յիսուս նորէն կը շեշտէ իր պատուէրները պահելու կարեւորութիւնը, որուն մասին արդէն երկու անգամ յիշած է (Յովհաննէս 14։15, 21)։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ Ետքը կ’ըսէ թէ աշակերտները ի՛նչ գլխաւոր կերպով կրնան ցոյց տալ, որ իր պատուէրները կը պահեն. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհաննէս 15։10-14)։

      Քանի մը ժամ ետք, Յիսուս իր սէրը պիտի դրսեւորէ՝ իր կեանքը տալով անոնց համար, որոնք իրեն կը հաւատան։ Իր օրինակը պէտք է մղէ իր հետեւորդները, որ իրենք ալ անձնազոհ սէր ցուցաբերեն իրարու հանդէպ։ Այդ սէրն է որ պիտի բնորոշէ Յիսուսին հետեւորդները, ինչպէս որ Յիսուս քիչ առաջ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։

      Ուշադրութեան արժանի է, որ Յիսուս իր առաքեալները «բարեկամներ» կ’անուանէ, եւ պատճառը կու տայ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ Իրապէս թանկարժէք բան է՝ Յիսուսին մտերիմ բարեկամը ըլլալ եւ գիտնալ բոլոր այն բաները, որոնք Հայրը իրեն ըսած է։ Բայց այդ փոխյարաբերութիւնը վայելելու համար, պէտք է շարունակեն ‘պտուղ բերել’։ Այսպիսով, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘իր անունով ինչ որ Հօրմէն խնդրեն, իրենց պիտի տայ’ (Յովհաննէս 15։15, 16)։

      Աշակերտներուն միջեւ եղած սէրը իրենց պիտի օգնէ, որ գալիք դժուարութիւններուն տոկան։ Յիսուս կը զգուշացնէ, որ աշխարհը զանոնք պիտի ատէ, եւ կը մխիթարէ՝ ըսելով. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք. . . անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ» (Յովհաննէս 15։18, 19)։

      Յիսուս կը շարունակէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, ըսելով. «Այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց»։ Ան ցոյց կու տայ, որ իր ըրած հրաշքները կը դատապարտեն զինք ատողները, երբ կ’ըսէ. «Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ»։ Իրականութեան մէջ, անոնց ատելութիւնը դարեր առաջ մարգարէացուած էր (Յովհաննէս 15։21, 24, 25. Սաղմոս 35։19. 69։4)։

      Յիսուս նորէն կը խոստանայ ղրկել օգնականը՝ սուրբ հոգին։ Իր բոլոր հետեւորդները կրնան այդ հզօր ուժը ստանալ եւ ատիկա կրնայ օգնել որ պտուղ բերեն, այսինքն՝ ‘վկայեն’ (Յովհաննէս 15։27)։

      • Ո՞վ է մշակը, ո՞վ է որթատունկը եւ որո՞նք են ճիւղերը։

      • Աստուած ի՞նչ «պտուղ» կ’ակնկալէ «ճիւղեր»էն։

      • Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս կրնան իր բարեկամները ըլլալ, եւ ի՞նչը իրենց պիտի օգնէ, որ աշխարհի ատելութեան հետ գլուխ ելլեն։

  • «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Առաքեալները կը մտահոգուին, մինչ Յիսուս անոնց զգուշացում կու տայ

      ԴԱՍ 121

      «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

      ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 16։1-33

      • ՔԻՉ ԵՏՔ ԱՅԼԵՒՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԵՆ

      • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ

      Յիսուսը եւ իր առաքեալները կը պատրաստուին դուրս ելլելու վերնատունէն, ուր Պասեքի ընթրիքը ունեցան։ Յիսուս իրենց կարեւոր խրատներ տուած է։ Իսկ հիմա կ’ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք»։ Այս զգուշացումը ինչո՞ւ յարմար է։ Ան կ’ըսէ. «Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» (Յովհաննէս 16։1, 2)։

      Այս խօսքերը թերեւս կը ցնցեն ու կը մտահոգեն առաքեալները։ Թէեւ Յիսուս իրենց ըսած էր, որ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, բայց ուղղակի չէր ըսած որ ոմանք պիտի սպաննուին։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի» (Յովհաննէս 16։4)։ Իսկ հիմա, մեկնելէ առաջ, զանոնք կը զգուշացնէ։ Ասիկա յետագային կրնայ օգնել որ չգայթակղին։

      Յիսուս կը շարունակէ. «Ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’»։ Այդ երեկոյ, առաքեալները իրեն հարցուցած էին, թէ ո՛ւր պիտի երթար (Յովհաննէս 13։36. 14։5. 16։5)։ Բայց հիմա, հալածանքի մասին լսելէ ետք, տրտմութիւնը զիրենք կը պատէ։ Այդ պատճառով, Յիսուսին չեն հարցներ որ ի՛նչ փառքի պիտի արժանանայ եւ ատիկա ի՛նչ անդրադարձ պիտի ունենայ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ։ Այս մէկը նկատելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուեցան» (Յովհաննէս 16։6)։

      Յետոյ Յիսուս կը բացատրէ. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ» (Յովհաննէս 16։7)։ Աշակերտները կրնան սուրբ հոգին ստանալ միայն եթէ Յիսուս մահանայ եւ երկինք երթայ։ Ան սուրբ հոգին պիտի ղրկէ որպէս օգնական իր հետեւորդներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան։

      Սուրբ հոգին «աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար» (Յովհաննէս 16։8)։ Այո, սուրբ հոգիին շնորհիւ յստակ պիտի դառնայ, որ աշխարհը հաւատք չունի Աստուծոյ Որդիին հանդէպ։ Երբ Յիսուս երկինք համբառնայ, պիտի փաստուի անոր արդարութիւնը եւ յստակ պիտի դառնայ, որ ինչո՛ւ Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը», դատապարտութեան արժանի է (Յովհաննէս 16։11)։

      Յիսուս կը շարունակէ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։ Երբ սուրբ հոգին անոնց վրայ թափուի, զանոնք պիտի առաջնորդէ որ ‘ամբողջ ճշմարտութիւնը’ հասկնան եւ անոր համաձայն ապրին (Յովհաննէս 16։12, 13)։

      Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք»։ Ասիկա առաքեալները կը շփոթեցնէ։ Անոնք իրարու կը հարցնեն, որ ան ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Նկատելով թէ ասոր մասին հարցման նշաններ ունին, Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’» (Յովհաննէս 16։16, 20)։ Երբ Յիսուս կէսօրէ ետք կը սպաննուի, կրօնական առաջնորդները կ’ուրախանան, իսկ իր աշակերտները կը տրտմին։ Անոնց տրտմութիւնը ուրախութեան կը փոխուի, երբ Յիսուս յարութիւն կ’առնէ։ Եւ այդ ուրախութիւնը կը շարունակուի, երբ անոնց վրայ կը թափէ Աստուծոյ սուրբ հոգին։

      Յիսուս առաքեալներուն վիճակը կը համեմատէ յղի կնոջ մը վիճակին հետ, որ ծննդաբերութեան ցաւեր կը քաշէ։ Ան կ’ըսէ. «Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ»։ Ան զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ» (Յովհաննէս 16։21, 22)։

      Մինչեւ հիմա, առաքեալները բան մը չեն խնդրած Յիսուսին անունով։ Իսկ հիմա Յիսուս կ’ըսէ. «Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Հայրը կը տատամսի անոնց խնդրանքներուն պատասխանելու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ» (Յովհաննէս 16։26, 27)։

      Յիսուսի քաջալերական խօսքերը կը մղեն առաքեալները, որ համարձակութեամբ ըսեն. «Ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։ Այդ համոզումը շուտով փորձի պիտի ենթարկուի։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ այն ինչ որ շուտով տեղի պիտի ունենայ. «Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք»։ Բայց զանոնք կը վստահեցնէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհաննէս 16։30-33)։ Ոչ, Յիսուս զանոնք երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Ան վստահ է որ անոնք ալ կրնան աշխարհին յաղթել՝ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարելով, հակառակ անոր որ Սատանան եւ իր աշխարհը ջանք պիտի թափեն, որ անոնց ուղղամտութիւնը բեկանեն։

      • Յիսուսին ո՞ր խօսքերը առաքեալները կը մտահոգեն։

      • Առաքեալները ինչո՞ւ յաւելեալ հարցումներ չեն հարցներ Յիսուսին։

      • Յիսուս ինչպէ՞ս կը բացատրէ, որ առաքեալներուն տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։

  • Յիսուսին փակման աղօթքը վերնատան մէջ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս իր աչքերը դէպի երկինք կը վերցնէ եւ իր առաքեալներուն առջեւ կ’աղօթէ։

      ԴԱՍ 122

      Յիսուսին փակման աղօթքը վերնատան մէջ

      ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։1-26

      • ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

      • ԵՀՈՎԱՆ, ՅԻՍՈՒՍԸ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՆ

      Յիսուս իր առաքեալներուն հանդէպ խոր սէրէ մղուած՝ զանոնք կը պատրաստէր որ մօտ օրէն պիտի մեկնի։ Ան իր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէ եւ իր Հօր կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ, որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր» (Յովհաննէս 17։1, 2)։

      Յիսուս յստակօրէն գիտէ, որ ամէնէն կարեւոր բանն է՝ Աստուած փառաւորել։ Բայց ան մխիթարական բան մըն ալ կը նշէ՝ յաւիտենական կեանք ստանալու հեռանկարը։ Քանի՛ որ ան «իշխանութիւն» ունի «ամէն մարմնի վրայ», կրնայ մարդոց առջեւ առիթ բանալ, որ իր զոհէն օգուտներ քաղեն։ Բայց ոչ բոլոր մարդիկը այդ օրհնութիւնը պիտի վայելեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի փրկանքէն պիտի օգտուին միայն անոնք՝ որոնք կը վարուին Յիսուսի յաջորդ խօսքին համաձայն. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։

      Անհատ մը պէտք է թէ՛ Հայրը եւ թէ Որդին լաւ ճանչնայ եւ անոնց հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Ան պէտք է անոնց տեսակէտը ունենայ տարբեր նիւթերու նկատմամբ եւ ջանք թափէ որ ուրիշներու հետ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորէ Հօր ու Որդիին իւրայատուկ յատկութիւնները։ Ասկէ զատ, անհատը պէտք է հասկնայ որ Աստուած փառաւորելը աւելի կարեւոր է քան յաւիտենական կեանք ստանալը։ Յիսուս կը շարունակէ ասոր մասին աղօթել.

      «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի» (Յովհաննէս 17։4, 5)։ Այս խօսքերով, Յիսուս իր Հօրմէն կը խնդրէ, որ յարութեան միջոցաւ ետ ձեռք ձգէ իր երկնային փառքը։

      Յիսուս նաեւ կը յիշէ այն ինչ որ իր ծառայութեամբ իրագործած է, երբ իր աղօթքին մէջ կ’ըսէ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին» (Յովհաննէս 17։6)։ Յիսուս իր ծառայութեան մէջ Աստուծոյ անունը գործածելէն աւելի՛ն ըրաւ։ Ան իր առաքեալներուն օգնեց որ ճանչնան Եհովան, անոր յատկութիւնները եւ մարդոց հետ անոր սիրալիր ու ազնիւ գործառնութիւնները։

      Առաքեալները ճանչցած են Եհովան, գիտցած են թէ Յիսուս ի՛նչ նպատակով երկիր եկաւ եւ լսած են իր սորվեցուցածները։ Հիմա ան իր աղօթքին մէջ խոնարհաբար կ’ըսէ. «Այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յովհաննէս 17։8)։

      Ետքը մասնաւորաբար իր աշակերտներուն համար կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։ . . .Ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։ . . .Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին», այսինքն՝ Յուդա Իսկարիովտացին, որ Յիսուսը պիտի մատնէ (Յովհաննէս 17։9-12)։

      «Աշխարհ զանոնք ատեց», Յիսուս կը շարունակէ աղօթել։ «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 17։14-16)։ Առաքեալները եւ միւս աշակերտները աշխարհի մէջ են,– այսինքն՝ Սատանային կառավարած մարդկային ընկերութեան մէջ,– բայց պէտք է աշխարհէն եւ ատոր մէջի չարութենէն անջատ մնան։ Ինչպէ՞ս։

      Անոնք պէտք է իրենք զիրենք սուրբ պահեն, այսինքն՝ Աստուծոյ ծառայելով զբաղած մնան, գործադրելով Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջի ճշմարտութիւնները եւ Յիսուսին սորվեցուցած ճշմարտութիւնները։ Յիսուս կ’աղօթէ. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Ժամանակի ընթացքին, առաքեալներէն ոմանք պիտի գրեն Աստուծմէ ներշնչուած գիրքեր, որոնք «ճշմարտութեան» մէկ մասը պիտի դառնան եւ մարդոց օգնեն սուրբ ըլլալու։

      Առաքեալներէն զատ, ուրիշներ ալ ժամանակի ընթացքին պիտի ընդունին «ճշմարտութիւն»ը։ Անոր համար Յիսուս կ’ըսէ. «Միայն անոնց համար [իրեն հետ եղողներուն համար] չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան»։ Իսկ ի՞նչ կը խնդրէ բոլորին համար։ Ան կ’ըսէ. «Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան» (Յովհաննէս 17։20, 21)։ Յիսուսն ու իր Հայրը մէկ են այն իմաստով, որ մէկ կարծիք ունին բոլոր հարցերուն մէջ։ Ան կ’աղօթէ որ իր հետեւորդները այդ տեսակ միութիւն ունենան։

      Քիչ առաջ, Յիսուս Պետրոսին եւ միւսներուն ըսած էր, որ ինք կ’երթայ որ իրենց տեղ պատրաստէ ‘իր Հօր տան’ մէջ, այսինքն՝ երկինքը (Յովհաննէս 14։2, 3)։ Յիսուս հիմա նոյն կէտը կը նշէ իր աղօթքին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ» (Յովհաննէս 17։24)։ Այս խօսքերով, ան ցոյց կու տայ որ Աստուած երկար ժամանակ առաջ, Ադամն ու Եւան զաւակներ ունենալէ առաջ, արդէն կը սիրէր իր միածին Որդին, որ յետագային դարձաւ Յիսուս Քրիստոսը։

      Իր աղօթքը եզրափակելով, Յիսուս նորէն կը խօսի իր Հօր անուան մասին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ, թէ Աստուած կը սիրէ առաքեալները եւ անոնք՝ որոնք յետագային պիտի ընդունին «ճշմարտութիւն»ը։ Ան կ’ըսէ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհաննէս 17։26)։

      • Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած եւ իր Որդին ճանչնալ։

      • Ի՞նչ կերպերով Յիսուս Աստուծոյ անունը յայտնի ըրաւ։

      • Աստուած, իր Որդին եւ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ առումով մէկ են։

  • Յիսուս խորապէս տրտմած՝ կ’աղօթէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս կ’աղօթէ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, մինչ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս կը քնանան։

      ԴԱՍ 123

      Յիսուս խորապէս տրտմած՝ կ’աղօթէ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։30, 36-46 ՄԱՐԿՈՍ 14։26, 32-42 ՂՈՒԿԱՍ 22։39-46 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։1

      • ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

      • ԱՆՈՐ ՔՐՏԻՆՔԸ ԱՐԻՒՆԻ ՄԵԾ ԿԱԹԻԼՆԵՐՈՒ ՊԷՍ Է

      Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ աղօթելէ ետք, միասնաբար օրհնութեան երգեր կ’երգեն եւ յետոյ Ձիթենեաց լեռը կ’երթան (Մարկոս 14։26)։ Անոնք կ’ուղղուին դէպի արեւելք՝ Գեթսեմանիի պարտէզը, ուր Յիսուս շատ անգամ կ’երթար։

      Երբ անոնք այդ գեղեցիկ տեղը կը հասնին ձիթենիներուն մէջ, Յիսուս իր առաքեալներէն ութին կ’ըսէ. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ Թերեւս անոնք պարտէզին մուտքը կը մնան։ Ան իր միւս երեք առաքեալները,– Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը,– կ’առնէ եւ պարտէզին ներսերը կը մտնէ։ Ան մեծապէս անհանգիստ ըլլալով՝ անոնց կ’ըսէ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք» (Մատթէոս 26։36-38)։

      Ան անոնցմէ քիչ մը կը հեռանայ եւ ‘իր երեսին վրայ գետին կ’իյնայ ու կ’աղօթէ’։ Իր այս վիճակին մէջ, ան ի՞նչ կ’աղօթէ։ Կ’ըսէ. «Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մարկոս 14։35, 36)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Արդեօք կը հրաժարի՞ Փրկարարի դերը կատարելէն։ Ո՛չ։

      Ան երկինքը եղած ժամանակ տեսած է որ հռոմայեցիներուն ձեռքով մահուան դատապարտուող մարդիկը ինչպէ՛ս կը չարչարուին։ Հիմա, որպէս մարդ կ’ապրի երկրի վրայ եւ գիտէ ի՛նչ ըսել է ցաւ զգալ, մտահոգուիլ եւ վախնալ։ Բայց Յիսուս ամէնէն շատ մտահոգ է, որ իր Հօր անուան նախատինք կրնայ գալ, քանի որ քանի մը ժամ ետք իբրեւ չարագործ պիտի սպաննուի, փայտէն կախուելով որպէս Աստուծոյ հայհոյող։

      Աստուծոյ երկար աղօթելէ ետք, Յիսուս կը վերադառնայ եւ իր երեք առաքեալները քնացած կը գտնէ։ Ան Պետրոսին կ’ըսէ. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Յիսուս կ’անդրադառնայ որ իր առաքեալներն ալ շատ ճնշումի տակ են եւ ժամը ուշ է. անոր համար ան կ’աւելցնէ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատթէոս 26։40, 41)։

      Ետքը Յիսուս երկրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ աղօթելու եւ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ «այս գաւաթը» իրմէ հեռացնէ։ Երբ կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ երեք առաքեալները նորէն քնացած են. մինչդեռ պէտք է աղօթեն որ փորձութեան մէջ չիյնան։ Մինչ Յիսուս անոնց կը խօսի, ‘չեն գիտնար թէ ի՞նչ պատասխան տան’ (Մարկոս 14։40)։ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ եւ ծունկի գալով կ’աղօթէ։

      Յիսուս շատ մտահոգուած է, թէ որպէս ոճրագործ մեռնիլը ի՜նչ նախատինք պիտի բերէ իր Հօր անուան վրայ։ Բայց Եհովան իր Որդիին աղօթքները մտիկ կ’ընէ եւ հրեշտակ մը կը ղրկէ, որպէսզի զինք զօրացնէ։ Ասով հանդերձ, Յիսուս չի դադրիր իր Հօր աղաչանքներ ներկայացնելէ։ Ընդհակառակը ան ‘աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք կ’ընէ’։ Զգացական գետնի վրայ, ան մեծ ճնշումի տակ է, քանի որ շա՛տ ծանր պատասխանատուութիւն ունի։ Թէ՛ իր եւ թէ հաւատացեալներուն յաւիտենական կեանքը վտանգի տակ է։ Այն ատեն, իր ‘քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս՝ գետինը կը թափուի’ (Ղուկաս 22։43, 44)։

      Երրորդ անգամ երբ իր առաքեալներուն քով կը վերադառնայ եւ զանոնք նորէն քնացած կը գտնէ, կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ» (Մատթէոս 26։45, 46)։

      ԻՐ ՔՐՏԻՆՔԸ ԱՐԻՒՆԻ ՄԵԾ ԿԱԹԻԼՆԵՐՈՒ ՊԷՍ Է

      Ղուկաս բժիշկը չի բացատրեր, թէ Յիսուսին քրտինքը ինչպէ՛ս ‘արիւնի կաթիլներու պէս’ դարձաւ (Ղուկաս 22։44)։ Կրնայ ըլլալ որ ան այլաբանօրէն կը նկարագրէր, որ Յիսուսին քրտինքը կը թափուէր այնպէս՝ ինչպէս արեան կաթիլները վէրքէ մը կը թափին։ Տոքթ. Ուիլիամ Տ. Էտուըրտզ ուրիշ տեսակէտ մը յայտնեց պարբերաթերթի մը մէջ։ Ան ըսաւ որ կարելի է որ մէկը արիւնախառն քրտինք (hematidrosis) ունենայ, թէեւ ասիկա շատ հազուադէպ երեւոյթ է։ Երբ անհատը դժուար պարագայի մէջ ըլլայ, այնքա՛ն զօրաւոր ճնշումի տակ կու գայ, որ բարակ երակները կը պայթին եւ արիւնը քրտինքին հետ կը խառնուի, եւ անանկ մէկ կ’երեւի որ անհատին քրտինքը արեան կաթիլներ են (The Journal of the American Medical Association [JAMA])։

      • Վերնատունէն դուրս գալէ ետք, Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ո՞ւր կ’երթայ։

      • Երեք առաքեալները ի՞նչ կ’ընեն մինչ Յիսուս կ’աղօթէ։

      • Յիսուսին քրտինքը արեան կաթիլներու պէս ըլլալը ի՞նչ կը յայտնէ իր զգացումներուն մասին։

  • Քրիստոս կը մատնուի եւ կը ձերբակալուի
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Յիսուս Պետրոսը կը յանդիմանէ, քանի որ ան սուրով Մաղքոսին ականջը կը կտրէ։ Զինուորները կազմ ու պատրաստ են Յիսուսը ձերբակալելու։

      ԴԱՍ 124

      Քրիստոս կը մատնուի եւ կը ձերբակալուի

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։47-56 ՄԱՐԿՈՍ 14։43-52 ՂՈՒԿԱՍ 22։47-53 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։2-12

      • ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՄԱՏՆԷ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

      • ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱԿԱՆՋԸ ԿԸ ԿՏՐԷ

      • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ

      Կէս գիշերը անց է։ Քահանաները Յուդային հետ համաձայնած են, որ Յիսուսը մատնելու փոխարէն 30 կտոր արծաթ պիտի վճարեն իրեն։ Հիմա Յուդան քահանայապետներէ եւ փարիսեցիներէ բաղկացած մեծ խումբի մը հետ կ’երթայ Յիսուսը փնտռելու։ Անոնց կ’ընկերակցին հռոմայեցի զինուորներու գունդ մը եւ հազարապետ մը։

      Այնպէս կ’երեւի որ Յուդան Պասեքի ընթրիքէն դուրս գալէ ետք, ուղղակի գացած է քահանայապետներուն քով (Յովհաննէս 13։27)։ Անոնք ալ իրենց սպասաւորները եւ զինուորներու գունդ մը հաւաքած են։ Կրնայ ըլլալ որ Յուդան նախ անոնց հետ վերնատունը գնաց, ուր Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնեց։ Բայց հիմա այս մեծ խումբը արդէն կտրած է Կեդրոն հեղեղատը եւ կ’ուղղուի դէպի պարտէզը։ Զէնքերէ զատ, անոնք իրենց հետ ունին ջահեր եւ լապտերներ, որպէսզի կարենան Յիսուսը գտնել։

      Յուդան այս խումբը կ’ուղղէ Ձիթենեաց լեռ։ Ան վստահ է որ գիտէ ո՛ւր գտնէ Յիսուսը։ Անցեալ շաբաթ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’երթար–կու գար, յաճախ կանգ կ’առնէր Գեթսեմանիի պարտէզը։ Բայց հիմա որ գիշեր է, զինուորները, որոնք թերեւս բնաւ Յիսուսը չեն տեսած, ինչպէ՞ս պիտի կարենան զինք ճանչնալ ձիթենիներուն մէջ։ Իրենց օգնելու համար, Յուդան նշան մը պիտի ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք» (Մարկոս 14։44)։

      Պարտէզին մէջ, Յուդան Յիսուսը առաքեալներուն հետ կը տեսնէ եւ ուղղակի իրեն մօտենալով կ’ըսէ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ» եւ զինք ջերմօրէն կը համբուրէ։ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն» (Մատթէոս 26։49, 50)։ Ետքը, իր հարցումին ինք պատասխանելով կ’ըսէ. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ» (Ղուկաս 22։48)։ Բայց Յիսուս այլեւս այդ մատնիչին հետ ուրիշ բան չի խօսիր։

      Ան առջեւ կ’երթայ եւ ջահերուն ու լապտերներուն լոյսին տակ կենալով կ’ըսէ. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Խումբը կը պատասխանէ. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ան քաջաբար կ’ըսէ. «Ե՜ս եմ» (Յովհաննէս 18։4, 5)։ Անոնք անակնկալի կու գան եւ ետեւ երթալով գետին կ’իյնան։

      Փոխանակ առիթէն օգտուելու եւ մթութեան մէջ փախչելու, Յիսուս նորէն կը հարցնէ, թէ ո՛վ կը փնտռեն։ Երբ անոնք կը պատասխանեն՝ «Նազովրեցի Յիսուսը», ան հանդարտ ոճով կ’ըսէ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Նոյնիսկ այս լարուած վիճակին մէջ, Յիսուս կը յիշէ ասկէ առաջ իր ըսածը, թէ անոնցմէ մէկը պիտի չկորսնցնէ (Յովհաննէս 6։39. 17։12)։ Այո, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալները պահպանած է եւ անոնցմէ մէկը չէ կորսուած բացի ‘կորստեան որդիէն’՝ Յուդայէն (Յովհաննէս 18։7-9)։ Անոր համար, Յիսուս այդ մեծ խումբէն կը խնդրէ, որ թոյլ տան որ իր հաւատարիմ առաքեալները երթան։

      Մինչ զինուորները Յիսուսին կողմը կ’ուղղուին, առաքեալները կ’անդրադառնան թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Անոր համար Յիսուսին կը հարցնեն. «Տէր, թուրով զարնե՞նք» (Ղուկաս 22։49)։ Յիսուս պատասխանելէ առաջ, Պետրոս երկու սուրերէն մէկը կ’առնէ եւ քահանայապետին ծառային՝ Մաղքոսին՝ աջ ականջը կը կտրէ։

      Յիսուս Մաղքոսին ականջին կը դպնայ ու կը բժշկէ։ Ետքը ան կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ՝ երբ Պետրոսին կ’ըսէ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ Յիսուս յօժար է որ ձերբակալուի, քանի որ կը բացատրէ. «Ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ» (Մատթէոս 26։52, 54)։ Ան կ’աւելցնէ. «Այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ» (Յովհաննէս 18։11)։ Յիսուս պատրաստ է իր Հօր կամքը ընելու եւ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու։

      Ան բազմութեան կ’ըսէ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը» (Մատթէոս 26։55, 56)։

      Այն ատեն զինուորները, հազարապետը եւ հրեայ սպասաւորները Յիսուսը կը բռնեն ու կը կապեն։ Ասիկա տեսնելով՝ առաքեալները կը փախչին։ Բայց «երիտասարդ մը», հաւանաբար Մարկոս աշակերտը, խումբին մէջ կը մնայ, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն երթայ (Մարկոս 14։51)։ Բայց երբ զինք կը ճանչնան ու կը փորձեն բռնել, իր կտաւէ հագուստը կը ձգէ ու կը փախչի։

      • Յուդա ինչո՞ւ Յիսուսը կը փնտռէ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։

      • Յիսուսը պաշտպանելու համար, Պետրոս ի՞նչ կ’ընէ, բայց Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։

      • Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ յօժար է իր Հօր կամքը ընելու։

      • Երբ առաքեալները կը փախչին, ո՞վ կը մնայ եւ ի՞նչ կը պատահի անոր։

  • Յիսուս նախ կը տարուի Աննային, ապա՝ Կայիափային
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Կայիափան հանդերձները կը պատռէ. ուրիշներ Յիսուսը կ’ապտակեն, ծաղր կ’ընեն եւ բռունցքով կը հարուածեն։

      ԴԱՍ 125

      Յիսուս նախ կը տարուի Աննային, ապա՝ Կայիափային

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։57-68 ՄԱՐԿՈՍ 14։53-65 ՂՈՒԿԱՍ 22։54, 63-65 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։13, 14, 19-24

      • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ ԱՆՆԱՅԻՆ ՔՈՎ

      • ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՆՕՐԷՆ ԴԱՏ ԿԸ ՎԱՐԷ

      Մէյ մը որ Յիսուսը ոճրագործի մը պէս կը կապեն, զինք կը տանին Աննային քով, որ քահանայապետ էր, երբ պատանի Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցիչները զարմացուց (Ղուկաս 2։42, 47)։ Աննային որդիներէն ոմանք յետագային ծառայեցին որպէս քահանայապետ։ Իսկ հիմա իր փեսան՝ Կայիափան՝ այդ պաշտօնը ստանձնած է։

      Մինչ Յիսուս Աննային տունն է, Կայիափան կը սկսի Սենետրիոնին անդամները հաւաքել։ Սենետրիոնը,– բարձրագոյն ատեանը,– կը բաղկանայ 71 անհատներէ, մէջը ըլլալով քահանայապետը եւ նախկին քահանայապետներ։

      Աննան Յիսուսին կը հարցնէ «իր աշակերտներուն ու վարդապետութեան» մասին։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց» (Յովհաննէս 18։19-21)։

      Սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած է, Յիսուսին ապտակ մը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ Բայց Յիսուս գիտնալով որ սխալ բան մը չըրաւ, կը պատասխանէ. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յովհաննէս 18։22, 23)։ Ետքը Աննան հրաման կու տայ որ Յիսուսը իր փեսային՝ Կայիափային՝ տանին։

      Արդէն Սենետրիոնի անդամները,– ներկայ քահանայապետը, ժողովուրդին ծերերը եւ դպիրները,– հաւաքուած են Կայիափային տան մէջ։ Պասեքին գիշերը դատ վարելը օրէնքին դէմ է, բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ անոնք իրենց չար ծրագիրը գործադրեն։

      Դժուար է այս մարդիկը անկողմնակալ սեպել։ Ղազարոսին յարութենէն ետք, Սենետրիոնը որոշեց որ Յիսուսը պէտք է մեռնի (Յովհաննէս 11։47-53)։ Եւ միայն քանի մը օր առաջ, կրօնական առաջնորդները հաւաքուեցան եւ որոշեցին Յիսուսը բռնել ու սպաննել (Մատթէոս 26։3, 4)։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ դատավարութիւնը չսկսած՝ արդէն Յիսուս մահուան դատապարտուած է։

      Անօրէն կերպով հաւաքուելէ զատ, քահանայապետները եւ Սենետրիոնի ուրիշ անդամներ կը փորձեն սուտ վկաներ բերել։ Անոնք շատեր կը գտնեն, բայց անոնց ըսածները իրարու կը հակասեն։ Վերջապէս երկու հոգի կու գան ու կ’ըսեն. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’» (Մարկոս 14։58)։ Ասոնց խօսքերն ալ իրար չեն բռներ։

      Կայիափան Յիսուսին կը հարցնէ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ» (Մարկոս 14։60)։ Յիսուս լուռ կը մնայ անոնց կեղծ մեղադրանքներուն դիմաց։ Անոր համար քահանայապետը ուրիշ քայլ մը կ’առնէ։

      Ան գիտէ որ հրեաները կը կատղին, երբ մէկը ինքն իր մասին ըսէ որ Աստուծոյ Որդի է։ Առիթով մը, երբ Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս իր Հայրը, հրեաները ուզեցին զինք սպաննել, քանի որ սեպեցին որ «ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր» (Յովհաննէս 5։17, 18. 10։31-39)։ Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով, Կայիափան խորամանկօրէն Յիսուսին կ’ըսէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ» (Մատթէոս 26։63)։ Անշուշտ, Յիսուս արդէն ըսած է որ Աստուծոյ Որդին է (Յովհաննէս 3։18. 5։25. 11։4)։ Բայց եթէ հիմա իր ըսածը չհաստատէ, ասիկա կրնայ նշանակել որ ինք կ’ուրանայ որ Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսն է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մարկոս 14։62)։

      Ասոր վրայ Կայիափան ցուցադրական կերպով իր հանդերձները կը պատռէ ու կ’ըսէ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Այդ վայրկեանին Սենետրիոնը կը յայտարարէ իր անարդար դատավճիռը. «Մահապարտ է» (Մատթէոս 26։65, 66)։

      Ետքը անոնք կը սկսին Յիսուսը ծաղր ընել եւ զինք բռունցքով հարուածել։ Ուրիշներ կ’ապտակեն եւ երեսին կը թքեն։ Ետքը, անոր դէմքը կը ծածկեն, կ’ապտակեն ու ծաղրանքով կ’ըսեն. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ» (Ղուկաս 22։64)։ Այսպէս, Աստուծոյ Որդին բռնութեան եւ անարդար ու անօրէն դատի զոհ կ’երթայ։

      • Յիսուս նախ ո՞ւր կը տարուի եւ իրեն ի՞նչ կը պատահի հոն։

      • Յիսուս ետքը ո՞ւր կը տարուի, եւ Կայիափան ինչպէ՞ս Սենետրիոնը կը մղէ որ Յիսուսը մահապարտ յայտարարեն։

      • Դատավարութեան ժամանակ ինչպէ՞ս կը վարուին Յիսուսի հետ։

  • Պետրոս Յիսուսը կ’ուրանայ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
    • Պատշգամէն Յիսուս կը նայի Պետրոսին երբ ան կ’ուրանայ զինք. ետեւը աքլորը կը տեսնուի։

      ԴԱՍ 126

      Պետրոս Յիսուսը կ’ուրանայ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 26։69-75 ՄԱՐԿՈՍ 14։66-72 ՂՈՒԿԱՍ 22։54-62 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։15-18, 25-27

      • ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

      Երբ Յիսուս կը ձերբակալուի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, առաքեալները վախնալով զինք մինակ կը ձգեն ու կը փախչին։ Բայց ետքը անոնցմէ երկուքը՝ Պետրոսը «եւ ուրիշ աշակերտ մը»՝ բացայայտօրէն Յովհաննէսը, կ’որոշեն երթալ Յիսուսին ետեւէն (Յովհաննէս 18։15. 19։35. 21։24)։ Անոնք հաւանաբար կը հասնին այն պահուն, երբ Յիսուս Աննային տունը կը տարուի։ Իսկ երբ Աննան Յիսուսը կը ղրկէ Կայիափա քահանայապետին, Պետրոսն ու Յովհաննէսը նորէն անոր կը հետեւին հեռուէն։ Անոնք թէ՛ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ, թէ ալ մտահոգ են որ իրենց Ուսուցիչին ի՛նչ պիտի պատահի։

      Քանի՛ որ Յովհաննէս քահանայապետին ծանօթ է, կը կարենայ մտնել Կայիափային տան գաւիթը։ Պետրոս դուրսը կը մնայ դրան մօտ։ Յովհաննէս կը վերադառնայ եւ կը խօսի այն աղջիկին հետ, որ կը ծառայէ որպէս դռնապան, եւ Պետրոսը ներս կը մտցնեն։

      Օդը ցուրտ է. անոր համար գաւիթին մէջ գտնուողները փայտածուխով կրակ կը վառեն։ Պետրոս անոնց հետ կը նստի տաքնալու համար մինչ կը սպասէ որ Յիսուսի դատավարութեան «վերջը տեսնէ» (Մատթէոս 26։58)։ Կրակին լոյսին տակ, դռնապան աղջիկը Պետրոսին դէմքը աւելի լաւ տեսնելով՝ կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես» (Յովհաննէս 18։17)։ Աղջիկը միակ անձը չէ որ կը ճանչնայ Պետրոսը որպէս Յիսուսի ընկերակից (Մատթէոս 26։69, 71-73. Մարկոս 14։70)։

      Ասիկա շատ կը վախցնէ եւ կը նեղացնէ Պետրոսը։ Անոր համար ան կ’ըսէ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս» (Մարկոս 14։67, 68)։ Ան նաեւ կը սկսի Յիսուսը ուրանալ խիստ բառերով, եւ կ’ըսէ թէ եթէ ինք սուտ կը խօսի, Աստուած զինք պիտի պատժէ (Մատթէոս 26։74)։

      Մինչ այդ Յիսուսին դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Այնպէս կ’երեւի որ այդ դատը տեղի կ’ունենայ Կայիափային տան այն մասին մէջ, որուն տակը գաւիթը կը գտնուի։ Պետրոս եւ ուրիշներ կրնան գաւիթէն տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր վկաներ կու գան–կ’երթան՝ Յիսուսին դէմ վկայելու։

      Պետրոսին խօսած կերպէն յստակ կը դառնայ որ գալիլիացի է. անոր համար իր շուրջինները կը գիտնան որ կը ստէ։ Ասկէ զատ, անոնց մէջ կայ մէկը, որ ազգական կու գայ Մաղքոսին, որուն ականջը Պետրոս սուրով կտրեց։ Այդ մարդը Պետրոսին կ’ըսէ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Երբ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուսը կ’ուրանայ, աքլորը կը կանչէ,– ինչպէս որ Յիսուս առաջուընէ ըսած էր (Յովհաննէս 13։38. 18։26, 27)։

      Այնպէս կ’երեւի որ այդ վայրկեանին Յիսուս կեցած է պատշգամը, որ գաւիթին կը նայի։ Ան կը դառնայ եւ ուղղակի Պետրոսին կը նայի, ինչ որ Պետրոսը կը ցնցէ։ Ան կը յիշէ, թէ Յիսուս իրեն ինչ ըսած էր միայն քանի մը ժամ առաջ՝ վերնատան մէջ։ Երեւակայէ թէ Պետրոս ի՜նչ խոր ցաւ կը զգայ, երբ կը գիտակցի թէ ինչ ըրաւ։ Ան դուրս կ’ելլէ եւ կը սկսի դառնօրէն լալ (Ղուկաս 22։61, 62)։

      Ինչպէ՞ս կարելի է որ ասիկա պատահի։ Ինչպէ՞ս Պետրոս,– որ շատ վստահ էր, թէ հոգեւորապէս զօրաւոր էր եւ հաւատարիմ էր,– իր Տէրը կ’ուրանայ։ Այդ պահուն, երբ Յիսուսին խօսքերը կը խեղաթիւրուէին եւ կը ներկայացուէր որպէս ոճրագործ, Պետրոս կրնար անմեղ Յիսուսին թիկունք կանգնիլ։ Բայց ան կռնակ դարձուց անոր, որ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունի (Յովհաննէս 6։69)։

      Պետրոսին պատահած այս ցաւալի դէպքէն կը տեսնենք, որ նոյնիսկ ամուր հաւատք ունեցող եւ Աստուծոյ նուիրուած անհատը կրնայ տեղի տալ, եթէ նախապատրաստուած չըլլայ անակնկալ փորձութիւններուն համար։ Թող որ Պետրոսին փորձառութիւնը ազդարարական օրինակ ըլլայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար։

      • Պետրոս ու Յովհաննէս ինչպէ՞ս կրցան մտնել Կայիափային տան գաւիթը։

      • Մինչ Պետրոս ու Յովհաննէս գաւիթն են, տան մէջ ի՞նչ կ’անցնի–կը դառնայ։

      • Պետրոս ի՞նչ երդում կ’ընէ։

      • Պետրոսին փորձառութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել