ԴԱՍ 1
Աստուած կը հրաւիրէ ձեզ որ իր բարեկամը ըլլաք
Աստուած կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաք։ Բնաւ ձեր մտքէն անցա՞ծ է որ կրնաք տիեզերքի մեծագոյն Անձնաւորութեան մէկ բարեկամը ըլլալ։ Անցեալին ապրած մարդ մը՝ Աբրահամ, Աստուծոյ բարեկամը կոչուած էր։ (Յակոբու 2։23) Ուրիշներ ալ, որոնց մասին խօսած է Աստուածաշունչը, Աստուծոյ բարեկամութիւնը վայելած եւ մեծապէս օրհնուած են։ Ներկայիս, աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ Աստուծոյ բարեկամները եղած են։ Դո՛ւք ալ կրնաք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։
Աստուծոյ բարեկամը ըլլալը, ոեւէ մարդու մը բարեկամը ըլլալէն նախընտրելի է։ Աստուած բնաւ յուսախաբ չ’ըներ իր հաւատարիմ բարեկամները։ (Սաղմոս 18։25) Աստուծոյ բարեկամը ըլլալը հարստութիւն ունենալէն նախընտրելի է։ Երբ հարուստ անհատ մը մեռնի, ուրիշներ կը տիրանան իր դրամին։ Բայց Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն վայելողները այնպիսի գանձ մը ունին, զոր ոե՛ւէ մէկը չի կրնար իրենցմէ խլել։—Մատթէոս 6։19
Ոմանք կրնան փորձել ձեզ ետ կեցնել Աստուծոյ մասին սորվելէ։ Թերեւս ասիկա ընողները ձեր բարեկամներէն ոմանք, կամ ձեր ընտանիքը ըլլան։ (Մատթէոս 10։36, 37) Եթէ ուրիշներ ձեզ ծաղրեն կամ ձեզի սպառնան, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ես զո՞վ կ’ուզեմ հաճեցնել։ Մարդի՞կ թէ՝ Աստուած’։ Օրինակ մը տանք. Եթէ մէկը ձեզի ըսէր որ այլեւս չուտէք, իրեն պիտի հնազանդէի՞ք։ Անշուշտ ո՛չ։ Ապրելու համար պէտք է ուտէք։ Բայց Աստուած կրնայ յաւիտեան ապրեցնել ձեզ։ Ուստի, բնաւ թոյլ մի՛ տաք որ ոեւէ մէկը ձեզի արգելք ըլլայ սորվելու թէ ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։—Յովհաննու 17։3