-
Յիսուս ո՛ղջ էՅիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
-
-
ԴԱՍ 134
Յիսուս ո՛ղջ է
ՄԱՏԹԷՈՍ 28։3-15 ՄԱՐԿՈՍ 16։5-8 ՂՈՒԿԱՍ 24։4-12 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։2-18
ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԱՌՆԷ
ԴԷՊՔԵՐ՝ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՄՕՏ
ՅԻՍՈՒՍ ԿԻՆԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ
Կիները շա՛տ կը ցնցուին, երբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Մարիամ Մագդաղենացին «անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր», այսինքն՝ Յովհաննէս առաքեալին քով (Յովհաննէս 20։2)։ Բայց միւս կիները հրեշտակ մը կը տեսնեն։ Իսկ գերեզմանին մէջ ուրիշ հրեշտակ մը կայ, որ «ճերմակ պատմուճան հագած» է (Մարկոս 16։5)։
Հրեշտակներէն մէկը անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ’» (Մատթէոս 28։5-7)։ Կիները «դողով ու ապշութեամբ բռնուած» կ’երթան աշակերտներուն, որ իրենց տեսած–լսածը պատմեն (Մարկոս 16։8)։
Մինչ այդ, Մարիամ Պետրոսը եւ Յովհաննէսը կը գտնէ եւ շունչը կտրուելով՝ անոնց կ’ըսէ. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա» (Յովհաննէս 20։2)։ Պետրոսն ու Յովհաննէսը վազելով գերեզման կ’երթան։ Յովհաննէս Պետրոսէն արագ է, եւ նախ ինք կը հասնի գերեզման։ Ան գերեզմանին մէջը կը նայի եւ հոն միայն կտաւները կը տեսնէ, բայց ներս չի մտներ։
Պետրոս գերեզման հասնելուն պէս ներս կը մտնէ։ Ան կտաւները կը տեսնէ եւ այն վարշամակը, որ Յիսուսին գլուխն էր։ Հիմա Յովհաննէս ներս կը մտնէ եւ Մարիամին խօսքերուն կը հաւատայ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս ըսած էր, որ յարութիւն պիտի առնէր, բայց ո՛չ Պետրոսը եւ ոչ ալ Յովհաննէսը կ’ըմբռնեն, որ ան իրապէս յարութիւն առած է (Մատթէոս 16։21)։ Անոնք շփոթած վիճակի մէջ տուն կը վերադառնան։ Բայց Մարիամ, որ նորէն գերեզման եկած է, հոն կը մնայ։
Մինչ այդ միւս կիները վազելով կ’երթան աշակերտներուն ըսելու, որ Յիսուս յարութիւն առած է։ Յիսուս անոնց կ’երեւի եւ կ’ըսէ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք ալ անոր ոտքերուն կ’իյնան ու ‘երկրպագութիւն կ’ընեն’։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։9, 10)։
Աւելի կանուխ, երբ երկրաշարժ պատահեցաւ եւ հրեշտակները երեւցան, գերեզմանին մօտ գտնուող զինուորները «խռովեցան ու մեռածի պէս եղան»։ Իրենք իրենց գալէ ետք, անոնք քաղաք մտան եւ «քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները»։ Քահանաները հրեաներուն ծերերուն հետ խորհրդակցեցան եւ որոշում առնուեցաւ, որ զինուորներուն կաշառք տան, որպէսզի եղածը գաղտնի պահեն եւ ուրիշներուն ըսեն. «Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք» (Մատթէոս 28։4, 11, 13)։
Հռոմայեցի զինուորները կրնային մահուան դատապարտուիլ, եթէ պահակութեան ժամանակ քնանային։ Անոր համար, քահանաները զինուորներուն կը խոստանան. «Եթէ այդ բանը [քնացած ըլլալու մասին եղած սուտը] կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք» (Մատթէոս 28։14)։ Զինուորները կաշառքը կ’առնեն եւ կ’ընեն այն ինչ որ քահանաները իրենցմէ կը խնդրեն։ Այսպէս, Յիսուսին մարմինը գողցուելուն սուտ լուրը հրեաներուն մէջ կը տարածուի։
Մարիամ Մագդաղենացին դեռ գերեզմանին մօտ կը սգայ։ Ան առջեւ կը ծռի ու գերեզմանէն ներս նայելով՝ կը տեսնէ ճերմակ հագած երկու հրեշտակներ։ Անոնք նստած են հոն՝ ուր Յիսուսին մարմինը դրուած էր. մէկը՝ գլուխին կողմը, իսկ միւսը ոտքերուն կողմը։ Անոնք Մարիամին կը հարցնեն. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ան կը պատասխանէ. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Ետքը ետեւ կը դառնայ եւ կը տեսնէ ուրիշ մէկը, որ հրեշտակներուն հարցումը կը կրկնէ ու կ’աւելցնէ. «Ո՞վ կը փնտռես»։ Մարիամ կարծելով որ անիկա պարտիզպանն է, կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ» (Յովհաննէս 20։13-15)։
Իրականութեան մէջ, Մարիամ կը խօսի յարութիւն առած Յիսուսին հետ, բայց այդ պահուն զինք չի ճանչնար։ Երբ կ’ըսէ՝ «Մա՛րիամ», իր խօսելու ոճէն Մարիամ անմիջապէս կը գիտնայ որ խօսողը Յիսուսն է, եւ ուրախութեամբ կը բացագանչէ. «Ռաբբունի» (այսինքն՝ «Ուսուցիչ»)։ Բայց վախնալով որ Յիսուս երկինք պիտի երթայ, զինք կը բռնէ։ Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Ինծի մի՛ դպչիր [«մի՛ կառչիր», ՆԱ], վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’» (Յովհաննէս 20։16, 17)։
Մարիամ կ’երթայ հոն՝ ուր առաքեալները եւ ուրիշ աշակերտներ հաւաքուած են, եւ անոնց կ’ըսէ որ «ինք Տէրը տեսաւ» (Յովհաննէս 20։18)։ Բայց աշակերտները ո՛չ անոր եւ ոչ ալ միւս կիներուն պատմածին կը հաւատան։ «Անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը» (Ղուկաս 24։11)։
-
-
Յարութիւն առած Յիսուս շատերու կ’երեւիՅիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
-
-
ԴԱՍ 135
Յարութիւն առած Յիսուս շատերու կ’երեւի
ՂՈՒԿԱՍ 24։13-49 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։19-29
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԷՄՄԱՒՈՒՍ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ
ԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԹՈՎՄԱՍ ԱՅԼԵՒՍ ՉԻ ԿԱՍԿԱԾԻՐ
Կիրակի, նիսան 16–ին, աշակերտներուն հոգեկանը գետինն է։ Անոնք չեն ըմբռներ, որ Յիսուսին գերեզմանը ինչո՛ւ պարապ է (Մատթէոս 28։9, 10. Ղուկաս 24։11)։ Նոյն օրը, Կղէովպաս եւ ուրիշ աշակերտ մը Էմմաւուս կ’ուղղուին, որ Երուսաղէմէն մօտ 11 քմ. հեռու է։
Ճամբան, անոնք իրարու հետ կը քննարկեն այդ օրուան դէպքերը։ Ետքը օտար մը անոնց կը միանայ։ Ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք»։ Կղէովպաս կը պատասխանէ. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ Օտարն ալ կը հարցնէ. «Ի՞նչ» (Ղուկաս 24։17-19)։
Անոնք կը պատասխանեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար»։ Եւ կ’աւելցնեն. «Մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր» (Ղուկաս 24։19-21)։
Կղէովպաս եւ իր ընկերակիցը կը սկսին օտարին պատմել այդ օրուան դէպքերը։ Անոնք կ’ըսեն թէ կարգ մը կիներ, որոնք Յիսուսին գերեզմանը գացին, ատիկա պարապ գտան եւ տեսան հրեշտակներ՝ որոնք իրենց ըսին որ Յիսուս ողջ է։ Կղէովպասն ու իր ընկերակիցը նաեւ օտարին կ’ըսեն, որ ուրիշներ ալ գերեզմանը գացին եւ ատիկա «այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին» (Ղուկաս 24։24)։
Յստակ է որ երկու աշակերտները պատահած դէպքերուն պատճառով շփոթած են։ Օտարը հեղինակութեամբ անոնց սխալ մտածելակերպը կը ճշդէ. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր» (Ղուկաս 24։25, 26)։ Ետքը ան անոնց կը բացատրէ Սուրբ Գրութիւններէն հատուածներ, որոնք Քրիստոսին մասին են։
Վերջապէս երեքը կը մօտենան Էմմաւուս գիւղին։ Երկու աշակերտները կ’ուզեն աւելին մտիկ ընել, անոր համար օտարին կ’ըսեն. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ան կը համաձայնի, եւ միասին կը ճաշեն։ Երբ օտարը կ’աղօթէ եւ հացը կտրելով իրենց կու տայ, անոնք կ’անդրադառնան որ Յիսուսն է, բայց ան կ’անհետանայ (Ղուկաս 24։29-31)։ Հիմա անոնք հաստատ գիտեն ու վստահ են որ Յիսուս ողջ է։
Երկու աշակերտները խանդավառուած իրարու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկաս 24։32)։ Անոնք շա՛տ արագ Երուսաղէմ կը վերադառնան, ուր առաքեալները ուրիշներու հետ մէկտեղ հաւաքուած կը գտնեն։ Բայց իրենց հետ պատահածը պատմելէ առաջ, անոնք կը լսեն ուրիշներ կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ» (Ղուկաս 24։34)։ Ետքը, երկուքը կը պատմեն թէ Յիսուս ինչպէ՛ս երեւցաւ իրենց։
Այդ պահուն, անակնկալ բան մը կը պատահի. Յիսուս կ’երեւի սենեակին մէջ։ Աշակերտները իրենց աչքերուն չեն հաւատար, քանի որ հրեաներէն վախնալով դռները կղպած են։ Բայց ահա Յիսուս իրենց մէջտեղ կայնած է։ Ան հանդարտօրէն անոնց կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Սարսափի մէջ ըլլալով, ինչպէս ասկէ առաջ, անոնք հիմա ալ «կը կարծ[են] թէ ոգի մը կը տեսնեն» (Ղուկաս 24։36, 37. Մատթէոս 14։25-27)։
Յիսուս անոնց իր ձեռքերը եւ ոտքերը ցոյց կու տայ, որ հասկնան թէ ինք երեւակայութիւն չէ, եւ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չ’ունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ» (Ղուկաս 24։36-39)։ Անոնք չափէ դուրս ուրախ են, բայց տակաւին իրենց աչքերուն չեն հաւատար։
Անոնց օգնելու որ համոզուին թէ ինք իրական է, Յիսուս կը հարցնէ. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ Ան կտոր մը խորոված ձուկ կ’առնէ եւ կ’ուտէ։ Ետքը կ’ըսէ. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի [իմ մահէս առաջ], թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’» (Ղուկաս 24։41-44)։
Յիսուս Կղէովպասին եւ անոր ընկերակիցին օգնած է որ Սուրբ Գրութիւնները հասկնան։ Իսկ հիմա ան միւսներուն հետ նոյնը կ’ընէ՝ ըսելով. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ Ու դուք էք այս բաներուն վկաները» (Ղուկաս 24։46-48)։
Թովմաս առաքեալ պատճառով մը ներկայ չէ։ Յաջորդ օրերուն ընթացքին, միւսները իրեն ուրախութեամբ կ’ըսեն. «Տէրը տեսանք»։ Բայց ան կ’ըսէ. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար» (Յովհաննէս 20։25)։
Ութ օր ետք, աշակերտները նորէն մէկտեղ հաւաքուած են եւ դռները կղպած են, բայց այս անգամ Թովմաս անոնց հետ է։ Յիսուս անոնց մէջտեղ կ’երեւի նիւթականացած մարմնով եւ կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Թովմասին դառնալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ Թովմաս կը բացագանչէ. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհաննէս 20։26-28)։ Հիմա, Թովմաս այլեւս կասկած չունի որ Յիսուս ողջ է որպէս հզօր հոգեղէն արարած, որ Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչ է։
Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան» (Յովհաննէս 20։29)։
-