-
Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» էԴիտարան 2012 | Յունիս 1
-
-
Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» է
«Իրաւցնէ ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը» (ԴԱՆ. 2։47)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Եհովան ապագային մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ յայտնած է մեզի։
Գազանին առաջին վեց գլուխները զորո՞նք կը ներկայացնեն։
Գազանին եւ Նաբուգոդոնոսորի տեսած արձանին միջեւ ի՞նչ կապ կը գտնենք։
1, 2. Եհովան մեզի ի՞նչ յայտնած է եւ ինչո՞ւ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները կործանելէն քիչ առաջ, ո՞ր կառավարութիւնները աշխարհակալ ուժը պիտի ըլլան։ Պատասխանը գիտենք. ատիկա մեզի յայտնուած է «գաղտնիքները յայտնող» Եհովա Աստուծոյ կողմէ։ Ան մեզ կարող կը դարձնէ, որ այդ կառավարութիւններուն ինքնութիւնը զատորոշենք, Դանիէլ մարգարէին եւ Յովհաննէս առաքեալին գրութիւններուն միջոցաւ։
2 Եհովան այդ տղամարդոց կարգ մը տեսիլքներ տուաւ գազաններու մասին։ Ան նաեւ Դանիէլի ըսաւ մետաղեայ մեծ արձան մը նկարագրող տեսլական երազի մը նշանակութիւնը։ Եհովան ասոնք արձանագրել եւ պահպանել տուաւ Աստուածաշունչին մէջ, յօգուտ մեզի (Հռով. 15։4)։ Ան այսպէս ըրաւ որպէսզի զօրացնէ մեր յոյսը, թէ շուտով իր Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի փշրէ (Դան. 2։44)։
3. Մարգարէութիւն մը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, ի՞նչ բան պէտք է նախ ըմբռնենք եւ ինչո՞ւ։
3 Միասնաբար առնուած, Դանիէլի եւ Յովհաննէսի արձանագրութիւնները ոչ միայն կը բնորոշեն ութ թագաւորներ կամ մարդկային կառավարութիւններ, այլ նաեւ՝ ցոյց կու տան թէ այդ ուժերը ի՛նչ յաջորդականութեամբ պիտի յայտնուէին։ Սակայն, այդ մարգարէութիւնները կրնանք ճշգրիտ կերպով հասկնալ՝ միա՛յն երբ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած առաջին մարգարէութիւնը ըմբռնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամբողջ Աստուածաշունչն ու բոլոր մարգարէութիւնները այդ մարգարէութեան հետ կապուած են։
ՕՁԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԵՒ ԳԱԶԱՆԸ
4. Որո՞նք կը կազմեն կնոջ սերունդը, եւ այդ սերունդը ի՞նչ պիտի ընէ։
4 Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովան խոստացաւ թէ ‘կին’ մը «սերունդ» մէջտեղ պիտի բերէր (կարդա՛ Ծննդոց 3։15)։a Ի վերջոյ այդ սերունդը օձին՝ Սատանային՝ գլուխը պիտի ջախջախէր։ Եհովան յետագային յայտնեց, թէ սերունդը Աբրահամէն պիտի գար, իսրայէլ ազգին պիտի պատկանէր, Յուդայի տոհմէն եւ Դաւիթ թագաւորի շառաւիղէն պիտի ըլլար (Ծն. 22։15-18. 49։10. Սաղ. 89։3, 4. Ղուկ. 1։30-33)։ Այդ սերունդին գլխաւոր մասը Յիսուս Քրիստոսն էր (Գաղ. 3։16)։ Իսկ քրիստոնեայ ժողովքին սուրբ հոգիով օծուած անդամները կը կազմեն սերունդին երկրորդական մասը (Գաղ. 3։26-29)։ Յիսուս եւ այս օծեալները միասնաբար կը կազմեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ այն գործիքը, որով Աստուած Սատանան պիտի խորտակէ (Ղուկ. 12։32. Հռով. 16։20)։
5, 6. ա) Դանիէլ եւ Յովհաննէս քանի՞ մեծ ուժեր կը նշեն։ բ) Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին գլուխները ի՞նչ կը ներկայացնեն։
5 Եդեմի մէջ տրուած այդ առաջին մարգարէութիւնը, նաեւ նշեց թէ Սատանան «սերունդ» մէջտեղ պիտի բերէր։ Իր սերունդը կնոջ սերունդին հանդէպ թշնամութիւն կամ ատելութիւն պիտի ցուցաբերէր։ Որո՞նք օձին սերունդը կը կազմեն։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ հանդէպ Սատանայի ատելավառ կեցուածքը կ’ընդօրինակեն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին կը հակառակին։ Պատմութեան ընթացքին, Սատանան իր սերունդը կազմակերպած է որպէս զանազան քաղաքական շարժումներ կամ թագաւորութիւններ (Ղուկ. 4։5, 6)։ Սակայն, յարաբերաբար քիչ մարդկային թագաւորութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ մե՜ծ ազդեցութիւն բանեցուցած են, ըլլայ անիկա իսրայէլ ազգը կամ օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը։ Այս իրողութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից է։ Քանի որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Դանիէլի եւ Յովհաննէսի տեսիլքները կը նկարագրեն ընդամէնը միայն ութ մեծ ուժեր։
6 Մ.թ. առաջին դարուն վերջաւորութեան, յարուցեալ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուաւ շարք մը ապշեցուցիչ տեսիլքներ (Յայտ. 1։1)։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ, Յովհաննէս տեսաւ որ Բանսարկուն,– ներկայացուած որպէս վիշապ,– ծովուն աւազին վրայ կայնած էր (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։18–13։2)։ Յովհաննէս նաեւ տեսաւ անսովոր գազան մը որ ծովէն կ’ելլէ եւ Բանսարկուն անոր մեծ հեղինակութիւն կու տայ։ Ետքը, Յովհաննէս տեսաւ եօթգլխանի կարմիր գազան մը, որ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին պատկերն է։ Հրեշտակ մը Յովհաննէսի ըսաւ որ կարմիր գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն «եօթը թագաւորներ» կամ կառավարութիւններ (Յայտ. 13։14, 15. 17։3, 9, 10)։ Երբ Յովհաննէս Յայտնութիւնը կը գրէր, ատոնցմէ հինգը ինկած էին, մէկը կը տիրէր եւ ուրիշ մը «դեռ եկած չէ[ր]»։ Այդ թագաւորութիւնները կամ աշխարհակալ ուժերը որո՞նք են։ Նկատի առնենք Յայտնութիւն 13։1–ի մէջ նկարագրուած գազանին իւրաքանչիւր գլուխը։ Նաեւ այս թագաւորութիւններուն մասին յաւելեալ բաներ պիտի սորվինք Դանիէլի գրքէն։ Դանիէլի մարգարէութիւնները մանրամասնութիւններ տուին այս կառավարութիւններէն ոմանց մասին, իրենց գոյանալէն տարինե՜ր առաջ։
ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ. ԵԳԻՊՏՈՍ ԵՒ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ
7. Առաջին գլուխը զո՞վ կը ներկայացնէ եւ ինչո՞ւ։
7 Գազանին առաջին գլուխը կը ներկայացնէ Եգիպտոսը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եգիպտոսը առաջին հսկայական ուժն էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն ցուցաբերեց։ Աստուած Աբրահամի խոստացած էր, թէ կնոջ սերունդը իրմէ պիտի գար։ Երբ իսրայէլացիները՝ Աբրահամի զարմը՝ Եգիպտոսի մէջ բազմացան, Եգիպտոս սկսաւ զանոնք հարստահարել։ Սատանան ջանաց Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջել, սերունդին գալէն առաջ։ Ինչպէ՞ս։ Ան մղեց փարաւոնը իսրայէլի բոլոր արու մանուկները սպաննելու։ Եհովան այդ փորձը ի դերեւ հանեց եւ իր ժողովուրդը Եգիպտոսի ստրկութենէն ազատագրեց (Ել. 1։15-20. 14։13)։ Յետագային, ան իսրայէլացիները Աւետեաց երկրին մէջ հաստատեց։
8. Երկրորդ գլուխը ո՞վ է, եւ ի՞նչ ջանաց ընել։
8 Գազանին երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Ասորեստանը։ Այս հզօր թագաւորութիւնը եւս ջանաց Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջել։ Ճիշդ է որ Եհովան կռապաշտ եւ ըմբոստ տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը պատժելու համար Ասորեստանը որպէս գործիք գործածեց, սակայն Ասորեստանը յետագային Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։ Սատանան թերեւս նպատակակէտ դրած էր ոչնչացնել արքայական զարմը, քանի որ Յիսուս այդ շառաւիղէն պիտի գար։ Այդ յարձակումը Եհովայի նպատակին մէկ մասը չէր. եւ ան իր հաւատարիմ ժողովուրդը հրաշալիօրէն ազատեց՝ ներխուժողները կործանելով (Դ. Թագ. 19։32-35. Եսա. 10։5, 6, 12-15)։
ԵՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ԲԱԲԵԼՈՆ
9, 10. ա) Եհովան բաբելոնացիներուն թոյլ տուաւ որ ի՞նչ ընեն։ բ) Մարգարէութիւնը կատարուելու համար, ի՞նչ պէտք է պատահէր։
9 Գազանին երրորդ գլուխը կը ներկայացնէ թագաւորութիւն մը, որուն մայրաքաղաքը Բաբելոնն էր։ Եհովան թոյլ տուաւ բաբելոնացիներուն, որ Երուսաղէմը տապալեն եւ իր ժողովուրդը գերեվարեն։ Այս նուաստացումին թոյլ տալէ առաջ սակայն, Ան ըմբոստ իսրայէլացիները զգուշացուց, թէ այսպիսի ողբերգութիւն մը զիրենք պիտի հարուածէր (Դ. Թագ. 20։16-18)։ Եհովան կանխագուշակեց, թէ այլեւս թոյլ պիտի չտար իսրայէլի թագաւորներուն որ Երուսաղէմի մէջ իր «աթոռին» վրայ նստին (Ա. Մն. 29։23)։ Բայց նաեւ խոստացաւ, թէ Դաւիթ թագաւորին մէկ զարմը, ա՛յն որուն «իրաւունքն» էր, պիտի գար եւ որպէս թագաւոր իշխէր (Եզեկ. 21։25-27)։
10 Այլ մարգարէութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ հրեաները տակաւին Երուսաղէմի տաճարին մէջ Աստուծոյ պիտի երկրպագէին, երբ խոստացեալ Մեսիան կամ Օծեալը գար (Դան. 9։24-27)։ Իսկ իսրայէլը Բաբելոն գերի տարուելէ առաջ գրուած մարգարէութիւն մը նշեց, թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր (Միք. 5։2)։ Այս մարգարէութիւնները կատարուելու համար, հրեաները պէտք է Բաբելոնի գերութենէն ազատագրուէին, իրենց հայրենիքը վերադառնային եւ տաճարը վերաշինէին։ Սակայն գերիները արձակելը Բաբելոնի քաղաքականութիւնը չէր։ Ուստի Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս հայրենիք պիտի վերադառնար։ Եհովան պատասխանը յայտնե՛ց իր մարգարէներուն (Ամովս 3։7)։
11. Բաբելոնական կայսրութիւնը ի՞նչ տարբեր կերպերով պատկերացուած է (տե՛ս ստորանիշը)։
11 Դանիէլ մարգարէն Բաբելոն տարուած գերիներէն մէկն էր (Դան. 1։1-6)։ Եհովան զինք գործածեց, յայտնելու համար այն թագաւորութիւններու յաջորդականութիւնը՝ որոնք այդ աշխարհակալ ուժէն ետք պիտի գային։ Եհովան այս գաղտնիքները հաղորդեց, գործածելով տարբեր խորհրդանիշներ։ Օրինակ, ան Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին՝ տուաւ տարբեր մետաղներէ կազմուած մեծ արձանի մը երազը (կարդա՛ Դանիէլ 2։1, 19, 31-38)։ Դանիէլի միջոցաւ, Եհովան յայտնեց թէ արձանին ոսկիէ գլուխը խորհրդանշեց բաբելոնական կայսրութիւնը։b Ատոր յաջորդող աշխարհակալ ուժը պատկերացուած է արծաթէ կուրծքով ու թեւերով։ Ո՞վ պիտի ըլլար այդ թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։
ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ
12, 13. ա) Եհովան Բաբելոնի նուաճման մասին ի՞նչ յայտնեց։ բ) Ինչո՞ւ Մարա–Պարսկաստանը տեղին ըլլալով կը պատկերացուի որպէս գազանին չորրորդ գլուխը։
12 Դանիէլի օրերէն աւելի քան մէկ դար առաջ, Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցաւ մանրամասնութիւններ յայտնեց այն աշխարհակալ ուժին մասին, որ Բաբելոնը պիտի նուաճէր։ Եհովան ոչ միայն նշեց այն կերպը՝ որով Բաբելոն քաղաքը պիտի տապալէր, այլ նաեւ զայն նուաճողին անունը։ Անիկա պարսիկ Կիւրոսն էր (Եսա. 44։28–45։2)։ Մարա–պարսկական աշխարհակալ ուժին առնչութեամբ Դանիէլ երկու այլ տեսիլքներ տեսաւ։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ, թագաւորութիւնը պատկերացուեցաւ որպէս մէկ կողմի վրայ կայնած արջ, որուն ըսուեցաւ. «Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր» (Դան. 7։5)։ Իսկ միւս տեսիլքին մէջ, Դանիէլ այս երկեակ աշխարհակալ ուժը տեսաւ որպէս երկու եղջիւր ունեցող խոյ (Դան. 8։3, 20)։
13 Եհովան մարա–պարսկական կայսրութիւնը գործածեց, որպէսզի մարգարէութիւն մը կատարէ, Բաբելոնը տապալելով եւ իսրայէլացիները իրենց հայրենիքը վերադարձնելով (Բ. Մն. 36։22, 23)։ Սակայն, այս նոյն կայսրութիւնը յետագային Աստուծոյ ժողովուրդը արմատախիլ ընելու սեմին հասաւ։ Աստուածաշունչի Եսթեր գիրքը կ’արձանագրէ պարսկական կայսրութեան վարչապետին՝ Համանին՝ ծրագրած դաւադրութիւնը։ Ան կարգադրեց որ բոլոր հրեաները, որոնք պարսկական հսկայ կայսրութեան մէջ կ’ապրէին, բնաջնջուին իր որոշած մասնայատուկ թուականին։ Միայն Եհովային միջամտութեամբ է որ Իր ժողովուրդը անգամ մը եւս պաշտպանուեցաւ Սատանայի սերունդին ատելութենէն (Եսթ. 1։1-3. 3։8, 9. 8։3, 9-14)։ Հետեւաբար, Մարա–Պարսկաստանը տեղին ըլլալով պատկերացուած է որպէս Յայտնութիւն գրքի գազանին չորրորդ գլուխը։
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
14, 15. Եհովան ի՞նչ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ վաղեմի յունական կայսրութեան մասին։
14 Յայտնութիւն գրքի գազանին հինգերորդ գլուխը կը ներկայացնէ Յունաստանը։ Ինչպէս որ Դանիէլ նախապէս յայտնած էր,– երբ Նաբուգոդոնոսորի երազը կը մեկնէր,– այս աշխարհակալ ուժը կը խորհրդանշուի արձանին պղնձէ մէջքով ու ազդրերով։ Դանիէլ նաեւ երկու տեսիլքներ ստացաւ, որոնք աչքառու մանրամասնութիւններ տուին թէ՛ այդ կայսրութեան բնոյթին եւ թէ ատոր ամէնէն կարկառուն թագաւորին մասին։
15 Տեսիլքներէն մէկուն մէջ, Դանիէլ տեսաւ Յունաստանը որպէս չորս թեւեր ունեցող ինձ մը, ցոյց տալով թէ այս կայսրութիւնը արագօրէն պիտի նուաճէր ուրիշ ազգեր (Դան. 7։6)։ Իսկ միւս տեսիլքին մէջ, Դանիէլ նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս ուշագրաւ մէկ եղջիւր ունեցող քօշ մը շուտով սպաննեց երկու եղջիւր ունեցող խոյը՝ Մարա–Պարսկաստանը։ Եհովան Դանիէլի ըսաւ, թէ քօշը կը խորհրդանշէ Յունաստանը, իսկ անոր մեծ եղջիւրը կը պատկերացնէ անոր թագաւորներէն մէկը։ Դանիէլ նաեւ արձանագրեց, թէ այդ մեծ եղջիւրը պիտի կոտրէր եւ անոր տեղ չորս պզտիկ եղջիւրներ պիտի ելլէին։ Թէեւ այս մարգարէութիւնը Յունաստանը տիրական ոյժ ըլլալէն աւելի քան երկու դար առաջ գրուեցաւ, սակայն իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կատարուեցաւ։ Մեծն Աղեքսանդր, վաղեմի Յունաստանին ամէնէն աչքառու թագաւորը, յունական բանակը Մարա–Պարսկաստանի դէմ առաջնորդեց։ Սակայն, այս եղջիւրը շուտով կոտրեցաւ, երբ 32 տարեկան թագաւորը իր զօրութեան զենիթին մահացաւ։ Ապա, իր թագաւորութիւնը ի վերջոյ իր չորս զօրավարներուն միջեւ բաժնուեցաւ (կարդա՛ Դանիէլ 8։20-22)։
16. Անտիոքոս Դ. ի՞նչ ըրաւ։
16 Պարսկաստանը նուաճելէ ետք, Յունաստանը Աստուծոյ ժողովուրդին հողամասին վրայ իշխեց։ Մինչ այդ, հրեաները Աւետեաց երկրին մէջն էին եւ Երուսաղէմի տաճարը վերաշինած էին։ Անոնք տակաւին Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն էին եւ վերաշինուած տաճարը տակաւին ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնն էր։ Սակայն մ.թ.ա. երկրորդ դարուն, Յունաստանը՝ գազանին հինգերորդ գլուխը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակեցաւ։ Անտիոքոս Դ., Աղեքսանդրի բաժնուած կայսրութեան մէկ ժառանգորդը, Երուսաղէմի տաճարի գաւիթին մէջ բագին մը կանգնեցուց եւ հրէական կրօնքին հետեւիլը մահուան արժանի ոճիր սեպեց։ Ի՜նչ ատելավառ կեցուածք Սատանայի սերունդին կողմէ։ Շուտով սակայն, Յունաստանը որպէս աշխարհակալ ոյժ իր դիրքը կորսնցուց։ Գազանին վեցերորդ գլուխը ո՞վ պիտի ըլլար։
«ԱՀԵՂ, ՍՈՍԿԱԼԻ» ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՀՌՈՄ
17. Գազանին վեցերորդ գլուխը Ծննդոց 3։15–ի կատարման մէջ ի՞նչ բանալի դեր խաղցաւ։
17 Հռոմ տիրական ուժն էր, երբ Յովհաննէս գազանին տեսիլքը ստացաւ (Յայտ. 17։10)։ Այս վեցերորդ գլուխը բանալի դեր ունեցաւ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան կատարման մէջ։ Սատանան հռոմայեցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ գործածեց, որպէսզի սերունդին «գարշապարը» խայթէ։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք Յիսուսը դատեցին խռովութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ եւ զինք մահապատիժի ենթարկեցին (Մատ. 27։26)։ Սակայն այդ վէրքը շուտով բուժուեցաւ, քանի որ Եհովան Յիսուսը յարուցանեց։
18. ա) Եհովան ո՞ր նոր ազգը ընտրեց եւ ինչո՞ւ։ բ) Օձին սերունդը ինչպէ՞ս շարունակեց թշնամութիւն ցուցաբերել կնոջ սերունդին հանդէպ։
18 Իսրայէլի կրօնական առաջնորդները Հռոմի հետ դաւակցեցան Յիսուսի դէմ, եւ ազգին մեծամասնութիւնն ալ զինք մերժեց։ Հետեւաբար, Եհովան բառացի իսրայէլ ազգը որպէս իր ժողովուրդը լքեց (Մատ. 23։38. Գործք 2։22, 23)։ Ան ընտրեց նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 3։26-29. 6։16)։ Այդ ազգը հրեաներէ եւ ոչ–հրեաներէ կազմուած օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքն էր (Եփ. 2։11-18)։ Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, օձին սերունդը շարունակեց թշնամութիւն ցուցաբերել կնոջ սերունդին հանդէպ։ Մէկէ աւելի առիթներով, Հռոմը ջանաց բնաջնջել քրիստոնէական ժողովքը՝ սերունդին երկրորդական մասը։c
19. ա) Դանիէլ ինչպէ՞ս կը նկարագրէ վեցերորդ աշխարհակալ ուժը։ բ) Յաջորդ ուսումնասիրութեան յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։
19 Դանիէլի մեկնած Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ, Հռոմ պատկերացուած է երկաթէ սրունքներով (Դան. 2։33)։ Դանիէլ նաեւ տեսաւ տեսիլք մը, որ կը նկարագրէ ոչ միայն հռոմէական կայսրութիւնը, այլ նաեւ այն աշխարհակալ ուժը որ իրմէ պիտի ելլէր (կարդա՛ Դանիէլ 7։7, 8)։ Դարեր շարունակ, Հռոմ իր թշնամիներուն երեւցաւ որպէս «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր»։ Սակայն, մարգարէութիւնը կանխագուշակեց, թէ այս կայսրութենէն «տասը եղջիւր» պիտի ելլէին։ Ապա, անոնց մէջէն «ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը» պիտի ելլէր եւ միւսներէն աւելի զօրաւոր պիտի ըլլար։ Որո՞նք են տասը եղջիւրները, եւ ո՞վ է այդ պզտիկ եղջիւրը։ Եւ այդ պզտիկ եղջիւրը Նաբուգոդոնոսորին տեսած մեծ արձանին ո՞ր մասին կը համապատասխանէ։ Յաջորդ ուսումնասիրութեան յօդուածը պատասխանները նկատի պիտի առնէ։
-
-
Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»Դիտարան 2012 | Յունիս 1
-
-
Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»
«Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (ՅԱՅՏ. 1։1)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Մեծ արձանին ո՞ր մասերը կը խորհրդանշեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։
Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը նկարագրէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին եւ ՄԱԿ–ին միջեւ եղած կապը։
Դանիէլ եւ Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը նկարագրեն մարդկային իշխանութեան վախճանը։
1, 2. ա) Դանիէլի եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւնները մեզի թոյլ կու տան որ ի՞նչ ընենք։ բ) Գազանին առաջին վեց գլուխները ի՞նչ կը ներկայացնեն։
ԴԱՆԻԷԼԻ եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւնները իրարու հետ համեմատելով, աշխարհի ներկայ եւ ապագայ շատ մը իրադարձութիւններու նշանակութիւնը կը հասկնանք։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովհաննէսի եօթգլխանի գազանին տեսիլքէն, Դանիէլի տասը եղջիւր ունեցող գազանին տեսիլքէն եւ մեծ արձանին մեկնութենէն։ Իսկ այս մարգարէութիւններուն յստակ հասկացողութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ ի՞նչ ընենք։
2 Նախորդ յօդուածին մէջ, Յովհաննէսի տեսած գազանի տեսիլքին մասին սորվեցանք (Յայտ., գլուխ 13)։ Գազանին առաջին վեց գլուխները կը ներկայացնեն՝ Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը, Յունաստանը եւ Հռոմը։ Բոլո՛րը կնոջ սերունդին հանդէպ ատելութիւն ցուցաբերեցին (Ծն. 3։15)։ Յովհաննէս իր տեսիլքը գրելէն ետք, վեցերորդ գլուխը՝ Հռոմը՝ դարեր շարունակ տիրական քաղաքական ոյժ մնաց։ Ի վերջոյ, եօթներորդ գլուխը Հռոմին տեղը պիտի գրաւէր։ Քաղաքական ո՞ր աշխարհակալ ուժն էր այդ, եւ կնոջ սերունդին հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։
ԲՐԻՏԱՆԻԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՀԶՕՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
3. Տասը եղջիւր ունեցող սարսափազդու գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ, իսկ տասը եղջիւրները ի՞նչ կը պատկերացնեն։
3 Յայտնութիւն 13–րդ գլուխին մէջ նշուած գազանին եօթներորդ գլուխը կրնանք բնորոշել, Յովհաննէսի տեսիլքը համեմատելով Դանիէլի տասը եղջիւր ունեցող սարսափազդու գազանի տեսիլքին հետ (կարդա՛ Դանիէլ 7։7, 8, 23, 24)։a Դանիէլի տեսած գազանը ներկայացուց հռոմէական աշխարհակալ ուժը (տե՛ս էջ 14-15–ի ցուցակը)։ Մ.թ. հինգերորդ դարուն, հռոմէական կայսրութիւնը սկսաւ բաժան–բաժան ըլլալ։ Այդ ահեղ գազանին տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն թագաւորութիւններ, որոնք այդ կայսրութենէն ծագեցան։
4, 5. ա) Պզտիկ եղջիւրը ի՞նչ ըրաւ։ բ) Գազանին եօթներորդ գլուխը ո՞վ է։
4 Դանիէլի տեսած տասը եղջիւր ունեցող գազանի տեսիլքին մէջ, ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը կ’ելլէ եւ տասը եղջիւրներէն երեքը կը փոխարինէ։ Ասիկա կատարուեցաւ երբ Բրիտանիան՝ հռոմէական կայսրութեան պզտիկ մէկ մասը՝ զօրացաւ։ Մինչեւ 17–րդ դար, Բրիտանիան յարաբերաբար աննշան ոյժ մըն էր։ Հռոմէական կայսրութենէն յառաջ եկած երեք թագաւորութիւններ,– Սպանիա, Հոլանտա եւ Ֆրանսա,– շատ աւելի ազդու էին։ Բայց Բրիտանիան անոնց դէմ մէկ առ մէկ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ աւելի կարեւոր դարձաւ։ 18–րդ դարու կիսուն, Բրիտանիան աշխարհի թատերաբեմին վրայ տիրական ոյժ դառնալու վրայ էր։ Սակայն ատիկա տակաւին գազանին եօթներորդ գլուխը չէր եղած։
5 Թէեւ Բրիտանիան զօրաւոր իշխանութիւն ունեցաւ, բայց Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ անոր գաղութները ըմբոստացան ու Միացեալ Նահանգները հաստատեցին։ Ասով հանդերձ, Բրիտանիան թոյլ տուաւ որ Միացեալ Նահանգները զօրանան, եւ նո՛յնիսկ իր նաւատորմով զանոնք պաշտպանեց։ Երբ 1914–ին Տէրունական օրը սկսաւ, Բրիտանիան պատմութեան ամէնէն հսկայ կայսրութիւնը շինած էր, իսկ Միացեալ Նահանգները երկրագունդին վրայ ամէնէն մեծ ճարտարարուեստական ուժը դարձած էին։b Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Միացեալ Նահանգները Բրիտանիոյ հետ մասնայատուկ գործակցութիւն հաստատեցին։ Գազանին եօթներորդ գլուխը այժմ մէջտեղ եկած էր որպէս անկլօամերիկեան աշխարհակալ ոյժ։ Այս գլուխը կնոջ սերունդին հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։
6. Եօթներորդ գլուխը ինչպէ՞ս վարուած է Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։
6 Տէրունական օրը սկսելէն քիչ ետք, եօթներորդ գլուխը յարձակեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ,– երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդը (Մատ. 25։40)։ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ իր ներկայութեան ժամանակ, սերունդին մնացորդը երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլար (Մատ. 24։45-47. Գաղ. 3։26-29)։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը պատերազմեցաւ այս սուրբերուն դէմ (Յայտ. 13։3, 7)։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, ատիկա Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարեց, անոնց կարգ մը հրատարակութիւնները արգիլեց եւ հաւատարիմ ծառայ դասակարգին ներկայացուցիչները բանտը նետեց։ Գազանին եօթներորդ գլուխը որոշ ժամանակ մը գրեթէ քարոզչութեան վերջ դրաւ։ Եհովան նախատեսեց այս շշմեցուցիչ դէպքը եւ Յովհաննէսի յայտնեց զայն։ Ան նաեւ Յովհաննէսի ըսաւ, թէ սերունդին երկրորդական մասը պիտի վերակենդանանար եւ հոգեւոր մեծ գործունէութիւն պիտի ունենար (Յայտ. 11։3, 7-11)։ Եհովայի այժմու ծառաներուն պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ այդ դէպքերը տեղի ունեցան։
ԱՆԿԼՕԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՒԺԸ ԵՒ ԵՐԿԱԹԷ ՈՒ ԿԱՒԷ ՈՏՔԵՐԸ
7. Գազանին եօթներորդ գլուխին եւ մեծ արձանին միջեւ կապը ի՞նչ է։
7 Գազանին եօթներորդ գլուխին եւ մեծ արձանին միջեւ կապը ի՞նչ է։ Բրիտանիան,– եւ ընդարձակ կիրարկումով՝ Միացեալ Նահանգները,– հռոմէական կայսրութենէն ելան։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել արձանին ոտքերուն մասին։ Ատոնք նկարագրուած են որպէս երկաթէ եւ կաւէ խառնուրդ մը (կարդա՛ Դանիէլ 2։41-43)։ Այս նկարագրութիւնը կը զուգադիպի այն ժամանակին հետ, երբ եօթներորդ գլուխը,– անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը,– պիտի տիրէր։ Ճիշդ ինչպէս որ երկաթէ եւ կաւէ կազմուածք մը աւելի տկար է քան՝ զուտ երկաթէ կազմուածքը, նմանապէս, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը աւելի տկար է քան՝ այդ կայսրութիւնը, որմէ ծագում առաւ։ Ինչպէ՞ս։
8, 9. ա) Աշխարհակալ եօթներորդ ուժը ինչպէ՞ս երկաթանման զօրութիւն ցուցաբերեց։ բ) Արձանի ոտքերուն կաւը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
8 Ատեններ, գազանին եօթներորդ գլուխը երկաթանման յատկութիւններ ցուցաբերած է։ Օրինակ, անիկա իր զօրութիւնը փաստեց Ա. Աշխարհամարտը շահելով։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, եօթներորդ գլուխին երկաթանման զօրութիւնը նաեւ բացայայտ էր։c Այդ պատերազմէն ետք, եօթներորդ գլուխը երբեմն երկաթանման յատկութիւններ ցուցաբերեց։ Սակայն, սկիզբէն ի վեր այդ երկաթը կաւի հետ խառնուած էր։
9 Եհովայի ծառաները վաղուց ջանացած են հասկնալ արձանին ոտքերուն խորհրդանշական իմաստը։ Դանիէլ 2։41–ը երկաթէ եւ կաւէ խառնուրդը կը նկարագրէ որպէս մէկ «թագաւորութիւն» եւ ոչ թէ բազմաթիւ թագաւորութիւններ։ Ուստի, կաւը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժի ազդեցութեան ծիրէն ներս եղող տարրերը, որոնք զինք երկաթեայ հռոմէական կայսրութենէն աւելի կը տկարացնեն։ Կաւին ակնարկուած է որպէս «մարդոց սերունդ»ը կամ հասարակ ժողովուրդ (Դան. 2։43)։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին մէջ, մարդիկ ոտքի ելած են իրենց իրաւունքները պահանջելու համար՝ աշխատաւորական միութիւններու, քաղաքացիական իրաւունքներու արշաւներու եւ անկախութեան շարժումներու միջոցաւ։ Հասարակ ժողովուրդը կը տկարացնէ անոր երկաթանման զօրութեամբ գործելու կարողութիւնը։ Նաեւ, մարդիկ տարբեր քաղաքական կարծիքներ ունենալով, ընտրութիւններու ատեն երբ առաջնորդ մը միայն քանի մը ձայնով շահի, հարկ եղած հեղինակութիւնը չ’ունենար իր խոստացածը ի գործ դնելու համար։ Ճիշդ ինչպէս Դանիէլ կանխագուշակեց. «Այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ» (Դան. 2։42. Բ. Տիմ. 3։1-3)։
10, 11. ա) Արձանին «ոտքեր»ուն ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Արձանին ոտնամատներուն թիւին մասին ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։
10 21–րդ դարուն, Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ շարունակած են իրենց մասնայատուկ գործակցութիւնը, յաճախ միասնաբար գործելով աշխարհի հարցերուն մէջ։ Մեծ արձանին եւ գազանին մասին եղած մարգարէութիւնները կը հաստատեն, թէ ապագայ աշխարհակալ ոյժ մը պիտի չփոխարինէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս վերջին աշխարհակալ ուժը երկաթէ սրունքներով ներկայացուած կայսրութենէն տկար ըլլալով հանդերձ, ինքնիրեն պիտի չքայքայուի։
11 Արձանին ոտնամատներուն թիւը որոշ նշանակութիւն ունի՞։ Նկատի առ հետեւեալը. ուրիշ տեսիլքներու մէջ, Դանիէլ մասնայատուկ թիւեր կը նշէ,– օրինակ՝ զանազան գազաններու գլուխի եղջիւրներուն թիւերը։ Այդ թիւերը նշանակալից են։ Սակայն, երբ արձանը կը նկարագրէ, Դանիէլ ոտնամատներու թիւը չի նշեր։ Ուրեմն, այնպէս կը թուի թէ ոտնամատներուն թիւը կարեւորութիւն չունի, ճիշդ ինչպէս որ կարեւորութիւն չունի այն իրողութիւնը թէ արձանը ունի երկու թեւ, երկու սրունք եւ երկու ոտք։ Բայց Դանիէլ մասնայատուկ կերպով կը նշէ, թէ ոտնամատները երկաթէ եւ կաւէ կազմուած պիտի ըլլային։ Իր նկարագրութենէն կրնանք եզրակացնել, թէ մինչ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը կը տիրէ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող «քար»ը արձանին ոտքերուն պիտի զարնէ (Դանիէլ 2։45)։
ԱՆԿԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ԵՂՋԻՒՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԳԱԶԱՆԸ
12, 13. Երկու եղջիւր ունեցող գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ եւ ի՞նչ կ’ընէ։
12 Թէեւ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը երկաթի եւ կաւի խառնուրդ է, սակայն Յովհաննէսի տրուած տեսիլքները ցոյց կու տան, թէ ատիկա պիտի շարունակէր բանալի դեր խաղալ վերջին օրերուն ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ Յովհաննէս տեսիլքի մը մէջ տեսաւ երկու եղջիւր ունեցող գազան մը, որ վիշապի պէս կը խօսէր։ Այս տարօրինակ գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ։ Ատիկա երկու եղջիւր ունի, ուրեմն երկեակ ոյժ մըն է։ Յովհաննէս դարձեալ կը տեսնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, բայց մասնայատուկ դերի մը մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 13։11-15)։
13 Երկու եղջիւր ունեցող այս գազանը յառաջ կը մղէ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին պատկեր մը շինելը։ Յովհաննէս գրեց, թէ գազանին պատկերը պիտի յայտնուէր, անհետանար, ապա դարձեալ երեւան պիտի գար։ Ճիշդ ասիկա է որ պատահեցաւ այն կազմակերպութեան, որուն թիկունք կանգնեցան Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները, այն՝ որուն նպատակն էր միացնել եւ ներկայացնել աշխարհիս թագաւորութիւնները։d Այս կազմակերպութիւնը Ա. Աշխարհամարտէն ետք յայտնուեցաւ, եւ ճանչցուեցաւ որպէս Ազգերու դաշնակցութիւն։ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը, ատիկա անհետացաւ։ Այդ պատերազմին ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդը ծանուցանեց, թէ ըստ Յայտնութիւն գրքի մարգարէութեան, գազանին պատկերը դարձեալ պիտի յայտնուէր. եւ ի՛րապէս յայտնուեցաւ,– որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն (Յայտ. 17։8)։
14. Գազանին պատկերը ի՞նչ առումով «ութերորդ» թագաւոր է։
14 Յովհաննէս գազանին պատկերը նկարագրեց որպէս «ութերորդ» թագաւոր։ Ի՞նչ առումով։ Ատիկա չի պատկերացուիր որպէս գազանին ութերորդ գլուխը, այլ՝ միայն այդ գազանին պատկերը։ Իր զօրութիւնը իր անդամներէն կու գայ, յատկապէս իրեն կռնակ կեցողէն՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժէն (Յայտ. 17։10, 11)։ Սակայն, ատիկա հեղինակութիւն կը ստանայ, որպէսզի իբրեւ թագաւոր գործէ, մասնայատուկ պարտականութիւն մը կատարելու համար. պարտականութիւն մը, որ սկիզբ պիտի տայ իրարայաջորդ իրադարձութիւններու, որոնք պատմութիւնը պիտի փոխեն։
ԳԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԿԸ ԲԶԿՏԷ ՊՈՌՆԻԿԸ
15, 16. Պոռնիկը ի՞նչ կը խորհրդանշէ, եւ ներկայիս կրօնքին ի՞նչ կը պատահի։
15 Ըստ Յովհաննէսի, կարմիր գազանին,– գազանին պատկերին,– վրայ խորհրդանշական պոռնիկ մը նստած է. պոռնիկը այս գազանին կը տիրէ եւ անոր անունն է՝ «Մեծ Բաբելոն» (Յայտ. 17։1-6)։ Այս պոռնիկը պատշաճ կերպով կը ներկայացնէ ամբողջ սուտ կրօնքը, որուն գլխաւոր մասը կը կազմեն քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները։ Կրօնական կազմակերպութիւնները իրենց օրհնութիւնը տուած են գազանին պատկերին եւ ջանացած են ատոր վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։
16 Սակայն, Տէրունական օրուան ընթացքին, Մեծ Բաբելոնը տեսած է թէ ջուրերը՝ իրեն աջակցող մարդիկը, շշմեցուցիչ կերպով կը ցամքին (Յայտ. 16։12. 17։15)։ Օրինակ, երբ գազանին պատկերը առաջին անգամ յայտնուեցաւ, քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները,– Մեծ Բաբելոնի ազդեցիկ մէկ մասը,– Արեւմտեան աշխարհին կը տիրէին։ Ներկայիս, եկեղեցիներն ու անոնց քարոզիչները բազմաթիւ մարդոց յարգանքն ու աջակցութիւնը կորսնցուցած են։ Իրականութեան մէջ, շատեր կը հաւատան թէ աշխարհի խնդիրներուն պատճառը կրօնքն է։ Ուրիշներ հրապարակաւ կ’ըսեն, թէ աշխարհը պէտք է բոլոր կրօնքներէն ձերբազատուի։
17. Շուտով սուտ կրօնքին ի՞նչ պիտի պատահի եւ ինչո՞ւ։
17 Բայց սուտ կրօնքը պարզապէս պիտի չանհետանայ։ Պոռնիկը զօրեղ ոյժ մը պիտի մնայ եւ ջանք պիտի թափէ որ թագաւորները իր ամէն ուզածը ընեն, մինչեւ որ Աստուած հեղինակաւորներու սրտին մէջ գաղափար մը դնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։16, 17)։ Շուտով Եհովան պիտի մղէ Սատանայի աշխարհին քաղաքական տարրերը,– որոնք ՄԱԿ–ով կը ներկայացուին,– որ սուտ կրօնքին վրայ յարձակին։ Պոռնիկը ա՛լ կարող պիտի չըլլայ կառավարութիւններուն տիրել եւ իր հարստութիւնը պիտի կորսնցնէ։ Միայն տասնամեակներ առաջ, այսպիսի դէպք մը կրնար անհաւանական թուիլ։ Բայց այժմ պարագան փոխուած է։ Ասով հանդերձ, պոռնիկը պարզապէս աստիճանաբար վերջ պիտի չգտնէ։ Ան յանկարծ եւ վայրագ կերպով պիտի կործանուի (Յայտ. 18։7, 8, 15-19)։
ԳԱԶԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԱԽՃԱՆԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ
18. ա) Գազանը ի՞նչ պիտի ընէ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ բ) Դանիէլ 2։44–ը կը նշէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ ո՞ր թագաւորութիւնները (տե՛ս էջ 19–ի շրջանակը)։
18 Սուտ կրօնքը կործանուելէ ետք, գազանը՝ Սատանային երկրային քաղաքական դրութիւնը՝ պիտի դրդուի Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ յարձակելու։ Երկինք հասնելու անկարող ըլլալով, երկրագունդի թագաւորները իրենց բարկութիւնը պիտի թափեն Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցողներուն վրայ։ Արդիւնքը անխուսափելի է (Յայտ. 16։13-16. 17։12-14)։ Դանիէլ կը նկարագրէ վերջին պատերազմին մէկ երեսակը (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանը, անոր պատկերը եւ երկու եղջիւր ունեցող գազանը, պիտի կործանուին։
19. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ, եւ հիմա ի՞նչ ընելու ժամանակն է։
19 Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին եօթներորդ գլուխին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Իր բնաջնջուելէն առաջ, այս գազանին վրայ յաւելեալ գլուխներ պիտի չյայտնուին։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին տիրած ատեն, սուտ կրօնքը արմատահան պիտի ըլլայ։ Դանիէլի եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւններուն ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններն իսկ կատարուած են։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ սուտ կրօնքի կործանումը եւ Արմագեդոնի պատերազմը մօտալուտ են։ Աստուած այս մանրամասնութիւնները կանխաւ յայտնած է. արդեօք մարգարէական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն պիտի ընծայե՞նք (Բ. Պետ. 1։19)։ Հիմա՛ է ժամանակը Եհովային կողմը դիրք բռնելու եւ անոր Թագաւորութեան աջակցելու (Յայտ. 14։6, 7)։
-
-
Ութ թագաւորներ յայտնուած ենԴիտարան 2012 | Յունիս 1
-
-
Ութ թագաւորներ յայտնուած են
Միասնաբար առնուած, Աստուածաշունչի Դանիէլ եւ Յայտնութիւն գրքերը ոչ միայն կը բնորոշեն ութ թագաւորներ կամ մարդկային կառավարութիւններ, այլ նաեւ՝ ցոյց կու տան թէ այդ ուժերը ի՛նչ յաջորդականութեամբ պիտի յայտնուէին։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած առաջին մարգարէութիւնը հասկնալով, կրնանք այս մարգարէութիւնները մեկնել։
Պատմութեան ընթացքին, Սատանան իր սերունդը կազմակերպած է որպէս զանազան քաղաքական շարժումներ կամ թագաւորութիւններ (Ղուկ. 4։5, 6)։ Սակայն, յարաբերաբար քիչ մարդկային թագաւորութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ մե՜ծ ազդեցութիւն բանեցուցած են, ըլլայ անիկա իսրայէլ ազգը կամ օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը։ Դանիէլի եւ Յովհաննէսի տեսիլքները կը նկարագրեն ընդամէնը միայն ութ մեծ ուժեր։
[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 14, 15]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ԴԱՆԻԷԼԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԳՐՔԻՆ
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1. Եգիպտոս
2. Ասորեստան
3. Բաբելոն
4. Մարա–
Պարսկաստան
5. Յունաստան
6. Հռոմ
7. Բրիտանիա
եւ ԱՄՆa
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
Մ.թ.ա. 2000
Աբրահամ
1500
Իսրայէլ ազգը
1000
Դանիէլ 500
Մ.թ.ա./Մ.թ.
Յովհաննէս
Աստուծոյ իսրայէլը 500
1000
1500
Մ.թ. 2000
[Ստորանիշ]
a Վերջին ժամանակին ընթացքին, երկու թագաւորներն ալ գոյութիւն ունին։
b Վերջին ժամանակին ընթացքին, երկու թագաւորներն ալ գոյութիւն ունին։
[Նկարներ]
Մեծ արձանը (Դան. 2։31-45)
Ծովէն ելլող չորս գազաններ (Դան. 7։3-8, 17, 25)
Խոյը եւ քօշը (Դան., գլուխ 8)
Եօթգլխանի գազանը (Յայտ. 13։1-10, 16-18)
Երկու եղջիւր ունեցող գազանը յառաջ կը մղէ գազանին պատկեր մը շինելը (Յայտ. 13։11-15)
[Նկարներուն աղբիւրները]
Photo credits: Egypt and Rome: Photograph taken by courtesy of the British Museum; Medo-Persia: Musée du Louvre Paris
-