Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ20 Նոյեմբեր էջ 8-11
  • Եհովան կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք իրենց ծնած երկիրը կը վերադառնան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք իրենց ծնած երկիրը կը վերադառնան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «‘ՁԿՆՈՐՍՈՒԹԵԱՆ’ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐՄԱՐ ՏԵՂԸ»
  • ՀՈԳԵՒՈՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵԼ
  • ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԵԼՈՎ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԻՆ
  • «ԸՐԻՆՔ ՃԻՇԴ ԻՆՉ ՈՐ ՊԷՏՔ ԷՐ ԸՆԷԻՆՔ»
  • «Ուրիշներէն շա՜տ բան սորված եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Եհովային ծառայութեան մէջ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Անձնուրաց ծառայողներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Անձնուրաց ծառայողներ. Մատակասքար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
դ20 Նոյեմբեր էջ 8-11
Օնեսիմ եւ Ժերըլտին խանութպանի մը կը քարոզեն։

Օնեսիմ եւ Ժերըլտին

Եհովան կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք իրենց ծնած երկիրը կը վերադառնան

ԲԱԶՄԱԹԻՒ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք անցեալին ուրիշ երկիրներ գաղթեցին աւելի դրամ շահելու համար, ներկայիս կը վերադառնան իրենց ծնած երկիրը։ Եհովայի եւ ընկերին հանդէպ սէրը զիրենք մղած է, որ տեղափոխուին հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կայ (Մատ. 22։37-39)։ Ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին եւ ի՞նչ օրհնութիւններ ստացան։ Գիտնալու համար, կեդրոնանանք Գամերունի վրայ, որ կը գտնուի արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։

«‘ՁԿՆՈՐՍՈՒԹԵԱՆ’ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐՄԱՐ ՏԵՂԸ»

1998–ին, Օնեսիմ անունով եղբայր մը Գամերունէն գաղթեց։ 14 տարի արտասահման ապրեցաւ։ Օր մը, ժողովի մը ընթացքին, քարոզչութեան մասին օրինակ մը լսեց։ Դասախօսը ըսաւ. «Եթէ երկու ընկերներ տարբեր տեղեր ձկնորսութիւն կ’ընեն եւ մէկը միւսէն աւելի ձուկ որսաց, նուազ ձուկ որսացողը պիտի չե՞րթար հոն, ուր աւելի ձուկ կրնայ բռնել»։

Այդ օրինակը Օնեսիմը մղեց, որ մտածէ վերադառնալ արդիւնաբեր «ձկնորսութեան» տեղը՝ Գամերուն, տեղացի հրատարակիչներուն օգնելու համար։ Բայց մտահոգութիւններ ունէր։ Տարիներով արտասահման ապրելէ ետք, պիտի կարենա՞ր ետ վարժուիլ իր ծնած երկրին։ Գիտնալու համար, Օնեսիմ վեց ամիս Գամերունի մէջ ապրեցաւ։ Ետքը, 2012–ին հոն հաստատուեցաւ։

Օնեսիմ կը պատմէ. «Պէտք է վարժուէի տաք օդին եւ ապրելու պայմաններուն։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, պէտք է ետ վարժուէի տախտակէ նստարանին վրայ նստիլ։ Բայց ո՛րքան աւելի կեդրոնանայի յայտագրին վրայ»,– ժպտելով կ’ըսէ,– «ա՛յնքան աւելի չէի յիշեր հանգստաւէտ նստարանները»։

2013–ին, Օնեսիմ ամուսնացաւ Ժերըլտինի հետ, որ ինը տարի Ֆրանսայի մէջ ապրելէ ետք, Գամերուն վերադարձած էր։ Զոյգը ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեց, Եհովայի կամքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով։ Օնեսիմ կ’ըսէ. «Միասին Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախեցինք եւ Բեթէլի մէջ ծառայեցինք։ Անցեալ տարի, մեր ժողովքին մէջ 20 Աստուածաշունչի աշակերտներ մկրտուեցան։ Կը զգամ, որ հիմա ‘ձկնորսութեան’ համար յարմար տեղն եմ» (Մար. 1։17, 18)։ Իսկ Ժերըլտին կ’աւելցնէ. «Երեւակայածէս շա՜տ աւելի օրհնութիւններ ստացած եմ»։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ճուտիթ եւ Սէմ–Գէսթել տղամարդու մը կը քարոզեն ծովեզերքը։

Ճուտիթ եւ Սէմ–Գէսթել

Ճուտիթ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած էր, բայց շա՜տ կ’ուզէր իր ծառայութիւնը ընդարձակել։ Ան կը պատմէ. «Ամէն անգամ որ Գամերունի մէջ ընտանիքիս այցելելէ ետք կը վերադառնայի, կու լայի, քանի որ կը ստիպուէի ետիս ձգել քանի մը անհատներ, որոնց հետ սկսած էի Աստուածաշունչը սերտել»։ Բայց Ճուտիթ երկու մտքի վրայ էր, թէ Գամերուն փոխադրուի՛ կամ ոչ։ Ան լաւ վճարումով գործ մը ունէր, որ իրեն թոյլ կու տար, որ Գամերունի մէջ ապրող իր հօր բժշկական խնամքին ծախսերը գոցէր։ Այսուհանդերձ, Ճուտիթ Եհովային վստահելով տեղափոխուեցաւ։ Ան կ’ընդունի, որ կը փնտռէր այն հանգստաւէտութիւնը, որ արտասահման կը վայելէր։ Ան Եհովային աղօթեց որ իրեն օգնէ համակերպելու, եւ օգնութիւնը եկաւ շրջանային տեսուչի մը եւ անոր կնոջ կողմէ, որոնք զինք քաջալերեցին։

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, Ճուտիթ կ’ըսէ. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր՝ երեք տարուան մէջ չորս հոգեւոր զաւակներ գտնելը»։ Ան սկսաւ ծառայել որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ Ներկայիս, իր ամուսինին՝ Սէմ–Գէսթելի հետ շրջանային գործին մէջ է։ Բայց Ճուտիթի հօր վիճակը ի՞նչ եղաւ։ Ճուտիթ եւ իր ընտանիքը կրցան ուրիշ երկրի մը մէջ հիւանդանոց մը գտնել, որ համաձայնեցաւ իր հօր գործողութեան ծախսերը հոգալ։ Եւ գործողութիւնը յաջողեցա՛ւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵԼ

Վիքթըր եւ Գէրըլայն հանրային պարտէզի մը մէջ տղամարդու մը կը քարոզեն։

Գէրըլայն եւ Վիքթըր

Վիքթըր անունով եղբայր մը Քանատա փոխադրուած էր։ Դիտարան–ին մէջ բարձրագոյն ուսումի մասին յօդուած մը կարդալէ ետք, ան իր ուսումին մասին մտածեց։ Համալսարան յաճախելէ դադրեցաւ եւ սկսաւ արհեստ մը սորվեցնող կարճ դասընթացքներ առնել։ Ան կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի օգնեց, որ աւելի կանուխ գործ գտնեմ, եւ ընեմ այն ինչ որ երկար ատենէ ի վեր կ’ուզէի. ռահվիրայութիւն»։ Յետագային, Վիքթըր ամուսնացաւ Գէրըլայնի հետ, եւ անոնք Գամերուն այցելեցին։ Երբ հոն մասնաճիւղը այցելեցին, եղբայրները քաջալերեցին որ մտածեն Գամերունի մէջ ծառայելու մասին։ Վիքթըր կ’ըսէ. «Պատճառ մը չունէինք մերժելու, եւ քանի որ մեր կեանքը պարզ պահած էինք, կրցանք հրաւէրը ընդունիլ»։ Թէեւ Գէրըլայն կարգ մը առողջապահական խնդիրներ ունէր, բայց որոշեցին փոխադրուիլ։

Վիքթըր եւ Գէրըլայն սկսան ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ, օգնելու համար բոլոր անոնց, որոնք Աստուածաշունչով հետաքրքրուած էին։ Ժամանակ մը կրցան իրենց շատցուցած դրամով ապրիլ։ Անկէ ետք, քանի մը ամիս Քանատայի մէջ աշխատեցան, ինչ որ իրենց օգնեց, որ Գամերուն վերադառնան եւ շարունակեն ռահվիրայութիւնը։ Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ ստացան։ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախեցին, որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայեցին, եւ ներկայիս շինարարութեան ծառաներ են։ Վիքթըր կ’ըսէ. «Մեր հանգստաւէտ կեանքէն վազ անցնիլը առիթ տուաւ, որ Եհովայի հոգատարութիւնը վայելենք»։

ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԵԼՈՎ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԻՆ

Սթեֆընի եւ Ալան, հրատարակութիւններու սայլակի մը քով կանգնած, կնոջ մը կը քարոզեն։

Սթեֆընի եւ Ալան

2002–ին, եղբայր Ալանը, որ Գերմանիոյ մէջ համալսարանական աշակերտ մըն էր, կարդաց Ո՛վ երիտասարդներ. ի՞նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը թերթիկը։ Իր կարդացածը զինք մղեց, որ նոր նպատակակէտեր դնէ։ 2006–ին, Ծառաներու մարզումի դպրոցը յաճախեց եւ նշանակուեցաւ Գամերուն՝ իր ծնած երկիրը։

Գամերունի մէջ, Ալան կիսաժամ գործ գտաւ։ Ետքը, աւելի լաւ վճարումով գործ գտաւ, բայց մտահոգ էր, թէ անիկա կրնար ծառայութեան մէջ իր մասնակցութիւնը նուազեցնել։ Ուստի, երբ հրաւէր ստացաւ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելու, առանց երկմտելու ընդունեց։ Իր գործատէրը առաջարկեց իր ամսականը աւելցնել, բայց ան իր որոշումին կառչեցաւ։ Յետագային, Ալան ամուսնացաւ Սթեֆընիին հետ, որ տարիներով ապրած էր Ֆրանսայի մէջ։ Սթեֆընին Գամերուն փոխադրուելէ ետք, ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ։

Սթեֆընին կ’ըսէ. «Առողջապահական պզտիկ խնդիրներ եւ գերզգայնութիւն ունեցայ, բայց կանոնաւոր դարմանումի ենթարկուեցայ եւ հանգստացայ»։ Զոյգը իրենց տոկալուն համար վարձատրուեցան։ Ալան կը պատմէ. «Երբ Քադի կոչուող հեռաւոր գիւղը գացինք քարոզելու համար, գտանք քանի մը անհատներ, որոնք կ’ուզէին Աստուածաշունչը սերտել։ Ետքը, կրցանք անոնց հետ հեռաձայնով սերտել։ Այս աշակերտներէն երկուքը մկրտուեցան եւ հրատարակիչներու խումբ մը կազմուեցաւ»։ Սթեֆընին կ’աւելցնէ. «Աւելի մեծ ուրախութիւն չկայ, քան մարդոց օգնել, որ Եհովայի նուիրուին։ Հոս ծառայելով այդ ուրախութիւնը կրկին անգամ վայելած ենք»։ Ներկայիս, Ալանը եւ Սթեֆընին շրջանային գործին մէջ են։

Ծնած երկրիդ մէջ ծառայելուն առաւելութիւնները

«Արդէն գիտէինք տեղացիներուն մշակոյթն ու մտածելակերպը։ Մարդիկ նուազ կը զգուշանային մեզմէ, քան օտարներէն, եւ աւելի դիւրութեամբ կրնայինք իրենց հետ խօսակցիլ» (Ալան)։

«Կրնայինք դիւրաւ տեղէ տեղ շրջիլ ու երթալ վայրեր, ուր օտարները դիւրին–դիւրին չեն կրնար երթալ» (Սթեֆընի)։

«ԸՐԻՆՔ ՃԻՇԴ ԻՆՉ ՈՐ ՊԷՏՔ ԷՐ ԸՆԷԻՆՔ»

Լէոնս եւ Ժիզէլ կամուրջի մը վրայ կնոջ մը կը քարոզեն։

Լէոնս եւ Ժիզէլ

Ժիզէլ մկրտուեցաւ, երբ Իտալիոյ մէջ բժշկութիւն կ’ուսանէր։ Ան տպաւորուեցաւ իրեն հետ սերտող ռահվիրայ զոյգին վարած պարզ կեանքով, եւ ուզեց ծառայութեան աւելի մասնակցիլ։ Ուստի Ժիզէլ սկսաւ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, մինչ իր ուսումը աւարտելու վրայ էր։

Ժիզէլ կ’ուզէր Գամերուն վերադառնալ, հոն Եհովային աւելի ծառայելու համար, բայց մտահոգ էր։ Ան կ’ըսէ. «Պէտք էր Իտալիոյ մէջ ապրելու օրինական իրաւունքէս հրաժարէի եւ հոն եղող ընտանիքէս ու բարեկամներէս զատուէի»։ Հակառակ ատոր, մայիս 2016–ին, Ժիզէլ Գամերուն վերադարձաւ։ Ժամանակ մը ետք, ան ամուսնացաւ Լէոնսի հետ։ Գամերունի մասնաճիւղը զոյգին յանձնարարեց փոխադրուիլ Այոս գիւղաքաղաքը, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու մեծ կարիք կար։

Այոսի մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր։ Ժիզէլ կը պատմէ. «Շատ անգամ շաբաթներով ելեկտրականութիւն չէր ըլլար, եւ չէինք կրնար մեր բջիջային հեռաձայնները գործածել։ Սորվեցայ խարոյկի վրայ ճաշ եփել, եւ գիշերը երբ ակը խճողուած չէր ըլլար, ձեռնակառքերով ու պզտիկ ելեկտրական լապտերներով կ’երթայինք ջուր բերելու»։ Զոյգը ինչպէ՞ս կրցաւ այս դժուարութիւններուն տոկալ։ Ժիզէլ կ’ըսէ. «Եհովայի հոգին մեզի օգնեց որ տոկանք։ Նաեւ ամուսինս ու ես իրարու թիկունք կանգնեցանք։ Եւ ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ մեզ քաջալերեցին եւ ատեն–ատեն դրամական գետնի վրայ թիկունք կանգնեցան»։

Արդեօք Ժիզէլ ուրա՞խ է որ վերադարձաւ իր ծնած երկիրը։ Ան կ’ըսէ. «Խօսք չ’ուզեր։ Ճիշդ է որ սկիզբը դժուարութիւններ ունեցանք եւ վհատած զգացինք, բայց մէյ մը որ զանոնք յաղթահարեցինք, ես ու ամուսինս զգացինք, թէ ըրինք ճիշդ ինչ որ պէտք էր ընէինք։ Մենք Եհովայի կը վստահինք եւ իրեն աւելի մօտիկ կը զգանք»։ Լէոնս եւ Ժիզէլ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախեցին եւ ներկայիս կը ծառայեն որպէս ժամանակաւոր մասնաւոր ռահվիրաներ։

Ձկնորսներու պէս, որոնք հակառակ դժուարութիւններուն քաջութիւն ցոյց կու տան որպէսզի շատ ձուկ բռնեն, անոնք որոնք իրենց ծնած երկիրը կը վերադառնան, յօժարաբար զոհողութիւններ կ’ընեն, որպէսզի օգնեն անոնց, որոնք Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն։ Անկասկած, Եհովան այս ջանասէր հրատարակիչները պիտի յիշէ իրենց սիրոյն համար, որ իր անուան հանդէպ ցուցաբերած են (Նէ. 5։19. Եբ. 6։10)։ Եթէ արտասահման կ’ապրիս, եւ ծնած երկրիդ մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչներու կարիք կայ, արդեօք կրնա՞ս վերադառնալ։ Եթէ վերադառնաս, առատ օրհնութիւններ կը սպասեն քեզի (Առ. 10։22)։

Ինչպէ՞ս կրցան վերադառնալ

Եթէ կը մտածես ծնած երկիրդ վերադառնալ, նկատէ թէ ի՛նչ բաներ այս յօդուածին մէջ նշուած եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնեցին։

  • Ի՞նչ կրնաս ակնկալել

    «Ակնկալէ որ ընտանիքդ ու բարեկամներդ քեզ ճնշեն ու չքաջալերեն որ փոխադրուիս։ Եհովային ապաւինէ» (Ալան)։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ

    «Չեմ կարծեր որ ասկէ առաջ այսքան շատ աղօթած եմ» (Ժիզէլ)։

    «Դրամ շատցուցի, որպէսզի մէկէ մը կախեալ չըլլամ» (Ժերըլտին)։

    «Բժիշկի գացի, որպէսզի բժշկական ընդհանուր քննութիւններ ընէ» (Սթեֆընի)։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ապրուստդ ճարել

    «Սկիզբը շատցուցած դրամովս կ’ապրէի։ Ետքը, սկսայ բարձրագոյն վարժարանի մը մէջ դասաւանդել, եւ անկէ ետք սորվեցայ օճառ շինել ու ծախել» (Ժերըլտին)։

    «Աւելորդ դրամ շահեցանք, կաթով քաղցրեղէն պատրաստելով եւ խանութներուն բաժնելով» (Ժիզէլ)։

    «Համացանցի վրայ աշխատեցայ, փաստաթուղթեր թարգմանելով» (Օնեսիմ)։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ապահով մնալ

    «Ընտրեցի ապահով բնակավայր մը, որ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանց մօտ էր» (Ժերըլտին)։

    «Քարոզելու ատեն, միշտ մէկը ինծի հետ կ’ըլլայ» (Ժիզէլ)։

    «Իրիկունը մինակս տունէն դուրս չեմ ելլեր։ Նաեւ թանկարժէք բաներ չեմ ցուցադրեր» (Սթեֆընի)։

    «Մարդոց չյայտարարեցի որ արտասահմանէն եկած եմ, եւ իրենց հետ շաղուելու համար, ամէն բան ըրի ինչպէս որ իրենք կ’ընեն» (Ճուտիթ)։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել ուրախ եւ արդիւնաբեր մնալու համար

    «Սորվեցանք համակերպիլ։ Մեր միտքը պահեցինք, թէ ինչո՛ւ հոս եկանք, եւ դրական բաներուն վրայ կեդրոնացանք» (Վիքթըր)։

    «Պէտք էր գոհունակութիւն մշակէի» (Ալան)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել