Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

      Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ

      Կին մը կ’աղօթէ առաջ որ Սուրբ Գիրքը կարդայ

      Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնես եւ լաւագոյն կերպով օգտուիս։ Նկատի առ այս հինգ քայլերը, որ շատերու օգնած են։

      Լաւ միջավայր մը ստեղծէ։ Փորձէ հանդարտ տեղ մը գտնել։ Խանգարող բաները հեռու պահէ որպէսզի կարենաս կեդրոնանալ։ Եթէ բաւարար լոյս եւ մաքուր օդ կայ, ասիկա քեզի կ’օգնէ որ լաւագոյն կերպով օգտուիս կարդացածէդ։

      Ճիշդ կեցուածքով կարդա՛։ Սուրբ Գիրքը մեր երկնաւոր Հօր կողմէն է։ Ուրեմն, եթէ կարդաս այն կեցուածքով որ պզտիկ մը կ’ունենայ երբ պատրաստ կ’ըլլայ իր սիրալիր հօրմէն սորվելու, այն ատեն ամէնէն շատ պիտի օգտուիս։ Եթէ որեւէ գէշ կարծիք կազմած ես Սուրբ Գիրքին մասին առաջ որ զայն կարդաս, փորձէ զայն մէկ կողմ դնել, որպէսզի Աստուած կարենայ քեզի սորվեցնել (Սաղմոս 25։4)։

      Առաջ որ կարդաս, աղօթէ՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած են Աստուծոյ խօսքերը։ Ուրեմն, հասկնալու համար իր օգնութեան պէտք ունինք։ Ան կը խոստանայ որ «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։13)։ Սուրբ հոգին քեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնաս։ Ժամանակի ընթացքին, ատիկա քեզի պիտի օգնէ որ նոյնիսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնաս (Ա. Կորնթացիս 2։10)։

      Հասկնալու նպատակով կարդա՛։ Կարդալու սիրոյն մի՛ կարդար։ Կարդացածիդ մասին մտածէ։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Այս անձը որուն մասին կը կարդամ, ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Ինչպէ՞ս կրնամ ասիկա գործադրել կեանքիս մէջ’։

      Մասնայատուկ նպատակակէտեր դի՛ր։ Որպէսզի օգտուիս կարդալէն, նպատակդ թող ըլլայ՝ բան մը սորվիլ որ կեանքդ աւելի լաւ պիտի դարձնէ։ Կրնաս այսպիսի նպատակակէտեր դնել. ‘Կ’ուզեմ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ’, ‘Կ’ուզեմ աւելի լաւ անձ մը, ամուսին մը կամ կին մը ըլլալ’։ Ետքը կարդա՛ Սուրբ Գիրքին այն մասերը որ քեզի պիտի օգնեն նպատակակէտերուդ հասնելուa։

      Այս հինգ քայլերը քեզի պիտի օգնեն որ սկսիս կարդալ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս կարդալդ աւելի հետաքրքրական դարձնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոր մասին։

      a Եթէ չես գիտեր թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր մասերը ամէնէն յարմարն են որ դրած նպատակակէտերուդ հասնիս, Եհովայի վկաները ամենայն ուրախութեամբ քեզի կրնան օգնել։

      ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԷ ԿԱՐԴԱՑԱԾԷԴ

      • Ժամանակդ առ եւ մի՛ աճապարեր

      • Կարդացածդ երեւակայէ

      • Փորձէ տեսնել թէ կարդացած համարդ ի՛նչ կապ ունի իր շուրջի համարներուն հետ

      • Կարդացածիդ մէջ դասեր փնտռէ

  • Կարդալը ինչպէ՞ս հետաքրքրական կը դառնայ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
    • Կին մը մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդայ, կը գործածէ բաներ որոնք կ’օգնեն Սուրբ Գիրքը սերտելու

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

      Կարդալը ինչպէ՞ս հետաքրքրական կը դառնայ

      Սուրբ Գիրքը կարդալը քեզի համար ի՞նչ է. ձանձրանալի՞, թէ՞ թարմացուցիչ։ Կախում ունի թէ ի՛նչ կեցուածքով կը կարդաս։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնաս ընել որպէսզի կարդալը աւելի հաճելի ըլլայ։

      Զատէ՛ վստահելի եւ հիմակուան լեզու ունեցող թարգմանութիւն մը։ Եթէ կարդացածիդ մէջ կան շատ մը դժուար կամ հին բառեր որ չես գիտեր, շատ հաւանաբար հաճոյքով չկարդաս։ Ուրեմն փնտռէ Սուրբ Գիրք մը որ դիւրին լեզու կը գործածէ եւ սրտիդ կը հասնի։ Բայց միեւնոյն ատեն, ատիկա պէտք է բծախնդրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ թարգմանուած ըլլայa։

      Արհեստագիտութիւնը գործածէ։ Այսօր, Սուրբ Գիրքը կը գտնուի ոչ միայն տպուած ձեւով, այլեւ՝ թուանշային ձեւով։ Կրնաս կարգ մը Սուրբ Գիրքեր առցանց կարդալ, կամ զանոնք բեռնել որպէսզի կարդաս համակարգիչիդ, թապլեթիդ կամ հեռաձայնիդ վրայ։ Կարգ մը թարգմանութիւններ ունին յաւելեալ գործիքներ, որոնք կը ձգեն որ նոյն նիւթին մասին ուրիշ համարներ կարդաս կամ նոյնիսկ այլ թարգմանութիւններ իրարու հետ բաղդատես։ Եթէ կարդալէ աւելի կը նախընտրես լսել, նաեւ կրնաս գտնել ձայնագրուած Սուրբ Գիրքեր։ Շատեր կը սիրեն մտիկ ընել, մինչ հանրային փոխադրամիջոցներ կը գործածեն, լուացք կ’ընեն, ճաշ կը պատրաստեն կամ կ’ընեն բան մը որ թոյլ կու տայ որ միեւնոյն ատեն թէ՛ աշխատին եւ թէ մտիկ ընեն։ Կրնաս փորձել այս կերպերէն մէկը որ քեզի յարմար է։

      Գործածէ բաներ որ կ’օգնեն Սուրբ Գիրքը սերտելու։ Այս միջոցները քեզի կ’օգնեն որ կարդացածդ աւելի հասկնաս։ Կան Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած շրջաններուն քարտէսները, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ կարդացած տեղերդ գտնես քարտէսին վրայ եւ պատմութիւնները աւելի հասկնաս։ Կան նաեւ յօդուածներ որոնք քեզի կ’օգնեն որ հասկնաս Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած շատ մը բաներ։ Այս պարբերաթերթին կամ jw.org/hy-latn կայքին մէջ կրնաս գտնել այսպիսի յօդուածներ։

      Տարբեր շարքաւորումով կարդա՛։ Եթէ աչքիդ կու գայ Սուրբ Գիրքը կողքէ կողք կարդալ, կրնաս սկսիլ քեզ հետաքրքրող բաժին մը կարդալ։ Եթէ կ’ուզես գիտնալ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած հռչակաւոր մարդոց մասին, կրնաս անհատներուն մասին մէկ առ մէկ կարդալ։ Օրինակ մը տրուած է «Սուրբ Գիրքին խորքը մտիր, իր նշած անձերուն մասին գիտնալով» շրջանակին մէջ։ Կամ թերեւս կ’ուզես Սուրբ Գիրքը կարդալ ըստ նիւթերուն կամ դէպքերուն շարքաւորումով։ Կ’ուզե՞ս ատոնցմէ մէկը փորձել

      a Շատեր տեսած են թէ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ճշգրիտ, վստահելի եւ հաճելի է։ Այս Սուրբ Գիրքը, որ հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ, թարգմանուած է աւելի քան 130 լեզուներով։ Կրնաս զայն բեռնել jw.org կայքէն կամ ալ բեռնել JW Library էփը։ Իսկ եթէ կը նախընտրես տպուած օրինակ մը ստանալ տանդ մէջ, Եհովայի վկաները պատրաստ են զայն բերելու։

      ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԽՈՐՔԸ ՄՏԻՐ, ԻՐ ՆՇԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՎ

      Կարգ մը հաւատարիմ կիներ

      Աբիգիա

      Ա. Թագաւորաց գլուխ 25

      Աննա

      Ա. Թագաւորաց գլուխ 1-2

      Եսթեր

      Եսթեր գլուխ 2-5, 7-9

      Մարիամ

      (Յիսուսին մայրը) Մատթէոս գլուխ 1-2. Ղուկաս գլուխ 1-2. նաեւ տե՛ս Յովհաննէս 2։1-12. Գործք 1։12-14. 2։1-4

      Ռախաբ

      Յեսու գլուխ 2, 6. նաեւ տե՛ս Եբրայեցիս 11։30, 31. Յակոբոս 2։24-26

      Ռեբեկա

      Ծննդոց գլուխ 24-27

      Սառա

      Ծննդոց գլուխ 17-18, 20-21, 23. նաեւ տե՛ս Եբրայեցիս 11։11. Ա. Պետրոս 3։1-6

      Կարգ մը երեւելի տղամարդիկ

      Աբրահամ

      Ծննդոց գլուխ 11-24. նաեւ տե՛ս 25։1-11

      Դաւիթ

      Ա. Թագաւորաց գլուխ 16-30. Բ. Թագաւորաց գլուխ 1-24. Գ. Թագաւորաց գլուխ 1-2

      Մովսէս

      Ելից գլուխ 2-20, 24, 32-34. Թուոց գլուխ 11-17, 20, 21, 27, 31. Բ. Օրինաց գլուխ 34

      Յիսուս

      Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանները

      Նոյ

      Ծննդոց գլուխ 5-9

      Պետրոս

      Մատթէոս գլուխ 4, 10, 14, 16-17, 26. Գործք գլուխ 1-5, 8-12

      Պօղոս

      Գործք գլուխ 7-9, 13-28

      ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ

      • JW.ORG. Այս կայքը ունի շատ մը բաներ որ կ’օգնեն սերտելու, ինչպէս՝ «Bible Questions Answered» բաժինը։ Նաեւ կը գտնես JW Library էփը բեռնելու քայլերը

      • Տեսէ՛ք «բարի երկիրը». Այս անգլերէն գրքոյկին մէջ կան Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած տեղերուն քարտէսներն ու նկարները

      • Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ. Երկու հատորնոց անգլերէն հանրագիտարան, որ կը խօսի մարդոց ու տեղերու մասին եւ կը բացատրէ սուրբգրային արտայայտութիւնները

      • «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է». Այս անգլերէն գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչին իւրաքանչիւր գիրքը ե՛րբ, ո՛ւր եւ ինչո՛ւ գրուեցաւ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկուն ամփոփումը կու տայ

      • Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց. Այս պզտիկ գիրքը, որ բծախնդիր պրպտումի վրայ հիմնուած է, փաստեր կու տայ թէ Սուրբ Գիրքը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է

      • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը. 32 էջնոց գրքոյկ մը որ Սուրբ Գիրքին ընդհանուր բնաբանը կ’ամփոփէ

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել