Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 15
  • Ինչպէ՞ս կրնաս մեկուսացումի հետ գլուխ ելլել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս մեկուսացումի հետ գլուխ ելլել
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հոգեւորապէս աճէ
  • Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդա՛
  • Աշխարհի դէպքերուն նշանակութիւնը հասկցիր
  • Անտեղիօրէն մի՛ մտահոգուիր
  • Բարեկամութիւններ զարգացուր
  • Ֆիզիքապէս աշխոյժ մնացի՛ր
  • Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 15
Տան մէջ եղող կին մը պատուհանէն դուրս կը նայի։

Ինչպէ՞ս կրնաս մեկուսացումի հետ գլուխ ելլել

Մեկուսացած ու միայնակ կը զգա՞ս։ Եթէ այո, թերեւս սաղմոսերգուին պէս զգաս, որ ըսաւ. «Նման եղայ տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին» (Սաղմոս 102։7)։ Աստուածաշունչին բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ քեզի օգնել, որ մեկուսացումին պատճառած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլես։

  • Հոգեւորապէս աճէ

  • Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդա՛

  • Աշխարհի դէպքերուն նշանակութիւնը հասկցիր

  • Անտեղիօրէն մի՛ մտահոգուիր

  • Բարեկամութիւններ զարգացուր

  • Ֆիզիքապէս աշխոյժ մնացի՛ր

Հոգեւորապէս աճէ

Նոյնիսկ եթէ մեկուսացած ես, կրնաս ուրախ ըլլալ՝ գիտակցելով որ հոգեւոր պէտքեր ունիս եւ անոնք գոհացնելով (Մատթէոս 5։3, 6)։ Ատիկա ընելու համար, կրնաս հետեւեալներէն ձրիօրէն օգտուիլ։

  • Առցանց Աստուածաշունչ

  • Կարճ վիտէօներ Աստուածաշունչի կարգ մը կարեւոր ուսուցումներուն մասին

  • «Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները». Յօդուածներ, որոնք յաճախ հարցուած հարցումներ կը քննարկեն

  • «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք». Յօդուածներ, որոնք կ’օգնեն որ Աստուածաշունչի հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները մեզի համար իրական դառնան

  • «Արդեօք պատահականութի՞ւն է». Յօդուածներ, որոնք կը կեդրոնանան բնութեան գեղեցկութեան ու բարդութեան վրայ

Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդա՛

Հետեւեալ համարները շատերը մխիթարած են։ Փոխանակ քանի մը հատուածներ մէկ կտոր կարդալու, ջանա՛ ժամանակդ գործածել ամէն մէկ հատուածի վրայ խոկալու եւ աղօթելու (Մարկոս 1։35)։

  • Սաղմոս 23։1-6

  • Սաղմոս 34։1-22

  • Սաղմոս 46։1-11

  • Սաղմոս 63։6-8

  • Սաղմոս 91։1-6

  • Մատթէոս 6։25-34

  • Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

  • Փիլիպպեցիս 4։6, 7

  • Ա. Պետրոս 5։6, 7

Աշխարհի դէպքերուն նշանակութիւնը հասկցիր

Որեւէ մտահոգիչ պարագայի հետ կրնաս աւելի լաւ գլուխ ելլել, եթէ գիտնաս թէ ինչո՛ւ գէշ բաներ կը պատահին եւ թէ Աստուած անոնց ինչպէ՛ս վերջ պիտի դնէ (Եսայի 65։17)։

  • Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին

  • Աստուածաշունչը հիւանդութեան եւ առողջութեան նկատմամբ ի՞նչ կ’ըսէ

  • Ի՞նչ է վերջին օրերուն նշանը

  • Յայտնութիւն գիրքին մէջ նշուած չորս ձիաւորները որո՞նք են

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ

Անտեղիօրէն մի՛ մտահոգուիր

Հետեւեալ նիւթերուն շուրջ եղող յօդուածները կրնան քեզի օգնել, որ մեկուսացումի պատճառած ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլես եւ ‘հոգ չընես’ (Մատթէոս 6։25)։

  • Ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլել

  • Դրական կեցուածք պահպանել

  • Վտանգի մասին մտահոգուիլ

  • Դրամի մասին մտահոգուիլ

  • Պատանիներուն մտահոգութիւնը

Բարեկամութիւններ զարգացուր

Բարեկամութիւնները մտային եւ զգացական առողջութեան համար օգտակար են, եւ կարեւոր են՝ մանաւանդ երբ մարդոց հետ տեսնուիլը դժուար է։ Եթէ ստիպուած ես տունը մնալ, կրնաս ունեցած բարեկամութիւններդ պահպանել եւ նոր բարեկամութիւններ զարգացնել տեսահաղորդակցութեան եւ հեռաձայնային խօսակցութիւններու միջոցաւ։ Հետեւեալ յօդուածները քեզի պիտի օգնեն, որ իսկական բարեկամ գտնես ու ըլլաս (Առակաց 17։17)։

  • Ինչպէ՞ս լաւ բարեկամ ըլլալ

  • Ինչո՞ւ կ’արժէ աւելի բարեկամներ ունենալ

  • Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կը զգաս որ բարեկամներ չունիս

  • Առատաձեռնութիւնը բարեկամութիւնը կը զօրացնէ

  • Շնորհակալ ըլլալը բարեկամութիւնը կը զօրացնէ

Ֆիզիքապէս աշխոյժ մնացի՛ր

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ‘մարմնին վարժութիւնը’, այսինքն՝ մարմնամարզանքը, օգտակար է (Ա. Տիմոթէոս 4։8)։ Անիկա կրնայ մտային առողջութիւնդ բարելաւել, մանաւանդ երբ մեկուսացած ես։ Նոյնիսկ եթէ ստիպուած ես տունը մնալ, հաւանաբար կա՛ն բաներ որոնք կրնաս ընել, որ աշխոյժ մնաս։

  • Շարժէ

  • Ֆիզիքական եւ մտային առողջութեանդ հոգ տար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել