Երգ 153
Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս
Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս,
երբ մարդոց խօսիս սրտանց.
Երբ ջանաս անոնց սրտին
արագօրէն հասնիլ։
Տէր Եհովան կ’օրհնէ
ամէն ջանք որ դուն կ’ընես։
Ան գիտէ ինչպէ՛ս քաշել
անկեղծ մարդիկ իրեն։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Կը ծառայեմ ուրախ սրտով,
ամբողջ մտքով, ամբողջ ուժով։
Թող շրթունքիս պտուղը միշտ
փառք տայ Եհովային։
Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս,
երբ բարի պատգամ կու տաս.
Երբ մարդիկ լսեն ու գան
որ Եհովան ճանչնան։
Շատեր պիտի մերժեն
կամ բնաւ չընդառաջեն։
Բայց մենք դեռ մեր Հօր մասին
պիտ’ պատմենք բոլորին։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Կը ծառայեմ ուրախ սրտով,
ամբողջ մտքով, ամբողջ ուժով։
Թող շրթունքիս պտուղը միշտ
փառք տայ Եհովային։
Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս,
երբ քեզի օգնէ Աստուած
Եւ երբ տայ յատուկ պատուէր
որ բարի լուր պատմես։
Միշտ համարձակ ըլլանք.
բայց ազնիւ վարք ունենանք։
Արժանի մարդիկ փնտռենք։
Հունձքին օգնել վճռե՛նք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Կը ծառայեմ ուրախ սրտով,
ամբողջ մտքով, ամբողջ ուժով։
Թող շրթունքիս պտուղը միշտ
փառք տայ Եհովային։
(Տե՛ս նաեւ Գործք 13։48. Ա. Թես. 2։4. Ա. Տիմ. 1։11)