Մկրտութիւնը ի՞նչ է
Աստուածաշունչին պատասխանը
Մկրտութիւնը կը նշանակէ լման մարմինով ջուրին մէջ իջնել եւ դուրս ելլելa։ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը մկրտութիւններ արձանագրուած են (Գործք 2։41)։ Անոնց մէջ կայ Յիսուսին մկրտութիւնը, որ Յորդանան գետին մէջ եղաւ (Մատթէոս 3։13, 16)։ Տարիներ ետք, եթովպիացի տղամարդ մը ճամբորդութեան ընթացքին ճամբուն մօտ կեցաւ եւ ‘ջուրին’ մէջ իջնելով մկրտուեցաւ, որ իր գացած ճամբուն քովն էր (Գործք 8։36-40)։
Յիսուս սորվեցուց որ մկրտութիւնը պահանջուած է իր հետեւորդներէն (Մատթէոս 28։19, 20)։ Պետրոս առաքեալն ալ այս կէտը շեշտեց (Ա. Պետրոս 3։21)։
Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք՝
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մանուկներու մկրտութեան կամ մանուկներ քրիստոնէացնելուն մասին
Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»
Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ
Երբ անձ մը մկրտուի, մարդոց առջեւ ցոյց կու տայ թէ իր մեղքերուն համար զղջացած է եւ Աստուծոյ խոստացած է որ միշտ իր կամքը պիտի կատարէ։ Իսկ Աստուծոյ կամքը կատարել կը նշանակէ, որ անհատը իր ամբողջ կեանքին մէջ Աստուծոյ եւ Յիսուսին պիտի հնազանդի։ Մկրտուող անձերը կը սկսին Աստուծոյ ուզած կերպով ապրիլ, ինչ որ իրենց առիթ կու տայ որ յաւիտեան ապրին։
Ջուրի մկրտութիւնը հոյակապ կերպով ցոյց կու տայ այն փոփոխութիւնը, որ անձը ըրած է իր կեանքին մէջ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երբ մէկը մկրտուի կարծես թէ կը թաղուի (Հռովմայեցիս 6։4. Կողոսացիս 2։12)։ Ջուրին տակը իջնելով, անձը կարծես թէ կը թաղուի, կամ ուրիշ խօսքով՝ իր անցեալի ապրելակերպը կը թաղէ կամ ատկէ վազ կ’անցնի։ Իսկ երբ ջուրէն դուրս կ’ելլէ, ան ցոյց կու տայ որ նոր կեանք մը կը սկսի որպէս Աստուծոյ նուիրուած քրիստոնեայ։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մանուկներու մկրտութեան կամ մանուկներ քրիստոնէացնելուն մասին
Աստուածաշունչին մէջ «քրիստոնէացնել» արտայայտութիւնը չէ յիշուածb։ Եւ Սուրբ Գիրքը չի սորվեցներ որ մանուկները պէտք է մկրտուին։
Մանուկներու մկրտութիւնը Աստուածաշունչին սորվեցուցածին հետ համաձայն չէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ մկրտուիլ ուզող մէկը պէտք է որոշ բաներ ընէ։ Օրինակ, ան պէտք է հասկնայ գոնէ Աստուծոյ Խօսքին հիմնական ուսուցումները եւ ատոնց համաձայն ապրի։ Ան պէտք է իր մեղքերուն համար զղջայ։ Եւ ան աղօթքով պէտք է իր կեանքը Աստուծոյ նուիրէ (Գործք 2։38, 41. 8։12)։ Ասոնք բաներ են, որ մանուկ մը չի կրնար ընել։
Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»
Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ մարդիկը ‘մկրտեն յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցնեն անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ինք անոնց պատուիրեց’ (Մատթէոս 28։19, 20)։ «Յանուն» կամ՝ անունով՝ բառը կը նշանակէ, որ մկրտուող անձը կը հասկնայ եւ կ’ընդունի Հօրն ու Որդիին դիրքն ու հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հասկնայ Աստուծոյ սուրբ հոգիին դերը։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ ի ծնէ կաղ եղող մարդու մը ըսաւ. «Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը ելի՛ր ու քալէ՛» (Գործք 3։6)։ Իմաստը յստակ է. Պետրոս հասկցաւ եւ ընդունեց Քրիստոսի հեղինակութիւնը եւ ըմբռնեց որ իրմով էր որ այդ հրաշալի բուժումը եղաւ։
‘Հայր’ բառը կ’ակնարկէ Եհովաc Աստուծոյ։ Ստեղծիչը, կեանք Տուողը եւ Ամենակալ Աստուածը ըլլալով, Եհովան ամէնէն մեծ հեղինակութիւնը ունի (Ծննդոց 17։1. Յայտնութիւն 4։10բ)։
‘Որդին’ Յիսուս Քրիստոսն է, որ իր կեանքը մեզի համար տուաւ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Մենք կրնանք փրկուիլ, միայն եթէ հասկնանք եւ ընդունինք Յիսուսի ունեցած կարեւոր դերը՝ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մէջ (Յովհաննէս 14։6. 20։31. Գործք 4։8-12)։
‘Սուրբ հոգին’ Աստուծոյ գործող ուժն էd։ Աստուած իր սուրբ հոգին գործածեց որ ստեղծէ, կեանք տայ, պատգամներ փոխանցէ իր մարգարէներուն եւ ուրիշներու, եւ անոնց ոյժ տայ որ իր կամքը ընեն (Ծննդոց 1։2. Յոբ 33։4. Հռովմայեցիս 15։18, 19)։ Աստուած նաեւ սուրբ հոգին գործածեց Աստուածաշունչը գրողները մղելու, որ իր գաղափարները գրի առնեն (Բ. Պետրոս 1։21)։
Նորէն մկրտուիլը մե՞ղք է
Աշխարհի մէջ սովորական բան է որ մարդիկ իրենց կրօնքը փոխեն։ Բայց կարելի՞ որ անոնք նորէն մկրտուին, եթէ նախապէս իրենց եկեղեցիին մէջ մկրտուած են։ Արդեօք այդպէս ընելով, մեղք գործած կ’ըլլա՞ն։ Ոմանք կ’ըսեն այո՛, թերեւս քանի որ իրենց մտքին մէջ կայ Եփեսացիս 4։5–ը, որ կ’ըսէ. «Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ»։ Բայց այս համարը չի նշանակեր որ անձ մը չի կրնար նորէն մկրտուիլ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։
Շուրջի համարները։ Եփեսացիս 4։5–ին շուրջի համարները ցոյց կու տան, որ Պօղոս առաքեալը ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կը շեշտէր թէ պէտք էր որ իրենց հաւատալիքներուն ու հաւատքին մէջ միացած ըլլային (Եփեսացիս 4։1-3, 16)։ Անոնք այս տեսակ միութիւն կրնային ունենալ, եթէ հետեւէին նոյն Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին, ունենային նոյն հաւատքը, այսինքն՝ Աստուածաշունչին սորվեցուցածներուն մասին նոյն հասկացողութիւնը, եւ հետեւէին մկրտուելու համար Սուրբ Գիրքի նոյն պահանջքներուն։
Պօղոս առաքեալ քաջալերեց ոմանք, որոնք արդէն մկրտուած էին, որ նորէն մկրտուէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք մկրտուած էին առանց քրիստոնէական ուսուցումները լման կերպով հասկնալու (Գործք 19։1-5)։
Մկրտուելու ճիշդ հիմը։ Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, մկրտուող անձը պէտք է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին ճշգրիտ գիտելիքներ ստանայ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Եթէ մէկը մկրտուած է կրօնական այնպիսի ուսուցումներու հիման վրայ, որոնք Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, Աստուած այդ մկրտութիւնը չ’ընդունիր (Յովհաննէս 4։23, 24)։ Թերեւս անձը՝ երբ առաջին անգամ մկրտուեցաւ, կը կարծէր որ ճիշդ բանը կ’ընէր, ‘բայց Աստուծոյ կամքը լիովին չէր հասկցած’ (Հռովմայեցիս 10։2, ՆԱ)։ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, ան պէտք է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվի, իր սորվածը գործադրէ, իր կեանքը Աստուծոյ նուիրէ եւ նորէն մկրտուի։ Այդ պարագային, նորէն մկրտուելով մեղք գործած պիտի չըլլայ։ Ընդհակառակը, անոր մկրտութիւնը ճիշդ պիտի ըլլայ։
Աստուածաշունչին մէջ յիշուած ուրիշ մկրտութիւններ
Աստուածաշունչը կը յիշէ ուրիշ մկրտութիւններ, որոնք տարբեր իմաստ ունէին Քրիստոսի հետեւորդներուն ջուրի մկրտութենէն։ Նկատի առ այս օրինակները.
Յովհաննէս Մկրտիչին ըրած մկրտութիւնըe։ Հրեաները եւ անոնք որոնք հրէականութիւնը ընդունած էին, Յովհաննէսին ձեռքով մկրտուեցան, ցոյց տալու համար որ զղջացած էին այն մեղքերուն համար, որոնք գործած էին Մովսիսական օրէնքին դէմ։ Մովսիսական օրէնքը այն Օրէնքն էր, որ Աստուած իսրայէլացիներուն տուած էր Մովսէսին միջոցաւ։ Յովհաննէսին ըրած մկրտութիւնը մարդոց օգնեց, որ պատրաստ ըլլան զանազանելու եւ ընդունելու Մեսիան՝ Նազովրեցի Յիսուսը (Ղուկաս 1։13-17. 3։2, 3. Գործք 19։4)։
Յիսուսին մկրտութիւնը։ Յովհաննէս Մկրտիչին ձեռքով Յիսուսին մկրտութիւնը յատուկ էր։ Յիսուս կատարեալ մէկն էր եւ մեղք չէր գործած (Ա. Պետրոս 2։21, 22)։ Անոր համար, իր մկրտութիւնը կապ չունէր զղջալու հետ, ոչ ալ ‘խնդրանք էր Աստուծոյ՝ մաքուր խիղճ ունենալու համար’ (Ա. Պետրոս 3։21, ՆԱ)։ Հապա, Յիսուս մկրտուելով իր անձը Աստուծոյ տուաւ անոր կամքը ընելու համար որպէս մարգարէացուած Մեսիան՝ կամ Քրիստոսը։ Աստուծոյ կամքն էր նաեւ որ ան մեզի համար մեռնէր (Եբրայեցիս 10։7-10)։
Սուրբ հոգիով մկրտուիլ։ Թէ՛ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ թէ Յիսուս Քրիստոսը խօսեցան սուրբ հոգիով մկրտուելուն մասին (Մատթէոս 3։11. Ղուկաս 3։16. Գործք 1։1-5)։ Այս մկրտութիւնը եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը նոյնը չեն (Մատթէոս 28։19)։ Ինչո՞ւ։
Յիսուսի հետեւորդներէն միայն պզտիկ խումբ մը սուրբ հոգիով կը մկրտուին։ Անոնք սուրբ հոգիով կ’օծուին, քանի որ ընտրուած են երկինքին մէջ Քրիստոսին հետ ծառայելու որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ (Ա. Պետրոս 1։3, 4. Յայտնութիւն 5։9, 10)f։ Անոնք պիտի իշխեն Յիսուսի միլիոնաւոր հետեւորդներուն վրայ, որոնք յոյս ունին յաւիտեան ապրելու Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ (Մատթէոս 5։5. Ղուկաս 23։43)։
Յիսուս Քրիստոսով եւ անոր մահուան մկրտուիլ։ Անոնք որոնք սուրբ հոգիով կը մկրտուին, նաեւ ‘Յիսուս Քրիստոսով կը մկրտուին’ (Հռովմայեցիս 6։3)։ Ուրեմն, այս մկրտութեամբ մկրտուողները Յիսուսի օծեալ հետեւորդներն են, որոնք իրեն հետ երկինքի մէջ պիտի իշխեն։ Անոնք Յիսուսով մկրտուելով՝ իր օծեալ ժողովքին մէկ մասը կը դառնան։ Յիսուս ինք Գլուխն է, իսկ անոնք իր մարմինն են (Ա. Կորնթացիս 12։12, 13, 27. Կողոսացիս 1։18)։
Օծեալ քրիստոնեաները նաեւ ‘կը մկրտուին Յիսուսին մահուան’ (Հռովմայեցիս 6։3, 4)։ Անոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ անձնազոհ կեանք ապրելով եւ կեդրոնանալով Աստուծոյ հնազանդելուն վրայ, եւ Յիսուսին պէս գիտեն որ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի չապրին։ Եւ այս այլաբանական մկրտութիւնը կ’ամբողջացնեն՝ երբ կը մեռնին եւ յարութիւն կ’առնեն երկինքին մէջ ապրելու համար որպէս հոգեղէն արարածներ (Հռովմայեցիս 6։5. Ա. Կորնթացիս 15։42-44)։
Կրակով մկրտուիլ։ Յովհաննէս Մկրտիչ իրեն մտիկ ընողներուն ըսաւ. «Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով. որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով» (Մատթէոս 3։11, 12)։ Նկատէ թէ տարբերութիւններ կան կրակով մկրտուելուն եւ սուրբ հոգիով մկրտուելուն միջեւ։ Յովհաննէս այս օրինակը տալով ի՞նչ ըսել ուզեց։
Ցորենը կը ներկայացնէ անոնք, որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն եւ իրեն կը հնազանդին։ Անոնք առիթը ունին սուրբ հոգիով մկրտուելու։ Յարդը կը ներկայացնէ անոնք, որոնք Յիսուսին մտիկ չեն ըներ։ Անոնց վերջը պիտի ըլլայ կրակով մկրտուիլ, որ կը նշանակէ թէ անոնք յաւիտեան պիտի կործանին (Մատթէոս 3։7-12. Ղուկաս 3։16, 17)։
a Բառարանի մը համաձայն, «մկրտութիւն» թարգմանուող յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ջուրին մէջ իջնել, մխրճուիլ եւ անկէ դուրս ելլել» (Vine’s Complete Expository Dictionary of Old and New Testament Words)։
b «Քրիստոնէացնել»ը կ’ակնարկէ կարգ մը եկեղեցիներու ըրած արարողութեան, որուն ընթացքին թերեւս մանուկներուն անուն տրուի եւ ետքը մէկը զանոնք «կը մկրտէ»՝ անոնց գլխուն վրայ ջուր սրսկելով կամ թափելով։
c Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։ Տե՛ս «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը։
d Տե՛ս «Ի՞նչ է սուրբ հոգին» յօդուածը։
e Տե՛ս «Յովհաննէս Մկրտիչը ո՞վ է» յօդուածը (արաբ.)։
f Տե՛ս «Որո՞նք երկինք կ’երթան» յօդուածը։