Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ17 թիւ 6 էջ 10-11
  • Այցելութիւն դէպի Նոր Զելանտա

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Այցելութիւն դէպի Նոր Զելանտա
  • Զարթի՛ր 2017
Զարթի՛ր 2017
զ17 թիւ 6 էջ 10-11
Միլֆըրտ Սաունտ, Նոր Զելանտա

Միլֆըրտ Սաունտ

ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ

Այցելութիւն դէպի Նոր Զելանտա

Նոր Զելանտան՝ աշխարհի քարտէսին վրայ

ԱՅՆՊԷՍ կ’երեւի, որ մօտ 800 տարի առաջ, մաորի ցեղերը ովկիանոսը կտրեցին եւ հասան նոր տարածք մը՝ Նոր Զելանտան։ Հաւանաբար անոնք կու գային Փոլինեզիայի արեւադարձային կղզիներէն, որոնք հազարաւոր քիլոմեթր հեռու էին։ Այս տարածքը շատ տարբեր էր այդ տաք կղզիներէն։ Անիկա ունէր լեռներ եւ սառնակոյտեր (սառի խոշոր կտորներ), տաք ջուրի աղբիւրներ եւ ձիւն։ Մօտ 500 տարի ետք, այս շրջանը հասաւ ուրիշ ցեղախումբ մը՝ հեռաւոր Եւրոպայէն։ Այսօր, Նոր Զելանտայի բնակիչները ունին սովորութիւններ, որոնք թէ՛ անկլօ–սաքսոնական եւ թէ փոլինեզիական ծագում ունին։ Բնակչութեան գրեթէ 90 առ հարիւրը քաղաքներու մէջ կ’ապրի։ Ուէլինկթընը յատուկ քաղաք է, քանի որ աշխարհի ամէնէն հարաւը գտնուող մայրաքաղաքն է։

Եռացող ցեխի լճակներ Հիւսիսային կղզիին մէջ

Եռացող ցեխի լճակներ Հիւսիսային կղզիին մէջ

Նոր Զելանտան շատ գեղեցիկ եւ աննման տեսարաններ ունի։ Անոր համար չենք զարմանար, երբ լսենք, որ ամէն տարի երեք միլիոն զբօսաշրջիկներ այս երկիրը կ’այցելեն, հակառակ անոր որ աշխարհի մէկ անկիւնն է։

Փունկա ծառեր

Փունկա ծառերը կրնան աւելի քան 10 մեթրի հասնիլ

Թաքահէ չթռչող թռչունը

Մինչեւ 1948, կը կարծուէր որ թաքահէ չթռչող թռչունը բնաջինջ եղած է

Նոր Զելանտան ունի վայրի անասուններու յատուկ տեսակներ եւ տեսակաւոր չթռչող թռչուններ, որոնք ուրիշ երկիրներու մէջ չենք գտներ։ Ասկէ զատ, հոն կը գտնենք մողէզի նման սողուն մը (tuatara), որ կրնայ 100 տարի ապրիլ։ Նոր Զելանտան յատուկ է նաեւ ջղջիկներու քանի մը տեսակներով եւ ծովային մեծ ստնաւորներով, ինչպէս՝ կէտեր եւ դլփիններ։

Եհովայի վկաները մօտ 120 տարիէ ի վեր Նոր Զելանտայի մէջ կը քարոզեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն 19 լեզուներով,– մէջը ըլլալով փոլինեզիական լեզուներ, ինչպէս՝ նիուէերէն, ռարօթոնկա, սամոայերէն եւ թոնկերէն։

Մաորի ժողովուրդը պարելով կ’երգէ

Մաորի ժողովուրդը պարելով կ’երգէ՝ աւանդական տարազով

ԳԻՏԷԻ՞Ր

«Նոր Զելանտա» անունը եկած է «Զիլանտ»էն, որ Հոլանտայի մէջ շրջանի մը անունն է։ Մաորի լեզուով «Նոր Զելանտա»ն կը կոչուի «Aotearoa», որ կը նշանակէ՝ «Երկար ճերմակ ամպին երկիրը»։

Թէեւ նոր զելանտացիներուն մեծ մասը անգլերէն կը խօսի, բայց բնիկ լեզուն՝ մաորին, վերածնած է եւ հիմա կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ։ Եհովայի վկաներուն պաշտօնական կայքը՝ jw.org, մատչելի է մաորի լեզուով։

  • ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ։ 4,7 ՄԻԼԻՈՆ

  • ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ։ ՈՒԷԼԻՆԿԹԸՆ

  • ԵՐԿԻՐ։ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿՂԶԻՆ ՈՒՆԻ ՀՐԱԲՈՒԽՆԵՐ ԵՒ ՏԱՔ ՋՈՒՐԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ։ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՂԶԻՆ ՈՒՆԻ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՍԱՌՆԱԿՈՅՏԵՐ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել