Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 39-էջ 42
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վերլուծեցէք, Ընտրեցէք եւ Դասաւորեցէք
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրուագծի Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 39-էջ 42

Ուրուագծի Պատրաստութիւն

ԵՐԲ դասախօսութիւն մը նշանակուի, շատեր ջանադիր կերպով զայն գրի կ’առնեն, բացումէն մինչեւ եզրակացութիւնը։ Դասախօսութիւնը ամբողջանալէն առաջ, բազմաթիւ սեւագրութիւններ եղած կ’ըլլան։ Ասիկա ժամեր կրնայ առնել։

Դուք ձեր դասախօսութիւնները ա՞յս կերպով կը պատրաստէք։ Աւելի դիւրին կերպ մը կ’ուզէ՞ք սորվիլ։ Եթէ սորվիք ուրուագիծ մը պատրաստել, կարիքը չէք ունենար ամէն բան գրելու։ Ասիկա ձեզի ժամանակ պիտի տայ, որ դասախօսութիւնը տալու վարժութեան վրայ աշխատիք։ Ձեր ելոյթները ոչ միայն աւելի հեշտօրէն պիտի ներկայացնէք, այլ նաեւ՝ զանոնք լսելը ունկնդիրներուն համար աւելի հետաքրքրական եւ աւելի քաջալերական պիտի ըլլայ։

Անշուշտ, սրահին մէջ տրուած հանրային դասախօսութեանց համար ուրուագիծ մը հայթայթուած է։ Բայց մնացեալ դասախօսութիւններու պարագան այս չէ։ Ձեզի թերեւս միայն նիւթ մը կամ բնաբան մը նշանակուի։ Կամ ձեզմէ կրնայ խնդրուիլ որ տպագրուած մասնայատուկ նիւթ մը ներկայացնէք։ Երբեմն, կրնայ պարզապէս քանի մը տեղեկութիւններ տրուիլ ձեզի։ Այս բոլոր նշանակումներուն համար, պէտք է ձեր անձնական ուրուագիծը պատրաստէք։

Նկար՝ էջ 41

Էջ 41–ի վրայ տրուած նմոյշը, ձեզի գաղափար մը պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնաք հակիրճ ուրուագիծ մը պատրաստել։ Նկատի առէք որ գլխաւոր կէտերէն իւրաքանչիւրը ձախ լուսանցքէն կը սկսի եւ մեծատառ գրուած է։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտի ներքեւ, անոր նեցուկ կանգնող գաղափարներ դրուած են։ Այս գաղափարները զարգացնելու համար յաւելեալ կէտեր դրուած են անոնց ներքեւ՝ ձախ լուսանցքէն քիչ մը ներս քաշուած։ Այս ուրուագիծը զգուշութեամբ քննեցէք։ Նկատեցէք որ երկու գլխաւոր կէտերը ուղղակիօրէն բնաբանին հետ կապ ունին։ Նկատի առէք նաեւ որ ենթակէտերը պարզապէս հետաքրքրական նիւթեր չեն։ Հապա՝ ամէն մէկը նեցուկ կը կանգնի այն կէտին, որուն ներքեւ կը գտնուի։

Երբ ուրուագիծ մը կը պատրաստէք, թերեւս ճիշդ նմոյշին չնմանի։ Բայց եթէ անոր մէջ պարփակուած սկզբունքները լաւ հասկնաք, անոնք ձեզի պիտի օգնեն որ ձեր նիւթը դասաւորէք եւ տրամաբանական ժամանակի մը մէջ լաւ դասախօսութիւն մը պատրաստէք։ Ի՞նչպէս պէտք է սկսիք։

Վերլուծեցէք, Ընտրեցէք եւ Դասաւորեցէք

Բնաբանի մը պէտք ունիք։ Ձեր բնաբանը մէկ բառով ներկայացուելիք ընդարձակ նիւթ մը չի կրնար ըլլալ։ Անով հիմնական գաղափարն է որ կ’ուզէք հաղորդել եւ ցոյց տալ թէ ձեր նիւթը ո՛ր անկիւնէն պիտի դիտէք։ Եթէ բնաբանը նշանակուած է ձեզի, իւրաքանչիւր բառ ուշադրութեամբ վերլուծեցէք։ Եթէ նշանակուած բնաբանը տպագրուած նիւթի մը հիման վրայ պէտք է զարգացնէք, այդ նիւթը սերտեցէք՝ բնաբանը ձեր մտքին մէջ ունենալով։ Եթէ պարզապէս նիւթ մը նշանակուած է ձեզի, այդ պարագային դուք էք որ պիտի ընտրէք բնաբանը։ Բայց ասիկա ընելէն առաջ, պրպտում կատարելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ձեր միտքը բաց պահելով, կրնաք յաճախ նոր գաղափարներ հաւաքել։

Երբ այս քայլերը կ’առնէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս նիւթը ինչո՞ւ կարեւոր է ունկնդիրներուս համար։ Նպատակս ի՞նչ է’։ Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, կամ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տալ, այլ՝ իրագործել բան մը, որ օգտակար ըլլայ ձեր ունկնդիրներուն։ Երբ ձեր նպատակը սկսի կերպար առնել ձեր մտքին մէջ, գրի առէք զայն։ Մինչ նիւթը կը պատրաստէք, անդադար ձեր մտքին մէջ որոճացէք զայն։

Ձեր նպատակը որոշելէն եւ անոր յարմար բնաբան մը ընտրելէն ետք (կամ ձեզի նշանակուած բնաբանը ի՛նչպէս այդ նպատակին յարմարիլը վերլուծելէն ետք), կրնաք աւելի խտացուած պրպտում մը կատարել։ Փնտռեցէք տեղեկութիւններ, որոնք մասնայատուկ արժէք մը պիտի ներկայացնեն ձեր ունկնդիրներուն։ Ընդհանրական բաներու վրայ մի՛ կեդրոնանաք, այլ՝ մասնայատուկ կէտեր փնտռեցէք, որոնք տեղեկութիւն կը հաղորդեն եւ իրապէս օգտակար են։ Փնտռտուքի համար ձեր յատկացուցած ժամանակին մէջ տրամաբանական եղէք։ Շատ մը պարագաներու, շուտով շատ աւելի նիւթ պիտի հաւաքէք, քան ինչ որ կրնաք գործածել, ուստի պէտք է ընտրողական ըլլաք։

Ձեր բնաբանը զարգացնելու եւ նպատակը իրագործելու համար ձեր նկատի առնելիք գլխաւոր կէտերը բնորոշեցէք։ Ասոնք ձեր նիւթին կմախքը, ձեր հիմնական ուրուագիծը պիտի ըլլան։ Անոր մէջ քանի՞ գլխաւոր կէտեր պէտք է ըլլան։ Կարճ զրոյցի մը համար թերեւս երկու հատը կրնայ բաւարար ըլլալ, եւ սովորաբար հինգ հատը բաւարար է մէկ ժամ տեւող դասախօսութեան մը համար։ Ձեր գլխաւոր կէտերը ո՛րքան քիչ ըլլան, ա՛յնքան աւելի հաւանականութիւն կայ որ ձեր ունկնդիրները յիշեն զանոնք։

Անգամ մը որ ձեր բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը ունիք ձեր մտքին մէջ, պրպտում կատարելով ձեր քաղած նիւթերը դասաւորեցէք։ Որոշեցէք թէ ի՛նչ բան ուղղակիօրէն կապ ունի ձեր գլխաւոր կէտերուն հետ։ Մանրամասնութիւններ ընտրեցէք, որոնք ձեր ներկայացումին առանձնայատկութիւն մը պիտի տան։ Երբ գլխաւոր կէտերուն նեցուկ կանգնող համարներ կ’ընտրէք, նոթագրեցէք այն գաղափարները, որոնք պիտի օգնեն որ այդ համարներով աւելի իմաստալից կերպով պատճառաբանէք։ Իւրաքանչիւր նիւթ իրեն յարմար գլխաւոր կէտին ներքեւ դրէք։ Եթէ տեղեկութիւններէն ոմանք ձեր գլխաւոր կէտերէն ոչ մէկուն կը յարմարին, զանոնք մէկդի դրէք՝ նոյնիսկ երբ շատ հետաքրքրական են՝ կամ թղթածրարի մը մէջ դրէք, ուրիշ առթիւ գործածելու նպատակաւ։ Միայն լաւագոյն նիւթերը պահեցէք։ Եթէ ըսելիք շատ բան ունենաք, ստիպուած պիտի ըլլաք շատ արագ խօսելու եւ ձեր նիւթը մակերեսային պիտի ըլլայ։ Նախընտրելի է քանի մը կէտեր մշակել, որոնք իրապէս արժէքաւոր են ունկնդիրներուն, եւ զանոնք լաւ կերպով զարգացնել։ Ձեր ժամանակի սահմանին մէջ մնացէք։

Եթէ արդէն չէք ըրած, հոս հասնելէ ետք ձեր նիւթը տրամաբանական կերպով դասաւորեցէք։ Աւետարանիչ Ղուկաս ասիկա ըրաւ։ Իր նիւթին կապակցաբար բաւական տեղեկութիւններ քաղելէ ետք, զանոնք «կարգաւ» գրեց։ (Ղուկ. 1։3) Կրնաք ձեր նիւթը ժամանակագրական կամ տրամաբանական շարքաւորումով դասաւորել, հաւանաբար պատճառ եւ արդիւնք, կամ՝ խնդիր եւ լուծում ներկայացնելով, կախեալ ըլլալով թէ ո՛ր մէկը աւելի ազդու է ձեր նպատակին հասնելու համար։ Մէկ գաղափարէն շուտով ուրիշի մը պէտք չէ ցատկէք։ Ձեր ունկնդիրները հանգիստ կերպով մէկ միտքէն միւսին պէտք է տանիք, առանց անկամրջելի բացուածքներ ձգելու։ Ներկայացուած իրողութիւնները ունկնդիրները պէտք է հասցնեն տրամաբանական եզրակացութիւններու։ Մինչ ձեր կէտերը կարգի կը դնէք, խորհեցէք թէ ներկայացումը ի՛նչպէս պիտի հնչէ ձեր ունկնդիրներուն ականջին։ Անոնք հեշտութեամբ պիտի կարենա՞ն հետեւիլ ձեր մտքի թելին։ Իրենց լսածին վրայ գործի անցնելու պիտի մղուի՞ն, ինչպէս նպատակադրած էք։

Անկէ ետք, բացում մը պատրաստեցէք, որ ձեր նիւթին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնէ եւ ձեր ունկնդիրներուն ցոյց տայ թէ ինչ որ պիտի խօսիք, իրական արժէք մը ունի իրենց համար։ Ձեր առաջին քանի մը նախադասութիւնները գրի առնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Վերջապէս, ձեր նպատակին համապատասխանող խթանիչ եզրակացութիւն մը պատրաստեցէք։

Եթէ ձեր ուրուագծին վրայ բաւական կանուխ սկսիք աշխատիլ, ձեր դասախօսութիւնը տալէ առաջ ժամանակ պիտի ունենաք զայն յղկելու։ Թերեւս քանի մը վիճակագրութիւններով, օրինակով մը, կամ փորձառութեամբ մը, կարգ մը գաղափարներ երկրորդելու կարիքը տեսնէք։ Ընթացիկ դէպք մը կամ տեղական հետաքրքրութիւն ունեցող նիւթ մը գործածելով, կրնաք ձեր ունկնդիրներուն օգնել որ աւելի դիւրութեամբ տեսնեն նիւթին գործնականութիւնը։ Մինչ ձեր դասախօսութիւնը վերաքաղ կ’ընէք, տեղեկութիւնը ձեր ունկնդիրներուն կիրարկելու աւելի առիթներ պիտի նկատէք։ Վերլուծումը եւ յղկումը անհրաժեշտ քայլեր են, լաւ նիւթ մը ազդեցիկ դասախօսութեան մը վերածելու համար։

Կարգ մը դասախօսներ ուրիշներէն աւելի երկար նոթերու կարիքը կրնան ունենալ։ Բայց եթէ ձեր նիւթը միայն քանի մը գլխաւոր կէտերով դասաւորէք, անոնց իրապէս նեցուկ չկանգնող բաները դուրս ձգելով, եւ ձեր գաղափարները տրամաբանական կերպով դասաւորելով, պիտի տեսնէք թէ քիչ մը փորձառութեամբ պէտք պիտի չունենաք ամէն բան գրի առնելու։ Ասիկա որքա՜ն ժամանակ պիտի խնայէ։ Իսկ ձեր դասախօսութիւններուն որակը պիտի բարելաւուի։ Բացայայտ պիտի ըլլայ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն իրապէս կ’օգտուիք։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ ՄԸ

  •  Որոշեցէք թէ ձեր նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է ձեր ունկնդիրներուն եւ թէ ի՛նչ է ձեր նպատակը

  •  Բնաբան մը ընտրեցէք։ Եթէ ձեզի բնաբան մը տրուած է՝ վերլուծեցէք զայն

  •  Տեղեկատու եւ օգտակար նիւթեր հաւաքեցէք

  •  Ձեր գլխաւոր կէտերը բնորոշեցէք

  •  Ձեր նիւթը դասաւորեցէք. միայն լաւագոյնները պահեցէք

  •  Հետաքրքրութիւն արթնցնող բացում մը պատրաստեցէք

  •  Խթանիչ եզրակացութիւն մը պատրաստեցէք

  •  Ձեր դասախօսութիւնը վերաքաղ ըրէք ու զայն յղկեցէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել