Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սահուն Խօսելակերպ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 4

      Սահուն Խօսելակերպ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Այնպիսի կերպով կարդացէք ու խօսեցէք որ ձեր բառերն ու մտքերը դիւրասահ ըլլան։ Երբ խօսելակերպը սահուն ըլլայ, խօսակցութիւնը կցկտուր կամ չափազանց դանդաղ չըլլար, եւ բառերուն վրայ չէք կմկմար կամ ձեր ըսելիքը չէք փնտռեր։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Երբ դասախօս մը սահուն չխօսի, ունկնդիրներուն միտքը կրնայ թափառիլ. գաղափարները թերեւս շիտակ չհասկցուին։ Ըսուածը կրնայ համոզիչ չըլլալ։

      ԵՐԲ բարձրաձայն կը կարդաք, կարգ մը արտայայտութիւններու վրայ կը կախուի՞ք։ Կամ երբ դասախօսութիւն տալու համար հանդիսականներու դիմաց ելլէք, կը զգա՞ք որ յաճախ շիտակ բառերը կը փնտռէք։ Եթէ այո, ուրեմն սահունութեան խնդիր ունիք։ Սահուն խօսող մը այնպէս մը կը կարդայ ու կը խօսի որ բառերն ու մտքերը դիւրութեամբ դուրս կու գան։ Ասիկա չի նշանակեր որ ինք անդադար եւ շատ արագ կը խօսի, եւ կամ առանց մտածելու կը խօսի։ Իր խօսակցութիւնը հաճելի ու շնորհալի է։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մասնաւոր ուշադրութիւն կը տրուի սահունութեան։

      Այլազան ազդակներ սահունութեան պակասին կրնան նպաստել։ Արդեօք հետեւեալ կէտերէն որեւէ մէկուն մասնաւոր ուշադրութիւն պէ՞տք է ընէք։ (1) Երբ ուրիշներուն համար կը կարդաք, կարգ մը բառերուն անծանօթ ըլլալը պատճառ կ’ըլլայ որ կմկմաք։ (2) Շատ տեղեր թեթեւ դադարներ ընելով, ձեր զեկուցումը կցկտուր կ’ըլլայ։ (3) Պատրաստութեան պակասը կրնայ խնդրին պատճառը ըլլալ։ (4) Խումբի մը դիմաց խօսելու ատեն սահունութեան պակասին սովորական ազդակներէն մէկը կրնայ ըլլալ, նիւթին տրամաբանական կերպով դասաւորուած չըլլալը։ (5) Սահմանափակ բառամթերք մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը կմկմայ, մինչ շիտակ բառերը կը փնտռէ։ (6) Եթէ շատ բառերու վրայ շեշտ դրուի, ասիկա սահունութեան արգելք կը հանդիսանայ։ (7) Քերականական օրէնքներու ծանօթ չըլլալը կրնայ նպաստել խնդրին։

      Եթէ սահունութեան պակաս ունենաք, Թագաւորութեան Սրահի ունկնդիրները բառացիօրէն դուրս պիտի չելլեն, բայց իրենց միտքը կրնայ թափառիլ։ Որպէս արդիւնք, ձեր ըսածին մեծ մասը կը կորսուի։

      Միւս կողմէ, զգոյշ պէտք է ըլլալ որ ազդեցիկ ու սահուն ըլլալիք զեկուցում մը արհամարհական բնոյթ չստանայ, թերեւս նոյնիսկ նեղի մէջ ձգելով ունկնդիրները։ Եթէ մշակոյթներու տարբերութեան պատճառաւ մարդիկ ձեր խօսելակերպը անզուսպ կամ անհարազատ նկատեն, այդ պարագային ձեր նպատակին չէք հասնիր։ Ուշագրաւ է որ Պօղոս առաքեալ վարժ դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, Կորնթացիներուն մօտեցաւ «տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով», որպէսզի իր վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրէր։—Ա. Կորն. 2։3

      Սովորութիւններ՝ Որոնցմէ Պէտք Է Խուսափիլ։ Շատեր խօսելու ատեն սովորութիւն դարձուցած են կարգ մը արտայայտութիւններ գործածել, ինչպէս՝ «ըը՜»։ Ուրիշներ միշտ գաղափար մը կը սկսին «ուրեմն» բառով, կամ՝ «նկատի առնենք», «ինչպէս որ», «իրականութեան մէջ», «իրապէս» եւ «ուղղակի» արտայայտութիւնները անտեղիօրէն կը փակցնեն ամէն տեղ։ Թերեւս չէք անդրադառնար թէ այսպիսի արտայայտութիւններ որքան յաճախ կը գործածէք։ Կրնաք փորձի նիստ մը ընել, որու ընթացքին անհատ մը ձեզի մտիկ ընէ եւ ամէն անգամ որ այս արտայայտութիւնները գործածէք, ձեր ետեւէն կրկնէ զանոնք։ Իրապէս կրնաք զարմանալ։

      Ոմանք ետ քայլ ընելով կը կարդան ու կը խօսին. այսինքն, նախադասութիւն մը կը սկսին, ապա կը կենան եւ իրենց ըսածէն առնուազն մաս մը կը կրկնեն։

      Տակաւին ուրիշներ բաւական արագ կը խօսին, սակայն գաղափարով մը կը սկսին, բայց նախադասութեան կիսուն ուրիշ նիւթի մը կ’անցնին։ Թէեւ բառերը դիւրասահ կ’ընթանան, բայց մտքերու յանկարծակի փոփոխութիւնը արգելք կը հանդիսանայ սահունութեան։

      Ի՛նչպէս Բարելաւել։ Եթէ յաճախ ձեր բառերը կը փնտռէք, ուրեմն պէտք է մասնաւոր ջանք թափէք ձեր բառամթերքը աւելցնելու։ Երբ Դիտարան, Զարթի՛ր կամ ուրիշ գրականութիւն մը կը կարդաք, ձեզի անծանօթ եղող բառերը նոթագրեցէք։ Բառարանէն փնտռեցէք զանոնք, ստուգեցէք անոնց հնչումն ու իմաստը, եւ անոնցմէ քանի մը հատը ձեր բառամթերքին վրայ աւելցուցէք։ Եթէ բառարան չունիք, լեզուն լաւ խօսողի մը դիմեցէք։

      Կանոնաւորաբար բարձրաձայն կարդալու սովորութիւնն ալ կրնայ նպաստել բարելաւման։ Դժուար բառերը նշեցէք ու բազմիցս բարձրաձայն կրկնեցէք զանոնք։

      Սահուն կարդալու համար, անհրաժեշտ է հասկնալ նախադասութեան մը մէջ բառերուն ունեցած յարակցութիւնը։ Սովորաբար բառերու խումբերը միասնաբար պէտք է կարդացուին, որպէսզի գրողին արտայայտած միտքը փոխանցեն։ Բառերու այս խումբերուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Եթէ օգտակար նկատէք, նշեցէք զանոնք։ Ձեր նպատակը չէ պարզապէս բառերը շիտակ կարդալ, այլ՝ մտքերը յստակօրէն փոխանցել։ Նախադասութիւն մը վերլուծելէ ետք, յաջորդին անցէք, մինչեւ որ ամբողջ պարբերութիւնը ուսումնասիրէք։ Գաղափարներու յաջորդականութիւնը ձեր մտքին մէջ յստակ թող ըլլայ։ Ապա բարձրաձայն կարդալու փորձ ըրէք։ Պարբերութիւնը կրկին անգամ կարդացէք, մինչեւ որ առանց կմկմալու կարդաք՝ սխալ տեղեր չկենալով։ Անկէ ետք յաջորդ պարբերութիւններուն անցէք։

      Ապա՝ ձեր արագութիւնը աւելցուցէք։ Եթէ ըմբռնէք թէ նախադասութեան մը մէջ բառերը ի՛նչպէս իրարու հետ կապուած են, այդ պարագային պիտի կարենաք մէկ նայուածքով մէկ բառէն աւելին տեսնել եւ գիտնալ թէ ի՛նչ պիտի յաջորդէ։ Ասիկա մեծապէս պիտի նպաստէ լաւ կարդալու։

      Մէկ նայուածքով կարդալը կանոնաւորաբար վարժութիւն ընելն ալ կրնայ լաւ մարզում մը ըլլալ։ Օրինակ, առանց նախապատրաստութեան, օրուան համարն ու մեկնութիւնը բարձրաձայն կարդացէք. ասիկա կանոնաւորաբար ըրէք։ Սովորութիւն դարձուցէք որ ձեր աչքերը տեսնեն լման գաղափար արտայայտող բառերու խումբեր, փոխանակ բառերը անջատաբար տեսնելու։

      Խօսակցութեան մէջ սահունութիւնը՝ խօսելէ առաջ խորհիլ կը պահանջէ։ Ասիկա ձեր առօրեայ կեանքին մէջ վարժութիւն դարձուցէք։ Որոշեցէք թէ ի՛նչ գաղափարներ կ’ուզէք հաղորդել եւ ի՛նչ շարքաւորումով. անկէ ետք սկսեցէք խօսիլ։ Մի՛ աճապարէք։ Ջանացէք լման միտք մը արտայայտել առանց կենալու, կամ անոր կիսուն ուրիշ գաղափարներու անցնելու։ Կարճ եւ պարզ նախադասութիւններ գործածելը կրնայ նպաստել ասոր։

      Երբ լաւ գիտէք ձեր ըսելիքը, բառերը բնականաբար պիտի գան։ Ընդհանրապէս, անհրաժեշտ չէ ձեր գործածելիք բառերը ընտրել։ Արդարեւ, վարժութիւն ըրէք որ գաղափարը ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ, ապա խօսելու ատեն մտածեցէք բառերուն մասին։ Եթէ ասիկա ընէք եւ եթէ ձեր մտքին մէջ ունենաք գաղափարը, քան թէ ձեր խօսելիք բառերը, քիչ թէ շատ բառերը ինքնաբերաբար պիտի գան եւ ձեր միտքը պիտի կարենաք արտայայտել այնպէս՝ ինչպէս կը զգաք։ Բայց ե՛րբ որ սկսիք բառերուն մասին մտածել, քան թէ՝ գաղափարներուն, ձեր խօսակցութիւնը կտրտուած պիտի ըլլայ։ Վարժութեամբ՝ կրնաք սահունութիւն ձեռք ձգել, որ կարեւոր յատկութիւն մըն է ատակ կերպով խօսելու ու կարդալու համար։

      Երբ Մովսէս Իսրայէլ ազգին եւ Եգիպտոսի Փարաւոնին դիմաց Եհովան ներկայացնելու նշանակում ստացաւ, զգաց որ ինք ատակ չէր ասոր համար։ Ինչո՞ւ։ Ան սահուն խօսող մը չէր. թերեւս կը կակազէր։ (Ել. 4։10. 6։12) Մովսէս փորձեց պատրուակներ գտնել, բայց Աստուած մերժեց զանոնք։ Եհովան իրեն հետ Ահարոնը ղրկեց որպէս խօսնակ, բայց Մովսէսին ալ օգնեց որ խօսի։ Մովսէս բազմիցս եւ ազդու կերպով ո՛չ միայն անհատներու եւ խմբակներու խօսեցաւ, այլ՝ ամբողջ ազգին։ (Բ. Օր. 1։1-3. 5։1. 29։2. 31։1, 2, 30. 33։1) Եթէ Եհովայի ապաւինելով հանդերձ ձեզի ինկած բաժինը ընէք, դուք ալ կրնաք ձեր խօսակցութեամբ Աստուած պատուել։

      Կակազութեան Հետ Գլուխ Ելլել

      Շատ ազդակներ կրնան նպաստել կակազութեան։ Անհատի մը օգնող դարման մը կրնայ նոյն ազդեցութիւնը չունենալ ուրիշի մը պարագային։ Բայց յաջողութեան ուրախութիւնը վայելելու համար, կարեւոր է յարատեւաբար փորձել։

      Ժողովին պատասխան մը տալու գաղափարն իսկ ձեզ վախի, նոյնիսկ խուճապի կը մատնէ՞։ Եհովայի աղօթեցէք ու օգնութիւն խնդրեցէք։ (Փիլ. 4։6, 7) Ձեր միտքը կեդրոնացուցէք Եհովան պատուելու եւ ուրիշներուն օգնելու վրայ։ Մի՛ ակնկալէք որ խնդիրը բոլորովին լուծուի, բայց նկատի ունեցէք թէ անոր հետ գլուխ ելլելու համար ի՛նչ օգնութիւն կը ստանաք։ Երբ Եհովայի օրհնութիւնը եւ եղբայրներուն քաջալերութիւնը տեսնէք, պիտի ուզէք աւելին ընել։

      Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ձեզի առիթ կու տայ որ խումբի մը դիմաց խօսելու փորձառութիւն ձեռք ձգէք։ Պիտի զարմանաք թէ ո՛րքան պիտի յաջողիք պզտիկ խումբի մը դիմաց, որ ձեզի նեցուկ կը կանգնի եւ կ’ուզէ որ յաջողիք։ Ասիկա կրնայ օգնել որ ուրիշ առիթներով ալ խօսելու վստահութիւն ձեռք ձգէք։

      Եթէ դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէք, լաւ պատրաստեցէք։ Ձեր զեկուցումին քաջածանօթ եղէք։ Նիւթին պատշաճող զգացումով խօսեցէք։ Երբ խօսելու ժամանակ սկսիք կակազել, կարելի եղածին չափ ձեր ձայնն ու շարժուձեւերը հանդարտ պահեցէք։ Ձեր ծնօտին մկանները թուլցուցէք։ Կարճ նախադասութիւններ գործածեցէք։ «Ը՜ը»ի նման ձայնարկութիւններու գործածութիւնը նուազեցուցէք։

      Կակազութեան խնդիր ունեցող կարգ մը անհատներ կը խուսափին այն բառերէն, որոնք անցեալին իրենց խնդիր յարուցանած են, եւ անոնց տեղ կը գործածեն նոյնիմաստ տարբեր բառեր։ Ուրիշներ կը նախընտրեն գտնել խօսակցական այն ձայները, որոնց մէջ դժուարութիւն ունին եւ զանոնք կրկին անգամ փորձ կ’ընեն։

      Եթէ խօսելու սկսելու ատեն կը կակազէք, ուրիշներու հետ հաղորդակցելէ ետ մի՛ կենաք։ Թերեւս կրնաք քաջալերել որ դիմացի անհատը շարունակէ խօսիլ, մինչեւ որ դուք կարենաք խօսքին մէջ մտնել։ Եթէ հարկ ըլլայ, պարզապէս դիմացինին երկտող մը գրեցէք, կամ տպուած բան մը ցոյց տուէք իրեն։

      Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

      • Երբ պարբերաթերթ կամ գիրք կը կարդաք, նոր բառերը նշեցէք, անոնց իմաստը ստուգեցէք, ապա գործածեցէք զանոնք։

      • Օրական առնուազն հինգ կամ տասը վայրկեան բարձրաձայն կարդալու փորձ ըրէք։

      • Ընթերցանութեան նշանակումները լաւ կերպով պատրաստեցէք։ Մասնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք միտք հաղորդող բառերու խումբերուն։ Գաղափարի յաջորդականութեան ծանօթ եղէք։

      • Առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին, սորվեցէք նախ մտածել, ապա լման նախադասութիւններ ըսել՝ առանց կենալու։

      ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Ուշադիր կերպով աչքէ անցուցէք Դատաւորաց 7։1-25–ը, ամէն անգամ մէկ պարբերութիւն ուսումնասիրելով։ Վստահ եղէք որ հոն ըսուածը լաւ կը հասկնաք։ Բառարան մը գործածելով, ձեզի անծանօթ եղող բառերը ստուգեցէք։ Իւրաքանչիւր յատուկ անուն բարձրաձայն արտասանեցէք։ Ապա պարբերութիւնը բարձրաձայն կարդացէք, ուշադիր ըլլալով որ շիտակ կարդաք։ Երբ կը զգաք որ լաւ կը կարդաք այդ պարբերութիւնը, յաջորդին անցէք, եւ այսպէս շարունակեցէք։ Ապա ամբողջ գլուխը կարդացէք։ Երկրորդ անգամ կարդացէք, բայց՝ աւելի արագ։ Անգամ մը եւս կարդացէք, յարմար տեղերուն վրայէն աւելի արագ անցնելով, բայց ո՛չ այնքան արագ՝ որ շուարիք։

  • Յարմար Դադար
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 5

      Յարմար Դադար

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Ձեր զեկուցումի ընթացքին յարմար տեղեր կեցէք։ Երբեմն, կրնաք շատ կարճ դադար մը ընել, կամ ժամանակաւորապէս ձայնը ցածցնել։ Դադարը յարմար կ’ըլլայ, եթէ լաւ նպատակի ծառայէ։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Խօսակցութիւն մը դիւրին հասկցուելու համար դադարի պատշաճ գործածութիւնը կարեւոր է։ Դադարը նաեւ կարեւոր կէտերը ցցուն կը դարձնէ։

      ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ յարմար դադարները կարեւոր են՝ թէ՛ դասախօսութեան մէջ, եւ թէ երբ անհատի մը կը խօսիք։ Առանց այսպիսի դադարներու, ըսուած բաները կրնան շաղակրատութիւն նկատուիլ ու ո՛չ թէ մտքի յստակ արտայայտութիւն։ Պատշաճ դադարը ձեր խօսակցութիւնը կը յստակացնէ։ Անիկա նաեւ կրնայ գործածուիլ այնպիսի կերպով մը, որ ձեր գլխաւոր կէտերը երկարատեւ տպաւորութիւն ձգեն։

      Ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ե՛րբ պէտք է դադար ընէք։ Դադարներուն երկարութիւնը ո՞րքան պէտք է ըլլայ։

      Դադար՝ Կէտադրութեան Համար։ Կէտադրութիւնը գրաւոր լեզուի մը կարեւոր մասերէն մէկն է։ Անիկա նախադասութեան մը վերջը կամ հարցում մը կրնայ նշել։ Կարգ մը լեզուներու մէջ անիկա կը գործածուի մէջբերումները անջատելու համար։ Որոշ կէտադրութիւն մը նախադասութեան մէկ մասին ուրիշ մասերու հետ ունեցած կապակցութիւնը կը նշէ։ Անհատ մը որ ինքնիրեն կը կարդայ, կրնայ տեսնել կէտադրութեան նշանները։ Բայց երբ բարձրաձայն կը կարդայ որպէսզի ուրիշները օգտուին անկէ, իր ձայնը պէտք է փոխանցէ գրութեան մէջ երեւցող բոլոր կէտադրութիւնները։ (Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տեսնել Ուսումնասիրութիւն 1՝ «Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն»։) Երբ կէտադրութեան կողմէ պահանջուած տեղեր դադար չգործածուի, դիմացինները չեն կրնար հասկնալ ձեր կարդացածը, եւ նոյնիսկ գրութեան իմաստը կրնայ խեղաթիւրուիլ։

      Կէտադրութենէն զատ, նախադասութեան մէջի արտայայտուած մտքերը կ’որոշեն թէ ո՛ւր դադար գործածելը յարմար է։ Հռչակաւոր երաժիշտ մը առիթով մը ըսաւ. «Ես ձայնանիշները ուրիշ ոեւէ դաշնակահարէ աւելի լաւ չեմ նուագեր։ Բայց ձայնանիշներուն միջեւ դադարները, ա՜հ, հո՛ս է արուեստը»։ Խօսելու պարագան ալ նոյնն է։ Դադարի յարմար գործածութիւնը ձեր լաւ պատրաստած նիւթը աւելի գեղեցիկ ու իմաստալից պիտի դարձնէ։

      Երբ հանրային ընթերցանութեան համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, ձեր կարդալիք գրութեան վրայ նշաններ դնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Պզտիկ ուղղահայեաց գիծ մը քաշեցէք կարճ դադարի համար, թերեւս միայն ընդհատում յայտնելու համար։ Իրարու մօտիկ երկու ուղղահայեաց գիծեր քաշեցէք աւելի երկար դադարի մը համար։ Եթէ տեսնէք որ կարգ մը արտայայտութիւններ նեղութիւն կը պատճառեն ձեզի եւ միշտ սխալ տեղ դադար կ’ընէք, մատիտով մը այդ դժուար արտայայտութեան բոլոր բառերը իրարու միացուցէք։ Ապա այդ խօսքը սկիզբէն մինչեւ վերջը կարդացէք։ Փորձառու դասախօսներէն շատեր ասիկա կ’ընեն։

      Առօրեայ խօսակցութեան մէջ դադար գործածելը սովորաբար խնդիր չի յարուցաներ, քանի որ գիտէք ձեր հաղորդելիք գաղափարները։ Սակայն, եթէ կանոնաւորաբար դադար գործածելու սովորութիւն ունիք հո՛ն ուր հարկ չկայ, ձեր զեկուցումը ազդեցիկ եւ յստակ պիտի չըլլայ։ Այս տկարութիւնը յաղթահարելու համար թելադրութիւններ տրուած են Ուսումնասիրութիւն 4–ին մէջ՝ «Սահուն Խօսելակերպ»։

      Դադար՝ Մտածումի Փոփոխութեան Համար։ Երբ գլխաւոր կէտէ մը ուրիշ կէտի մը կ’անցնիք, դադարը ձեր ունկնդիրներուն առիթ կու տայ որ խորհին, նիւթին ուղղութեան փոփոխութեան անդրադառնան ու վարժուին, եւ աւելի յստակօրէն ըմբռնեն ներկայացուած յաջորդ միտքը։ Գաղափարէ մը ուրիշ գաղափարի մը անցնելու ատեն դադար գործածելը ա՛յնքան կարեւոր է, որքան երբ ձեր ինքնաշարժը կը դանդաղեցնէք, փողոցի մը անկիւնը դառնալով ուրիշ փողոց մը մտնելու համար։

      Երբ կարգ մը դասախօսներ առանց դադարի մէկ գաղափարէն միւսին կ’անցնին, պատճառներէն մէկը այն է որ կը փորձեն շատ նիւթ ծածկել։ Ոմանց համար, ասիկա իրենց առօրեայ խօսելակերպն է։ Թերեւս իրենց շուրջ ամէն մարդ նոյն կերպով կը խօսի։ Բայց ասիկա ազդու ուսուցում մը չըլլար։ Եթէ լսելու եւ յիշելու արժանի բան մը ունիք ըսելիք, ուրեմն ժամանակ յատկացուցէք որ գաղափարը յստակօրէն ցցուն ըլլայ։ Գիտակցեցէք որ դադարները կենսական են գաղափարները յստակօրէն փոխանցելու համար։

      Եթէ ձեր դասախօսութիւնը ուրուագծէ մը պիտի տաք, ձեր նիւթը ա՛յնպէս դասաւորած պէտք է ըլլաք, որ գիտնաք թէ գլխաւոր կէտերուն միջեւ ո՛ւր դադար պիտի գործածէք։ Եթէ ընթերցանութեամբ ներկայացուելիք դասախօսութիւն մը պիտի տաք, նշեցէք այն տեղերը, ուր գլխաւոր կէտէ մը ուրիշ կէտի կ’անցնիք։

      Մտածումի փոփոխութեան համար գործածուած դադարները սովորաբար կէտադրութեան դադարներէն երկար են, բայց ո՛չ՝ դասախօսութիւնը քաշքշելու աստիճան։ Եթէ անոնք շատ երկար ըլլան, այն տպաւո րութիւնը կը ձգեն որ լաւ պատրաստուած չէք եւ կը փորձէք ձեր յաջորդ ըսելիքը որոշել։

      Դադար՝ Շեշտելու Համար։ Շեշտելու համար դադարը յաճախ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար կը գործածուի, ուրիշ խօսքով, անիկա որոշ ուժգնութեամբ ըսուած խօսքէ մը կամ հարցումէ մը առաջ կամ վերջ կու գայ։ Այսպիսի դադար մը ունկնդիրներուն առիթ կու տայ որ մտածեն այն բանին մասին որ լսեցին, կամ՝ ըսուելիքին հանդէպ ակնկալութիւն կ’արթնցնէ։ Այս երկուքը իրարմէ տարբեր են։ Որոշեցէք թէ ո՛ր կերպը յարմար է գործածել։ Բայց ի մտի ունեցէք որ շեշտելու համար դադարը պէտք է միայն ուշագրաւ խօսքերու սահմանափակուի, ապա թէ ոչ, անիկա անարժէք կը դառնայ։

      Երբ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրութիւններէն բարձրաձայն կարդաց, ան ազդու կերպով դադար գործածեց։ Ան նախ Եսայի մարգարէին գալարէն կարդաց իրեն տրուած յանձնարարութիւնը։ Բայց անոր կիրարկումը ընելէն առաջ, ան փաթթեց գալարը, սպասաւորին տուաւ եւ նստաւ։ Ապա՝ ժողովարանին մէջ բոլոր գտնուողներուն աչքերը իր վրայ սեւեռած ըլլալով, ան ըսաւ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։—Ղուկ. 4։16-21

      Դադար՝ Երբ Պարագաները Պահանջեն։ Երբեմն ընդմիջումները պատճառ կրնան ըլլալ որ ձեր խօսակցութիւնը դադրեցնէք։ Երթեւեկի կամ լացող երախայի մը ձայնը կրնայ պահանջել որ դաշտի ծառայութեան մէջ տանտիրոջ մը հետ ձեր խօսակցութիւնը ընդհատէք։ Համաժողովի վայրի մը մէջ եթէ խանգարումը շատ մեծ չէ, կրնաք ձեր ձայնածաւալը բարձրացնել ու շարունակել։ Բայց եթէ խանգարումը բարձր եւ երկար ըլլայ՝ պէտք է դադար գործածէք։ Ամենայնդէպս ձեր ունկնդիրները մտիկ պիտի չընեն ձեզի։ Ուստի, դադարը ազդու կերպով գործածեցէք, որպէսզի ձեր ունկնդիրները լաւագոյնս օգտուին այն լաւ բաներէն, զորս կ’ուզէք անոնց ըսել։

      Դադար՝ Պատասխան Ստանալու Համար։ Կրնայ ըլլալ որ դասախօսութիւն մը կու տաք, որուն մէջ ներկաներու մասնակցութեան համար կարգադրութիւն մը չկայ, բայց կարեւոր է թոյլ տալ որ ունկնդիրները պատասխանեն ո՛չ լսելի կերպով՝ իրենց մտքէն։ Եթէ հարցումներ հարցնէք, որոնց մասին ձեր ունկնդիրները պէտք է մտածեն, բայց բաւարար դադար չտաք, այդ հարցումներուն արժէքը գրեթէ պիտի կորսուի։

      Անշուշտ, կարեւոր է դադար գործածել ո՛չ միայն երբ բեմէն կը խօսիք, այլ նաեւ՝ երբ ուրիշներուն կը վկայէք։ Ոմանք առանց դադարի կը խօսին։ Եթէ այս խնդիրը ունիք, խօսակցութեան այս յատկութիւնը մշակելու համար անկեղծ ջանք թափեցէք։ Ասիկա ընելով, ուրիշներու հետ ձեր հաղորդակցութիւնը պիտի բարելաւուի, դաշտի ծառայութեան մէջ ալ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլաք։ Դադարը լռութեան պահ մըն է. եւ շիտակ է երբ կ’ըսուի թէ լռութիւնը կ’ընդհատէ, կը շեշտէ, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ եւ ականջը կը վերակենդանացնէ։

      Առօրեայ խօսակցութիւնը մտքերու փոխանակում կը պարփակէ։ Ուրիշներ աւելի հակամէտ կ’ըլլան ձեզի մտիկ ընելու, երբ դուք իրենց մտիկ կ’ընէք եւ իրենց ըսածին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տաք։ Ասիկա կը պահանջէ որ բաւարար դադար ընէք, առիթ տալով որ իրենք ալ արտայայտուին։

      Դաշտի ծառայութեան մէջ, մեր վկայութիւնը շատ աւելի արդիւնք կու տայ, երբ անիկա զրոյցի կերպով կատարուի։ Բարեւներ փոխանակելէ ետք, շատ Վկաներ արդիւնաբեր կը գտնեն իրենք զիրենք ծանօթացնելէ ետք նիւթին անցնիլ ու հարցում մը հարցնել։ Անոնք դադար մը կ’ընեն, դիմացի անհատին առիթ տալով որ պատասխանէ, ապա տանտիրոջ ըսածը նկատի կ’առնեն։ Զրոյցի ընթացքին, անոնք տանտիրոջ առիթներ կու տան որ արտայայտուի։ Անոնք գիտեն թէ սովորաբար կրնան անհատի մը աւելի օգնել, երբ խօսուած նիւթին մասին իր տեսակէտներէն տեղեակ ըլլան։—Առ. 20։5

      Անշուշտ, ամէն անհատ ձեր հարցումներուն լաւ կերպով պիտի չընդառաջէ։ Բայց ասիկա Յիսուսը ետ չպահեց բաւական երկար դադար մը ընելէ, նոյնիսկ հակառակորդներու առիթ տալով որ խօսին։ (Մար. 3։1-5) Դիմացի անհատին խօսելու առիթ տալը, զինք խորհելու կը մղէ ու այսպիսով իր սրտին մէջ եղածը կը յայտնէ։ Մեր ծառայութեան նպատակներէն մէկն է մարդոց սիրտը խթանել, Աստուծոյ Խօսքէն անոնց ներկայացնելով կենսական հարցեր, որոնց շուրջ որոշումի պէտք է յանգին։—Եբր. 4։12

      Մեր ծառայութեան մէջ յարմար դադարներ գործածելը իսկական արուեստ մըն է։ Երբ դադարները ազդու կերպով գործածուին, գաղափարները աւելի յստակօրէն կը հաղորդուին եւ յաճախ աւելի երկար ատեն կը յիշուին։

      Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

      • Երբ բարձրաձայն կը կարդաք, մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեցէք կէտադրութեան։

      • Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք որակելի դասախօսներու եւ հետեւեցէք թէ ո՛ւր դադար կը գործածեն եւ ո՛րքան երկար։

      • Երբ բան մը կ’ըսէք եւ իրապէս կ’ուզէք որ յիշեն ձեր ըսածը, զայն ըսելէ ետք դադար գործածեցէք, որպէսզի անիկա իրենց վրայ խոր ազդեցութիւն ունենայ։

      • Խօսակցութեան ընթացքին, հրաւիրեցէք որ մարդիկ իրենց միտքը արտայայտեն, ապա ականջ տուէք անոնց պատասխանին։ Թոյլ տուէք որ անոնք վերջացնեն իրենց խօսքը։ Մի՛ միջամտէք։

      ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Բարձրաձայն կարդացէք Մարկոս 9։1-13–ը. տարբեր կէտադրութիւններուն յարմար դադարներ գործածեցէք։ Ընթերցանութիւնը մի՛ քաշքշէք։ Լաւ փորձ ընելէ ետք, անհատէ մը խնդրեցէք որ ձեզի մտիկ ընէ եւ դադարի մէջ բարւոքումներ ընելու համար թելադրութիւններ տայ։

  • Պատշաճ Իմաստի Շեշտ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 6

      Պատշաճ Իմաստի Շեշտ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Բառերը կամ խօսքերը այնպիսի կերպով մը շեշտեցէք, որ ունկնդիրները դիւրութեամբ ըմբռնեն արտայայտուած գաղափարները։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Պատշաճ իմաստի շեշտը կ’օգնէ դասախօսին որ ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւէ, ինչպէս նաեւ համոզէ կամ խթանէ զանոնք։

      ԵՐԲ կը խօսիք կամ բարձրաձայն կը կարդաք, կարեւոր է ոչ միայն ամէն մէկ բառը շիտակ արտասանել, այլ նաեւ՝ բանալի բառերը եւ միտք պարունակող արտայայտութիւնները ա՛յնպէս շեշտել, որ գաղափարները յստակօրէն փոխանցուին։

      Պատշաճ իմաստի շեշտը քանի մը բառերու կամ նոյնիսկ շատ բառերու վրայ յաւելեալ շեշտ դնելէն աւելին կը պարփակէ։ Շիտակ բառերը պէտք է շեշտուին։ Եթէ սխալ բառերը շեշտուին, ձեր խօսքերը թերեւս բացայայտ չըլլան ունկնդիրներուն, եւ անոնք կրնան թոյլ տալ որ իրենց միտքը տարբեր տեղեր թափառի։ Նիւթը հետաքրքրական իսկ ըլլայ, զեկուցում մը՝ որուն իմաստի շեշտը տկար է, ունկնդիրները խթանելու մէջ նուազ ազդու պիտի ըլլայ։

      Յաւելեալ շեշտ կրնայ դրուիլ զանազան կերպերով, որոնք յաճախ միասնաբար կը գործածուին. Ձայնը աւելի բարձրացնելով, աւելի զգացում դնելով, դանդաղ եւ կշռուած կերպով արտայայտուելով, խօսքէ մը առաջ կամ վերջ դադար գործածելով (կամ երկուքն ալ), եւ շարժուձեւերով ու դէմքի արտայայտութիւններով։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, շեշտը կրնայ հաղորդուիլ նաեւ ձայնին թոնը ցածցնելով կամ ձայնաստիճանը բարձրացնելով։ Նիւթը եւ պարագաները նկատի առէք, որոշելու համար թէ ո՛ր կերպը յարմարագոյնն է։

      Երբ կ’որոշէք թէ ի՛նչ պիտի շեշտէք, հետեւեալը նկատի առէք. (1) Որեւէ նախադասութեան մէջ, շեշտուելիք բառերը ո՛չ միայն նախադասութեան մնացեալ մասէն կախեալ են, այլ նաեւ՝ նիւթին բովանդակութենէն։ (2) Իմաստի շեշտ կրնայ գործածուիլ շեշտելու համար նոր գաղափարի մը սկիզբը, անիկա ըլլայ գլխաւոր կէտ մը, թէ՝ պատճառաբանութեան եզրի մը փոփոխութիւնը։ Անիկա կրնայ նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել պատճառաբանութեան եզրի մը աւարտին վրայ։ (3) Դասախօս մը կրնայ իմաստի շեշտ գործածել, հարցի մը մասին իր զգացումը ցոյց տալու համար։ (4) Պատշաճ իմաստի շեշտը կրնայ գործածուիլ նաեւ դասախօսութեան մը գլխաւոր կէտերը ցցուն ընելու համար։

      Իմաստի շեշտը այս կերպերով գործածելու համար, դասախօս մը կամ հանրային ընթերցող մը պէտք է յստակ կերպով հասկցած ըլլայ իր նիւթը եւ սրտանց փափաքի որ իր ունկնդիրները իւրացնեն զայն։ Եզրասի օրերուն տրուած ուսուցումին մասին Նէեմեայ 8։8–ն կը նշէ. «Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին»։ Բացայայտ է որ այդ առթիւ Աստուծոյ Օրէնքը կարդացող ու բացատրող անհատները իրազեկ էին, որ իրենց ունկնդիրներուն օգնութիւն պէտք էր տրուէր որ անոնք կարդացուածին իմաստը ըմբռնէին, զայն իրենց միտքը պահէին եւ գործադրէին։

      Ի՛նչ Բան Կրնայ Խնդիր Յարուցանել։ Շատեր կրնան իրենց բնական, առօրեայ խօսակցութեան մէջ իրենց միտքը լաւ կերպով հասկցնել։ Բայց երբ ուրիշի մը կողմէ գրուած նիւթ մը կարդան, թերեւս դժուարանան որոշելու թէ ո՛ր բառերը կամ արտայայտութիւնները պէտք է շեշտուին։ Ասոր գաղտնիքը՝ նիւթը յստակօրէն հասկնալու մէջ է։ Ասիկա կը պահանջէ գրութիւնը ուշադիր կերպով ուսումնասիրել։ Ուստի, եթէ ձեզմէ խնդրուի որ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ նիւթ մը կարդաք, ջանադրութեամբ պէտք է պատրաստէք զայն։

      Կարգ մը անհատներ իմաստի շեշտին տեղ կը գործածեն ինչ որ կը կոչուի՝ «պարբերական շեշտ»։ Անոնք որոշ հեռաւորութեան վրայ բառեր կը շեշտեն, այս շեշտը իմաստալից ըլլայ կամ ոչ։ Ուրիշներ պաշտօն կատարող բառերը կը շեշտեն, թերեւս չափազանցուած շեշտ դնելով յետադրութիւններու կամ շաղկապներու վրայ։ Երբ շեշտը գաղափարները յստակացնելու չի նպաստեր, անիկա խանգարիչ ոճ կը դառնայ։

      Իմաստի շեշտ գործածելու համար, կարգ մը դասախօսներ իրենց ձայնածաւալը ա՛յնպիսի կերպով մը կը բարձրացնեն, որ ունկնդիրները ուղղակի յանդիմանուած կը զգան։ Անշուշտ, ասիկա լաւ արդիւնք չի տար։ Եթէ իմաստի շեշտը բնական չըլլայ, այն տպաւորութիւնը կը թողու թէ դասախօսը կը տիրապետէ իր ունկնդիրներուն վրայ։ Ո՛րքան նախընտրելի է սիրով կոչ ընել անոնց եւ օգնել որ տեսնեն թէ ըսուածը թէ՛ սուրբ գրային է եւ թէ՝ տրամաբանական։

      Ի՛նչպէս Բարելաւել։ Անհատ մը որ իմաստի շեշտի առնչութեամբ դժուարութիւն ունի, յաճախ ինք անձնապէս չի գիտակցիր անոր։ Ուրիշ մը պէտք է ասիկա իր ուշադրութեան յանձնէ։ Եթէ այս մարզին մէջ կ’ուզէք բարելաւուիլ, ձեր դպրոցի տեսուչը կրնայ օգնել ձեզի։ Նաեւ կրնաք որեւէ լաւ դասախօսէ օգնութիւն խնդրել։ Իրմէ խնդրեցէք որ ուշադիր կերպով լսէ ձեր ընթերցանութիւնը եւ խօսուածքը, ապա բարելաւման համար թելադրութիւններ տայ։

      Սկսելու համար, ձեր խրատատուն կրնայ թելադրել որ Դիտարան–ի յօդուած մը գործածէք՝ փորձի համար։ Ան անկասկած ձեզի պիտի ըսէ որ իւրաքանչիւր նախադասութիւն վերլուծէք, որոշելու համար թէ ո՛ր բառերը կամ խօսքերը պէտք է շեշտուին, իմաստը դիւրըմբռնելի դարձնելու համար։ Թերեւս ձեզի յիշեցնէ որ մասնաւոր ուշադրութիւն տաք շեղագիր բառերուն։ Մի՛ մոռնաք որ նախադասութեան մը բառերը իրարու հետ առնչութիւն ունին։ Յաճախ բառերու խումբ մըն է որ պէտք է շեշտուի եւ ո՛չ թէ անջատ բառեր։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, աշակերտին քաջալերութիւն կրնայ տրուիլ որ տրոհանիշերուն շատ ուշադիր ըլլայ, իմաստի շեշտը տեղին դնելու համար։

      Ինչ բան շեշտելու մէջ որպէս յաջորդ քայլ, ձեր խրատատուն կրնայ քաջալերել որ ո՛չ թէ միայն նախադասութիւնը, հապա բովանդակութիւնը նկատի առնէք։ Ամբողջ պարբերութեան մէջ ի՞նչ հիմնական միտք մշակուած է։ Անիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջ ձեր շեշտելիք կէտին։ Ձեր նիւթին խորագրին եւ սեւատիպ ենթագլուխներուն նայեցէք։ Ասոնք ի՞նչ կերպով կ’ազդեն ձեր շեշտելիք արտայայտութիւններու ընտրութեան։ Այս բոլորը նկատի առնուելիք ազդակներ են։ Բայց ուշադիր եղէք որ շատ բառերու վրայ սուր շեշտ չդնէք։

      Յանպատրաստից խօսելու թէ կարդալու պարագային, ձեր խրատատուն կրնայ նաեւ ձեզ քաջալերել որ իմաստի շեշտ գործածելու մէջ պատճառաբանութեան եզրը ձեզի ուղղութիւն տայ։ Պէտք է գիտնաք թէ պատճառաբանութեան եզրը ե՛րբ կ’աւարտի, կամ ձեր ներկայացումը ո՛ւր կարեւոր մտքէ մը ուրիշ մտքի կ’անցնի։ Ունկնդիրները պիտի գնահատեն, երբ ձեր զեկուցումին մէջ ասոնք իրենց ուշադրութեան յանձնէք։ Ասիկա կարելի է ընել շեշտելով այսպիսի բառեր՝ նախ եւ առաջ, անկէ ետք, վերջապէս, այսպիսով, հետեւաբար, եւայլն։

      Ձեր խրատատուն նաեւ ձեր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ այն գաղափարներուն վրայ, որոնց մէջ մասնայատուկ զգացում կ’ուզէք դնել։ Ասիկա ընելու համար, կրնաք շեշտել կարգ մը բառեր, ինչպէս՝ շատ, բացարձակապէս, ամէն կերպով, անկարելի է, կարեւոր է, միշտ, եւայլն։ Ասիկա, ձեր ըսածներուն հանդէպ ձեր ունկնդիրներուն զգացումին կրնայ ազդել։ Այս մասին շատ աւելին պիտի ըսուի Ուսումնասիրութիւն 11–ին մէջ՝ «Ջերմութիւն եւ Զգացում»։

      Իմաստի շեշտը բարելաւելու համար, ձեզի նաեւ քաջալերութիւն պիտի տրուի որ ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլան գլխաւոր կէտերը, զորս կ’ուզէք որ ձեր ունկնդիրները յիշեն։ Ասիկա յաւելեալ կերպով նկատի պիտի առնուի հանրային ընթերցանութեան տեսանկիւնէն, Ուսումնասիրութիւն 7–ին մէջ՝ «Գլխաւոր Գաղափարները Շեշտուած», եւ՝ խօսելու տեսանկիւնէն, Ուսումնասիրութիւն 37–ին մէջ՝ «Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու»։

      Եթէ կը ջանաք դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի լաւ ըլլալ, մասնաւորաբար ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կը կարդաք համարները։ Վարժութիւն դարձուցէք դուք ձեզի հարց տալ. ‘Այս համարը ինչո՞ւ կը կարդամ’։ Եթէ ուսուցիչ մը միայն բառեր ըսէ, անիկա բաւարար չ’ըլլար։ Նոյնիսկ համար մը զգացումով կարդալը բաւարար չէ։ Եթէ մէկու մը հարցումին կը պատասխանէք, կամ անոր հիմնական ճշմարտութիւն մը կը սորվեցնէք, լաւ է որ համարին մէջ շեշտէք այն բառերը կամ արտայայտութիւնները, որոնք ծեծուած նիւթին թիկունք կը կանգնին։ Ապա թէ ոչ, կէտը պիտի վրիպի անհատէն։

      Քանի որ իմաստի շեշտը իր մէջ կը պարփակէ որոշ բառեր կամ խօսքեր յաւելեալ կերպով շեշտել, անփորձ դասախօս մը կրնայ չափազանց շեշտել զանոնք։ Արդիւնքը նման պիտի ըլլայ նուագարան մը նոր նուագել սորվող անհատի մը ըրածին։ Բայց յաւելեալ փորձեր ընելով, «ձայնանիշներ»ուն իւրաքանչիւրը գեղեցիկ կերպով արտաբերուող «երաժշտութեան» մաս պիտի կազմէ։

      Հիմնական կարգ մը բաներ սորվելէ ետք, փորձառու դասախօսներուն ուշադրութիւն ընելով՝ պիտի կարենաք օգտուիլ։ Շատ չանցած պիտի անդրադառնաք որ շեշտի աստիճանը փոխելով ինչ կ’իրագործուի։ Իսկ ըսուածին իմաստը յստակ դարձնելու համար շեշտի այլազան կերպեր գործածելու արժէքը պիտի գնահատէք։ Պատշաճ իմաստի շեշտ մշակելը, ձեր ընթերցանութիւնն ու խօսակցութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ պիտի դարձնէ։

      Իմաստի շեշտին մասին միայն մէջէն ելլելու չափ սորվելով մի՛ գոհանաք։ Ազդեցիկ խօսող մը ըլլալու համար, շարունակեցէք անոր վրայ աշխատիլ, մինչեւ որ իմաստի շեշտին տիրապետէք եւ զայն ա՛յնպիսի կերպով մը գործածէք, որ լսողներուն ականջներուն բնական հնչէ։

      Ի՛ՆՉՊԷՍ ՄՇԱԿԵԼ

      • Վարժութիւն դարձուցէք նախադասութեան մը գլխաւոր բառերը եւ բառերու խումբը բնորոշել։ Մասնայատուկ կերպով ուշադրութիւն ըրէք որ ասիկա բովանդակութեան հիման վրայ ընէք։

      • Փորձեցէք շեշտ գործածել՝ ցոյց տալու համար (1) գաղափարի փոփոխութիւնը եւ (2) ձեր ըսածին հանդէպ ձեր զգացումը։

      • Երբ համարներ կը կարդաք, սովորութիւն դարձուցէք շեշտել այն բառերը, որոնք ուղղակիօրէն թիկունք կը կանգնին այդ համարները կարդալու ձեր պատճառին։

      ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. (1) Երկու համար ընտրեցէք, զորս յաճախ կը գործածէք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Որոշեցէք թէ իւրաքանչիւր համարով ի՛նչ կը ջանաք փաստել։ Համարները բարձրաձայն կարդացէք, ա՛յնպիսի կերպով մը որ այդ կէտերուն թիկունք կանգնող բառերը կամ բառերու խումբը շեշտուին։ (2) Ուսումնասիրեցէք Եբրայեցիս 1։1-14–ը։ Ինչո՞ւ «մարգարէներ» (հմր. 1), «Որդի» (հմր. 2), եւ «հրեշտակներ» (հմր. 4, 5) բառերը մասնաւորաբար պէտք է շեշտուին, այս գլուխին մէջ պատճառաբանութեան եզրը յստակօրէն արտայայտելու համար։ Այս գլուխը իմաստի շեշտով բարձրաձայն կարդալու փորձ ըրէք, այդ պատճառաբանութեան եզրը ցցուն պահելով։

  • Գլխաւոր Գաղափարները Շեշտուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 7

      Գլխաւոր Գաղափարները Շեշտուած

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Բարձրաձայն կարդալու ժամանակ, կարդացուելիք ընդհանուր նիւթին մէջ գլխաւոր գաղափարներուն՝ ու ո՛չ թէ պարզապէս անջատ նախադասութիւններուն՝ վրայ մասնայատուկ շեշտ դրէք։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Ձեր պատգամը աւելի դիւրաւ պիտի յիշուի եթէ գլխաւոր գաղափարները շեշտուին։

      ԱՏԱԿ ընթերցող մը, անջատ նախադասութենէն՝ նոյնիսկ պարբերութենէն անդին կը տեսնէ։ Երբ կը կարդայ, իր մտքին մէջ ունի իր ներկայացուցած նիւթին մէջի բոլոր գլխաւոր գաղափարները։ Ասիկա շեշտը ո՛ւր դնելուն կ’ազդէ։

      Եթէ այս ընթացքին ուշադրութիւն չդարձուի, զեկուցումին մէջ ուշագրաւ կէտեր պիտի չըլլան։ Ո՛չ մէկ բան ցցուն պիտի ըլլայ։ Երբ ներկայացումը վերջանայ, ուշագրաւ բան մը յիշելու դժուարութիւն պիտի ունենանք։

      Գլխաւոր գաղափարները շեշտելուն լաւ ուշադրութիւն ընծայելը, յաճախ կը բարելաւէ Աստուածաշունչէն պատմութեան մը ընթերցումը։ Այսպիսի շեշտ մը յաւելեալ իմաստ կրնայ տալ, երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան, կամ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ պարբերութիւններ կը կարդանք։ Իսկ ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է երբ ընթերցանելի դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի, ինչպէս է պարագան մեր համաժողովներու կարգ մը դասախօսութիւններուն։

      Ի՛նչպէս Իրագործել։ Դպրոցին մէջ թերեւս ձեզի Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալու նշանակում մը տրուի։ Ի՞նչ բան պէտք է շեշտուի։ Եթէ ձեր ընթերցելիք նիւթին մէջ հիմնական գաղափար մը կամ կարեւոր դէպք մը կայ, տեղին է զայն ցցուն ընել։

      Ձեր ընթերցելիքը բանաստեղծութիւն ըլլայ՝ թէ արձակ, ասացուածք ըլլայ՝ թէ պատմողական, ձեր ունկնդիրները պիտի օգտուին, եթէ լաւ կերպով կարդաք զայն։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Ասիկա ընելու համար, պէտք է նկատի ունենաք թէ՛ ձեր ընթերցելիք հատուածները եւ թէ ունկնդիրները։

      Եթէ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան կամ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ գրականութենէ մը բարձրաձայն պիտի կարդաք, ի՞նչ են գլխաւոր գաղափարները, զորս կ’ուզէք շեշտել։ Տպագրուած հարցումներուն պատասխանները որպէս գլխաւոր գաղափարներ նկատեցէք։ Նաեւ՝ սեւատիպ ենթագլուխին ներքեւ գտնուող նիւթին մէջ, ենթագլուխին հետ կապ ունեցող գաղափարները շեշտեցէք։

      Չենք յանձնարարեր որ ժողովքին մէջ տրուած դասախօսութիւնները ընթերցանութեան կերպով ներկայացնելը վարժութիւն դարձնէք։ Սակայն, երբեմն նահանգային համաժողովներուն կարգ մը դասախօսութիւններ կը տրուին, որոնք պէտք է ընթերցուին, որպէսզի բոլոր համաժողովներուն ալ նոյն մտքերը նո՛յն կերպով ներկայացուին։ Այսպիսի ընթերցանելի դասախօսութեան մը մէջի գլխաւոր գաղափարները շեշտելու համար, դասախօսը նախ նիւթը ուշադիր կերպով պէտք է վերլուծէ։ Որո՞նք են գլխաւոր կէտերը։ Զանոնք գտնելու կարող պէտք է ըլլայ։ Գլխաւոր կէտերը պարզապէս իր աչքին հետաքրքրական եղող գաղափարները չեն։ Անոնք հիմնական մտքերն են, որոնց վրայ մշակուած է նիւթը։ Երբեմն ընթերցանելի դասախօսութեան մէջ, գլխաւոր գաղափարի մը խտացուած մէկ նախադասութիւնը՝ նկարագրութիւն մը կամ պատճառաբանութիւն մը կը ներկայացնէ։ Շատ յաճախ, նեցուկ կանգնող ապացոյց մը ներկայացնելէ ետք, զօրաւոր արտայայտութիւն մը կ’ըլլայ։ Երբ այս բանալի կէտերը բնորոշուին, դասախօսը իր դասախօսութեան վրայ պէտք է նշէ զանոնք։ Սովորաբար ասոնք շատ չեն, հաւանաբար՝ չորս կամ հինգ։ Անկէ ետք, ան պէտք է փորձ ընէ զանոնք ա՛յնպէս մը կարդալու, որ ունկնդիրները դիւրաւ բնորոշեն զանոնք։ Ասոնք դասախօսութեան բարձրակէտերն են։ Եթէ նիւթը պէտք եղած շեշտով տրուի, շատ հաւանական է որ այս գլխաւոր գաղափարները յիշուին։ Դասախօսին նպատակակէտը ա՛յս պէտք է ըլլայ։

      Դասախօսը կրնայ այլազան կերպերով շեշտել, օգնելով որ ունկնդիրները բնորոշեն գլխաւոր կէտերը։ Ան կրնայ գործածել աւելի մեծ խանդավառութիւն, արագութեան փոփոխութիւն, խոր զգացում, կամ յարմար շարժուձեւեր, եւայլն։

      Ի ՄՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԿԷՏԵՐ

      • Տպագրուած նիւթը վերլուծեցէք, որպէսզի բնորոշէք գլխաւոր գաղափարները, որոնց շուրջ մշակուած է նիւթը։ Զանոնք նշեցէք։

      • Երբ բարձրաձայն կը կարդաք, այս գլխաւոր գաղափարները ցցուն ընելու համար, զգալի խանդավառութիւն, աւելի դանդաղ ընթացք, կամ խոր զգացում գործածեցէք, յարմարութեան համաձայն։

      ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Ուսումնասիրութեան համար յայտագրուած Դիտարան–ի յօդուածէ մը հինգ պարբերութիւն ընտրեցէք։ Այս պարբերութիւններուն ուսումնասիրութեան հարցումներուն պատասխանները ընդգծեցէք։ Պարբերութիւնները բարձրաձայն կարդացէք, ա՛յնպիսի կերպով որ ունկնդիրները կարենան պատասխանները դիւրութեամբ բնորոշել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել