ԳԼՈՒԽ 1
Ուրախ լուրերը ի՞նչ են
1. Աստուծոյ կողմէ ի՞նչ լուրեր կան։
Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ երկրի վրայ կեանքը վայելեն։ Ան երկրագունդը եւ անոր վրայ բոլոր բաները ստեղծեց, քանի որ մարդկութիւնը կը սիրէ։ Շուտով ան գործի պիտի լծուի, բոլո՛ր մարդոց աւելի լաւ ապագայ մը հայթայթելու համար։ Ան մարդկութիւնը պիտի հանգստացնէ, տառապանքի պատճառները վերցնելով։ — Կարդա՛ Երեմիա 29։11։
Չկայ կառավարութիւն մը, որ կրցած է բռնութեան, հիւանդութեան կամ մահուան վերջ դնել։ Բայց ուրախ լուրեր կան։ Կարճ ժամանակ ետք, Աստուած մարդկային բոլոր կառավարութիւնները իր կառավարութեամբ պիտի փոխարինէ։ Ատոր հպատակները խաղաղութիւն եւ լաւ առողջութիւն պիտի վայելեն։ — Կարդա՛ Եսայի 25։8. 33։24. Դանիէլ 2։44։
2. Ուրախ լուրերը ինչո՞ւ ներկայիս շատ կարեւոր են։
Տառապանքը վերջ պիտի գտնէ միա՛յն՝ երբ Աստուած երկրագունդին երեսէն չար մարդիկը մաքրէ (Սոփոնիա 2։3)։ Ատիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Աստուծոյ Խօսքը կանխագուշակեց այն վիճակները, որոնք ներկայիս մարդկութեան կը սպառնան։ Ընթացիկ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ գործի լծուելու ժամանակը մօտ է։ — Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5։
3. Ի՞նչ պէտք է ընենք։
Աստուծոյ մասին պէտք է սորվինք իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։ Ատիկա սիրառատ հօր մը կողմէ մեզի ուղարկուած նամակի մը նման է։ Ատիկա մեզի կ’ըսէ ինչպէ՛ս աւելի լաւ կենցաղակերպ վայելել հիմա, եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք՝ ապագային։ Ոմանք թերեւս չախորժին որ Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն կը ստանաս։ Բայց եւ այնպէս, Աստուծոյ խոստումը ստոյգ ըլլալով, աւելի լաւ ապագայի մը պատեհութիւնը չփախցնենք։ — Կարդա՛ Առակաց 29։25. Յայտնութիւն 14։6, 7։