Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 11/1 էջ 6
  • 3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դժոխքի կրակ. աստուածային արդարութեան մաս կը կազմէ՞
    Դժոխքի կրակ. աստուածային արդարութեան մաս կը կազմէ՞
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ բնական աղէտներու մասին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժնե՞ր են։
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Բնական աղէտներ. Աստուա՞ծ պատասխանատու է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 11/1 էջ 6

3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է

Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Աստուած իւրաքանչիւր գործուած մեղք իր քովը կ’արձանագրէ եւ փոխարէնը կը հատուցանէ՝ յաւերժական պատիժով դժոխքի կրակին մէջ»։

«Աստուած բնական աղէտներով կը պատժէ յանցագործները»։

Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Երկրորդ Պետրոս 3։9–ն կ’ըսէ թէ Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ Ան ոչ թէ մեր սխալներուն վրայ կը կեդրոնանայ, այլ՝ մեր լաւ կէտերուն վրայ։ Աստուծոյ «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9)։

Դժոխքի կրակը աստուածաշնչական ուսուցում մը չէ,– յաւիտենական չարչարանքի գաղափարն իսկ Աստուծոյ աչքին զզուելի է։ Չարերու համար իր ամէնէն մեծ պատիժն է՝ զիրենք կեանքի պարգեւէն զրկել (Երեմիա 7։31. Հռովմայեցիս 6։7)։ Իսկ բնական աղէտները, որոնք անխտիր կը կործանեն, Աստուծմէ չեն, հապա աննախատեսելի դիպուածներ են, որոնք կրնան ոեւէ անհատի ազդել (Ժողովող 9։11)։

Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Երբ գիտակցինք թէ Աստուած «ներող» է եւ անմիջապէս չի դատապարտեր, կրնանք իրեն աւելի մօտենալ (Սաղմոս 86։5)։ Պէտք չունինք յանցապարտութեան զգացումներով կամ պատիժէ դողդղալով իրեն ծառայել։ Փոխարէն, մենք կրնանք լաւագոյն շարժառիթով մեր հաւատքը կերտել, որ է՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը։ Այս սէրը ոգեւորիչ ոյժ մըն է, եւ մեզ կը մղէ որ մեր լաւագոյնը ընենք Աստուած հաճեցնելու (Մատթէոս 22։36-38. Ա. Յովհաննէս 5։3)։

Աստուած կ’ուզէ որ ամէն մարդ իր ճամբան շտկելով բարիք գործէ. այսուհանդերձ, ան գիտէ թէ շատեր բնաւ այդպէս պիտի չընեն։ Եթէ ան չարութիւն ընել վճռողներուն դէմ բնաւ գործի չլծուէր, պիտի նմանէր կառավարիչի մը, որ օրէնքներ կը սահմանէ առանց զանոնք պարտադրելու, թոյլ տալով որ անարդարութիւնն ու տառապանքը անսահմանօրէն շատնան (Ժողովող 8։11)։ Մեր գիտնալը, թէ Աստուած յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ չարութիւնը, մեզի ապագային նկատմամբ մեծ յոյս մը կու տայ։ Աստուած խոստացած է որ շարունակաբար չար արարքներ ընողները պիտի վերացնէ, որպէսզի «հեզերը» կարենան յաւիտենական կեանքը վայելել երկրի վրայ, ինչպէս որ սկիզբէն մտադրած էր (Սաղմոս 37։10, 11, 29)։a

[Ստորանիշ]

a Յաւելեալ տեղեկութեան համար, թէ Աստուած ինչպէ՛ս երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ եւ 8–րդ գլուխները։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Աստուած պիտի ուզէ՞ր որ զինք պաշտէինք այն շարժառիթով՝ թէ պատիժէ կը վախնանք

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

Engravings by Doré

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել