ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կը տենչանք որեւէ տեղ Եհովային ծառայել
Նախապէս բնա՛ւ առանձին չէի ծառայած։ Այնքան ջղագրգիռ էի որ ոտքերս կը դողդղային ամէն անգամ որ ծառայութեան ելլէի։ Թաղամասին մէջ մարդոց չընդառաջելը խնդիրը աւելի կը բարդացնէր։ Ոմանք յարձակողական էին եւ սպառնացին զիս ծեծել։ Ռահվիրայական ծառայութեանս առաջին ամիսը՝ միայն մէկ գրքոյկ բաշխեցի (Մարքուս)։
ԱՍԻԿԱ 1949–ին էր, աւելի քան 60 տարի առաջ։ Բայց նախ խօսիմ անցեալիս մասին։ Հայրս՝ Հենտրիք, կօշկակար եւ պարտիզպան էր Տրենթի հիւսիսը գտնուող Տոնտըրըն գիւղին մէջ, Հոլանտա։ Այդ գիւղին մէջ ծնայ 1927–ին, եօթը զաւակներու մէջ չորրորդը ըլլալով։ Մեր տունը աղտոտ թաղի մը մէջ կը գտնուէր։ Դրացիներուն մեծամասնութիւնը հողագործներ էին. եւ ես գիւղական կեանքը կը սիրէի։ 1947–ին, երբ 19 տարեկան էի, Թունըս Պէնը, որ մեր դրացիներէն մէկն էր, զիս ճշմարտութեան ծանօթացուց։ Կը յիշեմ թէ երբ առաջին անգամ Թունըսի հանդիպեցայ, զինք չհաւնեցայ, բայց Բ. Աշխարհամարտէն քիչ ետք ան Եհովայի վկայ եղաւ եւ նշմարեցի թէ առաջուընէ աւելի՛ բարեկամական էր։ Իր անձնաւորութեան մէջ այս փոփոխութիւնը հետաքրքրութիւնս շարժեց, անոր համար իրեն մտիկ ըրի, երբ դրախտային երկրի մը նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին մասին խօսեցաւ։ Շուտով ճշմարտութիւնը ընդունեցի եւ մնայուն բարեկամներ դարձանքa։
Մայիս 1948–ին քարոզելու սկսայ, եւ յաջորդ ամիս՝ 20 յունիսին, Եութրեխդի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին մկրտուեցայ։ 1 յունուար 1949–ին, սկսայ որպէս ռահվիրայ ծառայել եւ նշանակուեցայ փոքր ժողովքի մը մէջ՝ Պորգուլօ, Հոլանտայի արեւելքը։ Հոն հասնելու համար պէտք է 130 քմ. կտրէի, ուստի որոշեցի հեծանիւով երթալ։ Խորհեցայ որ ճամբան ինծի հետ 6 ժամ պիտի առնէր, բայց քանի որ տեղատարափ անձրեւ եւ սաստիկ հով կար, ճամբորդութիւնը 12 ժամ տեւեց, թէեւ վերջին 90 քմ. շոգեկառքով կտրեցի։ Երեկոյեան ուշ ժամուն, վերջապէս հասայ Վկայ ընտանիքի մը տունը, ուր մնացի մինչ այդ շրջանին մէջ որպէս ռահվիրայ կը ծառայէի։
Այդ յետպատերազմեան տարիներուն, մարդիկ քիչ ստացուածք ունէին։ Ես ունէի միայն երկու կարճ տաբատ եւ ձեռք մը հագուստ, որուն չափը մեծ էր։ Ինչպէս որ սկիզբը նշեցի, Պորգուլոյի մէջ առաջին ամիսը ծառայելը դժուար էր, բայց Եհովան զիս օրհնե՛ց, եւ ունեցայ քանի մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։ Ինը ամիս ետք, նշանակուեցայ Ամսթերտամի մէջ։
ԳԻՒՂԷՆ ՔԱՂԱՔ
Հողագործական շրջանի մը մէջ մեծցած էի, բայց այժմ ինքզինքս գտայ Հոլանտայի ամէնէն մեծ քաղաքին՝ Ամսթերտամի մէջ։ Ծառայութիւնը շատ արդիւնաբեր էր։ Առաջին ամիսը բաշխեցի աւելի հրատարակութիւններ քան՝ անցեալ ինը ամիսները։ Շուտով ուսումնասիրութիւններ կը վարէի աւելի քան ութ անհատներու հետ։ Ժողովքի ծառայ նշանակուելէ ետք (այժմ կը կոչուի՝ երէցներու մարմինի համակարգող), առաջին հանրային դասախօսութիւնս տալու նշանակումը ստացայ։ Այս մէկը ինծի համար շատ ճնշիչ բան էր. ուստի երկա՜ր շունչ առի երբ դասախօսութիւնը տալէս քիչ առաջ զիս ուրիշ ժողովք փոխադրեցին։ Այդ ատեն չէի գիտեր թէ գալիք տարիներուն աւելի քան 5000 դասախօսութիւն պիտի տայի։
Մարքուս (աջէն առաջինը) 1950–ին Ամսթերտամի մօտ, փողոցի ծառայութեան ընթացքին
Մայիս 1950–ին, Հառլեմի մէջ նշանակուեցայ։ Ապա հրաւէր ստացայ որ շրջանային գործին մասնակցիմ։ Երեք գիշեր դժուարութեամբ քնացայ։ Մասնաճիւղին մէջ ծառայող եղբայրներէն մէկուն՝ Ռապըրթ Վինկլըրի ըսի թէ որակեալ չէի զգար, բայց ան ըսաւ. «Դուն միայն թուղթերը լեցուր։ Կը սորվի՛ս»։ Անկէ քիչ ետք, մէկ ամիս մարզում ստացայ եւ սկսայ ծառայել որպէս շրջանային ծառայ (տեսուչ)։ Երբ ժողովքներէն մէկը կ’այցելէի, հանդիպեցայ Եաննի Թադխընին, խանդավառ երիտասարդ ռահվիրայ մը՝ որ Եհովային հանդէպ խոր սէր ունէր եւ անձնազոհ հոգի կը դրսեւորէր։ Եւ 1955–ին ամուսնացանք։ Պատմութիւնս շարունակելէ առաջ, Եաննին պիտի բացատրէ թէ ինչպէ՛ս ռահվիրայ եղաւ եւ մեր ամուսնութենէն ետք ինչպէ՛ս միասնաբար ծառայեցինք։
ՈՐՊԷՍ ԶՈՅԳ ԾԱՌԱՅԵԼ
Եաննի։ Մայրս 1945–ին Վկայ եղաւ, երբ ես 11 տարեկան էի։ Ան անմիջապէս նկատեց իր երեք զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու կարեւորութիւնը։ Բայց հայրս ճշմարտութեան հակառակեցաւ, ուստի մայրս մեզի կը սորվեցնէր երբ ան տունը չէր ըլլար։
1950–ին Հաագայի մէջ տեղի ունեցած համաժողովը առաջին ժողովն էր, որուն ներկայ գտնուեցայ։ Շաբաթ մը ետք, Տրենթի Ասսընի Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած ժողովին ներկայ գտնուեցայ։ Հայրս զայրացաւ եւ զիս տունէն դուրս դրաւ։ Մայրս ըսաւ. «Գիտես ո՛ւր կրնաս ապրիլ»։ Ան կ’ակնարկէր հոգեւոր եղբայրներուս եւ քոյրերուս։ Նախ փոխադրուեցայ Վկայ ընտանիքի մը քով, որ մեր տան մօտ կ’ապրէր, բայց հայրս քիթէս բերնէս բերաւ. ուստի, փոխադրուեցայ Տաւընդըրի ժողովքը (Օվերայսել), որ մեր տունէն շուրջ 95 քմ. հեռու էր։ Բայց քանի որ տունէն վռնտուեցայ մինչ պատանուհի էի, հայրս քաղաքային հեղինակութիւններու հետ խնդիրներու առջեւ գտնուեցաւ։ Առ ի արդիւնք, ան ըսաւ որ կրնայի տուն վերադառնալ։ Թէեւ հայրս ճշմարտութիւնը բնաւ չընդունեց, բայց ի վերջոյ թոյլ տուաւ որ բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիմ եւ քարոզեմ։
Եաննի (աջէն առաջինը) 1952–ին արձակուրդի ռահվիրայութեան ընթացքին
Տուն վերադառնալէս քիչ ետք, մայրս ծանր հիւանդացաւ եւ ստիպուեցայ ե՛ս առտնին գործերը կատարել։ Հակառակ ասոր, շարունակեցի հոգեւորապէս յառաջդիմել եւ 1951–ին՝ 17 տարեկանիս մկրտուեցայ։ 1952–ին, մօրս ապաքինումէն ետք, երեք ռահվիրայ քոյրերու կողքին երկու ամիս ծառայեցի որպէս արձակուրդի (օժանդակ) ռահվիրայ։ Բնականաւի մը մէջ ապրեցանք եւ Տրենթ նահանգի երկու գիւղաքաղաքներու մէջ ծառայեցինք։ 1953–ին, կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։ Անկէ մէկ տարի ետք, երիտասարդ շրջանային տեսուչ մը մեր ժողովքը այցելեց։ Ան Մարքուսն էր։ Մայիս 1955–ին ամուսնացանք, քանի որ զգացինք թէ որպէս զոյգ կրնայինք Եհովային աւելի՛ ծառայել (Ժող. 4։9-12)։
Մեր ամուսնութեան օրը 1955–ին
Մարքուս։ Մեր ամուսնութենէն ետք, սկիզբը նշանակուեցանք որպէս ռահվիրաներ Վենտամի մէջ (Կրոնինկեն)։ Ապրեցանք պզտիկ սենեակի մը մէջ, որ 2–ով 3 մեթր էր։ Բայց եւ այնպէս, Եաննին սենեակը գեղեցիկ ու հանգստաւէտ դարձուց։ Ամէն գիշեր, պէտք էր որ մեր սեղանը եւ երկու աթոռները հեռացնէինք, որպէսզի կարենայինք անկողինը բանալ։
Վեց ամիս ետք, հրաւէր ստացանք որ Պելճիքայի մէջ շրջագայական գործին մասնակցինք։ 1955–ին, հոն միայն 4000 հրատարակիչներ կային։ Այժմ աւելի քան 24,000 հրատարակիչներ կան։ Ֆլանտրիոյ մէջ՝ Պելճիքայի հիւսիսը, մարդիկ Հոլանտայի մէջ գործածուող լեզուն կը խօսին։ Բայց պելճիքական առոգանութիւնը բաւական տարբեր է, ուստի սկիզբը պէտք էր որ այդ լեզուին հետ ընտելանայինք։
Եաննի։ Շրջագայական գործը անձնազոհ հոգի կը պահանջէ։ Մեր հեծանիւներով ժողովքները այցելեցինք եւ եղբայրներու ու քոյրերու տունը մնացինք։ Քանի որ մեր անձնական տունը չունէինք, ժողովքին հետ կը մնայինք մինչեւ երկուշաբթի, եւ երեքշաբթի առաւօտուն կը ճամբորդէինք դէպի յաջորդ ժողովքը։ Բայց մեր ծառայութիւնը միշտ Եհովայէն օրհնութիւն սեպեցինք։
Մարքուս։ Թէեւ սկիզբը եղբայրներն ու քոյրերը չէինք ճանչնար, բայց անոնք շատ ազնիւ եւ հիւրասէր էին (Եբ. 13։2)։ Տարիներու ընթացքին, մենք Պելճիքայի բոլոր հոլանտախօս ժողովքները քանի մը անգամ այցելեցինք։ Ասիկա մեզի բազմաթիւ օրհնութիւններ բերաւ։ Օրինակ, հոլանտական շրջաններու գրեթէ բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը ճանչցանք, եւ անոնք մեզի թանկագին դարձան։ Ականատես եղանք ինչպէ՛ս հարիւրաւոր դեռատիներ ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս հասունցան եւ իրենք զիրենք Եհովայի նուիրեցին, Թագաւորութեան շահերը առա՛ջ դասելով իրենց կեանքին մէջ։ Իսկապէս կ’ուրախանանք տեսնելով անոնցմէ շատերը ինչպէ՛ս Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն որպէս լիաժամ ծառաներ (Գ. Յովհ. 4)։ Այսպէս ‘զիրար քաջալերելը’ մեզի դիւրացուցած է որ շարունակենք մեր նշանակումը ամբողջ սրտով կատարել (Հռով. 1։12, Անթիլիաս)։
ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ԵՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Մարքուս։ Մեր ամուսնութեան առաջին օրէն իսկ մեր փափաքն էր յաճախել Գաղաադի դպրոցը։ Անոր համար ամէն օր առնուազն մէկ ժամ անգլերէն կը սորվէինք։ Բայց դիւրին չէր անգլերէնը գրքերէն սորվիլ, ուստի որոշեցինք որ մեր արձակուրդին Անգլիա ճամբորդենք, որպէսզի հոն քարոզելու ատեն այդ լեզուն գործածենք։ Ի վերջոյ, 1963–ին Պրուքլինի մէջ եղող գլխաւոր կեդրոնատեղիէն պահարան մը ստացանք, որուն մէջ երկու նամակ կար. մէկը ինծի, իսկ միւսը Եաննիին։ Իմ նամակս հրաւիրագիր մըն էր Գաղաադի դպրոցը յաճախելու, որ տասը ամիս պիտի տեւէր։ Դասընթացքը գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանար եղբայրները մարզելու եւ անոնց կազմակերպչական ցուցմունքներ տալու վրայ։ Ուստի հրաւէր ստացած 100 աշակերտներէն 82–ը եղբայրներ էին։
Եաննի։ Այդ օր ստացած նամակիս մէջ ինձմէ կը խնդրուէր աղօթքով նկատի առնել թէ կը յօժարի՞մ Պելճիքա մնալու, մինչ Մարքուսը Գաղաադի դպրոցը կը յաճախէ։ Կը խոստովանիմ թէ սկիզբը յուսախաբ եղայ։ Այնպէս կը թուէր թէ Եհովան ջանքերս չէր օրհնած։ Բայց եւ այնպէս, մտաբերեցի Գաղաադի դպրոցին նպատակը. օգնել յաճախողներուն, որ աշխարհի տարածքին բարի լուրը քարոզելու աշխատանքը կատարեն։ Ուստի, ընդունեցի Պելճիքա մնալ, եւ նշանակուեցայ մասնաւոր ռահվիրայ Կենդ քաղաքին մէջ, ուր ծառայեցի երկու փորձառու մասնաւոր ռահվիրաներու հետ՝ Աննա եւ Մարիա Գոլփըրդ։
Մարքուս։ Քանի որ անգլերէն լեզուս պէտք է բարելաւէի, հրաւէր ստացայ որ Պրուքլին երթամ դպրոցը սկսելէն հինգ ամիս առաջ։ Հոն Առաքումի եւ Ծառայութեան բաժանմունքներուն մէջ աշխատեցայ։ Գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ ծառայելով եւ տեսնելով հրատարակութիւններու առաքումը դէպի Ասիա, Եւրոպա եւ Հարաւային Ամերիկա, աւելի շօշափեցի մեր եղբայրութեան միջազգային ըլլալը։ Մասնաւորաբար կը յիշեմ Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընը, որ Եղբայր Ռասըլի օրերուն ծառայած էր որպէս ուղեւոր (շրջագայող տեսուչ)։ Ան ծերացած եւ բոլորովին խուլ էր. այսուհանդերձ հաւատարմօրէն կը շարունակէր ժողովքի բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Ասիկա զիս մեծապէս տպաւորեց եւ սորվեցուց թէ մեր քրիստոնէական ընկերակցութիւնը բնա՛ւ թեթեւի պէտք չէ առնենք (Եբ. 10։24, 25)։
Եաննի։ Մարքուսն ու ես շաբաթը քանի մը անգամ իրարու հետ կը հաղորդակցէինք։ Զիրար շա՜տ կը կարօտնայինք։ Բայց եւ այնպէս, Մարքուս Գաղաադի մէջ իր ստացած մարզումով ուրախ էր, իսկ ես ծառայութեանս մէջ իսկական ուրախութիւն գտայ։ Երբ Մարքուս Միացեալ Նահանգներէն վերադարձաւ, ես 17 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէի։ 15 ամիս իրարմէ հեռու ապրիլը անշուշտ մարտահրաւէր մըն էր, բայց կրցայ տեսնել թէ Եհովան մեր ըրած զոհողութիւններուն համար մեզ օրհնեց։ Մարքուսի վերադարձած օրը օդանաւը քանի մը ժամ ուշացաւ, ուստի երբ ան վերջապէս հասաւ, իրարու ուսին վրայ լացինք։ Անկէ ի վեր, անբաժանելի մնացինք։
ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ՝ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ
Մարքուս։ Դեկտեմբեր 1964–ին, երբ Գաղաադի դպրոցէն վերադարձայ, նշանակում ստացանք Բեթէլի մէջ ծառայելու։ Այդ ատեն սակայն չէինք գիտեր թէ այդ նշանակումը մնայուն չէ։ Միայն երեք ամիս ետք, նահանգային տեսուչ նշանակուեցայ Ֆլանտրիոյ մէջ։ Իսկ երբ Ալզըն եւ Ելս Վիխըրսմա որպէս միսիոնարներ Պելճիքա ղրկուեցան, նահանգային գործին մէջ նշանակում ստացան եւ մենք վերադարձանք Բեթէլ, ուր Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ աշխատեցայ։ 1968-1980, մեր նշանակումը քանի մը անգամ փոխուեցաւ. ատեններ կը ծառայէինք Բեթէլի մէջ, իսկ ուրիշ ատեններ՝ շրջագայական գործին մէջ։ Վերջապէս, 1980-2005, դարձեալ ծառայեցի որպէս նահանգային տեսուչ։
Թէեւ մեր նշանակումը յաճախ փոխուեցաւ, սակայն միշտ մեր մտքին մէջ վառ պահեցինք այն իրողութիւնը, թէ մեր կեանքը նուիրած էինք՝ Եհովային սրտանց ծառայելու։ Մեր ստացած իւրաքանչիւր նշանակումը իսկապէս վայելեցինք, եւ վստահ էինք որ նշանակումին փոփոխութեան նպատակն էր՝ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղել։
Եաննի։ Մասնաւորաբար ուրախացայ երբ առանձնաշնորհում ունեցայ Մարքուսին հետ Պրուքլին երթալու 1977–ին եւ Փէթըրսըն՝ 1997–ին, ուր յաւելեալ մարզում ստացաւ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ ԳԻՏԷ
Մարքուս։ 1982–ին, Եաննին վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ լաւ կերպով ապաքինեցաւ։ Երեք տարի ետք, Լուվէնի ժողովքը իրենց Թագաւորութեան սրահին վերի յարկաբաժինը ազնուօրէն մեզի յատկացուցին։ 30 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեր անձնական տունը ունեցանք։ Երեքշաբթի օրերը, երբ կը պատրաստուէինք ժողովք մը այցելելու, կը ստիպուէի քանի մը անգամ 54 աստիճան ելլել–իջնել մեր պայուսակները իջեցնելու համար։ Երախտապարտ ենք որ 2002–ին, կարգադրութիւններ եղան որ գետնայարկը բնակարան մը ունենանք։ Երբ 78 տարեկան եղայ, Լոքերն քաղաքին մէջ մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցանք։ Շատ ուրախ ենք որ կրնանք այս կերպով ծառայել եւ տակաւին կրնանք ամէն օր ծառայութեան ելլել։
«Հաստատօրէն կը հաւատանք, թէ կարեւոր չէ ո՛ւր կամ ի՛նչ հանգամանքով կը ծառայենք, այլ՝ որո՛ւն կը ծառայենք»
Եաննի։ Ընդամէնը աւելի քան 120 տարի լիաժամ ծառայած ենք։ Փորձառաբար տեսանք Եհովայի խոստումին ճշմարիտ ըլլալը, թէ ‘բնաւ մեզ պիտի չթողու’, եւ թէ «բանի մը պակասութիւն» պիտի չքաշենք, եթէ իրեն հաւատարմօրէն ծառայենք (Եբ. 13։5. Բ. Օր. 2։7)։
Մարքուս։ Երբ երիտասարդ էինք, մեր անձը Եհովային նուիրեցինք։ Բնաւ մեզի համար մեծ բաներ չփնտռեցինք։ Կամաւոր հոգի ունէինք ընդունելու որեւէ նշանակում որ մեզի կը տրուէր, քանի որ հաստատօրէն կը հաւատանք, թէ կարեւոր չէ ո՛ւր կամ ի՛նչ հանգամանքով կը ծառայենք, այլ՝ որո՛ւն կը ծառայենք։
a Տարիներու ընթացքին, հայրս, մայրս, երիցագոյն քոյրս եւ եղբայրներէս երկուքը նաեւ Վկաներ եղան։