Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 7/1 էջ 13
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 7/1 էջ 13

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Վաղեմի նաւարարները ինչպէ՞ս իրենց նաւերը անջրանցիկ կ’ընէին։

Լայընէլ Գէսոն, հին նաւերու մասնագէտ, կը բացատրէ թէ հռոմէական ժամանակներուն նաւարարները ի՛նչ կ’ընէին տախտակներուն միջեւ եղած բացութիւնը գոցելէ ետք։ Անոնց համար սովորական էր «բացութիւնը կամ նոյնիսկ ամբողջ արտաքին կմախքը ծեփել ձիւթով [կուպր] կամ ձիւթի ու մոմի խառնուրդով, եւ նաւի ներսի մասը ձիւթել»։ Հռոմայեցիներէն շատ առաջ, աքքատացիներն ու բաբելոնացիները նաեւ կուպրը գործածեցին իրենց նաւերը անջրանցիկ դարձնելու։

Հեղուկ կուպր

Աստուածաշնչական երկիրներու մէջ այսպիսի հեղուկ կուպր առատ էր

Եբրայերէն Գրութիւնները նոյնանման մեթոտի կ’ակնարկեն Ծննդոց 6։14–ին մէջ։ «Ձիւթ» թարգմանուած եբրայերէն բառը բացայայտօրէն կ’ակնարկէ կուպրին,– քարիւղի մէկ նիւթը։

Բնական կուպրը երկու բնոյթ ունի. հեղուկ եւ պինդ մարմին։ Վաղեմի նաւարարները հեղուկ տեսակը կը գործածէին։ Ուղղակիօրէն դնելէ ետք, հեղուկ կուպրը կը չորնար ու կը կարծրանար, անջրանցիկ խաւ մը կազմելով։

Կուպրը աստուածաշնչական երկիրներու մէջ առատ էր։ Մեռեալ ծովի շրջանին մէջ, Սիդդիմ ձորը «նաւթի հորերով լեցուն էր» (Ծննդոց 14։10)։

Վաղեմի ժամանակներուն՝ ձուկերը պահպանելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուէին։

Ձուկը վաղուց կարեւոր ուտելիք եղած է։ Յիսուսի հետ ճամբորդելու սկսելէ առաջ, իր առաքեալներէն ոմանք Գալիլիայի ծովուն մէջ ձկնորսութիւն կ’ընէին (Մատթէոս 4։18-22)։ Բռնուած ձուկերուն առնուազն մէկ մասը մօտակայ «գործարաններուն» մէջ կը մշակուէր։

Վաղեմի ձկնորսներ ձուկ կը կրեն

Եգիպտացի ձկնորսներ նկարագրող փայտագրութիւն

Ձուկ պահպանելու այն մեթոտը, որ հաւանաբար վաղեմի Գալիլիոյ մէջ կը գործածուէր, տակաւին կարգ մը տեղեր ի գործ կը դրուի։ Նախ ձուկին փորոտիքը կը հանեն եւ ձուկը կը լուան։ Գիրք մը կը նկարագրէ յաջորդ քայլերը. «Յետոյ խոշոր աղ կը քսեն խռիկին, բերանին եւ թեփերուն վրայ։ Աղի եւ ձուկի խաւերը վրայ–վրայի փոփոխակի դրուելէ ետք, դէզը չոր խսիրով կը ծածկուի։ 3-5 օր սպասելէ ետք, ձուկերու այդ դէզը հակառակ կողմ կը դարձուի եւ նոյնքան ժամանակ կը ձգուի։ Չորնալու այս հանգրուանին, ձուկի մարմնին հեղուկները դուրս կ’ելլեն եւ աղը ներս կը թափանցէ։ Անկէ ետք անոնք կարծր կ’ըլլան» (Studies in Ancient Technology)։

Անորոշ է թէ այս կերպով պահպանուելով, ձուկը որքան ժամանակ տակաւին կ’ուտուէր։ Սակայն, այն իրողութիւնը թէ վաղեմի եգիպտացիները պահածոյ ձուկեր Ասորիք կ’արտածէին, ցոյց կու տայ թէ գործածուած մեթոտները իրապէս գործնական էին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել