-
Աստուծոյ մօտիկ կը զգա՞սԴիտարան 2014 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ մօտիկ կը զգա՞ս
«Երբ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կ’ունենաս, ինքզինքդ ապահով, անպակաս եւ կայուն կը զգաս։ Կը զգաս թէ Աստուած միշտ քու լաւագոյն շահերդ կը փնտռէ» (ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ, ՊԱՏԱՆԻ ՄԸ ԿԱՆԱՅԻ ՄԷՋ)։
«Աստուած կը տեսնէ քու վհատած վիճակդ եւ խնդրածէդ շատ աւելի սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ քեզի հանդէպ» (13 ԱՄԵԱՅ ՀԱՆՆԱ, ԱԼԱՍՔԱ, ԱՄՆ)։
«Շատ թանկարժէք եւ հանդարտեցուցիչ զգացում մըն է, երբ գիտնաս թէ Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունիս» (ՃԻՆԱ, ՃԱՄԱՅՔԱՑԻ ԿԻՆ ՄԸ ԻՐ 40–ԱԿԱՆ ՏԱՐԻՔԻՆ)։
Քրիստոֆըր, Հաննա եւ Ճինա միակ անհատները չեն որ այդպէս կը զգան։ Աշխարհի չորս ծագերը, շատեր համոզուած են, որ Աստուած զիրենք իր բարեկամները կը նկատէ։ Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես։ Աստուծոյ մօտիկ կը զգա՞ս։ Կամ կ’ուզե՞ս իրեն աւելի մօտենալ։ Թերեւս հարց տաս. «Կարելի՞ բան է որ մարդ արարած մը Ամենակալ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Եւ եթէ կարելի է, ինչպէ՞ս»։
ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Ըստ Աստուածաշունչին, կարելի՛ է որ մէկը Աստուծոյ հետ մօտիկ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ եբրայեցի Աբրահամ նահապետը «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուեցաւ (Յակոբոս 2։23)։ Նաեւ նկատի առ այն ջերմ հրաւէրը, որ կը գտնուի Յակոբոս 4։8–ի մէջ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Յստակ է ուրեմն, որ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն կամ բարեկամութիւն ունենալը կարելիութիւն է։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս անտեսանելի՛ Աստուծոյ «մօտենալ» եւ անոր հետ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելել։
Այդ հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առ թէ մարդկային բարեկամութիւնը ինչպէ՛ս կը զարգանայ։ Ատիկա ընդհանրապէս կը սկսի, երբ երկու անհատներ իրարու կը ծանօթանան՝ մէկը միւսին անունը գիտնալով։ Ապա իրենց բարեկամութիւնը կը հաստատուի, մինչ անոնք կանոնաւորաբար իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ գաղափարներ ու զգացումներ կը բաժնեկցին։ Իսկ երբ անոնք կը ջանան իրարու համար բաներ ընել, իրենց բարեկամութիւնը կը զօրանայ։ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւնն ալ ասոր նման է։ Ինչպէ՞ս։ Տեսնենք։
-
-
Աստուծոյ անունը գիտե՞ս եւ կը գործածե՞սԴիտարան 2014 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ անունը գիտե՞ս եւ կը գործածե՞ս
Մօտիկ բարեկամներուդ մէջ կա՞յ մէկը, որուն անունը չես գիտեր։ Շատ հաւանաբար ոչ։ Իրինա անունով պուլկարացի կին մը ճշգրտօրէն ըսաւ. «Կարելի չէ Աստուծոյ մօտենալ, եթէ իր անունը չես գիտեր»։ Բայց ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուած կ’ուզէ՛ որ իրեն մօտենաս։ Ան իր Խօսքին մէջ արդէն ինքզինք քեզի ծանօթացուցած է, ըսելով. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։
Աստուած իր Խօսքին մէջ արդէն ինքզինք քեզի ծանօթացուցած է, ըսելով. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)
Եհովա Աստուծոյ քով իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ գիտես եւ կը գործածես իր անունը կամ ոչ։ Հետեւեալը նկատի առ։ Եբրայերէն չորս բաղաձայններով գրուած եւ որպէս Քառագիր ճանչցուած Աստուծոյ անունը, գրեթէ 7000 անգամ կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններու բնագրին մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ անուն այսքան շատ նշուած է։ Վստահաբար ասիկա կը փաստէ, որ Աստուած կ’ուզէ որ գիտնանք եւ գործածենք իր անունըa։
Անուններ փոխանակելը յաճախ առաջին քայլը կ’ըլլայ բարեկամութեան։ Աստուծոյ անունը գիտե՞ս
Սակայն ուրիշներ կը խորհին, թէ քանի՛ որ Աստուած սուրբ եւ ամենակալ է, իր անունը գործածելը անյարգալից է։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ անունը անվայել կերպով գործածելը սխալ է, ինչպէս որ մօտիկ բարեկամիդ անունը չես ուզեր սխալ կերպով գործածել։ Բայց Եհովայի կա՛մքն է, որ զինք սիրողները պատուեն եւ ճանչցնեն իր անունը (Սաղմոս 69։30, 31. 96։2, 8)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Կրնանք Աստուծոյ անունը սրբացնելուն մէջ բաժին բերել, զայն ճանչցնելով։ Այսպիսով, աւելի կը մօտենանք իրեն (Մատթէոս 6։9)։
Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ, թէ Աստուած մասնաւոր ուշադրութիւն կ’ընծայէ իր «անուան վրայ մտածողներուն» (Մաղաքիա 3։16)։ Եհովան այսպիսի անհատի մը կը խոստանայ. «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։ Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ» (Սաղմոս 91։14, 15)։ Եհովայի անունը գիտնալը եւ գործածելը արդարեւ տարբերութիւն կ’ընէ, եթէ կ’ուզենք իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն վայելել։
a Ցաւալի է որ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը չեն նշեր, թէպէտեւ անիկա բազմիցս կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններուն կամ «Հին Կտակարան»ին մէջ։ Անոնք Աստուծոյ անունը փոխարինած են տիտղոսներով, ինչպէս՝ «Տէր» կամ «Աստուած»։ Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 195-197, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
-
-
Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի՞սԴիտարան 2014 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի՞ս
Մտերիմ բարեկամներ իրենց պարագաներուն ներած չափով իրարու հետ կը հաղորդակցին, ըլլայ ատիկա անձամբ, հեռաձայնով, ել–մակով, վիտէոյով կամ նամակով։ Ուստի Աստուծոյ մօտիկ ըլլալու համար, հարկ է որ իրեն հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցինք։ Բայց ինչպէ՞ս։
Եհովա Աստուծոյ կրնանք խօսիլ աղօթքի միջոցով։ Սակայն աղօթքը հասակակիցի մը հետ վարած անպաշտօն զրոյցի մը չի նմանիր։ Պէտք է գիտակցինք, որ երբ կ’աղօթենք, մեր խօսքը կ’ուղղենք Արարիչին՝ տիեզերքի Բարձրեալին։ Ասիկա մեզ պէտք է մղէ որ խոր յարգանքով եւ ակնածանքով աղօթենք։ Որպէսզի Աստուած մեր աղօթքները ընդունի, նաեւ պէտք է որոշ պահանջներու գոհացում տանք։ Թուենք անոնցմէ երեքը։
Առաջին, աղօթքները պէտք է ուղղուին միմիայն Եհովա Աստուծոյ,– ոչ թէ Յիսուսին, «սուրբ»ի մը կամ արձանի մը (Ելից 20։4, 5)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։6)։ Երկրորդ, պէտք է աղօթենք Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Յիսուս ի՛նք բացատրեց. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Երրորդ, մեր աղօթքները Աստուծոյ կամքին համաձայն պէտք է ըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14)a։
Մտերիմ բարեկամներ շատ յաճախ երկկողմանի հաղորդակցութիւն կ’ունենան
Անշուշտ, մօտիկ բարեկամութիւնը երկար պիտի չտեւէ եթէ խօսակցութիւնը միակողմանի ըլլայ։ Ինչպէս որ երկու բարեկամներ իրարու հետ կը խօսին, նոյնպէս ալ թոյլ պէտք է տանք, որ Աստուած մեզի խօսի, եւ երբ խօսի պէտք է մտիկ ընենք իրեն։ Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչ կերպով մեզի կը խօսի։
Ներկայիս, Եհովա Աստուած մեզի «կը խօսի» իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ այս լուսաբանութիւնը։ Հաշուէ թէ մօտիկ բարեկամէ մը նամակ ստացար։ Զայն կարդալէ ետք, թերեւս խանդավառօրէն ուրիշներուն ըսես. «Տեսէք ընկերս ինծի ի՛նչ կ’ըսէ»։ Բայց ընկերդ քեզի չխօսեցաւ, հապա նամակ գրեց։ Նմանապէս, երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս, Եհովային թոյլ կու տաս որ քեզի խօսի։ Բացման յօդուածին մէջ նշուած Ճինան կ’ըսէ. «Կը խորհիմ որ եթէ կ’ուզեմ Աստուած զիս իր բարեկամը նկատէ, հարկ է որ քննեմ իր ‘նամակը’՝ Աստուածաշունչը»։ Ան կ’աւելցնէ. «Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը զիս Աստուծոյ աւելի մօտեցուցած է»։ Եհովային թոյլ կու տա՞ս, որ ամէն օր քեզի խօսի, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ամէն օր կարդալով։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ աւելի մօտ զգաս։
a Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
-
-
Աստուծոյ ուզածը կ’ընե՞սԴիտարան 2014 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ ուզածը կ’ընե՞ս
«Աչքի՛ս վրայ. ի՛նչ որ ուզես՝ կ’ընեմ»։ Այսպիսի խօսք մը որո՞ւ աւելի կ’ուղղէիր. օտար կամ ծանօթ անհատի՞ մը, թէ ոչ սիրելի բարեկամի մը։ Արդարեւ, սերտ բարեկամները բնականաբար կը մղուին իրարու համար պէտք եղածը ընելու։
Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովա Աստուած միշտ իր երկրպագուներուն հաճելի բաներ կ’ընէ։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւոր, որ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունէր, ըսաւ. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ. . . համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղմոս 40։5)։ Ասկէ զատ, Աստուած մինչեւ իսկ հաճելի բաներ կ’ընէ անոնց, որոնք տակաւին զինք չեն ճանչնար, «կերակուրներով եւ ուրախութիւնով [անոնց] սրտերը լեցնելով» (Գործք 14։16)։
Հաճոյքով բաներ կ’ընենք անոնց, որոնց կը սիրենք ու կը յարգենք
Քանի որ Եհովան ուրիշներու համար հաճելի բաներ ընելով կ’ուրախանայ, տրամաբանական է որ իրեն բարեկամ ըլլալ ուզողներն ալ ընեն այն բաները, որոնք ‘իր սիրտը կ’ուրախացնեն’ (Առակաց 27։11)։ Բայց յատկապէս ի՞նչ կրնաս ընել Աստուած հաճեցնելու համար։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի» (Եբրայեցիս 13։16)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ բարիք ընելը եւ ուրիշներուն օգնելը բաւարար է Եհովան հաճեցնելու համար։
«Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Եբրայեցիս 11։6)։ Յատկանշական է որ «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց» եւ ե՛տքը «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ» (Յակոբոս 2։23)։ Յիսուս Քրիստոս ալ ըսաւ որ Աստուծոյ պէտք է ‘հաւատանք’, եթէ կ’ուզենք Իր օրհնութիւնը վայելել (Յովհաննէս 14։1)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ այն հաւատքը, որ Աստուած կ’ուզէ տեսնել անոնց մէջ, որոնց իրեն կը մօտեցնէ։ Սկսելու համար, կրնաս կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը՝ իր Խօսքը սերտել։ Այդպիսով «անոր կամքին գիտութիւնը» ձեռք պիտի ձգես եւ պիտի գիտնաս ինչպէ՛ս «ամէն բանի մէջ զինք հաճեցն[ել]»։ Ետքը, մինչ կը շարունակես Եհովայի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ամբարել եւ իր արդար պահանջները կիրարկել, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի աճի եւ ան քեզի աւելի պիտի մօտենայ (Կողոսացիս 1։9, 10)։
-
-
Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայԴիտարան 2014 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ
Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի Աստուծոյ մօտիկ ըլլաս։ Հետեւեալ կէտերը նկատի առինք, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն զարգացնելու.
Գիտնալ որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, եւ զայն գործածել
Կանոնաւորաբար իրեն հետ հաղորդակցիլ, աղօթելով եւ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտելով
Շարունակաբար ընել ինչ որ Եհովան կը հաճեցնէ
Աստուծոյ մօտեցիր՝ իր անունը գործածելով, իրեն աղօթելով, իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ աստուածահաճոյ բաներ ընելով
Այս կէտերուն նայելով, կրնա՞ս ըսել թէ հարկ եղածը կ’ընես Աստուծոյ մօտենալու։ Կա՞ն մարզեր, որոնց մէջ կրնաս բարելաւուիլ։ Հասկնալի է որ ասիկա ջանք կը պահանջէ. բայց պահ մը արդիւնքները նկատի առ։
«Կ’արժէ ամէն ջանք թափել Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնելու համար», կ’ըսէ Ճենիֆըր, որ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ «Այս փոխյարաբերութիւնը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ. Աստուծոյ աւելի վստահիլ, իր անձնաւորութիւնը աւելի լաւ հասկնալ, եւ ամէն բանէ առաջ՝ զինք աւելի սիրել։ Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ»։
Եթէ կ’ուզես Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն վայելել, Եհովայի վկաները հաճոյքով կրնան քեզի օգնել, Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելով քեզի հետ։ Նաեւ հրաւիրուած ես իրենց ժողովներուն, այցելելով մօտակայ Թագաւորութեան սրահ մը, ուր կրնաս ընկերակցիլ այնպիսի մարդոց հետ, որոնք Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը կ’արժեւորենa։ Այսպէս ընելով, դուն ալ պիտի բաժնես սաղմոսերգուին զգացումը, որ ըսաւ. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղմոս 73։28)։
a Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրելու կամ մօտակայ Թագաւորութեան սրահ մը գտնելու համար, հաճիս խօսէ այն անձին հետ, որ քեզի այս պարբերաթերթը տուաւ, կամ ալ այցելէ մեր կայքը՝ www.pr418.com/hy-latn եւ նայէ՛ ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ մասը, որ էջին վարը կը գտնուի։
-