Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 10/1 էջ 5
  • Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ որ աղօթենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ որ աղօթենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած կ’ուզէ որ իր բարեկամը դառնաս։
  • Աստուած կ’ուզէ քեզի օգնել։
  • Ստեղծուած ենք հոգեւոր կարիքով։
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Եհովա մեզ կը լսէ՞
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 10/1 էջ 5

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՂՕԹԵԼԸ ՕԳՈՒՏ ՄԸ ՈՒՆԻ՞

Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ որ աղօթենք

Աստուած կ’ուզէ որ իր բարեկամը դառնաս։

Եթէ երկու հոգի կ’ուզեն իրարու սերտ բարեկամներ ըլլալ, իրարու հետ կը հաղորդակցին։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հետ։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ իրեն աղօթենք, եւ այսպիսով՝ ճամբայ կը բանայ որ իր եւ մեր միջեւ ջերմ բարեկամութիւն ըլլայ։ Աստուած կ’ըսէ. «Ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ» (Երեմիա 29։12)։ Եւ մինչ Աստուծոյ կ’աղօթես, ‘իրեն պիտի մօտենաս եւ ան քեզի պիտի մօտենայ’ (Յակոբոս 4։8)։ Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ, որ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)։ Ո՛րքան աւելի իրեն աղօթենք, ա՛յնքան աւելի պիտի մտերմանանք իրեն հետ։

«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)

Աստուած կ’ուզէ քեզի օգնել։

Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր, եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք. . . ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Մատթէոս 7։9-11)։ Այո, Աստուած քեզ կը քաջալերէ որ աղօթես, որովհետեւ ‘քեզի համար կը հոգայ’ եւ կ’ուզէ քեզի օգնել (Ա. Պետրոս 5։7)։ Ան նոյնիսկ կը քաջալերէ որ խնդիրներդ իրեն պատմես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։6)։

Ստեղծուած ենք հոգեւոր կարիքով։

Մարդոց բնաւորութիւնը սերտող մասնագէտներ նկատած են, որ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ պէտքը կը զգան աղօթելու։ Այս թիւին մէջ կան նոյնիսկ կարգ մը անաստուածներ եւ երեւութապաշտներa։ Ասիկա կը փաստէ, որ ստեղծուած ենք հոգեւոր կարիքով։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատթէոս 4։4)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք այս կարիքը գոհացնել։ Կերպերէն մէկը կանոնաւորաբար աղօթք ընելն է։

Եթէ աղօթենք, ի՞նչ օգուտներ կրնանք ակնկալել։

a Փիու հետազօտական կեդրոնը 2012–ին փորձագիտանք մը ըրաւ, որ երեւան հանեց թէ Միացեալ Նահանգներու անաստուածներուն կամ երեւութապաշտներուն 11 առ հարիւրը առնուազն ամիսը անգամ մը կ’աղօթէ։

Աղօթքը ի՞նչ կը պարփակէ

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ աղօթքը մեր կեանքին բոլոր երեսակները կը պարփակէ, ինչպէս՝

  • Խոստովանութիւն. «Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի. . . Ըսի թէ՝ ‘Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս’» (Սաղմոս 32։5)։

  • Շնորհակալութիւն. «Բարի է շնորհակալ ըլլալ Տէրոջմէն» (Սաղմոս 92։1, ԱԾ)։

  • Գովութիւն. «Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ» (Սաղմոս 34։1)։

  • Առաջնորդութիւն խնդրել. «Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ, վասն զի անոր հաւնեցայ» (Սաղմոս 119։35)։

  • Զօրութիւն խնդրել. «Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։ Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ» (Սաղմոս 86։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել