Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 12/1 էջ 12-14
  • Արդեօք Պետրոս առաջին պա՞պն էր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արդեօք Պետրոս առաջին պա՞պն էր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԱՅՍ ՎԷՄԻՆ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ՇԻՆԵՄ ԻՄ ԵԿԵՂԵՑԻՍ»
  • «ԴՈՒՆ ՊԵՏՐՈՍ ԵՍ. . . »
  • ՊԱՊԸ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՋՈ՞ՐԴՆ Է
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ան Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Մեր թանկագին հաւատքին կառչած մնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 12/1 էջ 12-14
Պետրոս առաքեալ Յիսուսին հետ կը խօսի

Արդեօք Պետրոս առաջին պա՞պն էր

«Յիսուսեան միաբանութեան պատկանող Կարդինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն ընտրուած է Սրբազան Պապ, Պետրոսի 265–րդ յաջորդը» (VATICAN INFORMATION SERVICE, ՎԱՏԻԿԱՆ, 13 ՄԱՐՏ 2013)։

«Հռոմի եպիսկոպոսը տիեզերական Եկեղեցիին վրայ արքեպիսկոպոսութեան [գերագոյն իշխանութեան] իրաւունքը ունի, քանի որ ան յաջորդն է Սուրբ Պետրոսի, որ այսպիսի առանձնաշնորհում ստացաւ Յիսուս Քրիստոսէն» (THE PRIMACY OF THE BISHOP OF ROME DURING THE FIRST THREE CENTURIES, 1903, ՎԵՆՍԱՆ ԷՐՄՈՆԻ)։

«Ուրեմն, եթէ ոեւէ մէկը ըսէ. . . թէ Հռոմի Պապը այս արքեպիսկոպոսութեան մէջ Օրհնեալ Պետրոսին յաջորդը չէ, թող որ նզովեալ ըլլայ [այսինքն հերետիկոս կոչուի]» (ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ, 18 ՅՈՒԼԻՍ 1870)։

ԱՇԽԱՐՀԻ տարածքին, միլիոնաւոր կաթողիկէներու համար Վատիկանի առաջին խորհրդաժողովին ընթացքին եկեղեցիին կայացուցած 1870–ի վճիռը վարդապետութիւն մըն է, եւ անփոփոխելի ուսուցում մը։ Սակայն հարկ է հարցնել. արդեօք անիկա աստուածաշնչակա՞ն ուսուցում մըն է։ Ասկէ զատ, Ֆրանչիսկոս Պապը իրապէս Պետրոս առաքեալին յաջո՞րդն է։ Եւ արդեօք Պետրոս առաջին պա՞պն էր։

«ԱՅՍ ՎԷՄԻՆ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ՇԻՆԵՄ ԻՄ ԵԿԵՂԵՑԻՍ»

Վատիկանի խորհրդաժողովի 1870–ի վճիռը գլխաւորաբար հիմնուած էր Մատթէոս 16։16-19–ի եւ Յովհաննէս 21։15-17–ի իր մեկնաբանութիւններուն վրայ։ Այս հատուածներուն եւ աստուածաշնչական այլ արձանագրութիւններու մէջ, Յիսուսի եւ Պետրոսի միջեւ խօսակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ Պետրոս առաքեալ կարեւոր դեր ունէր նախկին քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ։ Իրականութեան մէջ, առաջին անգամ որ Յիսուս եւ Պետրոս իրարու ծանօթացան, Յիսուս նախատեսեց թէ Պետրոս իր կեանքին մէջ ժայռանման յատկութիւններ պիտի դրսեւորէր (Յովհաննէս 1։42)։ Բայց արդեօք Քրիստոս Պետրոսի գերագոյն իշխանութիւն տուա՞ւ։

Մատթէոս 16։17, 18–ին մէջ կը գտնենք Պետրոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքը. «Քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս»։ Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէր թէ իր ‘եկեղեցին’ կամ ժողովքը պիտի շինուէր Պետրոսի՞ն,– մարդո՞ւ մը,– վրայ։ Պետրոս Յիսուսի բոլոր հետեւորդներուն գլո՞ւխը պիտի ըլլար։ Այդ խօսակցութեան ներկայ եղող առաքեալները Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս հասկցան։ Աւետարաններուն մէջ նշուած է թէ յետագային, քանի մը առիթներով, անոնք վիճաբանեցան թէ իրենց մէջ ո՞վ մեծ էր (Մատթէոս 20։20-27. Մարկոս 9։33-35. Ղուկաս 22։24-26)։ Եթէ Յիսուս արդէն իսկ Պետրոսի գերագոյն իշխանութիւն տուած էր՝ այլեւս պէտք կա՞ր հարցնելու թէ առաքեալներուն մէջ ո՛վ մեծ է։

Պետրոս ի՛նք ինչպէ՞ս հասկցաւ Յիսուսի խօսքերը։ Իսրայէլացի մեծնալով, Պետրոս ծանօթ ըլլալու էր «քար»ի կամ «անկիւնի քար»ի մասին խօսող զանազան եբրայերէն մարգարէութիւններու (Եսայի 8։13, 14. 28։16, ԱԾ. Զաքարիա 3։9)։ Երբ Պետրոս անոնցմէ մէջբերեց հաւատակիցներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, ան բացատրեց թէ մարգարէացուած «անկիւնի քար»ը Տէր Յիսուս Քրիստոսն էր. Մեսիան։ Պետրոս յունարէն փեթրա արտայայտութիւնը գործածեց միայն Քրիստոսի համար (Մատթէոս 16։18–ի մէջ Յիսուս նոյն բառը գործածեց) (Ա. Պետրոս 2։4-8)։

Պօղոս առաքեալ Յիսուսին ուրիշ մէկ հաւատարիմ հետեւորդն էր։ Պօղոս կը հաւատա՞ր թէ Յիսուս Պետրոսին գերագոյն իշխանութիւն տուած էր։ Նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ Պետրոսի դիրքին գիտակցելով, Պօղոս գրեց թէ Պետրոս «սիւներ սեպուածներ»ուն մէջ էր։ Պօղոսի համար միայն մէկ «սիւն» չկար (Գաղատացիս 2։9)։ Ասկէ զատ, եթէ Պետրոս Յիսուսի կողմէ ժողովքի գլուխ նշանակուած էր, ինչպէ՞ս կարելի էր որ ան իր հաւատակիցներուն կողմէ պարզապէս սիւն կը սեպուէր։

Երբ Պօղոս կը գրէր մարդոց հետ Պետրոսի փոփոխական վարուելակերպին մասին, ան յարգալից՝ բայց համարձակ կերպով նշեց. «Ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր» (Գաղատացիս 2։11-14)։ Պօղոս չէր խորհեր թէ Քրիստոս իր եկեղեցին կամ ժողովքը շինած էր Պետրոսի կամ ոեւէ այլ անկատար տղամարդու մը վրայ։ Ընդհակառակը, Պօղոս կը հաւատար որ ժողովքին հիմը կամ «վէմը Քրիստոսն է»ր (Ա. Կորնթացիս 3։9-11. 10։4)։

«ԴՈՒՆ ՊԵՏՐՈՍ ԵՍ. . . »

Ուստի ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք այս խօսքը. «Դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս»։ Խօսք մը ճիշդ հասկնալու համար, հարկ է որ ամբողջ հատուածը կարդանք։ Յիսուս եւ Պետրոս ի՞նչ բանի մասին կը խօսէին։ Յիսուս այս խօսքէն ճիշդ առաջ իր աշակերտներուն հարցուցած էր. «Ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պետրոս առանց վարանելու պատասխանած էր. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ Յիսուս այդ խօսքին համար Պետրոսը գոված էր եւ ապա աւելցուցած՝ թէ ինք իր ‘եկեղեցին’ կամ ժողովքը պիտի շինէ «վէմի» մը վրայ. վէմ մը որ ա՛լ աւելի հաստատուն է եւ որուն հանդէպ Պետրոս քիչ առաջ հաւատք ցուցաբերած էր, այսինքն Յիսուս (Մատթէոս 16։15-18)։

Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք Յիսուսի խօսքը. «Դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս»

Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, «Եկեղեցիի հայրեր»էն շատեր գրեցին թէ Մատթէոս 16։18–ին մէջ նշուած վէմը Քրիստոսն է։ Օրինակ, 5–րդ դարուն Օգոստինոս գրեց. «Տէրը ըսաւ. ‘Այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս’, քանի որ Պետրոս իրեն ըսած էր. ‘Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին’։ Ուստի այս վէմին վրայ, որուն մասին հաստատեցիր, պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս»։ Օգոստինոս կրկին անգամ նշեց թէ «Վէմը (Փեթրա) Քրիստոսն էր»։

Եթէ Օգոստինոս եւ ուրիշներ այժմու կաթողիկէ վարդապետութեան համաձայն դատուին՝ հերետիկոսներ պիտի նկատուին։ Իրականութեան մէջ, ըստ զուիցերիացի աստուածաբան Ուլրիխ Լուզի, 1870–ի Վատիկանի խորհրդաժողովը այս նիւթին շուրջ այժմու աստուածաշնչագէտներուն միաբան կարծիքը պիտի դատապարտէր որպէս հերետիկոսութիւն։

ՊԱՊԸ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՋՈ՞ՐԴՆ Է

«Պապ» տիտղոսը Պետրոս առաքեալին անծանօթ էր։ Իրականութեան մէջ, մինչեւ 9–րդ դար շատ մը ոչ–հռոմայեցի եպիսկոպոսներ այս տիտղոսը իրենք իրենց վերագրեցին։ Բայց այս տիտղոսը շատ քիչ կը գործածուէր որպէս պաշտօնական տիտղոս մինչեւ 11–րդ դարուն վերջը։ Ասկէ զատ, նախկին քրիստոնեաները չէին խորհեր թէ Պետրոսի ենթադրաբար տրուած որեւէ գերագոյն իշխանութիւն փոխանցուած էր ուրիշի։ Ուստի գերմանացի ուսումնական Մարթին Հէնկըլ եզրակացուց, թէ «պապական ‘արքեպիսկոպոսութիւնը’ պատմական եւ աստուածաբանական ապացոյց մը չունի»։

Եզրակացնենք. Պետրոս առաջին պա՞պն էր։ Ան յաջորդներ ունէ՞ր։ Պապական արքեպիսկոպոսութեան կաթողիկէ վարդապետութիւնը աստուածաշնչակա՞ն է։ Այս հարցումներուն միակ պատասխանն է՝ ո՛չ։ Յիսուս անկասկած իր եկեղեցին, իր ճշմարիտ ժողովքը, շինեց ինքն իր վրայ (Եփեսացիս 2։20)։ Ուստի կարեւոր հարցում մը կը ծագի. արդեօք այդ ճշմարիտ ժողովքը գտա՞ծ եմ։

Վատիկանի առաջին խորհրդաժողովը 1869-1870

Պապական արքեպիսկոպոսութեան աստիճանական զարգացումը

  • Ք.Ե. 32։ Յիսուս կը նախատեսէ թէ իր եկեղեցին կամ ժողովքը ինք իր վրայ պիտի շինէ. Պետրոս առաքեալին որեւէ գերագոյն իշխանութիւն չի շնորհուիր

  • 55-64։ Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները կը գրեն զանազան նամակներ, որոնք կը բացատրեն թէ Յիսուս քրիստոնէական ժողովքին միակ հիմն է

  • 254-257։ Ստեփանոս, Հռոմի եպիսկոպոսը, կը զարգացնէ այն գաղափարը, թէ ինք որպէս Պետրոսի յաջորդը միւս եպիսկոպոսներուն վրայ գերագոյն իշխանութիւն ունի. բայց ուրիշ եպիսկոպոսներ, ինչպէս՝ Կեսարիոյ Ֆըրմիլիընը եւ Կարթագենի Կիպրիանոսը, Ստեփանոսի այս գաղափարը կը մերժեն

  • 296-304։ Առաջին ճանչցուած արձանագրութիւնը, որ «Պապ» տիտղոսի գործածութիւնը կ’առնչէ Հռոմի եպիսկոպոսին

  • 5–րդ դար։ Հռոմի մէկ այլ եպիսկոպոսը՝ Լէօ Ա. Մատթէոս 16։18–ը կը կիրարկէ ուրիշ եպիսկոպոսներու վրայ իր գերազանց իշխանութիւնը հաստատելու համար

  • 6–րդ դար։ Հռոմայեցի եպիսկոպոսին տրուած «պապ» տիտղոսին գործածութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ. սակայն ոչ–հռոմայեցի եպիսկոպոսները կը շարունակեն իրենք զիրենք այս տիտղոսով անուանել մինչեւ 9–րդ դար

  • 1075։ Կրեկըրի Է. կը յայտնէ թէ «պապ» տիտղոսը պէտք է տրուի միայն Հռոմի եպիսկոպոսին. ըստ պատմաբանի մը, իր պապական կանոնները (Dictatus Papae) պատճառ կը դառնան որ արքեպիսկոպոսութիւնը «Քրիստոսի փոխարինում երեւի»

  • 1870։ Վատիկանի առաջին խորհրդաժողովը վճիռ կ’արձակէ, թէ «Հռոմի եպիսկոպոսը Օրհնեալ Պետրոսին՝ Առաքեալներուն Իշխանին յաջորդն է եւ Քրիստոսի ճշմարիտ Փոխանորդն ու ամբողջ եկեղեցիին Գլուխը»

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել