Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 6 էջ 16
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած բոլո՞ր աղօթքներուն կը պատասխանէ։
  • Մեր մարմինը որոշ կեցուածք պէ՞տք է ունենայ աղօթելու ատեն։
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 6 էջ 16
Կին մը կ’աղօթէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուած բոլո՞ր աղօթքներուն կը պատասխանէ։

Կ’ԸՍԵՍ ԹԷ ԱՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ՝

  • բոլորին աղօթքներուն

  • ոմանց աղօթքներուն

  • ո՛չ մէկուն աղօթքներուն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ. . . ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Աստուած մտիկ չ’ըներ անոնց աղօթքը որ իրեն դէմ կ’ելլեն (Եսայի 1։15)։ Բայց անոնք իրենց ճամբաները փոխելով կրնան հարցը շտկել (Եսայի 1։18)։

  • Որպէսզի Աստուած աղօթք մը մտիկ ընէ, ատիկա պէտք է համաձայն ըլլայ իր պահանջներուն հետ, որոնք Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած են (Ա. Յովհաննէս 5։14)։

Մեր մարմինը որոշ կեցուածք պէ՞տք է ունենայ աղօթելու ատեն։

ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ թէ աղօթելու ատեն պէտք է միշտ ծունկի գան, գլուխնին ծռեն կամ ձեռքերնին միացնեն։ Դո՛ւն ի՞նչ կը կարծես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

Անցեալին, Աստուած մտիկ ըրած է անոնց աղօթքները, որոնք ‘նստած’ էին, ‘ոտքի ելած’ էին, «գետինը ինկած» էին կամ ‘ծունկի վրայ եկած’ էին (Ա. Մնացորդաց 17։16. Բ. Մնացորդաց 30։27. Եզրաս 10։1. Գործք 9։40)։ Ան չի պահանջեր որ մեր մարմինը որոշ կեցուածք ունենայ երբ կ’աղօթենք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Աստուած խոնարհներուն մտիկ կ’ընէ (Սաղմոս 138։6)։

  • Կրնաս որեւէ լեզուով աղօթել, նոյնիսկ անձայն (Բ. Մնացորդաց 6։32, 33. Նէեմիա 2։1-6)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել