Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 3 էջ 14-15
  • Նոյնիսկ հիմա կարելի է երջանիկ ըլլալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոյնիսկ հիմա կարելի է երջանիկ ըլլալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ
  • ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱԼ
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼ
  • Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 1)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 3 էջ 14-15
Նախապէս նշուած գիտնականը եւ իր կինը միասին ճաշ կ’եփեն

Նոյնիսկ հիմա կարելի է երջանիկ ըլլալ

ՊԻՏԻ գայ օր մը, երբ մէ՛կը պիտի չհիւանդանայ, պիտի չծերանայ ու պիտի չմեռնի։ Դուն ալ կրնաս այսպիսի հոյակապ կեանք մը ունենալ։ Բայց ներկայիս ամէն մարդ խնդիրներէ եւ դժուարութիւններէ կ’անցնի։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ կեանքէդ հաճոյք առնես։ Սուրբ Գիրքը կրնայ քեզի օգնել, որ նոյնիսկ հիմա ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք վայելես։ Նկատի առ կեանքի դժուարութիւններէն ոմանք եւ թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կ’օգնէ։

ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ

Սուրբ Գիրքին խրատը. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ» (Եբրայեցիս 13։5)։

Այսօր շատ բաներ կան, որոնք մարդիկ կ’ըսեն թէ պէ՛տք է ունենանք։ Սակայն Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ‘բաւական սեպենք որչափ բան որ ձեռքերնիս կայ’, այսինքն մեր ունեցածովը գոհանանք։ Ինչպէ՞ս։

‘Արծաթասիրութենէ’ խուսափէ։ Շատեր իրենց առողջութիւնը, ընտանիքը, բարեկամութիւնները, բարոյականութիւնը եւ նոյնիսկ արժանապատուութիւնը կը զոհեն ‘արծաթասիրութեան’ պատճառով (Ա. Տիմոթէոս 6։10)։ Վճարելիք ի՜նչ սուղ գին։ Ի վերջոյ, «արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար» (Ժողովող 5։10)։

Արժեւորէ մարդիկը, եւ ոչ թէ նիւթական բաները։ Ճիշդ է որ նիւթական բաները իրենց տեղը ունին։ Բայց անոնք չեն կրնար մեզ սիրել կամ գնահատել. միայն մարդիկ կրնան ատիկա ընել։ Իսկական «բարեկամ» ունենալը կ’օգնէ, որ մեր կեանքին մէջ գոհունակ ըլլանք (Առակաց 17։17)։

ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԻՄԱ ԿԱՐԵԼԻ Է ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱԼ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱԼ

Սուրբ Գիրքին խրատը. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առակաց 17։22)։

«Դեղի պէս», ուրախութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հիւանդութեան տոկանք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ ըլլալ երբ հիւանդ ենք։

Գնահատող եղիր։ Եթէ միայն մտածենք մեր խնդիրներուն մասին, մեր «բոլոր օրերը» գէշ պիտի երեւին (Առակաց 15։15)։ Փոխարէն, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Շնորհակա՛լ եղէք» (Կողոսացիս 3։15, ԱԾ)։ Սորվէ լաւ բաները գնահատել, որքա՛ն ալ պզտիկ ըլլան անոնք։ Օրինակ, գեղեցիկ արեւամուտը, զեփիւռը եւ սիրելիի մը ժպիտը կրնան կեանքդ ճոխացնել։

Ուրիշներուն համար բաներ ըրէ։ Նոյնիսկ եթէ վատառողջ ենք, «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Երբ ուրիշներ մեր ջանքերը կը գնահատեն, մեծ գոհունակութիւն կը զգանք, ինչ որ կ’օգնէ մեր խնդիրներուն վրայ չկեդրոնանալու։ Կրնանք մեր կեանքը բարելաւել՝ ուրիշներուն օգնելով որ իրենց կեանքը բարելաւեն։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼ

Սուրբ Գիրքին խրատը. «Աւելի կարեւոր բաները ընտրե[ցէք]» (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։

Այն զոյգերը, որոնք իրարու հետ քիչ ժամանակ կ’անցընեն, իրենց փոխյարաբերութիւնը կը վտանգեն։ Ուրեմն, իմաստութիւն է որ ամուսինն ու կինը իրենց ամուսնութեան նախապատուութիւն տան, այսինքն զայն իրենց կեանքին մէջ աւելի կարեւոր բաներէն մէկը սեպեն։

Միասին բաներ ըրէք։ Միասին բաներ ընելու ծրագիրներ դրէք, փոխանակ ձեզմէ ամէն մէկը ի՛ր հետապնդումներով զբաղելու։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկէն աղէկ է» (Ժողովող 4։9)։ Կրնաք միասին ճաշ եփել, մարզանք ընել, պտըտիլ կամ ձեր սիրած ժամանցով զբաղիլ։

Ձեր սէրը արտայայտեցէք։ Սուրբ Գիրքը ամուսինն ու կինը կը քաջալերէ, որ իրար սիրեն ու յարգեն (Եփեսացիս 5։28, 33)։ Ջերմ ժպիտ մը, սիրալիր փաթթուկ մը կամ պզտիկ նուէր մը, մեծապէս կ’օգնէ որ ամուսնութեան կապը զօրանայ։ Անշուշտ, կողակիցները սեռային մտերմութիւնը պէտք է միայն իրարու համար պահեն (Եբրայեցիս 13։4)։

«ՎԵՐՋԱՊԷ՛Ս, ԿԵԱՆՔՍ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԵՑԱՒ»

Կը պատմէ Ռիոքօ Միյամոթօ, Ճափոն

Կեանքը դժուար էր։ Ամուսինս ալքոլամոլ էր եւ մէկը չէր ուզեր իրեն գործ տալ։ Ան մեր չորս զաւակներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը լքեց։ Որքա՛ն ալ ծանր աշխատէի, չէի զգար որ մեր վիճակը կը բարելաւուէր։ Հարց տուի. ‘Ասիկա ճակատագի՞ր է։ Արդեօք նախկին կեանքիս ընթացքին գործած մեղքերուս պատի՞ժն է’։

Օր մը, Եհովայի վկայ կին մը մեր դուռը զարկաւ։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ յաւիտենական կեանքին մասին ջերմ ժպիտով ու խանդավառօրէն խօսեցաւ։ Ան առաջարկեց որ իրեն հետ Սուրբ Գիրքը սերտեմ։ Շուտով սորվեցայ որ Աստուած գոյութիւն ունի եւ իմաստուն, արդար եւ սիրալիր է։ Նաեւ գիտցայ մեռելներուն վիճակին մասին եւ թէ չարչարանքներս ճակատագիրին հետ կապ չունին։

Ամէնէն կարեւորը, գիտակցեցայ որ իրապէս գոհունակ կեանք մը ունենալու լաւագոյն կերպն է՝ Աստուծոյ մօտենալ։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտնալով շատ քաջալերուած եմ եւ ազատութիւն ու թարմութիւն գտած եմ։ Վերջապէ՛ս, կեանքս նպատակ ունեցաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել