Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2011–ի օգոստոս 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ինչո՞ւ Աստուծոյ ողորմութիւնը «կեանքէն աղէկ է» (Սաղ. 63։3)։ [դ01 10/15 էջ 15 պարբ. 17]
2. Դաւիթի մասին 70–րդ սաղմոսը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ [դ08 9/1 էջ 12 պարբ. 4]
3. Սաղմոս 75։5–ը ի՞նչ բանէ կը զգուշացնէ։ [դ06 8/1 էջ 29 պարբ. 2]
4. Մանաւանդ ե՞րբ կրնանք ակնկալել որ Եհովա մեր աղօթքները մտիկ ընէ (Սաղ. 79։9)։ [դ06 8/1 էջ 30 պարբ. 5]
5. Սաղմոս 90։7, 8–ը մեզ ի՞նչ բանէ կը զգուշացնէ։ [դ01 11/15 էջ 12-13 պարբ. 14-16]
6. Ինչպէս որ Սաղմոս 92։12-15–ը ցոյց կու տայ, ժողովքին մէջ եղող տարեցները ի՞նչ կարեւոր պատասխանատուութիւն մը կը շալկեն։ [դ04 6/1 էջ 11-12 պարբ. 14-18]
7. Սաղմոս 102։25-27–ի խօսքերը գրելով, սաղմոսերգուն երկրին նկատմամբ Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին կը հակասէ՞ր (Ծն. 1։28)։ [w08 4/1 էջ 12 պարբ. 1]
8. Խորատեսութիւն ի գործ չդնելու առնչութեամբ, Սաղմոս 106։7–ն ի՞նչ դաս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ [դ95 12/1 էջ 29 պարբ. 4–էջ 30 պարբ. 2]
9. Սաղմոս 110։1, 4–ի համաձայն, Եհովա խոստացեալ Սերունդին կամ Մեսիային նկատմամբ ի՞նչ երդում կ’ընէ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ամբողջ մարդկութեան օրհնութեան պիտի առաջնորդէ։ [cl էջ 194 պարբ. 13]
10. Սաղմոսերգուն ինչպէ՞ս ազդուեցաւ, երբ խոկաց այն օգուտներուն մասին, զորս Աստուծոյ ծառայելով քաղեց (Սաղ. 116։12, 14)։ [w09 7/15 էջ 29 պարբ. 4-5]