Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի փետրուար 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ. «Երանի՜ սգաւորներուն» (Մատ. 5։4)։ [Յնր. 7, դ09 2/1 էջ 14 պարբ. 6]
2. Իր աշակերտներուն սորվեցուցած տիպար աղօթքին մէջ, Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր» (Մատ. 6։13)։ [Յնր. 7, դ04 2/1 էջ 22 պարբ. 13]
3. Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ թէ իր աշակերտները իրենց քարոզչութեան ծիրը պիտի չամբողջացնէին «մինչեւ Որդին մարդոյ գայ» (Մատ. 10։23)։ [Յնր. 14, դ10 9/1 էջ 13 պարբ. 12. դ90 4/1 էջ 9 պարբ. 1]
4. Յիսուսի տուած մանանեխին առակը ի՞նչ երկու բաներ աչքառու կը դարձնէ (Մատ. 13։31, 32)։ [Յնր. 21, դ08 7/1 էջ 28-29 պարբ. 3-8]
5. Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէր, երբ ըսաւ. «Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մատ. 18։3)։ [Յնր. 28, w07 2/1 էջ 9-10 պարբ. 3-4]
6. Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի խօսքը՝ «Դուն ըսիր» (Մատ. 26։63, 64)։ [Փետր. 11, դ11 7/1 էջ 22]
7. Յիսուս ինչո՞ւ «շաբաթին ալ տէրն է» (Մար. 2։28)։ [Փետր. 18, դ08 2/1 էջ 10 պարբ. 7]
8. Իր մօր եւ եղբայրներուն առնչութեամբ, Յիսուս ինչո՞ւ այդպէս պատասխանեց, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ (Մար. 3։31-35)։ [Փետր. 18, դ08 2/1 էջ 11 պարբ. 5]
9. Ըստ Մարկոս 8։22-25–ի արձանագրութեան, Յիսուս հաւանաբար ինչո՞ւ երկու հանգրուանով բժշկեց կոյր մարդը, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ [Փետր. 25, դ00 2/15 էջ 17 պարբ. 7]
10. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Յիսուս հակազդեց Պետրոսի յանդիմանութեան, ինչպէս արձանագրուած է Մարկոս 8։32-34–ի մէջ։ [Փետր. 25, դ08 2/1 էջ 11 պարբ. 6]