Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Երբ աշխարհիկ հեղինակութիւններու հետ գործառնութիւն կ’ունենանք, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ հեզութիւն ցուցաբերենք (Տիտ. 3։2)։ [Նոյ. 4, դ03 4/1 էջ 31 պարբ. 18-19]
2. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Փիլիմոնի ուղղուած Պօղոսի խօսքերէն, որ արձանագրուած է Փիլիմոն 4, 5 եւ 7–ի մէջ։ [Նոյ. 4, դ08 10/1 էջ 9 պարբ. 1, 2. w92 4/15 էջ 25 պարբ. 2]
3. Ինչպէ՞ս Աստուծոյ հանգիստը կը մտնենք (Եբ. 4։9-11): [Նոյ. 11, դ11 7/1 էջ 27, 28 պարբ. 16, 17]
4. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սամուէլէն եւ այն հաւատարիմ դատաւորներէն ու մարգարէներէն, որոնք «արդարութիւն» գործեցին (Եբ. 11։32, 33)։ [Նոյ. 18, w11 1/1 էջ 25 պարբ. 5, 6]
5. Յակոբոս ինչո՞ւ գրեց թէ «վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար» (Յակ. 3։17)։ [Նոյ. 25, դ11 8/1 էջ 26 պարբ. 15]
6. Որո՞նք էին այն «մեռելներ»ը, որոնց «աւետարանը քարոզուեցաւ» (Ա. Պետ. 4։6)։ [Դեկտ. 2, դ08 11/1 էջ 13 պարբ. 7]
7. Ըստ Ա. Յովհաննէս 2։7, 8–ի, Յովհաննէս ո՞ր պատուիրանին մասին կը խօսի իբրեւ «հին» եւ «նոր»։ [Դեկտ. 9, դ08 12/1 էջ 11 պարբ. 6]
8. «Ալֆան եւ Օմէղան» եւ «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսները որո՞նց կ’ակնարկեն (Յայտ. 1։8, 17)։ [Դեկտ. 16, դ09 1/1 էջ 8 պարբ. 6]
9. Ի՞նչ երկու կերպերով օծեալ քրիստոնեաները ‘կը կնքուին’ (Յայտ. 7։3)։ [Դեկտ. 23, w07 1/1 էջ 31 պարբ. 2]
10. Ինչո՞ւ կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ, թէ նախագուշակուած օրհնութիւնները Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ պիտի իրականանան, եւ այս բանը գիտնալը մեզի ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ (Յայտ. 21։5, 6)։ [Դեկտ. 30, Յայտնութիւն էջ 304 պարբ. 9]