Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի ապրիլ 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Յովսէփ ինչպէ՞ս կրցաւ Պետափրէսի կնոջ հետ պոռնկութիւն ընելէ խուսափիլ (Ծն. 39։7-12): [Մարտ 3, դ13 2/15 էջ 4 պարբ. 6. դ07 11/1 էջ 11 պարբ. 16]
2. Յովսէփ ինչպէ՞ս ընտիր օրինակ մը կը հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք անարդարութիւն եւ հակառակութիւններ կը դիմագրաւեն (Ծն. 41։14, 39, 40)։ [Մարտ 10, դ04 2/1 էջ 26 պարբ. 10. w04 6/1 էջ 20 պարբ. 4]
3. Յովսէփ ի՞նչ բանի հիման վրայ իր եղբայրներուն ողորմութիւն ցոյց տուաւ։ [Մարտ 17, w99 1/1 էջ 30 պարբ. 6-7]
4. Բենիամինի ցեղը ինչպէ՞ս ի վերջոյ կատարեց Ծննդոց 49։27–ի մարգարէութիւնը։ [Մարտ 24, Ընդօրինակենք գլուխ 16 էջ 142, շրջանակ]
5. Ելից 3։7-10–ն մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին [Մարտ 31, դ09 4/1 էջ 10 պարբ. 3-6]
6. Մովսէսի օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս իր անուան նշանակութեան մէկ երեսակը ցոյց տուաւ (Ել. 3։14, 15)։ [Մարտ 31, դ13 3/15 էջ 25 պարբ. 5-6]
7. Ելից 7։1–ի համաձայն, Մովսէս ինչպէ՞ս «Փարաւոնին աստուած» եղաւ։ [Ապ. 7, դ04 4/1 էջ 29 պարբ. 7]
8. Զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրելու Եհովային ուժին ականատես ըլլալով հանդերձ, իսրայէլացիները յետագային ի՞նչ կեցուածք որդեգրեցին, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Ել. 14։30, 31)։ [Ապ. 14, դ12 3/1 էջ 26-27 պարբ. 8-10]
9. «Ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ յարմար է նկարագրելու այն կերպը որով Եհովա սիրալիր կերպով վարուեցաւ նորակազմ իսրայէլ ազգին հետ (Ել. 19։4)։ [Ապ. 28, դ96 9/1 էջ 30 պարբ. 4-6]
10. Եհովան ինչպէ՞ս ‘կը հատուցանէ հայրերուն անօրէնութիւնը’ ապագայ սերունդներուն (Ել. 20։5)։ [Ապ. 28, դ04 4/1 էջ 31 պարբ. 1]