Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի օգոստոս 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ղեւտացւոց 18։3–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ շիտակի ու սխալի մասին խեղաթիւրուած ըմբռնում չունենանք (Եփ. 4։17-19)։ [Յլս. 7, դ02 2/1 էջ 29 պարբ. 4]
2. Ղեւտացւոց 19։2–ի պատուէրը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ, եւ ինչո՞ւ պէտք է ջանանք ատոր հնազանդիլ։ [Յլս. 7, w09 7/1 էջ 9 պարբ. 5]
3. Ճռաքաղութեան վերաբերեալ վաղեմի օրէնքին ետին եղող սկզբունքը մեզի ներկայիս ի՞նչ կը սորվեցնէ (Ղեւ. 19։9, 10)։ [Յլս. 7, դ06 7/1 էջ 10-11 պարբ. 13]
4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ «աչքի տեղ՝ աչք» օրէնքը վրէժխնդրութիւն չքաջալերեց (Ղեւ. 24։19, 20)։ [Յլս. 14, w09 9/1 էջ 22 պարբ. 3-4]
5. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ սխալ էր որ իսրայէլացին վաշխ ու տոկոս պահանջէր, եւ ե՞րբ ատիկա թոյլատրուած էր (Ղեւ. 25։35-37)։ [Յլս. 21, դ04 6/1 էջ 31 պարբ. 4]
6. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ սովորաբար կը նշէ թէ Իսրայէլի մէջ 12 ցեղ կար, մինչ իրականութեան մէջ 13 ցեղ գոյութիւն ունէր (Թուոց 1։49, 50)։ [Յլս. 28, w08 7/1 էջ 21]
7. Տարեցներուն հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերելու մասին ի՞նչ դաս մը կրնանք քաղել Թուոց 8։25, 26–ի մէջ արձանագրութենէն՝ ղեւտացիներու պարտաւորիչ ծառայութեան վերաբերեալ։ [Օգոս. 11, դ04 8/1 էջ 19, պարբ. 1]
8. Հրաշալիօրէն Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, իսրայէլացիները ինչո՞ւ տրտնջող հոգի զարգացուցին, եւ ի՞նչ կարեւոր դաս մը կրնանք քաղել այս պատմութենէն (Թուոց 11։4-6) [Օգոս. 18, դ95 6/1 էջ 16 պարբ. 10]
9. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մովսէսի հակազդեցութենէն, երբ Ելդադ ու Մովդադ սկսան մարգարէութիւն ընել (Թուոց 11։27-29)։ [Օգոս. 18, դ04 8/1 էջ 20 պարբ. 4]
10. ‘Իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր շինելու’ իսրայէլացիներուն տրուած պատուէրէն ի՞նչ արժէքաւոր սկզբունք մը կրնաք սորվիլ (Թուոց 15։37-39)։ [Օգոս. 25, դ04 8/1 էջ 20 պարբ. 7]