Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի դեկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Սուգի ժամանակ ինքնախեղում արգիլելու Բ. Օրինաց 14։1–ի պատուէրը ինչպէ՞ս կը դիտենք։ [Նոյ. 3, դ04 10/1 էջ 20 պարբ. 7]
2. Իսրայէլի թագաւորները ինչո՞ւ պէտք էր որ Աստուծոյ Օրէնքէն օրինակ մը ընէին եւ ‘իրենց կեանքին բոլոր օրերուն մէջ զայն կարդային’ (Բ. Օր. 17։18-20)։ [Նոյ. 3, դ02 7/1 էջ 12 պարբ. 4]
3. Ինչո՞ւ նշուած է. «Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր», իսկ անյարմար լուծի առնչուող պատուէրը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի քրիստոնեաներուն (Բ. Օր. 22։10)։ [Նոյ. 10, դ03 11/1 էջ 32]
4. ‘Աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնելը’ ինչո՞ւ արգիլուած էր (Բ. Օր. 24։6)։ [Նոյ. 17, դ04 10/1 էջ 19 պարբ. 11]
5. Իսրայէլացիները ի՞նչ կեցուածքով հնազանդ պէտք էր ըլլային, եւ ի՞նչը մեզ պէտք է մղէ Եհովային ծառայելու (Բ. Օր. 28։47)։ [Նոյ. 24, դ10 9/1 էջ 11 պարբ. 4]
6. Բ. Օրինաց 30։19, 20–ի մէջ կեանքի ի՞նչ երեք հիմնական պահանջներ կը գտնուին։ [Նոյ. 24, դ10 2/1 էջ 32 պարբ. 17]
7. Մեզմէ պահանջուա՞ծ է որ մեղմաձայն արտասանենք իւրաքանչիւր բառ որ կը կարդանք Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն։ Բացատրէ՛ (Յես. 1։8, ՆԱ)։ [Դեկտ. 8, դ13 4/15 էջ 7 պարբ. 4]
8. Յեսու 5։14, 15–ի մէջ նշուած «Տէրոջը զօրավարը» ո՞վ է, եւ այս արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ քաջալերել։ [Դեկտ. 8, դ04 12/1 էջ 17 պարբ. 7]
9. Ի՞նչը Աքարը մղեց որ մեղանչէ, եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ իր վատ օրինակէն (Յես. 7։20, 21)։ [Դեկտ. 15, դ10 4/1 էջ 23, պարբ. 2, 5]
10. Քաղէբի օրինակը մեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ (Յես. 14։10-13)։ [Դեկտ. 29, դ04 12/1 էջ 20 պարբ. 5]