ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49
Կրնանք յաւիտեա՛ն ապրիլ
«Այս է յաւիտենական կեանքը» (ՅՈՎՀ. 17։3)։
ԵՐԳ 12 Խոստացուած յաւիտենական կեանքը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Յաւիտեան ապրելու խոստումին վրայ խոկալը մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
ԵՀՈՎԱՆ կը խոստանայ, որ անոնք որոնք իրեն կը հնազանդին «յաւիտենական կեանք» պիտի ունենան (Հռով. 6։23)։ Երբ այդ խոստումին վրայ խոկանք, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ։ Պահ մը մտածէ. մեր երկնաւոր Հայրը մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իրմէ բնաւ պիտի չզատուինք։
2. Յաւիտենական կեանքի խոստումը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։
2 Յաւիտեան ապրելու խոստումը մեզի կ’օգնէ, որ հիմա մեր փորձութիւններուն տոկանք։ Նոյնիսկ երբ մեր թշնամիները սպառնան որ մեզ պիտի մեռցնեն, մենք Եհովային ծառայելէ պիտի չդադրինք։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք մինչեւ մահ, ան մեզի յարութիւն պիտի տայ եւ անկէ ետք՝ նորէն պիտի չմեռնինք (Յովհ. 5։28, 29. Ա. Կոր. 15։55-58. Եբ. 2։15)։ Լաւ, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ յաւիտեան ապրիլը կարելի է։ Նկատի առ այս պատճառները։
ԵՀՈՎԱՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ Կ’ԱՊՐԻ
3. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան կրնայ այնպէս մը ընել որ յաւիտեան ապրինք (Սաղմոս 102։12, 24, 27)։
3 Գիտենք որ Եհովան կրնայ մեզ յաւիտեան ապրեցնել, քանի որ ինք կեանքի Աղբիւրն է եւ յաւիտեան կ’ապրի (Սաղ. 36։9)։ Տե՛ս քանի մը աստուածաշնչական համարներ, որոնք կը հաստատեն որ Եհովան միշտ եղած է եւ միշտ պիտի ըլլայ։ Սաղմոս 90։2–ը կ’ըսէ որ Եհովան «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» է։ Սաղմոս 102–ն ալ նոյնանման գաղափար մը կ’ըսէ (կարդա՛ Սաղմոս 102։12, 24, 27)։ Իսկ Ամբակում մարգարէն մեր երկնաւոր Հօր մասին գրեց. «Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։ Պիտի չմեռնինք [«Դուն չես մեռնիր», ՆԱ]» (Ամբ. 1։12)։
4. Պէ՞տք է մտահոգուինք, եթէ մեզի համար դժուար է ըմբռնել այն գաղափարը, որ Եհովան միշտ գոյութիւն ունեցած է. բացատրէ։
4 Քեզի համար դժուա՞ր է ըմբռնելը, որ Եհովան յաւիտեան գոյութիւն ունեցած է (Եսա. 40։28)։ Շատ մը մարդոց համար դժուար է այդ մէկը ըմբռնել։ Եղիուս Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է» (Յոբ 36։26)։ Բայց պարզապէս քանի որ որոշ բան մը չենք հասկնար, ըսել չէ թէ այդպէս չէ։ Օրինակ, թերեւս չհասկնանք թէ ելեկտրականութիւնը ճիշդ ինչպէ՛ս կ’աշխատի։ Բայց ատիկա ըսե՞լ է որ գոյութիւն չունի։ Բնա՛ւ երբեք։ Նոյնպէս, թերեւս մենք՝ մարդիկս, բնաւ չհասկնանք թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ Եհովան միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ ան յաւիտեան չ’ապրիր։ Մենք չենք կրնար Ստեղծիչը կաղապարի մէջ դնել մեր հասկացողութեան հիման վրայ (Հռով. 11։33-36)։ Ան գոյութիւն ունէր տիեզերքին մէջ որեւէ բան գոյութիւն ունենալէ առաջ, մէջը ըլլալով արեւը եւ աստղերը։ Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ «երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց»։ Այո, ան գոյութիւն ունէր ‘երկինքը տարածելէ’ առաջ (Եր. 51։15. Գործք 17։24)։ Ուրիշ ի՞նչ պատճառով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ կարելի՛ է որ յաւիտեան ապրինք։
ՄԵՆՔ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԵՆՔ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
5. Առաջին մարդկային զոյգը ի՞նչ առիթ ունէր։
5 Եհովան երկրի վրայ բոլոր բաները այնպէս մը ստեղծեց, որ որոշ ժամանակ ապրին եւ ետքը մեռնին։ Բայց ան մարդ արարածին տուաւ բնաւ չմեռնելու առիթը, Ադամին զգուշացնելով. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն. 2։17)։ Ուրեմն, եթէ Ադամն ու Եւան Եհովային հնազանդէին, պիտի չմեռնէին։ Տրամաբանական է մտածել, թէ օր մը պիտի գար, երբ Եհովան թոյլ պիտի տար որ «կենաց ծառէն» ուտէին, հաստատելով որ այլեւս ‘յաւիտեան պիտի ապրէին’ (Ծն. 3։22)b։
6-7. ա) Ուրիշ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ մարդիկ չեն ստեղծուած մեռնելու համար։ բ) Ի՞նչ բաներով կ’ուզես զբաղիլ (տե՛ս նկարները)։
6 Շատ հետաքրքրական է, որ կարգ մը գիտնականներ գտած են ապացոյցներ, թէ մեր ուղեղը կրնայ շատ աւելի տեղեկութիւններ պահել, քան ինչ որ կը պահէ մեր ներկայ կեանքի տեւողութեան։ 2010–ին, պարբերաթերթի մը մէկ յօդուածը ըսաւ, որ մեր ուղեղը կրնայ շուրջ 2,5 միլիոն ճեկապայթ տեղեկութիւն պահել, որ հաւասար է 3 միլիոն ժամուան (կամ՝ աւելի քան 300 տարուան) տեւողութեամբ հեռատեսիլի յայտագիրներու (Scientific American Mind)։ Եւ կրնայ ըլլալ, որ մեր ուղեղը կարող է անկէ շա՜տ աւելի տեղեկութիւն պահել։ Բայց ասիկա լաւ կերպով ցոյց կու տայ, թէ Եհովան մեր ուղեղը այնպէս մը պատրաստած է, որ կրնայ շատ աւելի տեղեկութիւն պահել, քան ինչ որ կը պահէ միայն 70 կամ 80 տարիներու ընթացքին (Սաղ. 90։10)։
7 Եհովան նաեւ մեր մէջ զօրաւոր փափաք դրած է, որ շարունակենք ապրիլ։ Աստուածաշունչը մարդոց նկատմամբ կ’ըսէ, որ Աստուած անոնց մէջ «յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժող. 3։11)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ մենք ինչո՛ւ մահը թշնամի կը նկատենք (Ա. Կոր. 15։26)։ Օրինակ, եթէ լուրջ հիւանդութիւն մը ունենանք, մեր պարագան կ’ընդունինք ու կը յանձնուի՞նք։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Ընդհակառակը, ընդհանրապէս բժիշկի կը դիմենք։ Եւ թերեւս դեղ առնենք, որպէսզի այդ հիւանդութեան դէմ դնենք։ Մէկ խօսքով, ամէն բան կ’ընենք որ չմեռնինք։ Իսկ երբ մեր սիրած անհատներէն մէկը մեռնի,– ըլլայ ան երիտասարդ կամ տարեց,– զգացական խոր ցաւ կը զգանք (Յովհ. 11։32, 33)։ Վստահաբար, մեր սիրալիր Ստեղծիչը մեզի պիտի չտար յաւիտեան ապրելու փափաքն ու կարողութիւնը, եթէ իր նպատակը չըլլար որ մարդիկ շարունակեն ապրիլ։ Բայց ուրիշ պատճառներ ալ ունինք հաւատալու, թէ կրնանք անվերջ կեանք մը ունենալ։ Նկատի առնենք անցեալի ու ներկայիս Եհովայի ըրածներէն ոմանք, որոնք ցոյց կու տան թէ իր այս նպատակը չէ փոխուած։
Յաւիտենական կեանքը մեր առջեւ ունենալով, հաճոյքով կ’երեւակայենք այն բաները, որոնք ապագային պիտի կարենանք ընել (տե՛ս պարբ. 7)c
ԵՀՈՎԱՅԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ ՓՈԽՈՒԱԾ
8. Եսայի 55։11–ը մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ Եհովայի նպատակին նկատմամբ։
8 Նոյնիսկ երբ Ադամն ու Եւան մեղք գործեցին եւ իրենց զաւակներուն վրայ մահը բերին, Եհովան իր նպատակը չփոխեց (կարդա՛ Եսայի 55։11)։ Տակաւին իր նպատակն է որ հաւատարիմ մարդիկ յաւիտեան ապրին։ Ասիկա կը գիտնանք, երբ կը քննենք բոլոր այն բաները, որոնք Եհովան ըսաւ եւ ըրաւ իր նպատակը իրականացնելու համար։
9. Աստուած ի՞նչ խոստացած է (Դանիէլ 12։2, 13)։
9 Եհովան խոստացած է, որ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ եւ իրենց առիթ պիտի տայ, որ յաւիտեան ապրին (Գործք 24։15. Տիտ. 1։1, 2)։ Հաւատարիմ Յոբը վստահ էր, թէ Եհովան իրապէս կ’ուզէ մեռելներուն յարութիւն տալ (Յոբ 14։14, 15)։ Իսկ Դանիէլ մարգարէն կը գիտակցէր, որ մարդիկ կրնան յարութիւն առնել եւ յաւիտեան ապրելու առիթը ունենալ (Սաղ. 37։29. կարդա՛ Դանիէլ 12։2, 13)։ Եւ Յիսուսի օրերու հրեաները գիտէին, որ Եհովան կրնար իր հաւատարիմ ծառաներուն «յաւիտենական կեանք» տալ (Ղուկ. 10։25. 18։18)։ Յիսուս ալ կրկին անգամ խօսեցաւ այս խոստումին մասին, եւ ինք ալ յարութիւն ստացաւ իր Հօր կողմէն (Մատ. 19։29. 22։31, 32. Ղուկ. 18։30. Յովհ. 11։25)։
Եղիայի կատարած յարութիւնը ի՞նչ բանի նկատմամբ քեզի վստահութիւն կու տայ (տե՛ս պարբ. 10)
10. Անցեալի յարութեան դէպքերը ի՞նչ կը փաստեն (տե՛ս նկարը)։
10 Քանի որ Եհովան կեանքի Աղբիւրն է, ան զօրութիւնը ունի մարդիկը ետ կեանքի բերելու։ Օրինակ, ան իր Եղիա մարգարէին զօրութիւն տուաւ, որ Սարեփթայէն եղող այրի կնոջ մը որդիին յարութիւն տայ (Գ. Թագ. 17։21-23)։ Աւելի ուշ, ան Եղիսէ մարգարէին օգնեց, որ Սունամացի կնոջ մը տղան ետ կեանքի բերէ (Դ. Թագ. 4։18-20, 34-37)։ Այս եւ յարութեան ուրիշ դէպքեր կը փաստեն, որ Եհովան զօրութիւնը ունի մարդիկը ետ կեանքի բերելու։ Յիսուս ալ մինչ երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ որ Եհովան իրեն զօրութիւնը տուած էր որ մարդոց յարութիւն տայ (Յովհ. 11։23-25, 43, 44)։ Այժմ ան երկինքի մէջ է, եւ իրեն տրուած է ‘ամէն իշխանութիւն երկնքի ու երկրի մէջ’։ Այդպիսով, ան կարողութիւնը ունի կատարելու այն խոստումը, որ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները» ետ կեանքի պիտի գան՝ անվերջ կեանք ունենալու յոյսով (Մատ. 28։18. Յովհ. 5։25-29)։
11. Փրկանքը ինչպէ՞ս կարելի կը դարձնէ, որ մենք յաւիտեան ապրինք։
11 Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ իր սիրելի Որդին տանջալից մահով մեռնի։ Յիսուս պատճառը տուաւ իր այս խօսքով. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Այո, իր Որդին որպէս փրկանք տալով որ մեր մեղքերը քաւէ, Եհովան կարելի կը դարձնէ որ մենք յաւիտենական կեանք ունենանք (Մատ. 20։28)։ Պօղոս առաքեալ Եհովայի նպատակին այս կարեւոր մասը շեշտեց, երբ գրեց. «Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։21, 22)։
12. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ մեզի նկատմամբ Եհովայի նպատակը կատարուի։
12 Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ աղօթեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ (Մատ. 6։9, 10)։ Եհովայի նպատակին մէկ մասն է, որ մարդիկ երկրի վրայ ապրին յաւիտեան։ Այդ նպատակին հասնելու համար, Եհովան իր Որդին նշանակած է որպէս Մեսիական թագաւորութեան Թագաւորը։ Եհովան երկրէն 144,000 անհատներ կը հաւաքէ, որպէսզի Յիսուսին հետ համագործակցին Իր նպատակը իրականացնելու համար (Յայտ. 5։9, 10)։
13. Եհովան ի՞նչ կ’ընէ հիմա, եւ դուն ի՞նչ պէտք է ընես։
13 Եհովան հիմա «մեծ բազմութիւն մը» կը հաւաքէ եւ զիրենք կը մարզէ, որ իր Թագաւորութեան հպատակները ըլլան (Յայտ. 7։9, 10. Յակ. 2։8)։ Հակառակ անոր, որ այս մարդիկը կ’ապրին աշխարհի մը մէջ, որուն մէջ վախ ու պատերազմ կը տիրեն, անոնք ջանք կ’ընեն որ ամէն տեսակի ազգային, ցեղային եւ անձնական ատելութիւններ յաղթահարեն։ Եւ անոնք արդէն հիմակուընէ այլաբանօրէն իրենց սուրերէն խոփեր կը շինեն (Միք. 4։3)։ Փոխանակ մասնակցելու պատերազմներու, որոնք մեծ թիւով մահ կը պատճառեն, անոնք մարդոց կ’օգնեն որ իսկական կեանքը, այսինքն՝ «յաւիտենական կեանքը», գտնեն սորվեցնելով ճշմարիտ Աստուծոյն եւ իր նպատակներուն մասին (Ա. Տիմ. 6։19)։ Ասկէ զատ, թերեւս անոնք իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ հակառակութիւն դիմագրաւեն, կամ թերեւս դրամական նեղութիւններէ անցնին, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնին, բայց Եհովան միշտ իրենց պիտի օգնէ որ պէտք եղած բաները ունենան (Մատ. 6։25, 30-33. Ղուկ. 18։29, 30)։ Այս բոլոր իրողութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրականութիւն է եւ թէ անիկա պիտի շարունակէ Եհովայի նպատակը իրականացնել։
ԳԵՂԵՑԻԿ ԱՊԱԳԱՅ ՄԸ
14-15. Մահը յաւիտեան վերցնելու Եհովային խոստումը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։
14 Յիսուս այժմ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է երկինքին մէջ եւ պիտի կատարէ Եհովայի տուած բոլոր խոստումները (Բ. Կոր. 1։20)։ 1914–էն ի վեր, Յիսուս կը տիրէ իր թշնամիներուն մէջ (Սաղ. 110։1, 2)։ Ան եւ իր իշխանակիցները մօտ ատենէն պիտի կործանեն չար մարդիկը (Յայտ. 6։2)։
15 Յիսուսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, ան մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ եւ Եհովային հնազանդող մարդոց պիտի օգնէ, որ կատարեալ դառնան։ Վերջին փորձէն ետք, այն մարդիկը, որոնք Եհովան պիտի դատէ որպէս արդար, «պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։10, 11, 29)։ Որքա՜ն ուրախալի է գիտնալ, որ ‘վերջին թշնամին՝ մահը, պիտի խափանուի’ (Ա. Կոր. 15։26)։
16. Եհովային ծառայելու մեր գլխաւոր պատճառը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
16 Ինչպէս տեսանք, յաւիտեան ապրելու մեր յոյսը հաստատօրէն հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Այդ յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնանք այս դժուար օրերուն ընթացքին։ Բայց որպէսզի Եհովան մեզի հաճի, իրեն եւ Յիսուսին հաւատարիմ մնալու մեր գլխաւոր պատճառը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ողջ մնալու փափաքը, հապա՝ անոնց հանդէպ մեր խոր սէրը (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Այդ սէրը մեզ կը մղէ, որ զիրենք ընդօրինակենք եւ մեր յոյսը ուրիշներուն հետ բաժնենք (Հռով. 10։13-15)։ Մինչ կը սորվինք ըլլալ ոչ–անձնասէր եւ առատաձեռն, կը դառնանք այնպիսի անհատներ, որոնք Եհովան կ’ուզէ որպէս բարեկամներ ունենալ յաւիտեան (Եբ. 13։16)։
17. Ամէն մէկս ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք (Մատթէոս 7։13, 14)։
17 Մենք պիտի ըլլա՞նք անոնց մէջ, որոնք յաւիտենական կեանք պիտի ունենան։ Եհովան այդ դուռը մեր առջեւ բացած է։ Այժմ մեզի կ’իյնայ մնալ կեանքի տանող ճամբուն վրայ (կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14)։ Լաւ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ յաւիտեան ապրինք։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
ԵՐԳ 130 Կեանքը հրաշք է
a Արդեօք անհամբեր կը սպասե՞ս որ յաւիտեան ապրիս։ Եհովան մեզի խոստացած է, որ օր մը պիտի գայ որ պիտի ապրինք առանց վախնալու թէ պիտի մեռնինք։ Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք լիովին վստահիլ որ Եհովան իր տուած այս խոստումը պիտի կատարէ։
b Տե՛ս «‘Յաւիտեան’ բառը Աստուածաշունչին մէջ» շրջանակը։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարեց եղբայր մը կ’երեւակայէ կարգ մը բաներ, որոնցմով կրնայ զբաղիլ յաւիտենական կեանքին ընթացքին։