ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9
ԵՐԳ 59 Մենք Աստուծո՛յ նուիրուած ենք
Առանց ուշացումի մկրտուէ
«Ա՛լ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛» (ԳՈՐԾՔ 22։16)։
ՆԻՒԹ
Սամարացիներուն, տարսոնցի Սօղոսին, Կոռնելիոսին եւ կորնթացիներուն օրինակները քեզ ինչպէ՞ս կը զօրացնեն որ մկրտուիս։
1. Ի՞նչ լաւ պատճառներ կան որ մկրտուիս։
ԵՀՈՎԱ Աստուած քեզ տուած է շատ մը աղուոր նուէրներ, մէջը ըլլալով՝ կեանքդ։ Լաւ, զինք կը սիրե՞ս եւ կ’ուզե՞ս սէրդ ցուցնել իրեն հանդէպ։ Ասիկա ընելու լաւագոյն կերպն է՝ իրեն նուիրուիլ ու մկրտուիլ։ Նաեւ, երբ այս քայլերը առնես, Եհովային ընտանիքին մէկ մասը կը դառնաս։ Ասանկով, քու Հայրդ ու Բարեկամդ՝ Եհովան՝ քեզ պիտի առաջնորդէ ու քեզի հոգ պիտի տանի, քանի որ իրեն կը պատկանիս (Սաղ. 73։24. Եսա. 43։1, 2)։ Ասկէ զատ, երբ նուիրուիս ու մկրտուիս, առիթը կ’ունենաս որ յաւիտեան ապրիս (Ա. Պետ. 3։21)։
2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։
2 Արդեօք բան մը կա՞յ որ քեզ ետ կը պահէ մկրտուելէ։ Եթէ այո, շատեր քեզի պէս կը զգան։ Քեզմէ առաջ միլիոնաւորներ պէտք էր որ իրենց վարքին ու մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէին, որպէսզի կարենային մկրտուիլ։ Հիմա անոնք ուրախութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ Եհովային կը ծառայեն։ Տեսնենք թէ առաջին դարուն մկրտուող կարգ մը անձեր ի՛նչ դժուարութիւններ ունեցան եւ իրենց օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։
ՍԱՄԱՐԱՑԻՆԵՐԸ ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՆ
3. Սամարացիները ի՞նչ կարգ մը փոփոխութիւններ պէտք էր որ ընէին մկրտուելու համար։
3 Յիսուսի օրերուն, սամարացիները կը պատկանէին կրօնական աղանդի մը եւ կ’ապրէին Սիւքէմի շուրջը ու Սամարիոյ մէջ՝ Հրէաստանի հիւսիսը։ Որպէսզի անոնք կարենային մկրտուիլ, պէտք էր որ աւելի գիտութիւն առնէին Աստուծոյ Խօսքէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք կը հաւատային, թէ Սուրբ Գիրքին միայն առաջին հինգ գիրքերը՝ Ծննդոցէն մինչեւ Բ. Օրինացը, եւ հաւանաբար Յեսու գիրքը՝ Աստուծմէ են։ Բայց անոնք կը սպասէին Մեսիային գալը, քանի որ գիտէին Բ. Օրինաց 18։18, 19–ին մէջ գրուած Աստուծոյ խոստումը (Յովհ. 4։25)։ Մկրտուելու համար անոնք պէտք էր ընդունէին, թէ Յիսուս խոստացուած Մեսիան է, եւ «շատ Սամարացիներ» ասիկա ըրին (Յովհ. 4։39)։ Ոմանք ալ պէտք էր որ հրեաներուն նկատմամբ իրենց կարծիքը փոխէին, քանի որ առաջին քրիստոնեաներէն շատեր հրեայ էին (Ղուկ. 9։52-54)։
4. Գործք 8։5, 6, 14–ի համաձայն, կարգ մը սամարացիներ ի՞նչ ըրին երբ Փիլիպպոս քարոզեց իրենց։
4 Ի՞նչը սամարացիներուն օգնեց որ մկրտուին։ Երբ Փիլիպպոս աւետարանիչը ‘Քրիստոսը քարոզեց անոնց’, անոնցմէ ոմանք ‘Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին’ (կարդա՛ Գործք 8։5, 6, 14)։ Հակառակ որ Փիլիպպոս հրեայ էր, անոնք ականջ տուին իրեն։ Թերեւս անոնք Հնգամատեանէն յիշեցին համարներ, որոնք ցոյց կու տային որ Աստուած մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ (Բ. Օր. 10։17-19)։ Անոնք Քրիստոսին մասին ‘Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն տուին’ եւ յստակօրէն փաստեցին որ Փիլիպպոս Աստուծոյ կողմէ է, երբ տեսան անոր ըրած շատ մը հրաշքները, օրինակ՝ հիւանդները բուժելը եւ չար ոգիներ հանելը (Գործք 8։7)։
5. Սամարացիներէն ի՞նչ դասեր կը սորվիս։
5 Այդ սամարացիները կրնային մերժել Փիլիպպոսին սորվեցուցածները, քանի որ ան իրենց պէս սամարացի չէր եւ անոր ըսածները չէին լսած ասկէ առաջ։ Բայց անոնք այսպէս չըրին։ Երբ անոնք համոզուեցան, որ Փիլիպպոսը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ, չուշացան մկրտուելու։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ» (Գործք 8։12)։ Դուն ալ համոզուա՞ծ ես թէ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է եւ թէ Եհովայի վկաները իրարու հանդէպ իսկական սէր ցոյց կու տան, ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր իսկական քրիստոնեաներուն մասին (Յովհ. 13։35)։ Ուրեմն, մի՛ վախնար մկրտուելու եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ։
6. Ռուպընին օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի։
6 Գերմանիայէն եղող Ռուպըն անունով եղբայր մը մեծցած է Վկայ ընտանիքի մը մէջ։ Երբ ան պատանի էր, կը կասկածէր որ Աստուած գոյութիւն ունի։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս իր հարցումներուն պատասխանները գտաւ։ Երբ անդրադարձաւ որ այս նիւթին մասին շատ բան չէր գիտեր, որոշեց պրպտում ընել։ Ան ըսաւ. «Պէտք էր որ անձնական ուսումնասիրութեանս մէջ փնտռտէի թէ ո՛ր գաղափարը ճիշդ է, եւ որը՝ սխալ։ Պէտք եղաւ որ մի քանի անգամ սերտեմ բարեշրջութեան նիւթը»։ Ան կարդաց Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը։ Այդ գիրքը շատ ազդեց իրեն։ Ան ինքն իրեն ըսաւ ‘Եհովան իրապէս ալ գոյութիւն ունի’։ Եւ երբ մեր կեդրոնատեղին այցելեց, ան մեր միացած համաշխարհային եղբայրութիւնը տեսաւ եւ սկսաւ աւելի սիրել ու գնահատել զայն։ Երբ ան Գերմանիա վերադարձաւ, մկրտուեցաւ 17 տարեկանին։ Եթէ դուն ալ սորվածներուդ վրայ կասկածներ ունիս, ատոնց մասին պրպտում ըրէ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Երբ, «ճշգրիտ գիտութիւն» առնենք, մեր կասկածները կ’անհետանան (Եփ. 4։13, ՆԱ, 14)։ Երբ ուրիշ երկիրներու մէջ գտնուող Եհովայի վկաներուն միջեւ եղած սիրոյն եւ միութեան մասին փորձառութիւններ լսես եւ ատոնք քու ժողովքիդ մէջ ալ տեսնես, կը սկսիս աւելի գնահատել մեր համաշխարհային եղբայրութիւնը։
ՏԱՐՍՈՆՑԻ ՍՕՂՈՍ ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՒ
7. Սօղոս իր ո՞ր մտածելակերպը պէտք էր սրբագրէր։
7 Նկատի առ տարսոնցի Սօղոսի օրինակը։ Ան հրէական Օրէնքը շատ լաւ գիտէր եւ երթալով աւելի ճանչցուած մէկը կը դառնար (Գաղ. 1։13, 14. Փլպ. 3։5)։ Այդ ատեն, հրեաներէն շատեր կը հաւատային որ քրիստոնեաները հաւատուրացներ են։ Ատոր համար Սօղոս խստօրէն կը հալածէր զանոնք, քանի որ իր կարծիքով, ինք Աստուծոյ կամքը կը կատարէր (Գործք 8։3. 9։1, 2. 26։9-11)։ Որպէսզի Սօղոս Յիսուսի հանդէպ հաւատք ցոյց տար եւ որպէս քրիստոնեայ մկրտուէր, պէտք էր պատրաստ ըլլար հալածուելու։
8. ա) Ի՞նչը Սօղոսին օգնեց որ մկրտուի։ բ) Գործք 22։12-16–ի համաձայն, Անանիան ինչպէ՞ս օգնեց Սօղոսին (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Ի՞նչը Սօղոսին օգնեց որ մկրտուի։ Երբ Տէր Յիսուս իրեն երեւցաւ, Յիսուսին փառքին լոյսը Սօղոսը կուրցուց (Գործք 9։3-9)։ Ան երեք օր չկերաւ եւ վստահաբար իր հետ պատահածին մասին մտածեց։ Ան համոզուեցաւ որ Յիսուս Մեսիան է եւ թէ անոր հետեւորդները ճշմարիտ կրօնքին կը պատկանին։ Սօղոս շատ գէշ զգացած ըլլալու էր, որ ինք Ստեփանոսի սպանութեան մէջ բաժին բերած էր (Գործք 22։20)։ Երեք օր ետք, Անանիա անունով աշակերտ մը իրեն քով եկաւ, իր կուրութիւնը բուժեց եւ զինք քաջալերեց որ չուշանայ մկրտուելու (կարդա՛ Գործք 22։12-16)։ Սօղոս խոնարհաբար իրեն տրուած օգնութիւնը ընդունեց եւ մկրտուեցաւ (Գործք 9։17, 18)։
Երբ մէկը քեզ քաջալերէ որ մկրտուիս, Սօղոսին պէս պիտի ընե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 8)
9. Սօղոսէն ի՞նչ դասեր կրնաս սորվիլ։
9 Սօղոսէն կարգ մը դասեր կրնանք սորվիլ։ Ան կրնար ձգել որ հպարտութիւնը կամ մարդու վախը արգելք ըլլայ որ մկրտուի, բայց ասիկա չըրաւ։ Երբ ան Քրիստոսին մասին ճշմարտութիւնը գիտցաւ, խոնարհաբար իր ընթացքը փոխեց (Գործք 26։14, 19)։ Ան յօժարեցաւ քրիստոնեայ ըլլալ, թէեւ գիտէր որ պիտի հալածուէր (Գործք 9։15, 16. 20։22, 23)։ Իր մկրտութենէն ետք, ան շարունակեց Եհովային վստահիլ որ իրեն օգնէ տարբեր–տարբեր նեղութիւններու տոկալու (Բ. Կոր. 4։7-10)։ Երբ մկրտուիս եւ Եհովայի վկայ մը ըլլաս, հաւատքդ կրնայ փորձուիլ կամ կրնաս հակառակութեան հանդիպիլ։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան ու Յիսուսը քեզի պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տան, որպէսզի տոկաս եւ հաւատարիմ մնաս (Փլպ. 4։13)։
10. Աննային օրինակէն ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։
10 Աննան մեծցած է քիւրտ ընտանիքի մը մէջ՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Իր մայրը մկրտուելէն ետք, Աննան 9 տարեկանին սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել՝ իր հօր հաւանութեամբ։ Բայց երբ իրենց հետ նոյն տան մէջ ապրող ազգականները գիտցան, որ ան Վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէ, սկսան իրեն հակառակիլ։ Անոնք այն կարծիքը ունէին, որ եթէ մէկը իր նախահայրերուն կրօնքը ձգէ, ան ընտանիքին վրայ ամօթ կը բերէ։ Երբ Աննան 12 տարեկան եղաւ, ան իր հօրը հաւանութիւնը առաւ որ մկրտուի։ Հայրը ուզեց գիտնալ եթէ ատիկա Աննային անձնական որոշումն էր, թէ ոչ մէկը իր վրայ կը ճնշէր։ Աննան հօրը ըսաւ. «Ես Եհովան կը սիրեմ»։ Ասոր վրայ, հայրը համաձայնեցաւ որ Աննան մկրտուի։ Մկրտուելէն ետք, Աննային ազգականները շարունակեցին զինք ծաղրել եւ իր հետը գէշ կերպով վարուիլ։ Իր ազգականներէն մէկը իրեն ըսաւ. «Աւելի լաւ կ’ըլլար եթէ ծխախոտ ծխէիր եւ անբարոյ մէկը ըլլայիր, քան թէ՝ Եհովայի վկայ»։ Աննան ինչպէ՞ս տոկաց այս բոլորին։ Ան ըսաւ. «Եհովան ինծի օգնեց որ զօրաւոր ըլլամ։ Մամաս ու պապաս ալ ինծի շատ կռնակ կեցան»։ Աննան ցանկ մը պահած է, որուն մէջ գրած է այն ատենները, երբ Եհովան իրեն օգնած է։ Ատենէ ատեն, ան այդ ցանկը աչքէ կ’անցընէ, որպէսզի չմոռնայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրեն օգնած է անցեալին։ Եթէ դուն ալ կը վախնաս որ մարդիկ քեզի հակառակին, յիշէ թէ Եհովան քեզի ալ պիտի օգնէ (Եբ. 13։6)։
ԿՈՌՆԵԼԻՈՍ ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՒ
11. Ի՞նչը կրնար արգելք ըլլալ որ Կոռնելիոս մկրտուի։
11 Կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ նաեւ Կոռնելիոսի օրինակէն։ Ան «հարիւրապետ» էր, այսինքն՝ հռոմէական բանակին մէջ մօտ 100 զինուորներու հրամանատար (Գործք 10։1)։ Այս պատճառաւ ալ, ան իր ընկերային ու զինուորական շրջանակին մէջ ճանչցուած մէկը ըլլալու էր։ Ան «ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար» (Գործք 10։2)։ Եհովան Պետրոս առաքեալը ղրկեց որ բարի լուրը քարոզէ անոր։ Արդեօք անոր ճանչցուած մէկը ըլլալը պատճառ եղա՞ւ որ ան ուշանայ մկրտուելու։
12. Ի՞նչը Կոռնելիոսին օգնեց որ մկրտուի։
12 Ի՞նչը Կոռնելիոսին օգնեց որ մկրտուի։ Կը կարդանք որ ան «աստուածավախ [էր] իր բոլոր տունովը», եւ թէ «ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր» (Գործք 10։2)։ Երբ Պետրոս բարի լուրը քարոզեց Կոռնելիոսին, ան ու անոր ընտանիքը Քրիստոսը ընդունեցին եւ շուտով մկրտուեցան (Գործք 10։47, 48)։ Յստակ է, որ Կոռնելիոս պատրաստ էր իրմէ ակնկալուած բոլոր փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի կարենար իր ընտանիքին հետ Եհովան պաշտել (Յես. 24։15. Գործք 10։24, 33)։
13. Կոռնելիոսէն ի՞նչ դասեր կրնաս սորվիլ։
13 Սօղոսին պէս, Կոռնելիոս կրնար ձգել որ իր բարձր դիրքը արգելք ըլլայ որ ինք քրիստոնեայ դառնայ, բայց ասիկա չըրաւ։ Արդեօք դո՞ւն ալ պէտք է մեծ փոփոխութիւններ ընես կեանքիդ մէջ որպէսզի մկրտուիս։ Եթէ այո, Եհովան քու Օգնականդ պիտի ըլլայ։ Ան քեզ պիտի օրհնէ, եթէ վճռես Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել կեանքիդ մէջ՝ իրեն ծառայելու համար։
14. Ինչպէ՞ս կրնաս Ցիոշիին օրինակէն օգտուիլ։
14 Ցիոշին, որ Ճաբոնէն է, պէտք էր որ իր գործին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէր, որպէսզի կարենար մկրտուիլ։ Ան շատ ճանչցուած դպրոցի մը տնօրէնին օգնականն էր, ուր մարդիկ ծաղկեփունջներ ու ծաղկեպսակներ պատրաստել կը սորվին։ Տնօրէնը թաղումներու համար ծաղկեպսակներ կը պատրաստէր եւ պուտտայական թաղումներու արարողութիւններուն ներկայ կ’ըլլար։ Բայց երբ չկարենար անձամբ ներկայ ըլլալ, Ցիոշին իր տեղը կ’երթար եւ կը մասնակցէր այդ արարողութիւններուն։ Բայց երբ Ցիոշին մահուան մասին ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, գիտցաւ որ եթէ շարունակէր այդ արարողութիւններուն մասնակցիլ, չէր կրնար մկրտուիլ։ Ան որոշեց որ այլեւս պիտի չմասնակցի ատոնց (Բ. Կոր. 6։15, 16)։ Ան տնօրէնին հետ խօսեցաւ ասոր մասին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան մնաց իր գործին մէջ, առանց ստիպուած ըլլալու որ մասնակցի արարողութիւններուն։ Ցիոշին Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսելէն շուրջ տարի մը ետք մկրտուեցաւa։ Եթէ Աստուած հաճեցնելու համար դուն ալ պէտք է գործդ փոխես կամ ատոր մէջ փոփոխութիւն մտցնես, վստահ եղիր որ Եհովան պէտք եղածը պիտի ապահովէ քեզի ու ընտանիքիդ համար (Սաղ. 127։2. Մատ. 6։33)։
ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐԸ ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՆ
15. Ի՞նչը կրնար արգելք ըլլալ որ կորնթացիները մկրտուէին։
15 Անցեալի Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրողները նիւթապաշտ եւ անբարոյ մարդիկ էին։ Հոն ապրող մարդոց մեծ մասը Աստուծոյ ատած բաները կ’ընէին։ Ատոր համար շատ դժուար ըլլալու էր, որ ասանկ քաղաքի մը մէջ ապրողներ սկսէին Եհովան պաշտել։ Բայց երբ Պօղոս առաքեալ հոն հասաւ եւ Քրիստոսի մասին բարի լուրը քարոզեց, «Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան» (Գործք 18։7-11)։ Ետքը, Յիսուս տեսիլքի մը մէջ Պօղոսին երեւցաւ ու ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։ Այս պատճառաւ, Պօղոս հոն մէկուկէս տարի քարոզեց։
16. Կորնթոսի մէջ ի՞նչը ոմանց օգնեց որ մկրտուին (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5)։
16 Ի՞նչը կորնթացիներուն օգնեց որ մկրտուին (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։4, 5)։ Աստուծոյ Խօսքը եւ իր զօրաւոր սուրբ հոգին անոնց օգնեց որ իրենց կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ ընեն (Եբ. 4։12)։ Քրիստոսի մասին բարի լուրը ընդունող կորնթացիները կրցան վազ անցնիլ շատ մը գէշ սովորութիւններէ, օրինակ՝ գինովութիւն, գողութիւն ու միասեռականութիւն (Ա. Կոր. 6։9-11)b։
17. Կորնթացիներէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։
17 Նկատի առ որ թէեւ կորնթացիներէն ոմանք պէտք էր որ մեծ փոփոխութիւններ ընէին, բայց չեզրակացուցին թէ շատ դժուար է որ քրիստոնեայ դառնան։ Անոնք շատ ջանք թափեցին որ յաւիտենական կեանքի տանող նեղ ճամբուն վրայ քալեն (Մատ. 7։13, 14)։ Արդեօք դուն ալ գէշ սովորութեան մը դէմ կը պայքարի՞ս, որ կարենաս մկրտուիլ։ Բնա՛ւ մի յանձնուիր։ Եհովային աղաչէ որ քեզի սուրբ հոգին տայ, քեզի օգնելու համար որ դէմ դնես սխալ ցանկութիւններու։
18. Ինչպէ՞ս կրնաս Մոնիքային օրինակէն օգտուիլ։
18 Վրաստանէն եղող Մոնիքան շատ ջանք թափեց, որ կեցնէ իր անմաքուր խօսակցութիւնը եւ պատշաճ չեղող ժամանցները, որպէսզի կարենայ մկրտուիլ։ Ան ըսաւ. «Մկրտութենէս առաջ, աղօթքը ինծի պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ որ փոխուիմ։ Եհովան գիտէր որ կ’ուզէի ճիշդը ընել, եւ ան միշտ ինծի կ’օգնէր եւ կ’ուղղէր»։ Ան 16 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Դուն ալ ունի՞ս սովորութիւններ, որոնք պէտք է կեցնես, որպէսզի Եհովան ընդունի ծառայութիւնդ։ Ուրեմն, շարունակէ Եհովայէն զօրութիւն խնդրել, որ փոփոխութիւններ ընես։ Եհովան առատաձեռնօրէն իր սուրբ հոգին պիտի տայ քեզի (Յովհ. 3։34)։
ՀԱՒԱՏՔԴ ԿՐՆԱՅ ԼԵՌՆԵՐ ՓՈԽԱԴՐԵԼ
19. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ լեռի չափ մեծ երեւցող դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլես (տե՛ս նաեւ նկարը)։
19 Վստահ եղիր որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իր ընտանիքին միանաս։ Ասոր վրայ կասկած մի՛ ունենար, նոյնիսկ եթէ կարգ մը բաներ արգելք կ’ըլլան որ մկրտուիս։ Յիսուս իր աշակերտներէն ոմանց ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի» (Մատ. 17։19)։ Անոնք որոնք այս խօսքը լսեցին, միայն քանի մը տարի եղած էր որ Յիսուսին հետն էին, եւ անոնց հաւատքը պէտք էր որ աւելի զօրանար։ Բայց Յիսուս անոնց ըսաւ, որ եթէ բաւարար չափով հաւատք ունենան, Եհովան իրենց պիտի օգնէ որ լեռի չափ մեծ երեւցող դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեն։ Եհովան քե՛զի ալ կրնայ օգնել։
Վստահ եղիր որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլաս (տե՛ս պարբերութիւն 19)c
20. Անցեալի եւ մեր ժամանակներու քրիստոնեաներուն օրինակները ինչպէ՞ս քեզի օգնած են։
20 Եթէ կան բաներ, որոնք արգելք կ’ըլլան որ մկրտուիս, առանց ուշացումի քայլեր առ որ ատոնց հետ գլուխ ելլես։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն եւ մեր ժամանակներուն ապրող քրիստոնեաներուն օրինակները կրնան քեզ հանգստացնել ու զօրացնել։ Թող անոնց օրինակը քեզ քաջալերէ եւ օգնէ որ Եհովային նուիրուիս ու մկրտուիս։ Ասիկա լաւագոյն որոշումն է որ կեանքիդ մէջ կրնաս առնել։
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ
a Եղբայր Ցիոշի Ֆուճիի կենսագրութիւնը եկած է Զարթի՛ր–ի 8 օգոստոս 2005 թիւին մէջ, էջ 20-23 (արաբ.)։
b Տե՛ս jw.org կայքին վրայ ‘Ինչո՞ւ կ’ուշացնես մկրտութիւնդ’ վիտէոն։
c Նկար. Խումբ մը եղբայրներ ու քոյրեր ջերմօրէն կը դիմաւորեն նոր մկրտուողները։