Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Օգոստոս էջ 26-30
  • Ամչկոտութիւնս արգելք չեղաւ միսիոնարութեանս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամչկոտութիւնս արգելք չեղաւ միսիոնարութեանս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ
  • ՄԻՍԻՈՆԱՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ Կ’ԱՐԹՆՆԱՅ ՄԷՋՍ
  • ԿԸ ՍԿՍԻՄ ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՆԱՊԱՀՈՎ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
  • ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ
  • ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՅ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԻՐ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
  • Եհովան ‘շաւիղներս ուղղած է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Օգոստոս էջ 26-30
Մարիէն Վէրհօլթց։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ամչկոտութիւնս արգելք չեղաւ միսիոնարութեանս

ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՄԱՐԻԷՆ ՎԷՐՀՕԼԹՑ

ՊԶՏԻԿՈՒԹԵՆԷՍ ամչկոտ էի եւ մարդոցմէ կը քաշուէի։ Բայց ժամանակի ընթացքին Եհովան ինծի օգնեց, որ մարդամօտ միսիոնար ըլլամ։ Ինչպէ՞ս։ Սկիզբը՝ հօրս միջոցաւ, ետքը՝ պատանի քրոջ մը, եւ ատկէ ետք՝ ամուսինիս ազնիւ ու իմաստուն խօսքերուն շնորհիւ։ Կեանքիս մասին աւելի մանրամասնութեամբ պատմեմ ձեզի։

Ծնած եմ 1951–ին Վիեննայի մէջ, Աւստրիա։ Ծնողքս կաթողիկէ էր։ Ես Աստուծոյ կը հաւատայի եւ շատ անգամ կ’աղօթէի։ Երբ ինը տարեկան էի, հայրս սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել, եւ շատ չանցած՝ մայրս ալ սկսաւ սերտել։

Քրոջս՝ Էլիսապէթին հետ (ձախին)

Շատ չանցած, Վիեննայի Տուպլինկ ժողովքին միացանք։ Ընտանեօք շատ բաներ կ’ընէինք։ Միասին Սուրբ Գիրքը կը կարդայինք ու կը սերտէինք, ժողովներու կ’երթայինք եւ համաժողովներու ընթացքին կ’օգնէինք։ Այդ տարիներուն, հայրս մէջս սէր ցանեց Եհովային հանդէպ։ Ան միշտ կ’աղօթէր որ քոյրս ու ես ռահվիրայ ըլլանք։ Բայց ատիկա իմ նպատակս չէր այդ ժամանակ։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ

1965–ին մկրտուեցայ՝ 14 տարեկանիս, բայց ինծի համար դժուար էր անծանօթներու քարոզելը։ Նաեւ կը զգայի որ ուրիշ պատանիներ միշտ ինձմէ աւելի լաւ են, եւ շատ կ’ուզէի որ զիս սիրեն ու ընդունին։ Ասոր համար, սկսայ ընկերակցիլ Եհովային չծառայող անձերու, հակառակ որ մկրտութեանս վրայ շատ չէր անցած։ Խօսքին բացը, կը սիրէի անոնց ընկերակցութիւնը, բայց խիղճս կը տանջէր, քանի որ անոնց հետ շատ ժամանակ կ’անցընէի եւ կարողութիւն չունէի ասիկա կեցնելու։ Լաւ, ի՞նչը ինծի օգնեց ասոր մէջ։

Մարիէնը եւ Տորոթին։

Շատ բաներ սորվեցայ Տորոթիէն (ձախին)

Այդ ժամանակ, Տորոթի անունով 16 տարեկան աղջիկ մը մեր ժողովքին միացաւ։ Տեսայ թէ ան որչա՜փ կը սիրէր տունէ–տուն քարոզելը։ Ես իրմէ քիչ մը աւելի մեծ էի, բայց ծառայութեան շատ քիչ կ’ելլէի։ Ես ինծի մտածեցի. «Ծնողքս Վկայ է, բայց Տորոթիին ընտանիքը՝ ոչ։ Թէեւ ինքը կ’ապրի իր հիւանդ մօրը հետ, բայց մի՛շտ ծառայութեան կ’ելլէ»։ Իր օրինակը զիս քաջալերեց որ Եհովային համար աւելին ընեմ։ Շատ չանցած, Տորոթին ու ես ռահվիրայ եղանք, սկիզբը՝ օժանդակ եւ ետքը՝ կանոնաւոր։ Տորոթիին նախանձախնդրութիւնը փոխանցիկ էր։ Ան ինծի օգնեց որ Աստուածաշունչի առաջին ուսումնասիրութիւնս ունենամ։ Քիչ–քիչ սկսայ աւելի հանգիստ զգալ երբ մարդոց հետ պիտի խօսէի, ըլլայ ատիկա՝ տունէ–տուն, ճամբան եւ ուրիշ տեղեր։

Ռահվիրայութեանս առաջին տարին, Հայնց անունով աւստրիացի եղբայր մը մեր ժողովքին միացաւ։ Ան ճշմարտութիւնը լսած էր երբ իր Վկայ եղբօր կ’այցելէր՝ Քանատայի մէջ։ Հայնցը իբրեւ մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ մեր ժողովքին մէջ՝ Վիեննա։ Սկիզբէն իսկ իրեն հաւնեցայ։ Բայց ան կ’ուզէր միսիոնար ըլլալ, իսկ ես այդ փափաքը չունէի։ Անոր համար, սկիզբը զգացումներս յայտնի չըրի։ Բայց ետքը սկսանք ժամադրուիլ, ամուսնացանք եւ սկսանք Աւստրիոյ մէջ միասին ռահվիրայութիւն ընել։

ՄԻՍԻՈՆԱՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ Կ’ԱՐԹՆՆԱՅ ՄԷՋՍ

Հայնցը միշտ ինծի կ’ըսէր որ կը փափաքի միսիոնար ըլլալ։ Ճիշդ է որ ան բնա՛ւ ճնշում չըրաւ վրաս, բայց միշտ այսպիսի հարցումներ կը հարցնէր. «Ի՞նչ կ’ըսես. քանի որ պզտիկ չունինք, արդեօք կրնա՞նք Եհովային աւելի ծառայել»։ Ա՛յո, ռահվիրայ էի, բայց միսիոնար ըլլալու գաղափարէն կը վախնայի, քանի որ ամչկոտ էի։ Բայց Հայնցը համբերեց եւ իր յոյսը չկտրեց։ Ան նաեւ ինծի ըսաւ որ փոխանակ կեդրոնանալու վախերուս վրայ, մտածեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ ուրիշներուն օգտակար դառնալ։ Այս խրատը ինծի շատ օգնեց։

Հայնցը Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը վարէ եուկոսլաւիական ժողովքի մը մէջ, Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ, 1974–ին

Կամաց–կամաց զգացի որ կ’ուզեմ միսիոնար ըլլալ, ատոր համար Գաղաադի դպրոց դիմեցինք։ Բայց մասնաճիւղի ծառան թելադրեց որ նախ անգլերէն լեզուս զօրացնեմ։ Երեք տարի ջանք թափելէս ետք որ անգլերէն սորվիմ, անակնկալի եկանք երբ նշանակում ստացանք որ ծառայենք եուկոսլաւիական ժողովքի մը մէջ Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ։ Յաջորդ եօթը տարիներուն ընթացքին ծառայեցինք այդ դաշտին մէջ, մէջը ըլլալով՝ մէկ տարի շրջանային գործին մէջ։ Սերպ–խրուաթերէն լեզուն դժուար էր, բայց Աստուածաշունչի շատ մը ուսումնասիրութիւններ ունէինք։

Ետքը՝ 1979–ին, մեզմէ խնդրուեցաւ որ «արձակուրդի» երթանք Պուլկարիա։ Քարոզչութիւնը արգիլուած էր հոն. անոր համար չքարոզեցինք։ Բայց մեր հետը գաղտնօրէն մտցուցինք մասնաւոր պզտիկ չափով տպուած հրատարակութիւններ՝ այն հինգ քոյրերուն համար, որոնք կ’ապրէին մայրաքաղաքը՝ Սոֆիա։ Ես շատ կը վախնայի, բայց Եհովան ինծի օգնեց որ այդ նշանակումը ընեմ։ Երբ տեսայ որ այդ քոյրերը որքա՛ն քաջ եւ ուրախ էին, հակառակ որ միշտ վախ կար որ բանտարկուէին, ե՛ս ալ քաջութիւն ունեցայ ընելու ամէն ինչ որ Եհովային կազմակերպութիւնը կը խնդրէր ինձմէ։

Մինչ այդ, նորէն Գաղաադ դիմեցինք եւ այս անգամ ընդունուեցանք։ Կարծեցինք որ Միացեալ Նահանգներ պիտի երթանք եւ հոն անգլերէնով պիտի ընենք դպրոցը։ Բայց նոյեմբեր 1981–ին, Գաղաադի յարակից դպրոցը սկսաւ, Վիսպատենի մեր մասնաճիւղին մէջ՝ Գերմանիա։ Եւ քանի որ դասընթացքը գերմաներէնով էր, ինծի համար աւելի դիւրին եղաւ։ Լաւ, արդեօք ո՞ւր պիտի նշանակուէինք։

ԿԸ ՍԿՍԻՄ ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՆԱՊԱՀՈՎ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ՄԷՋ

Քենիա նշանակուեցանք, բայց Քենիայի մասնաճիւղը մեզի հարցուց եթէ կ’ընդունինք ծառայել քովի երկիրին մէջ՝ Ուկանտա։ Աւելի քան տասը տարի առաջ, Իտի Ամինի առաջնորդութեամբ զինուորական յեղափոխութիւն մը տապալած էր Ուկանտայի կառավարութիւնը։ Ան իր իշխանութեան ընթացքին հազարաւորներ սպաննած էր եւ միլիոնաւորներու կեանքը դժոխք դարձուցած էր։ Ետքը՝ 1979–ին, ուկանտական կառավարութիւնը նորէն տապալած էր։ Այս պատճառով, երբ հոն նշանակուեցանք՝ շատ վախցայ։ Բայց Գաղաադը մեզ պատրաստած էր որ Եհովային վստահինք։ Ասոր համար ընդունեցինք նշանակումը։

Ուկանտայի մէջ վիճակները իրար անցած էին։ Հայնցը հետեւեալ կերպով նկարագրեց ասիկա. «Կառավարութիւնը չէր կրնար ապահովել՝ ջուր, ելեկտրականութիւն եւ ուրիշ պէտքեր։ Հեռաձայնի գիծերը կտրուած էին. . . Մարդիկ իրար կը սպաննէին ու կը գողնային, մանաւանդ գիշերները. . . Ասոր համար երբ ամէն կողմ մթննար, ամէն մարդ տունը կը մնար եւ կը յուսար, եւ նոյնիսկ կ’աղօթէր որ մէկը չգայ զինք գողնալու կամ սպաննելու»։ Չնայած բոլոր այդ դժուարութիւններուն, եղբայրները հոգեւորապէս զօրաւոր մնացին։

Ճաշ կը պատրաստենք Ուայսուա ընտանիքին տունը

1982–ին, Հայնցը եւ ես հասանք Գամբալա, Ուկանտայի մայրաքաղաքը։ Առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին մնացինք Սէմ ու Քրիսթինա Ուայսուա զոյգին եւ իրենց հինգ զաւակներուն ու չորս ազգականներուն հետ։ Թէեւ անոնք շատ անգամ օրական միայն մէկ անգամ կ’ուտէին, բայց միշտ իրենց ունեցածը մեզի հետ կը բաժնէին։ Անոնցմէ շատ մը գործնական դասեր սորվեցանք, որոնք մեզի օգնեցին մեր միսիոնարական կեանքին ընթացքին։ Օրինակ, սորվեցանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք միայն մի քանի լիդր ջուրով լոգանք առնել, ետքը այդ ջուրը գործածել՝ պէտքարանին համար։ 1983–ին, Հայնցը եւ ես փոխադրուեցանք տուն մը, Գամբալայի քիչ մը աւելի ապահով մէկ շրջանը։

Կը սիրէինք Գամբալային մէջ ծառայել։ Կը յիշեմ, որ ամիս մը աւելի քան 4000 պարբերաթերթ բաժնեցինք։ Բայց ամէնէն շատ մարդի՛կն է որ կը սիրէինք։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ յարգանք ունէին եւ կը սիրէին Սուրբ Գիրքին մասին խօսիլ։ Հայնցը եւ ես, իւրաքանչիւրս ընդհանրապէս 10–էն 15 դաս ունէինք։ Մենք շատ բաներ կը սորվէինք մեր դասերէն։ Օրինակ, անոնք բնա՛ւ չէին գանգատեր եւ միշտ կը ժպտային, հակառակ որ քալելով կ’երթային–կու գային ժողովներուն։

1985–ին եւ 1986–ին, երկու ուրիշ պատերազմներ ալ տեղի ունեցան Ուկանտայի մէջ։ Շատ անգամ կը տեսնէինք պզտիկներ, որոնք մեծ զէնքեր բռնած եւ զինուորական անցարգելներու վրայ կեցած կ’ըլլային։ Այդ տարիներուն, Եհովային կ’աղօթէինք որ ծառայութեան մէջ մեզի իմաստութիւն տայ, նաեւ հանդարտ սիրտ մը՝ որ չվախնանք։ Եհովան պատասխանեց մեր աղօթքներուն։ Շատ կը պատահէր, որ հազիւ թէ մէկը գտնէինք որ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած է, մեր բոլոր վախերը կը մոռնայինք։

Հայնցը եւ ես՝ Թէթիանային հետ (մէջտեղը)

Նաեւ ուրախ էինք օտարներուն քարոզելով։ Օրինակ, ծանօթացանք Մուրադ Իպադուլին անունով բժիշկի մը եւ իր կնոջ Տիլպարին, որ Թաթարիստանէն էին (Կեդրոնական Ռուսիա)։ Անոնց հետ սերտելու սկսանք։ Անոնք մկրտուեցան եւ մինչեւ այսօր հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայեն։ Ետքը, առիթը ունեցանք ծանօթանալու Ուքրանիայէն եղող Թէթիանա Վիլէյսքային, որ կը մտածէր անձնասպան ըլլար։ Ետքը, Թէթիանան մկրտուեցաւ, Ուքրանիա վերադարձաւ եւ հոն օգնեց մեր հրատարակութիւնները թարգմանելուa։

ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ

1991–ին, մինչ Հայնցը եւ ես Աւստրիա գացեր էինք արձակուրդի համար, այնտեղի մասնաճիւղը մեզի լուր տուաւ որ նոր նշանակում մը պիտի ստանանք՝ Պուլկարիա։ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարութիւնը վերջ գտնելէ ետք, Եհովայի վկաներու գործունէութիւնը Պուլկարիոյ մէջ օրինաւոր դարձաւ։ Ինչպէս որ նախապէս նշեցի, Հայնցը ու ես տարիներ առաջ գաղտնաբար հրատարակութիւններ մտցուցած էինք Պուլկարիա։ Բայց հիմա, հոն կը ղրկուէինք քարոզելու համար։

Մեզի ուղղութիւն տրուեցաւ որ Ուկանտա չվերադառնանք։ Ասիկա կը նշանակէր, թէ չէինք կրնար մեր միսիոնարական տունը վերադառնալ, որ մեր պայուսակները պատրաստենք եւ մեր ընկերներուն մնաք բարով ըսենք։ Գերմանիոյ Բեթէլը գացինք, ինքնաշարժ մը առինք եւ ճամբայ ելանք դէպի Պուլկարիա։ Նշանակուեցանք Սոֆիա, շուրջ 20 հրատարակիչներէ բաղկացած խումբի մը մէջ։

Պուլկարիոյ մէջ շատ նոր խնդիրներ դիմագրաւեցինք։ Առաջին, լեզուն չէինք գիտեր։ Երկրորդ, պուլկարերէն լեզուով միակ հրատարակութիւնները՝ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ եւ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքերն էին։ Երրորդ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը դժուար էր։ Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, մեր պզտիկ բայց նախանձախնդիր խումբը ժրաջանօրէն կը քարոզէր։ Բայց ե՞րբ է որ բուն խնդիրները սկսան։ Երբ ուղղափառ եկեղեցին սկսաւ մեզ հալածել։

1994–ին, կառավարութիւնը չընդունեց որ Եհովայի վկաները առաջուան պէս կրօնք նկատուին, եւ մեզ աղանդ սեպեց։ Ասոր համար, կարգ մը եղբայրներ ձերբակալուեցան։ Լուրերը շատ գէշ սուտեր տարածեցին մեր մասին, ըսելով թէ Եհովայի վկաները ոչ միայն կը սպաննեն իրենց զաւակները, այլեւ իրար կը համոզեն որ անձնասպան ըլլան։ Հայնցին ու ինծի համար դժուար եղաւ քարոզելը, քանի որ շատ անգամ կռուազան մարդիկ մեր վրայ կը պոռային, ոստիկանութիւնը կը կանչէին եւ նոյնիսկ ապրանքներ կը նետէին մեր վրայ։ Մենք չէինք կրնար հրատարակութիւններ մտցնել երկիր, ոչ ալ կրնայինք սրահներ վարձել ժողովներուն համար։ Անգամ մը նոյնիսկ ոստիկանութիւնը միջամտեց համաժողովներէն մէկը։ Հայնցը եւ ես չէինք վարժուած այսպիսի ատելութիւն տեսնելու, քանի որ Ուկանտան լման տարբեր էր հոսկէ։ Հոն մարդիկ ընկերային էին եւ ականջ կու տային մեզի։ Լաւ, ի՞նչը մեզի օգնեց որ մեր ուրախութիւնը չկորսնցնենք։

Եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ժամանակ անցընելը մեզի օգնեց։ Անոնք ուրախ էին որ ճշմարտութիւնը գտած էին եւ որ մենք իրենց քովն էինք։ Բոլորս իրար մօտ մնացինք եւ իրարու օգնեցինք։ Հայնցը եւ ես սորվեցանք, որ եթէ մարդոց օգնելու վրայ կեդրոնանանք, կրնանք ուրախ ըլլալ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր նշանակումը։

Մարիէն եւ Հայնց Վէրհօլթց։

Պուլկարիայի մասնաճիւղին մէջ, 2007–ին

Քանի մը տարի ետք, վիճակները բարելաւուեցան։ 1998–ին, կառավարութիւնը անգամ մը եւս ընդունեց որ մենք օրինաւոր կրօնք մը նկատուինք, եւ պուլկարերէն լեզուով շատ աւելի հրատարակութիւններ ունեցանք։ Իսկ 2004–ին, մասնաճիւղի նոր շէնքեր ունեցանք։ Ներկայիս, Պուլկարիոյ մէջ 57 ժողովք եւ 2953 հրատարակիչներ կան։ Անցեալ ծառայութեան տարին, 6475 հոգիներ ներկայ եղան Յիշատակատօնին։ Թէեւ ատեն մը Սոֆիայի մէջ միայն հինգ քոյրեր կային, բայց հիմա ունինք ինը ժողովքներ։ Մեր աչքերով տեսանք այն մարգարէութեան կատարումը, որ կ’ըսէ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր. . . պիտի ըլլայ» (Եսա. 60։22)։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՅ

Կեանքիս ընթացքին շատ մը առողջապահական խնդիրներ ունեցած եմ։ Մի քանի անգամ մարմնիս մէջ ուռ ելաւ. անգամ մը նոյնիսկ գլուխիս մէջ։ Շողարձակումի դարմանում ստացայ եւ Հնդկաստանի մէջ 12 ժամ տեւող գործողութիւն մը ունեցայ, որպէսզի ուռին մեծ մասը հանեն։ Գործողութենէն ետք, Հնդկաստանի Բեթէլը մնացինք, մինչեւ որ լաւանամ, եւ ետքը Պուլկարիա վերադարձանք։

Մինչ այդ, Հայնցը սկսաւ հազուագիւտ ջղային հիւանդութենէ մը տառապիլ (Huntington’s disease)։ Ան դժուարութիւն ունէր քալելու, խօսելու եւ իր շարժումները զսպելու։ Հիւանդութիւնը երթալով աւելի գէշ եղաւ եւ ան սկսաւ ա՛լ աւելի ինձմէ կախեալ ըլլալ։ Երբեմն շատ յոգնած կը զգայի եւ կը մտահոգուէի, թէ արդեօք պիտի կարենա՞մ շարունակել իրեն հոգ տանիլ։ Բայց Պապի անունով երիտասարդ եղբայր մը կանոնաւորաբար Հայնցը ծառայութեան կը տանէր, եւ ան չէր ամչնար թէ մարդիկ ի՛նչ պիտի մտածէին Հայնցին նկատմամբ։ Պապին միշտ պատրաստ էր Հայնցին օգնութեան հասնելու, երբ ես չկրնայի։ Թէեւ Հայնցը եւ ես որոշած էինք զաւակներ չբերել՝ Եհովային աւելի ծառայելու համար, բայց զգացինք որ Եհովան մեզի Պապին տուաւ որպէս զաւակ (Մար. 10։29, 30)։

Ցաւօք սրտի, սիրելի ամուսինս ալ քաղցկեղ ունեցաւ եւ 2015–ին մահացաւ։ Իր մահէն ետք, շատ կորսուած զգացի, քանի որ ինքը զիս կը հանգչեցնէր երբ չափէ դուրս մտահոգ ըլլայի։ Բայց իր յիշատակը միշտ իմ սրտիս մէջն է (Ղուկ. 20։38)։ Շատ անգամ օրուան ընթացքին միտքս կու գան իր ազնիւ եւ իմաստուն խրատները։ Որքա՜ն ուրախ եմ որ երկար տարիներ միասին հաւատարմօրէն ծառայեցինք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԻՐ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Եհովան ինծի օգնած է որ ամէն տեսակ դժուարութիւններու տոկամ։ Ան օգնած է որ մարդոց օգնելու վրայ կեդրոնանամ, թէեւ ամչկոտ եմ (Բ. Տիմ. 1։7)։ Եհովային շնորհիւ, պզտիկ քոյրս եւ ես հիմա լիաժամ ծառայութեան մէջն ենք։ Ան եւ իր ամուսինը ներկայիս կը ծառայեն Սերպիա, շրջանային գործին մէջ։ Երկար տարիներ առաջ հօրս ըրած աղօթքները պատասխանուեցան։

Երբ Սուրբ Գիրքը սերտեմ, խաղաղութիւն կը զգամ։ Սորվեցայ որ երբ նեղութիւն մը ունենամ, պէտք է Յիսուսին պէս «աւելի ջերմեռանդութեամբ» աղօթեմ (Ղուկ. 22։43)։ Շատ անգամ, Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէ՝ սիրալիր եւ ազնիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ, որոնք կը պատկանին Նըտեժտայի մէջ գտնուող ժողովքիս (Սոֆիա)։ Անոնք շատ անգամ զիս իրենց քով կը հրաւիրեն եւ կ’արտայայտեն թէ որքա՜ն կը սիրեն զիս, եւ ասիկա շատ ուրախութիւն կու տայ ինծի։

Միշտ կը խոկամ յարութեան մասին։ Կ’երեւակայեմ որ ընտանիքս բոլորը միասին են։ Ծնողքս երիտասարդ դարձած են եւ մեր տան առջեւ կեցած են։ Քոյրս ճաշ կը պատրաստէ։ Հայնցը իր ձիուն քով կայնած է։ Ասոնք երեւակայելը ինծի կ’օգնէ, որ ուրախ զգամ, դիմանամ եւ Եհովային շնորհակալ ըլլամ։

Երբ մտածեմ այն բոլոր լաւ բաներուն մասին, որոնք Եհովան ինծի տուած է եւ տակաւին պիտի տայ, Դաւիթին պէս կը զգամ, որ Սաղմոս 27։13, 14–ին (ՆԱ) մէջ ըսաւ. «Ես ո՞ւր պիտի ըլլայի, եթէ չհաւատայի, որ Եհովային բարութիւնը պիտի վայելեմ, քանի դեռ ողջ եմ։ Յոյսդ Եհովային վրայ դիր, քաջ եղիր եւ սիրտդ թող զօրանայ: Այո՛, յոյսդ Եհովային վրայ դիր»։

a Տե՛ս Թէթիանա Վիլէյսքային կենսագրութիւնը՝ Զարթի՛ր–ի 22 դեկտեմբեր 2000 թիւին մէջ, էջ 20-24 (արաբ.)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել