Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Օգոստոս էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Արմագեդոնը ուրախ լուր մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • «Մեծ նեղութեան» ընթացքին հաւատարիմ մնացի՛ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Օգոստոս էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Բարի լուրը քարոզելը ե՞րբ պիտի վերջանայ։

Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14)։ Այս համարին մէջ, նաեւ 6–րդ եւ 13–րդ համարներուն մէջ, «վերջ» թարգմանուած յունարէն բառը թելոս է։ Այս բառը կ’ակնարկէ Սատանայի աշխարհին վերջին, որ տեղի պիտի ունենայ Արմագեդոնին (Յայտ. 16։14, 16)։ Այսինքն՝ մենք պիտի շարունակենք բարի լուրը քարոզել մինչեւ այդ վերջէն ճիշդ առաջ։ Ասիկա մեր առաջուան հասկացողութիւնը կը փոխէ։

Նախապէս, մեր հասկացողութիւնը այն էր, թէ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի՝ Մեծ Բաբելոնի կործանումով, մենք պիտի կենանք բարի լուրը քարոզելէ (Յայտ. 17։3, 5, 15, 16)։ Կը հաւատայինք, որ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, Եհովային «ընդունելի տարին», որ այլաբանական է, վերջ պիտի գտնէ (Եսա. 61։2)։ Նաեւ կը կարծէինք, որ անոնք որոնք մեծ նեղութենէն պիտի ազատին, պէտք է որ ատկէ առա՛ջ ցոյց տուած ըլլան թէ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայած են։ Այսպիսիները կը նմանցնէինք այն հրեաներուն, որոնք Երուսաղէմի կործանումէն ազատեցան՝ Ք.Ա. 607–ին։ Ասոնց վրայ նախապէս նշան դրուած էր թէ պիտի ազատէին այդ կործանումէն, քանի որ Եհովան կը պաշտէին եւ չարութիւնը կ’ատէին (Եզեկ. 5։11. 9։4)։ Բայց ասիկա Մատթէոս 24։14–ին մէջ գրուած Յիսուսին խօսքին հետ համաձայն չէ, քանի որ այս համարին մէջ կ’ըսուի թէ մարդիկ թերեւս առիթը ունենան բարի լուրին հնազանդելու ճիշդ առա՛ջ որ վերջը գայ, այսինքն՝ Արմագեդոնը։

Մատթէոս 24։14–ին նկատմամբ մեր փոխուած հասկացողութեան պատճառաւ, պէտք է նաեւ փոխենք մեր հասկացողութիւնը Յայտնութիւն 16։21–ի նկատմամբ, ուր կը խօսի խոշոր կարկուտի նմանող պատգամին մասին։ Յաւելեալ պրպտուք ընելով, մէջտեղ ելաւ որ այս երկու համարները իրար չեն հակասեր, հապա՝ իրար կ’ամբողջացնեն։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք թէ մարդիկ բարի լուրին ինչպէ՛ս կ’ընդառաջեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ մեր պատգամը փրկուելու ճամբուն վրայ եղողներուն համար «անոյշ հոտ» է, այսինքն՝ բարի լուր, իսկ Աստուծոյ թշնամիներուն համար՝ «մահուան հոտ», այսինքն՝ գէշ լուր (Բ. Կոր. 2։15, 16, ԱԾ)։ Աստուծոյ թշնամիները բարի լուրը կ’ատեն, քանի որ ատիկա ցոյց կու տայ թէ իրենց սիրած աշխարհը չար է, Սատանային իշխանութեան տակ է, եւ շուտով պիտի կործանի (Յովհ. 7։7. Ա. Յովհ. 2։17. 5։19)։

Նկատի առ նաեւ թէ Յայտնութիւն 16։21–ի մէջ նշուած կարկուտը «խոշոր» պիտի ըլլայ։ Ասիկա կրնայ նշանակել, թէ մեծ նեղութեան ընթացքին քարոզչութիւնը կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի մարդոց հասնիլ։ Աւելի մարդիկ պիտի ճանչնան Եհովային անունը (Եզեկ. 39։7)։ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, կարելի՞ է որ ոմանք մեր քարոզած պատգամը մտիկ ընեն՝ կարծես թէ ատիկա իրենց համար «անոյշ հոտ» մը ըլլար։ Այո՛։ Թերեւս անոնք յիշեն կամ գիտնան, որ Եհովայի վկաները տարիներով քարոզած էին թէ սուտ կրօնքը պիտի կործանի։

Ասիկա կը նմանի այն դէպքին որ պատահեցաւ Եգիպտոսի մէջ՝ Տասը պատուհասներէն ետք։ Երբ Եհովան «Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան [կատարեց]», իսրայէլացի չեղող «խառն բազմութիւն» մըն ալ Եգիպտոսէն ելաւ իսրայէլացիներուն հետ (Ել. 12։12, 37, 38)։ Հաւանաբար այդ օտարները սկսան Եհովային հաւատալ, երբ տեսան թէ ի՛նչ որ Մովսէս ըսաւ Տասը պատուհասներուն մասին՝ իրապէս ալ եղաւ։

Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, ոեւէ մէկը որ Եհովային կը հաւատայ, առիթը պիտի ունենայ որ թիկունք կանգնի Քրիստոսի այն եղբայրներուն՝ որոնք տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան, եւ այսպիսով ան իբրեւ ոչխար պիտի դատուի (Մատ. 25։34-36, 40)։ Անշուշտ, այս առիթը վերջ պիտի գտնէ Արմագեդոնէն քիչ մը առաջ, երբ երկրի վրայ մնացած օծեալները երկինք ելլեն։

Այս փոխուած հասկացողութիւնը կը շեշտէ Եհովային մեծ սէրն ու ողորմութիւնը, եւ ցոյց կու տայ թէ ան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել