Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Հոկտեմբեր էջ 6-11
  • Եհովան մեր ‘ուրախութիւնն ու ցնծութիւնն’ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան մեր ‘ուրախութիւնն ու ցնծութիւնն’ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ
  • ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԳՈՂՆԱՅ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ուրախութեամբ ծառայել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Հոկտեմբեր էջ 6-11

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

Եհովան մեր ‘ուրախութիւնն ու ցնծութիւնն’ է

«Պիտի երթամ, իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ» (ՍԱՂ. 43։4)։

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ բաներ կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։

1-2. ա) Այսօր շատեր ինչպէ՞ս կը զգան։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

ԱՅՍՕՐ մարդոց խելքը–միտքը ուրախութիւն գտնել է։ Բայց անոնք ի՛նչ ալ ընեն, մնայուն ուրախութիւն չեն գտներ։ Շատեր յուսահատ եւ տխուր են։ Եհովային ծառաներն ալ ատեններ ասանկ զգացումներ կ’ունենան։ Մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, եւ ասոր համար կ’ակնկալենք որ դժուար պարագաներ ունենանք, որոնք կրնան շատ նեղացնել մեզ (Բ. Տիմ. 3։1)։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ի՛նչ բաներ կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ, եւ ինչպէ՛ս կրնանք վերագտնել մեր ուրախութիւնը։ Բայց նախ նկատի պիտի առնենք, թէ մեր ուրախութիւնը ճիշդ որմէ՛ կու գայ։

Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ

3. Ստեղծագործութիւնը Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

3 Եհովան մի՛շտ ուրախ է եւ կ’ուզէ որ մե՛նք ալ ուրախ ըլլանք։ Ասոր համար, ան շատ բաներ ստեղծած է որպէսզի մեզ ուրախացնէ. օրինակ՝ մեր գեղեցիկ մոլորակը, տեսակաւոր գոյները, կենդանիներուն խնդալիք շարժումները եւ համով–համով ուտելիքները։ Աստուած իսկապէս մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ուրախ կեանք ապրինք։

Շարք մը նկարներ. տարբեր կենդանիներու խնդալիք շարժումները։ 1. Պզտիկ փիղ մը ջուրին մէջ կը խաղայ։ 2. Պզտիկ «փէնկուէններ» ձիւնին վրայ օրօրուելով կը քալեն։ 3. Ուլերը ցատկռտելով կը խաղան դաշտի մը մէջ։ 4. Դլփինները ջուրէն դուրս կը ցատկեն։

Baby elephant: Image © Romi Gamit/Shutterstock; penguin chicks: Vladimir Seliverstov/​500px via Getty Images; baby goats: Rita Kochmarjova/stock.adobe.com; two dolphins: georgeclerk/E+ via Getty Images

Կենդանիներուն խնդալիք շարժումները կը ցուցնեն, որ Եհովան ուրախ Աստուած մըն է (տե՛ս պարբերութիւն 3)


4. ա) Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ մնալ թէեւ կը տեսնէ մարդոց չարչարանքը։ բ) Եհովան մեզի ի՞նչ նուէր կու տայ (Սաղմոս 16։11)։

4 Թէեւ Եհովան «երանելի Աստուած»ն է, այսինքն՝ ուրախ Աստուած, բայց շատ լաւ գիտէ թէ մարդիկ այս աշխարհին մէջ նեղութիւններ կը քաշեն (Ա. Տիմ. 1։11)։ Բայց ան չի ձգեր որ այս բաները ազդեն իր ուրախութեան։ Ան գիտէ որ բոլոր չարչարանքները ժամանակաւոր են, եւ նոյնիսկ թուական մը որոշած է, երբ բոլոր չարչարանքները մէջտեղէն պիտի հանէ։ Մինչեւ որ այդ օրը գայ, ան շատ կը հետաքրքրուի մեր զգացումներով եւ կ’ուզէ մեզի օգնել։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկը ա՛յն է, որ իբր նուէր՝ ուրախութիւն կու տայ մեզի (կարդա՛ Սաղմոս 16։11)։ Նկատի առնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրախութիւն տուաւ Յիսուսին։

5-6. Յիսուս ինչո՞ւ ուրախ է։

5 Եհովային բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջէն, ամէնէն ուրախը Յիսուսն է։ Ինչո՞ւ։ Երկու պատճառներ նկատի առնենք. 1) Յիսուս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է» եւ կատարեալ կերպով կ’ընդօրինակէ իր Հօրը անձնաւորութիւնը (Կող. 1։15)։ 2) Յիսուս իր ժամանակին մեծամասնութիւնը անցուցած է իր Հօրը հետ, որ ուրախութեան աղբիւրն է։

6 Յիսուս ուրախ է, քանի որ միշտ հաւատարմօրէն կ’ընէ այն բաները, որ Եհովան իրմէ կ’ուզէ (Առ. 8։30, 31. Յովհ. 8։29)։ Ասոր համար է, որ Եհովան շատ ուրախ ու հպարտ է Յիսուսով (Մատ. 3։17)։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ուրախութիւն գտնել։

7 Մենք ալ կրնանք իսկական ուրախութիւն վայելել, եթէ շարունակենք մօտենալ Եհովային՝ ուրախութեան աղբիւրին։ Որքա՛ն աւելի Եհովային մասին սորվինք եւ զինք ընդօրինակենք, այնքա՛ն աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։ Նաեւ ուրախ պիտի ըլլանք, երբ Աստուծոյ կամքը ընենք եւ գիտնանք որ ան մեզմով ուրախ է (Սաղ. 33։12)a։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ատեններ ժամանակաւորապէս կամ նոյնիսկ երկար ժամանակ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Աստուած մեզմէ գոհ չէ։ Ո՛չ, մենք անկատար ենք եւ երբեմն ցաւ կը քաշենք, տխուր կը զգանք եւ կ’ընկճուինք։ Եւ Եհովան ասիկա կը հասկնայ (Սաղ. 103։14)։ Հիմա, եկէք նկատի առնենք թէ ի՛նչ բաներ կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ եւ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի ուրախութիւն կու տայ

Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Մենք միայն Եհովայի՛ն օգնութեամբ է որ կրնանք իրապէս ուրախ ըլլալ, քանի որ ուրախութիւնը՝ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ մասն է (Գաղ. 5։22)։ Եհովային սուրբ հոգիին օգնութեամբ, մենք կրնանք ‘համբերութեամբ ու երկայնմտութեամբ’ դիմանալ մեր խնդիրներուն (Կող. 1։11)։

Եհովային պաշտամունքին վրայ կեդրոնացիր։ Կանոնաւորաբար սերտէ Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները։ Ամէն առիթ օգտագործէ, որ «ուրախութեան աւետիս»ը տաս ուրիշներուն (Ղուկ. 2։10)։ Անոնք որոնք Եհովային պաշտամունքը առաջին տեղը կը դնեն՝ ամէնէն ուրախ ժողովուրդն են (Սաղ. 65։4)։

Եհովային մի՛շտ հնազանդէ։ Միտքդ պահէ որ Եհովային օրէնքները քու լաւութեանդ համար են։ Երբ որ Եհովային հնազանդինք՝ մեր ազատութենէն չենք զրկուիր, ընդհակառակը՝ ա՛լ աւելի ուրախ կ’ըլլանք (Ղուկ. 11։28)։

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԳՈՂՆԱՅ

8. Կեանքի խնդիրները ինչպէ՞ս կրնան մեզի ազդել։

8 Գող թիւ 1. Կեանքի խնդիրները։ Արդեօք հալածանքի, բնական աղէտի, աղքատութեան, հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառաւ կը չարչարուի՞ս։ Այս խնդիրները կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ, մանաւանդ եթէ մեր ձեռքէն բան մը չի գար, որ մեր պարագաները փոխենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի» (Առ. 15։13)։ Պապիս անունով երէց մը, չորս տարուան մէջ կորսնցուց իր եղբայրը, մայրը ու հայրը։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի որ առանձին եմ եւ մէկը չի կրնար ինծի օգնել։ Ատեններ նաեւ շատ դժուարիս կու գար, որ չկրցայ ծնողքիս ու եղբօրս հետ աւելի ժամանակ անցընել իրենց մահէն առաջ, քանի որ զբաղած էի»։ Պապիսին պէս, կեանքի խնդիրները կրնան մեզ ալ ուժասպառ ընել եւ յուսահատեցնել։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել (Երեմիա 29։4-7, 10)։

9 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։ Մեր ուրախութիւնը կրնանք վերագտնել՝ շնորհակալ ըլլալով մեր ունեցածներուն համար եւ ընդունելով որ կարգ մը բաներ չենք կրնար փոխել։ Աշխարհը կը տարածէ այն գաղափարը, թէ ուրախ ըլլալու համար պէտք է մեր կեանքին մէջ ամէն բան շատ լաւ ըլլայ։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ։ Օրինակ, Եհովան Բաբելոն աքսորուած հրեաներուն ըսաւ որ իրենց նոր կեանքը ընդունին, եւ լաւագոյնին ընեն ուրախ ըլլալու համար իրենց նոր միջավայրին մէջ (կարդա՛ Երեմիա 29։4-7, 10)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Փորձէ ընդունիլ ներկայ պարագաներդ եւ շնորհակալ եղիր ունեցած լաւ բաներուդ համար։ Յիշէ թէ Եհովան բնա՛ւ քեզ երեսէ պիտի չձգէ (Սաղ. 63։7. 146։5)։ Էֆին, որ արկածի մը պատճառաւ անդամալոյծ եղաւ, կ’ըսէ. «Եհովան, ընտանիքս եւ ժողովքս շատ օգնեցին ինծի։ Ասոր համար, զգացի որ եթէ յանձնուիմ եւ ուրախութիւնս կորսնցնեմ, ցոյց կու տամ որ չեմ գնահատեր իրենց օգնութիւնը։ Ես կ’ուզեմ ցուցնել, թէ շնորհակալ եմ Եհովային ու եղբայրներուն իրենց տուած մեծ օգնութեան համար»։

10. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ երբ խնդիրներ կ’ունենանք։

10 Նոյնիսկ երբ մեր կեանքը մեր ուզածին պէս չ’ըլլայ կամ երբ գէշ բաներ պատահին մեզի կամ մեր ընտանիքին, տակաւին կրնա՛նք ուրախ ըլլալ (Սաղ. 126։5)b։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր ուրախութիւնը մեր պարագաներէն կախեալ չէ։ Մարիա անունով ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Երբ խնդիրներ ունենաս, ուրախ մնալը չի նշանակեր որ զգացումներդ մէկ կողմ կը դնես։ Հապա, կը նշանակէ թէ Եհովային խոստումները չես մոռցած։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր ուրախութիւնը պահենք»։ Յիշէ թէ մեր պարագաները որքա՛ն ալ գէշ ըլլան, մեր բոլոր խնդիրները ժամանակաւոր են։ Անոնք կը նմանին ծովեզերքի աւազին վրայ եղող ոտքի հետքերուն։ Անոնց պէս, մեր խնդիրներն ալ շուտով պիտի անհետանան եւ ո՛չ մէկ հետք պիտի ձգեն։

11. Պօղոսին օրինակը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ քեզ։

11 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ սկսինք մտածել որ մենք խնդիրներ կ’ունենանք քանի՛ որ Եհովան մեզմով ուրախ չէ։ Կրնանք մտածել Եհովային այն հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք շատ դժուար պարագաներէ անցան։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալին օրինակը։ Յիսուսն էր որ զինք ընտրեց բարի լուրը քարոզելու «հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն» (Գործք 9։15)։ Եւ ասիկա շատ մեծ առանձնաշնորհում մըն էր։ Բայց Պօղոս շատ մը դժուարութիւններ ունեցաւ իր կեանքին մէջ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Լաւ, արդեօք իր անվերջ դժուարութիւնները կը փաստէի՞ն, որ Եհովան այլեւս իրմէ ուրախ չէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Պօղոս կրցա՛ւ իր դժուարութիւններուն դիմանալ, եւ ասիկա կը ցուցնէ որ Եհովան զինք կ’օրհնէր ու կ’օգնէր (Հռով. 5։3-5)։ Հիմա մտածէ քու պարագաներուդ մասին։ Դո՛ւն ալ հաւատարմօրէն գլուխ կ’ելլես դժուարութիւններուդ հետ։ Ուրեմն, դո՛ւն ալ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզմով ուրախ է։

12. Յուսախաբութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ։

12 Գող թիւ 2. Յուսախաբութիւններ (Առ. 13։12)։ Մենք հոգեւոր նպատակներ կը դնենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ իրեն շնորհակալ ենք։ Բայց երբ մեր կարողութենէն վեր եղող նպատակակէտ մը դնենք, կրնանք յուսախաբ ըլլալ (Առ. 17։22)։ Հալի անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Ես կ’ուզէի Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթալ, օտար երկրի մը մէջ ծառայել կամ Ռամաբոյի շինարարութեան մասնակցիլ։ Բայց իմ պարագաներս փոխուեցան եւ այլեւս չէի կրնար իմ նպատակներուս հասնիլ։ Յուսախաբ եղայ։ Շատ կը նեղանաս երբ կ’ուզես բան մը ընել, բայց ձեռքդ–ոտքդ կապուած կը զգաս»։ Շատեր այսպէս կը զգան։

13. Ինչ ալ ըլլան մեր պարագաները, ի՞նչ կարգ մը բաներ կրնանք ընել։

13 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։ Յիշէ որ Եհովան մեր կարողութենէն աւելի չի պահանջեր մեզմէ, եւ մենք իր աչքին արժէք ունինք, նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն չափ չենք կրնար ծառայել իրեն։ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն հաւատարիմ մնանք եւ խոնարհութեամբ ընդունինք որ ի՛նչ կրնանք ընել եւ ի՛նչ չենք կրնար ընել (Միք. 6։8. Ա. Կոր. 4։2)։ Իրեն համար աւելի կարեւոր է մեր ինչպիսի՛ անձեր ըլլալը, քան՝ մեր ըրածները։ Լաւ, ճի՞շդ կ’ըլլայ որ մենք մեզմէ ակնկալենք բան մը որ Եհովան չ’ակնկալեր մեզմէc։ Անշուշտ ո՛չ։ Ուրեմն, եթէ քու պայմաններդ չեն ներեր որ կարգ մը բաներ ընես Եհովային ծառայութեան մէջ, կեդրոնացիր այն բաներուն վրայ որ կրնա՛ս ընել։ Օրինակ, կրնա՞ս մարզել տարիքով աւելի պզտիկ եղողները, կամ կրնա՞ս քաջալերել տարիքով մեծերը։ Կրնա՞ս մէկու մը այցելել, կամ հեռաձայնել կամ նոյնիսկ մէսըճ մը ղրկել որ զինք քաջալերես։ Երբ որ այսպիսի իմաստալից նպատակներ դնես, որոնց կրնաս հասնիլ, Եհովան քեզի ուրախութիւն պիտի տայ։ Եւ միտքդ պահէ որ շատ մօտ ատենէն նոր աշխարհին մէջ շատ առիթներ պիտի ունենանք որ մեր չերեւակայած կերպերով Եհովային ծառայենք։ Այս կէտը կը քաջալերէ նախապէս յիշուած Հալին, որ կ’ըսէ. «Կը կենամ եւ ես ինծի կ’ըսեմ. ‘Ապագային յաւիտեան պիտի ապրիմ եւ ուզածիս չափ ժամանակ պիտի ունենամ’։ Եհովային օգնութեամբ՝ կրնամ նպատակներէս ոմանց հասնիլ նոր աշխարհին մէջ»։

14. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեր ուրախութիւնը գողնալ։

14 Գող թիւ 3. Կեանքը վերջին ծայր վայելել։ Թերեւս ինթըրնէթին վրայ տեսնենք մարդիկ, որոնք շատ ուրախ կ’երեւին քանի որ կեանքը կը վայելեն։ Թերեւս սկսինք հաւատալ, որ եթէ մեր բոլոր նախասիրած բաները ընենք եւ միշտ գնում ընենք ու ճամբորդենք՝ ուրախ պիտի ըլլանք։ Ասոնք սխալ բաներ չեն, քանի որ Եհովան մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ հաճոյք առնենք այսպիսի բաներէ։ Բայց շատեր տեսած են, թէ ի՛նչ որ կը կարծէին թէ զիրենք պիտի ուրախացնէ՝ իրականութեան մէջ իրենց ուրախութիւնը գողցած է։ Էվա անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ որ խելքդ–միտքդ վայելք ըլլայ, աչքդ պիտի չկշտանայ»։ Երբ որ կեդրոնանանք վայելքի եւ հաճոյքի վրայ, տխուր ու յուսախաբ պիտի ըլլանք։

15. Սողոմոն թագաւորէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Սողոմոն թագաւորը շատ բաներ փորձեց, տեսնելու համար թէ ատոնք զինք պիտի ուրախացնեն կամ ոչ։ Օրինակ, ան տեսակաւոր ճաշեր կերաւ, գեղեցիկ երաժշտութիւններ մտիկ ըրաւ եւ շատ մը սուղ բաներ գնեց։ Բայց ատոնք զինք չուրախացուցին։ Ան ըսաւ. «Աչքը տեսնելով չի կշտանար ու ականջը լսելով չի լեցուիր» (Ժող. 1։8. 2։1-11)։ Մարդիկ կը կարծեն որ եթէ դրամ ունին եւ իրենց ամէն ուզածը կ’ընեն, ուրախ կ’ըլլան։ Բայց ուրախ ըլլալու նկատմամբ անոնց տեսակէտը կը նմանի կեղծ դրամի։ Թէեւ կ’երեւի որ ատիկա արժէք ունի, բայց իրականութեան մէջ կեղծ դրամով բան մը չես կրնար գնել։

16. Ուրիշներուն համար լաւ բաներ ընելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ մեր ուրախութիւնը վերագտնենք (տե՛ս նաեւ նկարները)։

16 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Ալեքոս անունով երէց մը կ’ըսէ. «Կը ջանամ ուրիշներուն համար պզտիկ բաներ ընել։ Որքա՛ն աւելի բաներ ընեմ ուրիշներուն համար, այնքա՛ն աւելի չեմ կեդրոնանար իմ անձիս վրայ եւ ուրախ կը զգամ»։ Լաւ, դուն ի՞նչ կրնաս ընել ուրիշներուն համար։ Եթէ տեսնես որ մէկը դժուարութիւն ունի, փորձէ զինք քաջալերել։ Թերեւս չկրնաս իր խնդիրները լուծել, բայց կրնաս զինք մխիթարել՝ իրեն մտիկ ընելով, իրեն հետ զգալով եւ իրեն յիշեցնելով որ իր հոգերը Եհովային վրայ ձգէ (Սաղ. 55։22. 68։19)։ Նաեւ կրնաս զինք վստահեցնել, որ Եհովան զինք երեսի վրայ չէ ձգած (Սաղ. 37։28. Եսա. 59։1)։ Նոյնիսկ կրնաս գործնական կերպով օգնել իրեն, օրինակ՝ իրեն համար ճաշ պատրաստելով կամ իր հետը քալելու ելլելով։ Իր հետը ծառայութեան ել, ինչ որ իր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ։ Եհովային առիթ տուր որ քեզ գործածէ։ Մեր անձին տեղ՝ ուրիշներուն վրայ կեդրոնանալը մեզ իրապէս պիտի ուրախացնէ (Առ. 11։25)։

Շարք մը նկարներ. 1. Քոյր մը սրճարանի մը մէջ առանձին նստած բանի մը կը նայի իր հեռաձայնին վրայ։ Իր քովը մի քանի գնումի տոպրակներ կան։ 2. Քոյրը ուրախութեամբ կ’այցելէ տարեց քրոջ մը եւ փունջ մը ծաղիկ կու տայ անոր։

Փոխանակ քու ուզածներուդ վրայ կեդրոնանալու՝ կեդրոնացիր ուրիշներուն պէտքերուն վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 16)d


17. Մեր ուրախութիւնը ինչպէ՞ս կապուած է Եհովային հետ (Սաղմոս 43։4)։

17 Կրնանք իրապէս ուրախ ըլլալ, եթէ շարունակենք մօտենալ մեր երկնաւոր Հօր։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան մեր ‘ուրախութիւնն ու ցնծութիւնն’ է (կարդա՛ Սաղմոս 43։4)։ Ի՛նչ ալ ըլլան մեր դժուարութիւնները, պէտք չունինք չափէ դուրս մտահոգուելու ու վախնալու։ Ուրեմն, կեդրոնանանք Եհովային վրայ, քանի որ ան մեր ուրախութեան Աղբիւրն է (Սաղ. 144։15)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովան եւ Յիսուսը ինչո՞ւ ուրախ են։

  • Ի՞նչ բաներ կրնան մեր ուրախութիւնը գողնալ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը վերագտնել։

ԵՐԳ 155 Մեր յաւիտենական ուրախութիւնը

a Տե՛ս «Եհովան ինչպէ՞ս մեզի ուրախութիւն կու տայ» տուփը։

b Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտէ Տէնիս եւ Իրինա Քրիսթենսըն զոյգին հետ հարցազրոյցը՝ Կառավարիչ մարմինի կողմէ 2023–ի տեղեկագրութիւն (թիւ 5) վիտէոյին մէջ (արաբ.)։

c Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունեցիր եւ ուրախ եղիր» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 յուլիս 2008 թիւին մէջ (արաբ.)։

d ՆԿԱՐ. Քոյր մը գնումի գացած է, որպէսզի ինքն իրեն համար շատ բաներ գնէ, բայց ա՛լ աւելի ուրախ է, երբ փունջ մը ծաղիկ կը գնէ եւ կու տայ քրոջ մը, որ քաջալերութեան պէտք ունի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել