Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ժողովող 1
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ժողովող 1։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 23

Ժողովող 1։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 103-104

Ժողովող 1։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/1998, էջ 6

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 99-100

Ժողովող 1։8

Ստորանիշներ

  • *

    1։8 Կամ, բաները կը յոգնին

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 23

Ժողովող 1։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/1997, էջ 20

Ժողովող 1։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/1997, էջ 24

Ժողովող 1։14

Ստորանիշներ

  • *

    1։14 Կամ, հովի համար աշխատութիւն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    4/1/2008, էջ 29

    5/1/1997, էջ 28

Ժողովող 1։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 24

    5/1/1997, էջ 20

Ժողովող 1։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/1997, էջ 20

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ժողովող 1։1-18

ԺՈՂՈՎՈՂԻ

ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է

1 Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.

 2 Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,

Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։

 3 Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ

Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։

 4 Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ,

Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։

 5 Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ

Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։

 6 Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ

Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։

Հովը ասդին անդին պտըտելով

Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։

 7 Բոլոր գետերը ծով կ’երթան,

Բայց ծովը չի լեցուիր։

Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային,

Նորէն հո՛ն կ’երթան։

 8 Բոլոր խօսքերը կը հատնին*։

Մարդս խօսելու կարող չէ։

Աչքը տեսնելով չի կշտանար

Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։

 9 Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ

Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։

Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։

10 Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը,

Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է».

Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ

Անիկա արդէն եղած էր։

11 Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ

Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ,

Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

12 Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ

Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։

13 Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները

Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։

Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ,

Որպէս զի անով զբաղին։

14 Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ

Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք* են։

15 Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ

Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։

16 Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի.

«Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ

Երուսաղէմի մէջ ինձմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի

Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։

17 Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու,

Խենթութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։

Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։

18 Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ

Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել