Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յովհաննէս 21
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Յովհաննէս 21։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ընդօրինակենք, էջ 202-203

Յովհաննէս 21։11

Ստորանիշներ

  • *

    21։11 Յուն., ելաւ

Յովհաննէս 21։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 130

Յովհաննէս 21։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2017, էջ 13

    5/2017, էջ 22-23, 26

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8

    Ընդօրինակենք, էջ 204

    Դիտարան,

    7/1/2008, էջ 12

    4/1/2008, էջ 11

    5/1/2007, էջ 13

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 130

Յովհաննէս 21։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ընդօրինակենք, էջ 204

    Դիտարան,

    7/1/2008, էջ 12

    5/1/2007, էջ 13

Յովհաննէս 21։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8

    Դիտարան,

    7/15/2013, էջ 16

    7/1/2008, էջ 12

    5/1/2007, էջ 13

    Ընդօրինակենք, էջ 204

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 130

Յովհաննէս 21։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 130

Յովհաննէս 21։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2015, էջ 15

Յովհաննէս 21։21

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8

Յովհաննէս 21։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 7-8, 13-15

    Դիտարան,

    2/1/2005, էջ 7

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Յովհաննէս 21։1-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԵՕԹԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

21 Ասկէ յետոյ Յիսուս նորէն ինքզինք իր աշակերտներուն յայտնեց Տիբերիայի ծովուն եզերքը։ Այսպէս յայտնեց։ 2 Մէկտեղ էին Սիմոն Պետրոս ու Թովմաս՝ Երկուորեակ կոչուածը, եւ Նաթանայէլ՝ որ Գալիլիայի Կանա քաղաքէն էր, ու Զեբեդէոսի որդիները եւ աշակերտներէն ուրիշ երկուք ալ։ 3 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Ըսին անոր. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ»։ Ելան եւ շուտ մը նաւը մտան։ Այն գիշերը բան մը չբռնեցին։ 4 Առտուն, Յիսուս ծովուն եզերքը կայներ էր, բայց աշակերտները չճանչցան թէ Յիսուսն է։ 5 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Պատասխան տուին իրեն. «Ո՛չ»։ 6 Եւ ըսաւ անոնց. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։ 7 Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է»։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասն զի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։ 8 Միւս աշակերտները նաւակով եկան, վասն զի ցամաքէն հեռու չէին, միայն երկու հարիւր կանգունի չափ, եւ ուռկանը ձուկերովը քաշեցին։ 9 Երբ ցամաքը ելան, հոն վառուած կրակ տեսան, վրան ձուկ դրուած եւ հաց։ 10 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ 11 Սիմոն Պետրոս նաւը մտաւ* եւ ուռկանը ցամաք քաշեց, հարիւր յիսուներեք խոշոր ձուկերով լեցուն. թէեւ այնչափ շատ բան կար, բայց ուռկանը չպատռուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. 12 «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես». վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։ 13 Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։ 14 Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ

15 Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ 16 Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ 17 Ըսաւ անոր երրորդ անգամ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ իրեն ըսաւ թէ «Զիս կը սիրե՞ս» եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր Յիսուս. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս։ 18 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ 19 Այս բանը ըսաւ՝ ցուցնելով թէ անիկա ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէ Աստուած։ Ու երբ ասիկա ըսաւ, ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՄԻՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏԸ

20 Այն ատեն Պետրոս ետեւ դարձաւ ու տեսաւ այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր, որ ետեւէն կ’երթար, որ նաեւ ընթրիքին ատենը անոր կուրծքին վրայ ինկեր եւ ըսեր էր. «Տէ՛ր, ո՞վ է որ քեզ պիտի մատնէ»։ 21 Պետրոս զանիկա տեսնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն իմ ետեւէս եկուր»։ 23 Այս խօսքը ելաւ եղբայրներուն մէջ թէ այն աշակերտը պիտի չմեռնի. սակայն Յիսուս չըսաւ անոր թէ ‘Պիտի չմեռնի’, հապա՝ ‘Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է’։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

24 Ասիկա այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները ու գիտենք թէ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ 25 Եւ ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը։ Ամէն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել