Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Հոկտեմբեր էջ 1-15
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 5-11
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 12-18
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 19-25
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 26–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Հոկտեմբեր էջ 1-15

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 5-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 31-32

«Կռապաշտութենէ փախէք»

(Ելից 32։1) Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։

դ09 5/1 17 ¶11

Շտապէ դէպի հասունութիւն, քանի որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»

11 Սուրբ Գրութիւններէն մեր սորվածը կիրարկելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, յատկապէս երբ պարագաները դժուար են։ Օրինակ, եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուելէն քիչ ետք, իսրայէլացիները ‘Մովսէսի հետ վիճեցան’ ու շարունակեցին ‘Տէրը փորձել’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ խմելու ջուր չկար (Ել. 17։1-4)։ Աստուածային ուխտի ներքեւ ըլլալէ եւ «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք» ըսելէ ետք, երկու ամիս չանցած՝ անոնք կռապաշտութեան անձնատուր եղան (Ել. 24։3, 12-18. 32։1, 2, 7-9)։ Արդեօք ասիկա ըրին, քանի որ Քորեբ լերան վրայ Մովսէսի երկարատեւ բացակայութիւնը զիրենք վախկո՞տ դարձուց։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք խորհեցան, թէ ամաղեկացիները դարձեալ պիտի յարձակին եւ իրենք անօգնական են առանց Մովսէսի, որուն բարձրացած ձեռքերը նախապէս յաղթանակ բերաւ իրենց (Ել. 17։8-16)։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, իսրայէլացիները «չուզեցին հնազանդիլ» (Գործք 7։39-41)։ Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց, որ «ջանան» խուսափիլ ‘իյնալէ՝ նոյն անհնազանդութեան օրինակին պէս’, զոր իսրայէլացիները ցուցաբերեցին, երբ Խոստացեալ երկիրը մտնելէ վախցան (Եբ. 4։3, 11, ԱԾ)։

(Ելից 32։4-6) Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու տիպով մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։ 5 Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ 6 Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։

դ12 10/1 26 ¶12

Աստուծոյ հնազանդելով՝ իր երդուեալ խոստումներէն օգտուէ

12 Օրէնքի ուխտին մէջ իր խոստացածը կատարելու համար, Եհովան անմիջապէս գործի անցաւ։ Ան ընտրեց քահանաներ, որոնք պաշտամունքի մասնաւոր վրանի մը մէջ պիտի ծառայէին։ Քահանայութիւնը պիտի օգնէր անկատար մարդոց, որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենային։ Բայց թէեւ իսրայէլացիները Աստուծոյ նուիրուած էին, անոնք շուտով անհնազանդ գտնուեցան։ Այսպէս, իրենց խոստացածը չկատարելով՝ «Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին» (Սաղ. 78։41)։ Օրինակ, երբ Մովսէս Սինա լերան վրայ Եհովայէն յաւելեալ ցուցմունքներ կը ստանար, իսրայէլացիները անհամբեր դարձան եւ իրենց հաւատքը պակսեցաւ։ Անոնք խորհեցան որ Մովսէս զիրենք լքած էր։ Ուստի, ոսկիէ հորթ մը շինեցին ու ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին» (Ել. 32։1, 4)։ Ապա, անոնք այդ արձանին առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ զոհեր մատուցանեցին, ըսելով որ Եհովան կը պաշտեն։ Ասիկա տեսնելով՝ Եհովա Մովսէսին ըսաւ. «Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի» (Ել. 32։5, 6, 8)։ Յաջորդ տարիներուն իսրայէլացիները ուխտեցին շա՜տ բաներ ընել, բայց իրենց խոստացածը կրկին անգամ չկատարեցին (Թուոց 30։2)։

(Ելից 32։9, 10) Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, 10 ուստի հիմա թող տուր զիս, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։

դ18.07 20 ¶14

Եհովային կո՞ղմն ես

14 Ժողովուրդը գիտէր որ կռապաշտութիւնը սխալ էր (Ել. 20։3-5)։ Բայց անոնք շուտով սկսան ոսկի հորթ մը պաշտել։ Թէեւ Եհովայի պատուէրին անհնազանդ գտնուած էին, բայց տակաւին կը կարծէին որ Եհովային կողմն էին։ Ահարոն նոյնիսկ այդ հորթի պաշտամունքը կոչեց ‘Տէրոջը տօն’։ Իսկ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան դաւաճանուած զգաց եւ Մովսէսին ըսաւ, որ ժողովուրդը «ապականեցաւ» եւ ‘խոտորեցաւ այն ճամբայէն, որ իրեն պատուիրեց’։ Եհովան այնքան բարկացաւ որ նոյնիսկ մտածեց ամբողջ իսրայէլ ազգը կորսնցնել (Ել. 32։5-10)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 31։17) Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ։

դ19.12 3 ¶4

Գործի եւ հանգիստի «ատենը կայ»

4 Նկատի առնելով Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակները որպէս ծանր աշխատողներ, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ անհրաժեշտ չէ որ հանգստանանք։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ երկինքն ու երկիրը ստեղծելէ ետք, Եհովան «դադարեցաւ ու հանգստացաւ» (Ել. 31։17)։ Քանի որ Եհովան բնա՛ւ չի յոգնիր եւ հետեւաբար հանգստանալու պէտք չունի, այս խօսքերը ըստ երեւոյթին կը նշանակեն որ ան ստեղծելէ կանգ առաւ եւ իր ստեղծած բաներէն հաճոյք առաւ։ Իսկ Յիսուս թէեւ երկրի վրայ եղած ատեն ծանր աշխատեցաւ, բայց ժամանակ տրամադրեց հանգստանալու եւ իր բարեկամներուն հետ ճաշելու (Մատ. 14։13. Ղուկ. 7։34)։

(Ելից 32։32, 33) «Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ 33 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ»։

դ88 2/1 31

Հարցումներ Ընթերցողներէն

Երբ անհատ մը հաճութեան եւ յիշատակութեան արժանանայ (իր անունը գրուելով «կենաց գրքին մէջ»), չի նշանակեր որ իր յաւիտենական կեանքը երաշխաւորուած է, որպէս թէ նախասահմանուած կամ անփոփոխելի բան մը ըլլար ան։ Իսրայէլացիներուն նկատմամբ, Մովսէս հարցուց Եհովայի. «Հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ Աստուած պատասխանեց. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ»։ (Ելից 32։32, 33) Այո, նոյնիսկ երբ Աստուած մէկու մը անունը հաճութեամբ գրած ըլլայ իր ‘գրքին’ մէջ, անհատը կրնայ անհնազանդ ըլլալ կամ իր հաւատքը լքել։ Եթէ ասիկա պատահի, Աստուած ‘անոր անունը կենաց գրքէն պիտի աւրէ’։—Յայտնութիւն 3։5

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w10 5/15 21

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եթէ Եհովան կռապաշտութիւնը կ’արգիլէ, լաւ ան ինչո՞ւ Ահարոնը չպատժեց ոսկիէ հորթը ընելուն պատճառով։

Ելից գիրքին 32–րդ գլուխին մէջ, երբ Ահարոն ոսկիէ հորթը ըրաւ, կռապաշտութեան նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը կտրած եղաւ (Ել. 20։3-5)։ Ասոր համար, «Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն [Մովսէս] Ահարոնին համար ալ աղօթք [ըրաւ]» (Բ. Օր. 9։19, 20)։ Արդար Մովսէսին ըրած աղօթքը «շատ ազդեցութիւն» ունեցա՞ւ (Յակ. 5։16)։ Այո՛։ Այնպէս կ’երեւի որ Մովսէսին աղօթքին պատճառով եւ ուրիշ երկու պատճառներով Եհովան Ահարոնը չպատժեց։

Պատճառներէն մէկը այն է, որ Ահարոն նախապէս հաւատարիմ գտնուած էր։ Երբ Եհովան Մովսէսին նշանակում տուաւ, որ Փարաւոնին առջեւ ելլէ եւ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանէ, Եհովան Ահարոնն ալ նշանակեց որ Մովսէսին հետ երթայ եւ զինք ներկայացնէ փարաւոնին առջեւ (Ել. 4։10-16)։ Քանի՜ անգամներ երկուքը հնազանդօրէն Եգիպտոսի թագաւորին առջեւ ելան եւ տոկացին անոր խստասրտութեան։ Ուրեմն Ահարոն հաւատարմութեամբ կը ծառայէր Եհովային (Ել. 4։21)։

Նաեւ նկատէ թէ ի՛նչ բան ձգեց, որ Ահարոն ոսկիէ հորթը շինէ։ 40 օր եղած էր որ Մովսէս Սինա լերան վրայ էր։ «Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու», Ահարոնը համոզեցին որ կուռք մը շինէ իրենց համար։ Ահարոն ոսկիէ հորթ մը շինեց (Ել. 32։1-6)։ Բայց ատկէ ետք Ահարոնին ըրածները ցոյց կու տան, որ ան իր կամքին հակառակ ըրաւ այս մէկը։ Յստակ է որ ան ժողովուրդին ճնշումին տեղի տուաւ։ Ասկէ զատ, երբ Մովսէս այդ կռապաշտ արարքին վերջ դրաւ, Ղեւիի բոլոր որդիները՝ մէջը ըլլալով Ահարոն, Եհովային կողմը հաստատ դիրք բռնեցին։ Երեք հազար անհատներ, որոնց վրայ կ’իյնար այդ կռապաշտութեան գլխաւոր պատասխանատուութիւնը, սպաննուեցան (Ել. 32։25-29)։

Ետքը Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք» (Ել. 32։30)։ Ուրեմն Ահարոն միակ յանցաւորը չէր։ Բայց թէ՛ ինքը եւ թէ ժողովուրդը Եհովային ողորմութիւնը ստացան։

Այս դէպքէն ետք Եհովան պատուիրեց, որ Ահարոն որպէս քահանայապետ օծուի։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ» (Ել. 40։12, 13)։ Յստակ է որ Եհովան ներեց Ահարոնին տկարութիւնը, քանի որ Ահարոն մէջէն հաւատարիմ էր Եհովային. ան կռապաշտ չէր։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 135

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

ՂՈՒԿԱՍ 24։13-49 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։19-29

• ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԷՄՄԱՒՈՒՍ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

• ԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

• ԹՈՎՄԱՍ ԱՅԼԵՒՍ ՉԻ ԿԱՍԿԱԾԻՐ

Կիրակի, նիսան 16–ին, աշակերտներուն հոգեկանը գետինն է։ Անոնք չեն ըմբռներ, որ Յիսուսին գերեզմանը ինչո՛ւ պարապ է (Մատթէոս 28։9, 10. Ղուկաս 24։11)։ Նոյն օրը, Կղէովպաս եւ ուրիշ աշակերտ մը Էմմաւուս կ’ուղղուին, որ Երուսաղէմէն մօտ 11 քմ. հեռու է։

Ճամբան, անոնք իրարու հետ կը քննարկեն այդ օրուան դէպքերը։ Ետքը օտար մը անոնց կը միանայ։ Ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք»։ Կղէովպաս կը պատասխանէ. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ Օտարն ալ կը հարցնէ. «Ի՞նչ» (Ղուկաս 24։17-19)։

Անոնք կը պատասխանեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար»։ Եւ կ’աւելցնեն. «Մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր» (Ղուկաս 24։19-21)։

Կղէովպաս եւ իր ընկերակիցը կը սկսին օտարին պատմել այդ օրուան դէպքերը։ Անոնք կ’ըսեն թէ կարգ մը կիներ, որոնք Յիսուսին գերեզմանը գացին, ատիկա պարապ գտան եւ տեսան հրեշտակներ՝ որոնք իրենց ըսին որ Յիսուս ողջ է։ Կղէովպասն ու իր ընկերակիցը նաեւ օտարին կ’ըսեն, որ ուրիշներ ալ գերեզմանը գացին եւ ատիկա «այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին» (Ղուկաս 24։24)։

Յստակ է որ երկու աշակերտները պատահած դէպքերուն պատճառով շփոթած են։ Օտարը հեղինակութեամբ անոնց սխալ մտածելակերպը կը ճշդէ. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր» (Ղուկաս 24։25, 26)։ Ետքը ան անոնց կը բացատրէ Սուրբ Գրութիւններէն հատուածներ, որոնք Քրիստոսին մասին են։

Վերջապէս երեքը կը մօտենան Էմմաւուս գիւղին։ Երկու աշակերտները կ’ուզեն աւելին մտիկ ընել, անոր համար օտարին կ’ըսեն. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ան կը համաձայնի, եւ միասին կը ճաշեն։ Երբ օտարը կ’աղօթէ եւ հացը կտրելով իրենց կու տայ, անոնք կ’անդրադառնան որ Յիսուսն է, բայց ան կ’անհետանայ (Ղուկաս 24։29-31)։ Հիմա անոնք հաստատ գիտեն ու վստահ են որ Յիսուս ողջ է։

Երկու աշակերտները խանդավառուած իրարու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկաս 24։32)։ Անոնք շա՛տ արագ Երուսաղէմ կը վերադառնան, ուր առաքեալները ուրիշներու հետ մէկտեղ հաւաքուած կը գտնեն։ Բայց իրենց հետ պատահածը պատմելէ առաջ, անոնք կը լսեն ուրիշներ կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ» (Ղուկաս 24։34)։ Ետքը, երկուքը կը պատմեն թէ Յիսուս ինչպէ՛ս երեւցաւ իրենց։

Այդ պահուն, անակնկալ բան մը կը պատահի. Յիսուս կ’երեւի սենեակին մէջ։ Աշակերտները իրենց աչքերուն չեն հաւատար, քանի որ հրեաներէն վախնալով դռները կղպած են։ Բայց ահա Յիսուս իրենց մէջտեղ կայնած է։ Ան հանդարտօրէն անոնց կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Սարսափի մէջ ըլլալով, ինչպէս ասկէ առաջ, անոնք հիմա ալ «կը կարծ[են] թէ ոգի մը կը տեսնեն» (Ղուկաս 24։36, 37. Մատթէոս 14։25-27)։

Յիսուս անոնց իր ձեռքերը եւ ոտքերը ցոյց կու տայ, որ հասկնան թէ ինք երեւակայութիւն չէ, եւ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չ’ունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ» (Ղուկաս 24։36-39)։ Անոնք չափէ դուրս ուրախ են, բայց տակաւին իրենց աչքերուն չեն հաւատար։

Անոնց օգնելու որ համոզուին թէ ինք իրական է, Յիսուս կը հարցնէ. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ Ան կտոր մը խորոված ձուկ կ’առնէ եւ կ’ուտէ։ Ետքը կ’ըսէ. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի [իմ մահէս առաջ], թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’» (Ղուկաս 24։41-44)։

Յիսուս Կղէովպասին եւ անոր ընկերակիցին օգնած է որ Սուրբ Գրութիւնները հասկնան։ Իսկ հիմա ան միւսներուն հետ նոյնը կ’ընէ՝ ըսելով. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ Ու դուք էք այս բաներուն վկաները» (Ղուկաս 24։46-48)։

Թովմաս առաքեալ պատճառով մը ներկայ չէ։ Յաջորդ օրերուն ընթացքին, միւսները իրեն ուրախութեամբ կ’ըսեն. «Տէրը տեսանք»։ Բայց ան կ’ըսէ. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար» (Յովհաննէս 20։25)։

Ութ օր ետք, աշակերտները նորէն մէկտեղ հաւաքուած են եւ դռները կղպած են, բայց այս անգամ Թովմաս անոնց հետ է։ Յիսուս անոնց մէջտեղ կ’երեւի նիւթականացած մարմնով եւ կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Թովմասին դառնալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ Թովմաս կը բացագանչէ. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհաննէս 20։26-28)։ Հիմա, Թովմաս այլեւս կասկած չունի որ Յիսուս ողջ է որպէս հզօր հոգեղէն արարած, որ Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչ է։

Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան» (Յովհաննէս 20։29)։

◇ Էմմաւուս տանող ճամբուն վրայ, օտար մը ի՞նչ կը հարցնէ երկու աշակերտներու։

◇ Երկու աշակերտներուն սիրտը ինչո՞ւ կը բորբոքի։

◇ Երբ Կղէովպասն ու իր ընկերակիցը Երուսաղէմ կը վերադառնան, ի՞նչ ուրախ լուր մը կը լսեն եւ ետքը ի՞նչ կը պատահի։

◇ Թովմաս վերջապէս ինչպէ՞ս կը համոզուի որ Յիսուս ողջ է։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 12-18

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 33-34

«Եհովային սիրալիր յատկութիւնները»

(Ելից 34։5) Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։

it-2 466-467

Անուն

Ստեղծագործութիւնը կը փաստէ, որ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց ատիկա Աստուծոյ անունը չի յայտներ (Սաղ. 19։1. Հռով. 1։20)։ Աստուծոյ անունը ճանչնալ պարզապէս ըսել չէ այդ անունը գիտնալ (Բ. Մն. 6։33)։ Ատիկա կը նշանակէ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը ճանչնալ, այսինքն՝ իր նպատակները, գործառնութիւնները եւ յատկութիւնները, որոնց մասին գրուած է իր Խօսքին մէջ (համեմատէ՛ Գ. Թագ. 8։41-43. 9։3, 7. Նէ. 9։10)։ Ասիկա կը յստականայ այն դէպքով, որ պատահեցաւ Մովսէսին հետ,– անձ մը՝ որ Եհովային կողմէ ‘անունով ճանչցուած էր’, այսինքն՝ մօտէն (Ել. 33։12)։ Մովսէս առանձնաշնորհումը ունեցաւ, որ Եհովային փառքը տեսնէ եւ անոր անուան կանչուիլը լսէ (Ել. 34։5)։ Ան պարզապէս Աստուծոյ անունը չլսեց, հապա անոր յատկութիւններուն ու գործառնութիւններուն յայտարարուիլը լսեց։ «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով» (Ել. 34։6, 7)։ Նմանապէս, Մովսէս իր երգին մէջ ըսաւ՝ «Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ», եւ այս մէկը ըրաւ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը նկարագրելով եւ իսրայէլացիներուն հետ անոր գործառնութիւնները պատմելով իր երգին մէջ (Բ. Օր. 32։3-44)։

(Ելից 34։6) Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։

w09 5/1 18 ¶3-5

Եհովան ինքզինք նկարագրեց

Առաջին բանը, որ Եհովան ինքն իր մասին կը յայտնէ, այս է. «Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար» (6–րդ համարը)։ Ըստ ուսումնականի մը, «ողորմած» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը յայտնէ որ Աստուած ունի այնպիսի «կարեկցութիւն մը, որ հայր մը կ’ունենայ իր զաւակներուն հանդէպ»։ «Բարերար» թարգմանուած բառը կապ ունի բայի մը հետ, որ ցոյց կու տայ «անհատի մը ընդառաջումը, որ պէտք ունեցող մէկու մը տայ բան մը որ ինք ունի»։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ գիտնանք, թէ ան իր ծառաներուն հոգ կը տանի ճիշդ ինչպէս որ ծնողները հոգ կը տանին իրենց զաւակներուն, այսինքն՝ սիրով, կարեկցութեամբ եւ խոր հոգատարութեամբ (Սաղմոս 103։8, 13)։

Ետքը, Եհովան կ’ըսէ որ ինք «երկայնամիտ» է (6–րդ համարը)։ Եհովան չի բարկանար իր ծառաներուն վրայ, հապա անոնց կը համբերէ, մինչ ժամանակ կու տայ անոնց, որ իրենց մեղաւոր ընթացքը փոխեն (Բ. Պետրոս 3։9)։

Աստուած նաեւ կ’ըսէ որ ինք «առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (6–րդ համարը)։ «Ողորմութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը ունի «հաւատարիմ սէր» իմաստը։ Եհովան այս յատկութեան միջոցաւ այնպիսի կապ մը կը ստեղծէ իր եւ իր ծառաներուն միջեւ, որ շատ զօրաւոր եւ հաստատ է (Բ. Օրինաց 7։9)։ Եհովան նաեւ ճշմարտութեան աղբիւր է։ Ան չի կրնար խաբել, ոչ ալ ինք կը խաբուի։ Որովհետեւ Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է, կրնանք լման հաւատալ իր բոլոր ըսածներուն, մէջը ըլլալով այն ինչ որ ապագային համար խոստացած է (Սաղմոս 31։5)։

(Ելից 34։7) Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով։

w09 5/1 18 ¶6

Եհովան ինքզինք նկարագրեց

Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշ կարեւոր բան մը ալ գիտնանք իրեն մասին. թէ ինք «անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» է (7–րդ համարը)։ Ան պատրաստ է ներելու զղջացող մեղաւորներուն (Սաղմոս 86։5)։ Միեւնոյն ատեն, Եհովան բնա՛ւ աչք չի խփեր չարութեան։ Ան կը բացատրէ, որ «յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր» (7–րդ համարը)։ Եհովան սուրբ ու արդար է եւ դիտումնաւոր կերպով մեղք գործողները կը պատժէ։ Անոնք ուշ կամ կանուխ իրենց մեղաւոր ընթացքին հետեւանքները պիտի քաշեն։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 33։11) Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։

(Ելից 33։20) Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։

դ04 4/1 31 ¶5

Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր

33։11, 20—Աստուած Մովսէսի հետ ի՞նչպէս «դէմ առ դէմ» խօսեցաւ։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ երկկողմանի մտերիմ խօսակցութիւն։ Մովսէս Աստուծոյ ներկայացուցիչին հետ խօսեցաւ եւ անոր միջոցով բերանացի ստացաւ հրահանգներ Եհովայէ։ Բայց Մովսէս Եհովան չտեսաւ, քանի որ ‘մարդ չի կրնար Աստուած տեսնել ու ապրիլ’, ո՛չ ալ Եհովա Մովսէսի հետ անձնապէս խօսեցաւ։ Գաղատացիս 3։19–ն կ’ըսէ թէ Օրէնքը ‘հրեշտակներու կողմէ տրուեցաւ միջնորդի մը ձեռքով’։

(Ելից 34։23, 24) Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։ 24 Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։

դ98 9/1 30 ¶5

Առաջին բաները՝ առաջին տեղը դնելու հոգ տարէք

Պատուէր տրուած էր որ տարին երեք անգամ Իսրայելացի ու նորահաւատ ամէն տղամարդ Եհովայի առջեւ ներկայանար։ Գիտակցելով որ այս առիթներէն ամբողջ ընտանիքը կրնար հոգեւորապէս օգտուիլ, ընտանիքի գլուխներէն շատեր կը կարգադրէին որ իրենց կինն ու երախաներն ալ իրենց միանան։ Բայց մինչ ընտանիքը բացակայ էր, ո՞վ թշնամիներուն ձեռքէն պիտի պաշտպանէր իրենց տուներն ու արտերը։ Եհովա խոստացաւ. «Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ»։ (Ելից 34։24) Իսրայելացիներէն հաւատք կը պահանջուէր որ հասկնային թէ հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դնելով, նիւթապէս պիտի չվնասէին։ Եհովա իր խօսքին տէրը եղա՞ւ։ Վստա՛հաբար։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 136

ԳԱԼԻԼԻԱՅԻ ԾՈՎՈՒՆ ԱՓԻՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 21։1-25

• ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԳԱԼԻԼԻԱՅԻ ԾՈՎՈՒՆ ԱՓԻՆ

• ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՊԷՏՔ Է ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԿԵՐԱԿՐԵՆ

Առաքեալներուն հետ իր վերջին գիշերը, Յիսուս անոնց ըսած էր. «Յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ» (Մատթէոս 26։32. 28։7, 10)։ Հիմա, իր հետեւորդներէն շատեր կ’երթան Գալիլիա, բայց հոն ի՞նչ պէտք է ընեն։

Օր մը, Պետրոս վեց առաքեալներու կ’ըսէ. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Վեցն ալ կ’ըսեն. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ» (Յովհաննէս 21։3)։ Ամբողջ գիշերը, անոնք բան մը չեն որսար։ Արշալոյսին, Յիսուս ծովեզերքը կ’երեւի։ Բայց անոնք չեն գիտնար թէ հոն կայնողը Յիսուսն է։ Յիսուս կը հարցնէ. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ո՛չ»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք» (Յովհաննէս 21։5, 6)։ Անոնք ա՛յնքան ձուկ կ’որսան, որ չեն կրնար ուռկանը ջուրէն դուրս քաշել։

Յովհաննէս կ’ըսէ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է» (Յովհաննէս 21։7)։ Պետրոս շատ արագ կը հագնի իր վերարկուն, որ ձուկ որսալու ժամանակ վրայէն հանած էր։ Ետքը ծովը կը նետուի եւ մօտ 90 մեթր լողալով ծովափ կը հասնի։ Միւս առաքեալները նաւով կամաց–կամաց կու գան, ձուկերով լեցուն ուռկանը քաշելով։

Երբ ծովափ կը հասնին, կը տեսնեն «վառուած կրակ», որուն վրայ ձուկ դրուած է, եւ հաց։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ Պետրոս ցամաք կը քաշէ ուռկանը, որուն մէջ 153 խոշոր ձուկ կայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չի համարձակիր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես», քանի որ գիտեն որ Յիսուսն է (Յովհաննէս 21։9-12)։ Ասիկա երրորդ անգամն է, որ Յիսուս կը յայտնուի իր աշակերտներուն որպէս խումբ։ 

Յիսուս ամէն մէկուն հաց եւ ձուկ կու տայ, որ ուտեն։ Ետքը, հաւանաբար բռնուած ձուկերուն նայելով, Յիսուս կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Արդեօք Պետրոս աւելի՞ կապուած է ձկնորսութեան, քան՝ այն աշխատանքին, որ Յիսուս կ’ուզէ որ ընէ։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս» (Յովհաննէս 21։15)։

Յիսուս նորէն կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Թերեւս Պետրոս կը շփոթի, որ Յիսուս ինչո՛ւ նոյն հարցումը նորէն կը հարցնէ, բայց ան անկեղծօրէն կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհաննէս 21։16)։

Երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուս կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Թերեւս Պետրոս կը կարծէ որ Յիսուս կասկած ունի իր հաւատարմութեան նկատմամբ, անոր համար ան վճռականօրէն կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս նորէն կը շեշտէ, որ Պետրոս ի՛նչ պէտք է ընէ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհաննէս 21։17)։ Այո, անոնք՝ որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն, պէտք է ծառայեն Աստուծոյ հօտին։

Յիսուս ձերբակալուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ, քանի որ Աստուծոյ յանձնարարած գործը կատարեց։ Իսկ հիմա ան Պետրոսին կը յայտնէ, որ նոյն վախճանը պիտի ունենայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ Հակառակ ասոր, Յիսուս զինք կը քաջալերէ. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս» (Յովհաննէս 21։18, 19)։

Պետրոս Յովհաննէս առաքեալին կողմը նայելով՝ Յիսուսին կը հարցնէ. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Իրապէս, ի՞նչ ապագայ կը սպասէ այն առաքեալին, որ Յիսուս կը սիրէ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է» (Յովհաննէս 21։21-23)։ Պետրոս պէտք է շարունակէ Յիսուսին հետեւիլ առանց մտահոգուելու որ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս հոս ի մտի ունի, որ Յովհաննէսը միւս առաքեալներէն աւելի երկար պիտի ապրի եւ անոր պիտի տրուի տեսիլք մը՝ թագաւորական իշխանութեամբ Յիսուսի գալուն մասին։

Անշուշտ, դեռ շատ բաներ կան, որ Յիսուս ըրաւ, որոնք չեն բաւեր որ բազմաթիւ գրքերու մէջ գրուին։

◇ Ի՞նչը ցոյց կու տայ որ առաքեալները չեն գիտեր ճիշդ ինչ ընել Գալիլիայի մէջ։

◇ Առաքեալները ինչպէ՞ս Յիսուսը կը ճանչնան Գալիլիայի ծովուն եզերքը։

◇ Յիսուս կը շեշտէ որ առաջնորդութիւն առնողները ի՞նչ պէտք է ընեն։

◇ Յիսուս կ’ըսէ որ Պետրոսին ի՞նչ պիտի պատահի։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 19-25

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 35-36

«Եհովան քեզի կ’օգնէ որ իր գործը կատարես»

(Ելից 35։25, 26) Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։ 26 Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։

դ14 12/15 4 ¶4

Եհովան յօժարակամ ոգին առատապէս կ’օրհնէ

Եհովային սիրտը մեծապէս ուրախացուց ոչ թէ բերուած ընծան, հապա անոնց յօժարակամ ոգին, որոնք այսպէս մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնեցան։ Անոնք նաեւ մղուեցան իրենց ժամանակն ու աշխատանքը տրամադրելու։ «Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին», կ’ըսէ արձանագրութիւնը։ Արդարեւ, «բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին»։ Ասկէ զատ, Եհովան Բեսելիէլը օժտեց «իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով»։ Իրականութեան մէջ, ան Բեսելիէլին եւ Ոողիաբին շնորհեց հարկ եղած հմտութիւնները, որպէսզի ամբողջ յանձնարարուած գործը կատարեն (Ել. 35։25, 26, 30-35)։

(Ելից 35։30-35) Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։ 31 Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, 32 որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի 33 եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։ 34 Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբին ալ։ 35 Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն։

դ11 12/1 23 ¶6

Վաղեմի հաւատարիմները Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցան

6 Մովսէսի ժամանակակիցին՝ Բեսելիէլին փորձառութիւնը, Աստուծոյ հոգիին ներգործելու կերպին մասին շատ բան կը յայտնէ (կարդա՛ Ելից 35։30-35)։ Բեսելիէլ նշանակուեցաւ՝ որպէսզի խորանին անհրաժեշտ կահկարասին շինելու մէջ առաջնորդութիւն առնէ։ Արդեօք ան այս հսկայ ծրագրէն առաջ՝ արուեստագէ՞տ էր։ Թերեւս. սակայն, շատ հաւանաբար անոր վերջին աշխատանքը՝ եգիպտացիներուն աղիւսներ շինել էր (Ել. 1։13, 14)։ Ուստի, Բեսելիէլ իր խրթին պարտականութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարէր։ Եհովա իր «Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով. . . ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ»։ Ի՛նչ բնական կարողութիւն ալ որ Բեսելիէլ ունէր՝ սուրբ հոգիով բարելաւուեցաւ։ Նոյնն է պարագան Ոողիաբին։ Բեսելիէլն ու Ոողիաբը լաւ սորված ըլլալու էին, քանի որ ոչ միայն իրենց պարտականութիւնները կատարեցին, այլ նաեւ՝ ուրիշներուն սորվեցուցին ի՛նչ ընել։ Արդարեւ, Աստուա՛ծ անոնց սրտին մէջ դրաւ որ սորվեցնեն։

(Ելից 36։1, 2) «Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին»։ 2 Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։

դ11 12/1 23 ¶7

Վաղեմի հաւատարիմները Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցան

7 Բեսելիէլի ու Ոողիաբի գործին հիանալի տոկունութիւնը ուրիշ ապացոյց մըն է, որ անոնք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուած էին։ Անոնց շինածները մօտ 500 տարի ետք տակաւի՛ն կը գործածուէին (Բ. Մն. 1։2-6)։ Արդի գործարանատէրերուն հակառակը, Բեսելիէլն ու Ոողիաբը իրենց գործին վրայ իրենց ստորագրութիւնը կամ վաճառանիշը դնելով հետաքրքրուած չէին։ Անոնք ուզեցին որ ամբողջ վարկը Եհովային երթայ (Ել. 36։1, 2)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 35։1-3) Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։ 2 Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։ 3 Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։

դ05 6/1 11 ¶14

Եհովայի ճամբաները ճանչնանք

14 Հոգեւոր բաներու առաջնահերթութիւն տուր։ Իսրայէլ ազգը թոյլ պէտք չէր տար որ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանիլը հոգեւոր գործունէութիւնները խճողէր։ Իսրայելացիներուն կեանքը միմիայն աշխարհիկ հետապնդումներու նուիրուած պէտք չէր ըլլար։ Եհովա ամէն շաբաթ ժամանակ մը որոշեց ու զայն սրբազան նկատեց, որ բացարձակապէս պիտի գործածուէր ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին վերաբերեալ գործունէութիւններուն համար։ (Ելից 35։1-3. Թուոց 15։32-36) Ամէն տարի, յաւելեալ ժամանակ պէտք էր յատկացուէր սրբազան համաժողովներու համար։ (Ղեւտացւոց 23։4-44) Ասոնք Եհովայի հզօր արարքները պատմելու, իր ճամբաները յիշելու եւ իր բարութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու համար պատեհութիւններ պիտի հայթայթէին։ Ժողովուրդը այսպէս Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը արտայայտելով, իրենց աստուածավախութիւնն ու սէրը պիտի աճէին եւ իր ճամբաներուն մէջ պիտի շարունակէին քալել։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Այս հրահանգներուն մէջ պարփակուած սկզբունքները, Եհովայի այժմու ծառաներուն կ’օգտեն։—Եբրայեցիս 10։24, 25

(Ելից 35։21) Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։

դ00 11/1 29 ¶1

Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ

Ուստի, երեւակայեցէք թէ Իսրայելացիները ի՛նչպէս զգացին։ Սերունդնե՜ր ամբողջ դառն գերութենէ եւ զրկանքէ տառապած էին։ Այժմ, ազատ էին եւ ճոխ նիւթական ստացուածքներ ունէին։ Անոնք ի՞նչ պիտի զգային եթէ այդ ստացուածքներէն մաս մը տային։ Թերեւս խորհէին թէ ասոնք իրենք շահած էին եւ իրաւասութիւն ունէին զանոնք պահելու։ Այսուհանդերձ, երբ ճշմարիտ պաշտամունքին նիւթապէս թիկունք կանգնելու հրաւէր ստացան, անոնք ընդառաջեցին, սակայն ո՛չ դժկամելով եւ ոչ ալ ժլատութեամբ։ Անոնք չմոռցան որ Եհովա՛ն կարելի դարձուցած էր որ այդ նիւթական բաները ունենան։ Ուստի, անոնք իրենց արծաթէն ու ոսկիէն եւ ստացուածքէն առատօրէն տուին։ Անոնք ‘սրտով յօժար’ էին։ Անոնց ‘սրտերը փափաքեցան’։ Անոնց ‘հոգին կամեցաւ’։ Իրապէս ասիկա ‘յօժարակամ ընծայ էր Տէրոջը’։—Ելից 25։1-9. 35։4-9, 20-29. 36։3-7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 137

ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐՆԵՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ՊԷՆՏԷԿՈՍՏԷԷՆ ԱՌԱՋ

ՄԱՏԹԷՈՍ 28։16-20 ՂՈՒԿԱՍ 24։50-52 ԳՈՐԾՔ 1։1-12. 2։1-4

• ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

• ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿԻՆՔ ԿԸ ՀԱՄԲԱՌՆԱՅ

• ՅԻՍՈՒՍ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ԹԱՓԷ ՄՕՏ 120 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Իր յարութենէն ետք, Յիսուս կարգադրութիւն կ’ընէ որ իր 11 առաքեալներուն հետ տեսնուի Գալիլիայի մէջ՝ լերան մը վրայ։ Հոն, ուրիշ աշակերտներ ալ կու գան, մօտ 500 հոգի, որոնցմէ ոմանք կասկածներ ունին որ Յիսուս յարութիւն առած է (Մատթէոս 28։17. Ա. Կորնթացիս 15։6)։ Բայց ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ, անոնցմէ ամէն մէկուն կ’օգնէ համոզուելու, որ ինք ողջ է։

Յիսուս կը բացատրէ որ Աստուած իրեն ամէն իշխանութիւն տուաւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ։ Անոր համար իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։18-20)։ Յիսուս ոչ միայն ողջ է, հապա նաեւ կը շարունակէ կարգադրութիւններ ընել որ բարի լուրը քարոզուի։

Յիսուսի բոլոր հետեւորդները,– տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ,– աշակերտելու նոյն յանձնարարութիւնը կը ստանան։ Հակառակորդները թերեւս փորձեն անոնց քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին արգելք դառնալ, բայց Յիսուս զանոնք կը վստահեցնէ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ իր հետեւորդներուն համար։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Յիսուս չ’ըսեր որ բոլոր անոնք՝ որոնք բարի լուրը պիտի քարոզեն, հրաշալի գործեր պիտի ընեն։ Բայց եւ այնպէս, անոնք սուրբ հոգիին օգնութիւնը պիտի ունենան։

Յիսուս իր յարութենէն ետք, «քառասուն օրուան մէջ» իր աշակերտներուն կ’երեւի։ Ան տարբեր մարմիններ կը հագնի ու ‘ինքզինք կենդանի կը ցուցնէ՝ շատ ապացոյցներով’ եւ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ «Աստուծոյ թագաւորութեան» մասին (Գործք 1։3. Ա. Կորնթացիս 15։7)։

Այնպէս կ’երեւի որ մինչ առաքեալները դեռ Գալիլիա են, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ Երուսաղէմ վերադառնան։ Երբ անոնց կը հանդիպի քաղաքին մէջ, անոնց կ’ըսէ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որուն մասին իրմէ լսեցին։ Ան կ’աւելցնէ. «Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (Գործք 1։4, 5)։

Ետքը Յիսուս նորէն կը տեսնուի իր առաքեալներուն հետ եւ ‘զանոնք մինչեւ Բեթանիա կը հանէ’, որ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի (Ղուկաս 24։50)։ Հակառակ Յիսուսին ըսած բոլոր խօսքերուն իր մեկնելուն նկատմամբ, անոնք տակաւին կը հաւատան, որ ձեւով մը իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի ըլլայ (Ղուկաս 22։16, 18, 30. Յովհաննէս 14։2, 3)։

Առաքեալները Յիսուսին կը հարցնեն. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ»։ Ետքը, նորէն շեշտելով այն գործը, որ պէտք է ընեն, ան կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։

Մինչ առաքեալները Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսին հետ են, ան կը սկսի համբառնալ։ Շուտով ամպ մը Յիսուսը կը ծածկէ։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս տարբեր նիւթականացած մարմիններ հագած էր։ Իսկ հիմա, այդ օր իր հագած մարմինէն կը ձերբազատուի եւ երկինք կը վերադառնայ որպէս հոգեղէն արարած (Ա. Կորնթացիս 15։44, 50. Ա. Պետրոս 3։18)։ Մինչ հաւատարիմ առաքեալները կը շարունակեն Յիսուսին նայիլ, ‘ճերմակ հանդերձներով երկու մարդիկ’ անոնց քով կ’երեւին։ Անոնք հրեշտակներ են, եւ առաքեալներուն կ’ըսեն. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը» (Գործք 1։10, 11)։

Միայն Յիսուսին հաւատարիմ հետեւորդները կը տեսնեն անոր երկրէն մեկնիլը։ Ան «այսպէս պիտի գայ», այն առումով որ միայն իր հաւատարիմ հետեւորդները պիտի ըմբռնեն թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութիւնը։

Առաքեալները Երուսաղէմ կը վերադառնան։ Յաջորդ օրերուն, անոնք կը հաւաքուին միւս աշակերտներուն հետ, մէջը ըլլալով՝ ‘Յիսուսին մայրը՝ Մարիամ, ու անոր եղբայրները’ (Գործք 1։14)։ Անոնք աղօթքի մէջ կը յարատեւեն։ Անոնք աղօթքի նիւթ կը դարձնեն Յուդա Իսկարիովտացին ուրիշով մը փոխարինելու կէտը, որպէսզի առաքեալներուն թիւը նորէն 12 ըլլայ (Մատթէոս 19։28)։ Անոնք կ’ուզեն ընտրել աշակերտ մը, որ Յիսուսին գործունէութիւններուն եւ յարութեան ականատես եղաւ։ Աստուածաշունչին մէջ վերջին անգամ ըլլալով, անոնք վիճակ կը ձգեն՝ Աստուծոյ կամքը գիտնալու համար (Սաղմոս 109։8. Առակաց 16։33)։ Կ’ընտրուի Մատաթիան, որ կրնայ ըլլալ որ այն 70–էն էր, որ Յիսուս քարոզելու ղրկեց։ Այսպէս, ան «տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ» (Գործք 1։26)։

Յիսուսի համբարձումէն 10 օր ետք, հրեաներուն Պէնտէկոստէի տօնը տեղի կ’ունենայ։ Մօտ 120 աշակերտներ հաւաքուած են վերնատան մը մէջ՝ Երուսաղէմի մէջ։ Յանկարծ ձայն մը կը լսուի՝ զօրաւոր հովի ձայնի պէս, եւ ամբողջ տունը այդ ձայնով կը լեցուի։ Կրակի նման լեզու կ’երեւի ամէն մէկուն վրայ։ Բոլոր աշակերտները տարբեր լեզուներ կը սկսին խօսիլ։ Ասիկա է սուրբ հոգիին թափուիլը, որ Յիսուս խոստացած էր (Յովհաննէս 14։26)։

◇ Որո՞նք ներկայ են, երբ Յիսուս ուղղութիւններ կու տայ Գալիլիայի մէջ՝ լերան մը վրայ, եւ ան ի՞նչ կ’ըսէ։

◇ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս քանի՞ օր կ’երեւի իր աշակերտներուն, եւ ի՞նչ կ’ընէ։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ։

◇ Ի՞նչ կը պատահի Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 26–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 37-38

«Խորանին սեղանները եւ ատոնց դերը մաքուր պաշտամունքին մէջ»

(Ելից 37։25) Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։

դ03 3/1 29 ¶5

Խորանը. ի՞նչ է անոր տեղը պաշտամունքին մէջ

Երբ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին իր Օրէնքը տուաւ, ան պատուիրեց անոնց որ տաղաւարը կանգնեն, դիւրատար վրան մը, որ կոչուած է նաեւ «վկայութեան վրան», որպէս իրեն մօտենալու կարգադրութեան գլխաւոր միջոցը։ (Ելից 39։32, 40) Տաղաւարը երկու զոհասեղան ունէր։ Մէկը՝ ողջակէզի ընծաներու համար, Սատիմի փայտէ շինուած եւ պղնձով պատուած, որ մուտքին առջեւ դրուած էր եւ անասնական զոհեր մատուցանելու համար կը գործածուէր։ (Ելից 27։1-8. 39։39. 40։6, 29) Միւսը՝ խունկի սեղանը, դարձեալ Սատիմի փայտէ շինուած, բայց ոսկիով պատուած, որ տաղաւարին մէջ Սրբութիւն Սրբութեանցի վարագոյրին առջեւ կը դրուէր։ (Ելից 30։1-6. 39։38. 40։5, 26, 27) Անոր վրայ մասնայատուկ խունկ կը ծխուէր օրը երկու անգամ, առաւօտուն եւ իրիկունը։ (Ելից 30։7-9) Սողոմոն Թագաւորին շինած հաստատուն տաճարը տաղաւարին օրինակին հետեւեցաւ, երկու զոհասեղան ունենալով։

(Ելից 37։29) Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։

it-1 1195

Խունկ

Անապատի խորանին մէջ գործածուած սուրբ խունկը կը շինուէր սուղնոց նիւթերէ, որոնք ժողովուրդին կողմէ նուիրուած էին (Ել. 25։1, 2, 6. 35։4, 5, 8, 27-29)։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ թէ ո՛ր նիւթերով պէտք էր շինուէր խունկը. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։ Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրարու խառնուած բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։ Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ»։ Ետքը, որպէսզի ցուցնէ խունկին յատուկ եւ սուրբ ըլլալը, Եհովան աւելցուց. «Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի» (Ել. 30։34-38. 37։29)։

(Ելից 38։1) Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։

դ03 3/1 29 ¶5

Խորանը. ի՞նչ է անոր տեղը պաշտամունքին մէջ

Երբ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին իր Օրէնքը տուաւ, ան պատուիրեց անոնց որ տաղաւարը կանգնեն, դիւրատար վրան մը, որ կոչուած է նաեւ «վկայութեան վրան», որպէս իրեն մօտենալու կարգադրութեան գլխաւոր միջոցը։ (Ելից 39։32, 40) Տաղաւարը երկու զոհասեղան ունէր։ Մէկը՝ ողջակէզի ընծաներու համար, Սատիմի փայտէ շինուած եւ պղնձով պատուած, որ մուտքին առջեւ դրուած էր եւ անասնական զոհեր մատուցանելու համար կը գործածուէր։ (Ելից 27։1-8. 39։39. 40։6, 29) Միւսը՝ խունկի սեղանը, դարձեալ Սատիմի փայտէ շինուած, բայց ոսկիով պատուած, որ տաղաւարին մէջ Սրբութիւն Սրբութեանցի վարագոյրին առջեւ կը դրուէր։ (Ելից 30։1-6. 39։38. 40։5, 26, 27) Անոր վրայ մասնայատուկ խունկ կը ծխուէր օրը երկու անգամ, առաւօտուն եւ իրիկունը։ (Ելից 30։7-9) Սողոմոն Թագաւորին շինած հաստատուն տաճարը տաղաւարին օրինակին հետեւեցաւ, երկու զոհասեղան ունենալով։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 37։1) Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։

(Ելից 37։10) Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։

(Ելից 37։25) Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։

it-1 36

Սատիմ

Սատիմ ծառին կեղեւը կոշտ ու սեւ կ’ըլլայ, իսկ փայտը՝ շատ կարծր ու ծանր, եւ միջատները հեռու կը պահէ ծառէն։ Այս յատկութիւններուն պատճառով եւ քանի որ սատիմ ծառերը մատչելի էին անապատին մէջ, յարմար էր որ սատիմը գործածուէր խորանը եւ ատոր առարկաները շինելու համար։ Սատիմի փայտէ շինուեցան ուխտին տապանակը (Ել. 25։10. 37։1), առաջաւորութեան հացի սեղանը (Ել. 25։23. 37։10), զոհասեղանները (Ել. 27։1. 37։25. 38։1), այս առարկաները շալկելու ցօղերը (Ել. 25։13, 28. 27։6. 30։5. 37։4, 15, 28. 38։6), վարագոյրներուն սիւները (Ել. 26։32, 37. 36։36), խորանին պատերուն տախտակներ (Ել. 26։15. 36։20) եւ ատոնց նիգերը (Ել. 26։26. 36։31)։

(Ելից 38։8) Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։

դ15 4/1 15 ¶4

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Ի տարբերութիւն այժմու ապակեայ հայելիներուն, Աստուածաշունչի օրերուն գործածուած հայելիները ընդհանրապէս շինուած կ’ըլլային շատ լաւ յղկուած մետաղներէ,– սովորաբար պրոնզէ, բայց հաւանաբար նաեւ պղինձէ, արծաթէ, ոսկիէ կամ սաթէ։ Աստուածաշունչը առաջին անգամ հայելիին մասին կը նշէ, երբ իսրայէլացիներուն պատշամունքի առաջին կեդրոնին՝ խորանին, շինարարութեան մասին կը խօսի։ Կիները պղնձէ աւազանին եւ անոր խարիսխին շինարարութեան համար իրենց հայելիները նուիրեցին (Ելից 38։8)։ Ենթադրաբար, հայելիները պէտք էր հալեցուէին այս նպատակին ծառայելու համար։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 138

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՋ ԿՈՂՄՆ Է

ԳՈՐԾՔ 7։55

• ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՋ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՆՍՏԻ

• ՍՕՂՈՍ ԱՇԱԿԵՐՏ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

• ՈՒՐԱԽԱՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՈՒՆԻՆՔ

Յիսուս երկինք համբառնալէն տասը օր ետք, Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուեցաւ աշակերտներուն վրայ, ինչ որ փաստեց որ ան երկինքն էր։ Ետքը ուրիշ փաստ մըն ալ ի յայտ եկաւ։ Ստեփանոս աշակերտը քարկոծուելէ քիչ առաջ բացագանչեց. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած» (Գործք 7։55)։

Երկինքի մէջ, Յիսուս պիտի սպասէր մասնայատուկ հրամանի մը, որ նախապէս գրուած էր Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ներշնչման տակ՝ Դաւիթ գրած էր. «Տէրը իմ Տէրոջս [Յիսուսին] ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’»։ Երբ այդ սպասման ժամանակը ամբողջանար, Յիսուս ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը պիտի տիրէր’ (Սաղմոս 110։1, 2)։ Բայց մինչ այդ, Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէր երկինքի մէջ։

Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ։ Յիսուս սկսաւ երկինքէն իշխել՝ սուրբ հոգիով օծուած իր աշակերտներուն վրայ (Կողոսացիս 1։13)։ Ան անոնց քարոզչութիւնը առաջնորդեց եւ զանոնք պատրաստեց իրենց ապագայ դերին համար։ Ի՞նչ դեր։ Անոնք՝ որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ պիտի մնային, ի վերջոյ յարութիւն պիտի առնէին եւ Յիսուսին իշխանակիցներ պիտի ըլլային Թագաւորութեան մէջ։

Անոնցմէ մէկը՝ որ ապագային թագաւոր պիտի դառնար, Սօղոսն էր, որ իր հռոմէական Պօղոս անունով ճանչցուած էր։ Ան հրեայ էր, որ նախանձախնդրօրէն Աստուծոյ Օրէնքը կը պահէր։ Բայց հրեայ կրօնական առաջնորդներուն պատճառով մոլորած էր, այն աստիճան որ ան կամակից էր Ստեփանոսի քարկոծման։ Ետքը, ան «Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով» ուղղուեցաւ Դամասկոս։ Կայիափա քահանայապետը անոր հեղինակութիւն տուած էր, որ Յիսուսին աշակերտները ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ (Գործք 7։57. 9։1)։ Բայց ճամբան, երկնքէն լոյս մը փայլատակեց անոր շուրջը եւ ան գետին ինկաւ։

«Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես», ըսաւ ձայն մը երկինքէն։ Սօղոս հարցուց. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Պատասխանը եղաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես» (Գործք 9։4, 5)։

Յիսուս Սօղոսին ըսաւ, որ Դամասկոս մտնէ եւ հոն յաւելեալ ուղղութիւններու սպասէ, բայց քանի որ պայծառ լոյսէն անոր աչքերը կուրցած էին, պէտք էր որ ուրիշներ իրեն օգնէին քաղաք մտնելու։ Տարբեր տեսիլքի մը մէջ Յիսուս Անանիային երեւցաւ, որ Դամասկոսի մէջ ապրող իր աշակերտներէն էր։ Յիսուս Անանիային ըսաւ, որ որոշ տեղ մը երթայ Սօղոսը գտնելու համար։ Անանիան սկիզբը երկու մտքի վրայ էր, բայց Յիսուս իրեն ըսաւ. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ»։ Սօղոս իր տեսողութիւնը վերագտաւ եւ հոն՝ Դամասկոսի մէջ՝ «անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին» (Գործք 9։15, 20)։

Յիսուսին օգնութեամբ, Պօղոս եւ ուրիշ աւետարանիչներ կրցան շարունակել Յիսուսին սկսած քարոզչութեան գործունէութիւնը։ Աստուած զանոնք հոյակապ կերպով օրհնեց։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուս Պօղոսի երեւնալէն շուրջ 25 տարի ետք, Պօղոս գրեց որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ» (Կողոսացիս 1։23)։

Տարիներ ետք, Յիսուս իր սիրելի Յովհաննէս առաքեալին տուաւ շարք մը տեսիլքներ, որոնք կը գտնուին Յայտնութիւն գրքին մէջ։ Այս տեսիլքներով, Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսի վերադարձը թագաւորական իշխանութեամբ (Յովհաննէս 21։22)։ Յովհաննէս ‘ներշնչմամբ յայտնուեցաւ Տէրոջ օրուան մէջ’ (Յայտնութիւն 1։10, ՆԱ)։ «Տէրոջ օր»ը ե՞րբ պիտի ըլլար։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ուշադիր սերտողութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Տէրոջ օր»ը սկսաւ 1914–ին։ Այդ տարի, Համաշխարհային Ա. պատերազմը պայթեցաւ։ Եւ անկէ ի վեր մարդիկ կը տեսնեն պատերազմներ, մահտարաժամներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ ուրիշ աղէտալի դէպքեր, որոնք մեծ տարողութեամբ կատարումն են Յիսուսի ‘ներկայութեան ու աշխարհի վախճանին նշանին’, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ իր առաքեալներուն (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 7, 8, 14)։ Թագաւորութեան բարի լուրը այսօր կը քարոզուի ոչ միայն նախկին Հռոմէական կայսրութեան տարածքին, հապա՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Աստուած Յովհաննէսը ներշնչեց որ գրէ թէ այս բոլորը ի՛նչ կը նշանակեն. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը» (Յայտնութիւն 12։10)։ Այո, Յիսուսին քարոզած՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը իրողութիւն է։

Ասիկա հոյակապ լուր է Յիսուսի բոլոր հաւատարիմ աշակերտներուն համար։ Անոնք լուրջի կ’առնեն Յովհաննէսի այս խօսքերը. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։

Ուրեմն Յիսուս այլեւս իր Հօր աջ կողմը նստած չի սպասեր։ Ան կ’իշխէ որպէս Թագաւոր եւ շուտով իր բոլոր թշնամիները պիտի բնաջնջէ (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Իսկ ետքը ի՞նչ պիտի պատահի։

◇ Երկինք համբառնալէ ետք, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

◇ «Տէրոջ օր»ը ե՞րբ սկսաւ, եւ անկէ ետք ի՞նչ բաներ տեղի ունեցան։

◇ Ինչո՞ւ ուրախանալու լաւ պատճառ ունինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել