Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2-8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 39-40
«Մովսէս մանրամասնութեամբ հետեւեցաւ ցուցմունքներուն»
(Ելից 39։32) Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։
Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես
13 Միւս կողմէ, Մովսէս «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թուոց 12։3)։ Ան իր հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ, Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելու իր վճռականութեամբ (Ել. 7։6. 40։16)։ Իսկ բան մը չկայ որ ցոյց կու տայ, թէ Մովսէս յաճախ Եհովայի գործելակերպը հարցականի տակ դրաւ կամ Իր որոշած մեթոտները գործադրելէն նեղացաւ։ Օրինակ՝ Եհովա խորանի կառուցման մասին մանրամասն ուղղութիւններ տուաւ, ինչպէս՝ վարագոյրին կտորին գոյնը եւ գործածուելիք օղակներուն քանակը (Ել. 26։1-6)։ Եթէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ մարդկային տեսուչ մը, քեզի չափազանց մանրամասն ուղղութիւններ տայ, թերեւս ատեններ վհատիս։ Սակայն Եհովա կատարեալ տեսուչ է, որ իր ծառաներուն պատասխանատուութիւններ կը յանձնէ եւ անոնց կը վստահի։ Ան լաւ պատճառի մը համար մանրամասնութեան կ’երթայ։ Նկատի առ թէ մանրամասնութիւններուն պատճառաւ Մովսէս չզայրացաւ, կարծես թէ Եհովան զինք կը նուաստացնէր կամ իր հնարամտութիւնն ու ազատութիւնը կը կաշկանդէր։ Փոխարէն, Մովսէս վստահ եղաւ որ աշխատաւորները Աստուծոյ «բոլոր պատուիրածին պէս» ընեն (Ել. 39։32)։ Ի՜նչ խոնարհ ընթացք։ Մովսէս գիտակցեցաւ թէ ասիկա Եհովայի գործն էր, եւ ինք պարզապէս միջոց մըն էր զայն կատարելու համար։
(Ելից 39։43) Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։
(Ելից 40։1, 2) Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2 «Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը»։
(Ելից 40։16) Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։
Ամէն բանի մէջ հաւատարի՞մ ես
3 «Մովսէս . . . հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս», կ’ըսէ Եբրայեցիս 3։5–ը։ Ի՞նչի հիման վրայ Մովսէս մարգարէն հաւատարիմ սեպուեցաւ։ Խորանը շինելու եւ կանգնեցնելու նկատմամբ, «Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ»։ (Ելից 40։16) Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, հնազանդութեամբ իրեն ծառայելով հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք։ Անշուշտ ասիկա կը պարփակէ Եհովայի հաւատարիմ մնալ, երբ խիստ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Սակայն մեծ փորձութիւններ յաղթահարելը միակ ազդակը չէ որ մեր հաւատարմութիւնը կ’ապացուցանէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Հաւատարիմ պէտք է մնանք նոյնիսկ պզտիկ հարցերու մէջ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 39։34) Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը։
it-2 884 ¶3
Թէհաշի մորթ
Ճիշդ է որ թէհաշը, այսինքն ծովաշունը (կամ՝ փոկը), ընդհանրապէս կը գտնուի հիւսիսային բեւեռին եւ հարաւային բեւեռին շրջանները, բայց կան ծովաշուներ որոնք կ’ապրին աւելի տաք շրջաններու մէջ։ Ներկայիս, կարգ մը ծովաշուներ կ’ապրին Միջերկրական ծովուն որոշ մասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ տաք ջուրերու մէջ։ Դարերու ընթացքին, մարդ արարածին պատճառով՝ ծովաշուներուն թիւը պակսած է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այս անասունները լեցուն էին Միջերկրական ծովուն եւ Կարմիր ծովուն մէջ։
(Ելից 40։34) Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։
Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ աշխատանքդ ո՛վ կը նկատէ
Երբ խորանը ամբողջացաւ, «ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը» (Ել. 40։34)։ Եհովային հաճութեան ի՜նչ մեծ ապացոյց մը։ Բեսելիէլը եւ Ոողիաբը այդ վայրկեանին ի՞նչ զգացին։ Հակառակ որ իրենց անունները չէին փորագրուած իրենց ձեռագործներուն վրայ, անոնք վստահաբար գոհունակ զգացին, գիտնալով որ Աստուծոյ օրհնութիւնը կար իրենց թափած ջանքերուն վրայ (Առ. 10։22)։ Յաջորդող տարիներուն, անկասկած անոնք ուրախ էին, տեսնելով որ իրենց ձեռքին գործերը Եհովայի ծառայութեան մէջ տակաւին կը գործածուին։ Նոր աշխարհին մէջ յարութիւն առնելէ ետք, Բեսելիէլը եւ Ոողիաբը պիտի սքանչանան երբ տեղեկանան, որ խորանը շուրջ 500 տարի գործածուեցաւ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 139
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿԻՐԸ ԴՐԱԽՏԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾԷ ԵՒ ԻՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ Կ’ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԷ
• Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅԾԵՐՈՒՆ
• ՇԱՏԵՐ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆ ԿԵԱՆՔԸ ԴՐԱԽՏԱՅԻՆ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՓԱՍՏԷ ՈՐ ԻՆՔՆ Է ՃԱՄԲԱՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ
Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, իր ծառայութիւնը սկսելէ առաջ, իր թշնամին՝ Սատանան՝ վճռեց զինք փորձութիւններով ձախողեցնել։ Յետագային Յիսուս անոր մասին ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի» (Յովհաննէս 14։30)։
Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ, որ ի՛նչ կը սպասէր ‘մեծ վիշապին, այն առաջուան օձին, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի’։ Այս վայրագ թշնամին երկինքէն դուրս պիտի ձգուէր եւ ‘շատ բարկացած պիտի ըլլար, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենար’ (Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Քրիստոնեաները շատ պատճառներ ունին հաւատալու, որ կ’ապրին այդ ‘քիչ ժամանակուան’ ընթացքին եւ թէ մօտ օրէն «մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը» անդունդը պիտի նետուի եւ հոն 1000 տարի անգործունեայ պիտի մնայ, մինչ Յիսուս պիտի իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը (Յայտնութիւն 20։1, 2)։
Այդ ժամանակուան ընթացքին, ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ երկրի վրայ։ Որո՞նք երկրի վրայ պիտի ապրին եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ Յիսուս այս հարցումներուն պատասխանները տուաւ։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, ան ըսաւ որ ի՛նչ կը սպասէ արդար մարդոց, որոնք փոխաբերական իմաստով ոչխարներու կը նմանին եւ Յիսուսի եղբայրներուն կ’աջակցին։ Ան նաեւ յստակ դարձուց, որ ի՛նչ կը սպասէ անոնց՝ որոնք փոխաբերական իմաստով այծերու կը նմանին եւ կը հակառակին Յիսուսի եղբայրներուն։ Ան ըսաւ. «Ասոնք [այծերը] պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները [ոչխարները]՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 25։46)։
Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու Յիսուսին խօսքը, որ ուղղեց իր քովը ցիցին վրայ գամուած չարագործին։ Յիսուս անոր չըսաւ որ իր հետ պիտի ըլլար երկնային Թագաւորութեան մէջ. վարձատրութիւն մը՝ որ խոստացած էր իր հաւատարիմ առաքեալներուն։ Հապա զղջացող չարագործին խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Ուրեմն այդ մարդը Դրախտին մէջ,– գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ,– ապրելու հեռանկարը ստացաւ։ Տրամաբանական է որ անոնք՝ որոնք փոխաբերական իմաստով ոչխարի կը նմանին եւ «յաւիտենական կեանքը» կը ստանան, նոյն Դրախտին մէջ պիտի ըլլան։
Ասիկա ներդաշնակ է այն նկարագրութեան հետ, որ Յովհաննէս առաքեալ տուաւ այդ ատեն երկրի վրայ տիրելիք պայմաններուն մասին։ Ան ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Չարագործը Դրախտին մէջ կեանքը վայելելու համար, պէտք է որ յարութիւն առնէ։ Եւ միայն ինքը չէ որ ատիկա պիտի համտեսէ։ Յիսուս յստակացուց ասիկա, երբ ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (Յովհաննէս 5։28, 29)։
Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հաւատարիմ առաքեալներուն եւ սահմանափակ թիւով ուրիշներու նկատմամբ, որոնք Յիսուսին հետ երկնքի մէջ պիտի ըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Քրիստոսին հետ իշխողները՝ երկրի վրայ ապրած տղամարդիկ ու կիներ են։ Ուրեմն վստահաբար անոնք շա՛տ կարեկից կառավարիչներ պիտի ըլլան անոնց հանդէպ, որոնք երկրի վրայ են (Յայտնութիւն 5։10)։
Յիսուս իր զոհին արժէքը պիտի կիրարկէ երկրի վրայ ապրող մարդոց վրայ եւ զանոնք պիտի ազատէ ժառանգուած մեղքէն։ Իր իշխանակիցներուն հետ հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Այսպէս, մարդիկ պիտի վայելեն կեանքը այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն իսկ նպատակադրած էր մարդ արարածին համար, երբ Ադամին ու Եւային ըսաւ, որ աճին ու շատնան եւ երկիրը լեցնեն։ Նոյնիսկ մահը, որ Ադամին մեղքին արդիւնքն է, մէջտեղէն պիտի վերցուի։
Այսպէս, Յիսուս լիուլի կատարած պիտի ըլլայ այն ինչ որ Եհովան իրմէ խնդրեց։ Իր հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Յիսուս Թագաւորութիւնը եւ կատարեալ մարդկային ընտանիքը իր Հօր պիտի յանձնէ։ Այս խոնարհ քայլին նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կորնթացիս 15։28)։
Յստակ է որ Յիսուս կարեւոր դեր կը խաղայ Աստուծոյ փառաւոր նպատակները իրագործելու մէջ։ Եւ մինչ այս նպատակները աստիճանաբար կը բացայայտուին յաւիտենական կեանքին ընթացքին, Յիսուս լիակատար կերպով պիտի փաստէ այն ինչ որ ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննէս 14։6)։
◇ Ի՞նչ կը սպասէ մարդկութեան թշնամիին՝ Սատանային։
◇ Որո՞նք Դրախտը պիտի վայելեն եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։
◇ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Յիսուս ի՞նչ իրագործած պիտի ըլլայ, եւ անկէ ետք ի՞նչ պիտի ընէ։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 9-15
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 1-3
«Ընծաներուն նպատակը»
(Ղեւտացւոց 1։3) Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։
(Ղեւտացւոց 2։1) Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։
(Ղեւտացւոց 2։12) Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։
Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ
13 Իր հաճութիւնը շահելու համար Աստուծոյ մօտենալու կամաւոր ընծաներուն մաս կը կազմէին ողջակէզի ընծաները, հացի ընծաները եւ խաղաղութեան զոհերը։ Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին որ «ողջակէզի ընծայ» կը նշանակէ՝ «բարձրացնելու ընծայ»։ Ասիկա կը յարմարի, քանի որ ողջակէզի ընծային մէջ սպաննուած անասունը սեղանին վրայ կ’այրուէր եւ անոյշ կամ հանգստացնող հոտը դէպի երկինք, Աստուծոյ կը բարձրանար։ Ողջակէզի ընծային յատկանշական մէկ երեսակը այն էր, որ անոր արիւնը սեղանին շուրջ սրսկուելէ ետք, անասունը ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը մատուցանուէր։ «Քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար»։—Ղեւտացւոց 1։3, 4, 9. Ծննդոց 8։21
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
Մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պարտադիր էին։ Մեղքի պատարագը սխալմամբ կամ անդիտումնաւոր կերպով կատարուած մեղքերու քաւութեան համար էր։ Յանցանքի պատարագը Աստուած կը գոհացնէր, երբ իրաւունք մը ոտնակոխուած էր, կամ որոշ իրաւունքներ կը վերադարձնէր զղջացող յանցաւորին. կամ երկուքն ալ։ Կար նաեւ հացի ընծան, որ Եհովայի ճոխ հայթայթումներուն հանդէպ առ ի գնահատանք կը մատուցուէր։ Այս բոլոր հարցերը մեզ կը հետաքրքրեն, քանի որ Օրէնքի ուխտին ներքեւ պահանջուած զոհերը կը մատնանշէին Յիսուս Քրիստոսը եւ իր զոհը կամ անկէ յառաջ եկած օգուտները։—Եբրայեցիս 8։3-6. 9։9-14. 10։5-10
(Ղեւտացւոց 3։1) Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ արջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։
‘Իսկական ճշմարտութենէն’ սորվինք
11 Մովսիսական օրէնքին նշած կարգ մը զոհերը կը նկատուէին խաղաղութեան զոհեր։ Անոնք ցոյց կու տային թէ անհատը Եհովայի հետ խաղաղութեան մէջ է։ Այսպիսի ընծայ մատուցանող անհատը եւ իր ընտանիքը, զոհուած անասունին միսը պիտի ուտէին, թերեւս տաճարին ճաշասենեակներէն մէկուն մէջ։ Պաշտօն կատարող քահանան եւ տաճարին մէջ ծառայող միւս քահանաները միսէն մաս մը կը ստանային (Ղեւ. 3։1. 7։31-33)։ Երկրպագուն այս զոհը կը մատուցանէր, քանի որ սրտանց կ’ուզէր Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը վայելել։ Կարծես թէ երկրպագուն, իր ընտանիքը, քահանաներն ու Եհովան, ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ միասին կը ճաշէին։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 2։13) Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընես։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։
(Եզեկիէլ 43։24) Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
2։13—Ինչո՞ւ «ամէն ընծաներուն» հետ աղ ալ պէտք էր մատուցանուէր։ Ասիկա զոհերուն համը բարելաւելու համար չէր։ Համայն աշխարհի մէջ, աղը կը գործածուի իբր պահպանելու յատկութիւն ունեցող բան մը։ Հաւանաբար անիկա ընծաներուն հետ կը մատուցանուէր, քանի որ կը պատկերացնէ ապականութենէ ու փտութենէ զերծ ըլլալ։
(Ղեւտացւոց 3։17) Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն։
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
3։17. Որովհետեւ ճարպը նկատուած էր լաւագոյն մասը, զայն ուտելը արգիլելը բացայայտօրէն Իսրայելացիներուն ցոյց տուաւ որ լաւագոյն բաժինը Եհովայի կը պատկանի։ (Ծննդոց 45։18, ՆԱ) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովայի պէտք է տանք մեր լաւագոյնը։—Առակաց 3։9, 10. Կողոսացիս 3։23, 24
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ էջ 317
ՅԻՍՈՒՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԵՂԻՐ՝
ԿԱՐԵԿԻՑ
Հակառակ անոր որ Յիսուս կատարեալ էր եւ ուրիշներու պէս շատ մը նեղութիւններ եւ մտահոգութիւններ չունէր, մարդոց հանդէպ կարեկից գտնուեցաւ։ Ան յօժար էր անոնց համար զոհողութիւններ ընելու, եւ նոյնիսկ՝ պահանջուածէն աւելին կատարելու։ Այո, կարեկցութենէ մղուած՝ ան օգնեց ուրիշներուն։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 32, 37, 57, 99։
ՄԱՐԴԱՄՕՏ
Թէ՛ մեծերը եւ թէ պզտիկները զգացին, որ կրնան Յիսուսին մօտենալ, քանի որ անոնց չզգացուց որ գերադաս է կամ շատ զբաղած է։ Մարդիկ շօշափեցին որ Յիսուս իրենցմով հետաքրքրուած է, եւ անոր համար իր ներկայութեան շատ հանգիստ կը զգային։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 25, 27, 95։
ԱՂՕԹԱՍԷՐ
Յիսուս միշտ իր Հօր դիմեց անկեղծ աղօթքով, թէ՛ առանձին եւ թէ երբ ուրիշներու հետ էր։ Ան տարբեր առիթներով աղօթեց, ոչ միայն ճաշի ատեն։ Ան աղօթեց իր Հօր շնորհակալութիւն յայտնելու, զինք փառաբանելու եւ անոր ուղղութիւնը խնդրելու համար՝ կարեւոր որոշումներ առնելէ առաջ։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 24, 34, 91, 122, 123։
ԱՆՁՆԱԶՈՀ
Երբեմն Յիսուս հանգիստի պէտք ունէր, բայց նոյնիսկ այդ պահերուն՝ ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դասեց։ Ան անձնասէր չէր։ Ասոր մէջ ալ ան մեզի հոյակապ օրինակ է։ Տե՛ս օրինակներ՝ այս դասերուն մէջ. 19, 41, 52։
ՆԵՐՈՂ
Յիսուս ոչ միայն սորվեցուց ուրիշներուն ներելու մասին, հապա նաեւ այս յատկութիւնը ցուցաբերեց իր աշակերտներուն եւ ուրիշներու հանդէպ։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 26, 40, 64, 85, 131։
ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ
Մարգարէացուած էր որ հրեաներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժէր Մեսիան եւ իր թշնամիները պիտի սպաննէին զինք։ Ուրեմն Յիսուս կրնար պարզապէս իր նուազագոյնը ընել մարդոց համար։ Բայց կը տեսնենք որ ան նախանձախնդրօրէն ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղեց։ Ան շատ լաւ օրինակ հանդիսացաւ բոլոր իր հետեւորդներուն, որոնք անտարբերութիւն կամ նոյնիսկ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէին։ Տե՛ս այս դասերը. 16, 72, 103։
ԽՈՆԱՐՀ
Յիսուս շատ մը կերպերով անկատար մարդոցմէ գերադաս էր։ Օրինակ, ան շատ գիտելիքներ ունէր եւ իմաստուն էր։ Անկասկած իր կատարելութիւնը իրեն ֆիզիքական եւ մտային յատուկ կարողութիւններ տուաւ։ Բայց եւ այնպէս ան խոնարհաբար ուրիշներուն ծառայեց։ Տե՛ս օրինակներ՝ այս դասերուն մէջ. 10, 62, 66, 94, 116։
ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ
Յիսուս միշտ համբերատար էր իր առաքեալներուն եւ ուրիշներուն հանդէպ, երբ անոնք կը ձախողէին զինք ընդօրինակելու կամ իր ըսածները գործադրելու մէջ։ Ան համբերութեամբ կրկնեց այն դասերը, որոնց պէտք ունէին, որպէսզի Եհովային մօտենային։ Տե՛ս օրինակներ՝ այս դասերուն մէջ. 74, 98, 118, 135։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 16-22
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 4-5
«Լաւագոյնդ տուր Եհովային»
(Ղեւտացւոց 5։5, 6) Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի 6 եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար թող բերէ Տէրոջը ու քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։
Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ
18 Յանցանքի պատարագին նշանակութիւնն ու նպատակը պարզուած է Ղեւտացւոց 5 եւ 6–րդ գլուխներուն մէջ։ Անհատ մը կրնար անդիտումնաւոր կերպով մեղանչել։ Բայց իր յանցանքը թերեւս իր ընկեր արարածին կամ Եհովա Աստուծոյ իրաւունքներուն դէմ մեղք մըն էր եւ այդ սխալին համար հատուցում պէտք էր տրուէր կամ սրբագրուէր։ Տարբեր տեսակի մեղքեր յիշուած են։ Անոնցմէ ոմանք անհատական մեղքեր էին (5։2-6), ոմանք «Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք»եր էին (5։14-16), իսկ ոմանք՝ թէեւ ոչ դիտումնաւոր, բայց սխալ ցանկութիւններու կամ մարմնաւոր տկարութիւններու հետեւանքով եղած մեղքեր էին (6։1-3)։ Այսպիսի մեղքեր խոստովանելէ զատ, յանցաւորէն պահանջուած էր որ ուր որ պէտք էր՝ հատուցում ընէր, ու ապա Եհովայի յանցանքի պատարագ մատուցանէր։—Ղեւտացւոց 6։4-7
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
Մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պարտադիր էին։ Մեղքի պատարագը սխալմամբ կամ անդիտումնաւոր կերպով կատարուած մեղքերու քաւութեան համար էր։ Յանցանքի պատարագը Աստուած կը գոհացնէր, երբ իրաւունք մը ոտնակոխուած էր, կամ որոշ իրաւունքներ կը վերադարձնէր զղջացող յանցաւորին. կամ երկուքն ալ։ Կար նաեւ հացի ընծան, որ Եհովայի ճոխ հայթայթումներուն հանդէպ առ ի գնահատանք կը մատուցուէր։ Այս բոլոր հարցերը մեզ կը հետաքրքրեն, քանի որ Օրէնքի ուխտին ներքեւ պահանջուած զոհերը կը մատնանշէին Յիսուս Քրիստոսը եւ իր զոհը կամ անկէ յառաջ եկած օգուտները։—Եբրայեցիս 8։3-6. 9։9-14. 10։5-10
(Ղեւտացւոց 5։7) Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, մէկը՝ մեղքի պատարագ եւ միւսը ողջակէզ ըլլալու համար։
w09 6/1 26 ¶3
Աստուած գիտէ մեր սահմանափակումները
Եհովային փափկանկատութիւնը յայտնի կ’ըլլայ հետեւեալ օրէնքին մէջ. «Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը» (7–րդ համարը)։ «Եթէ. . . կարող չըլլայ» արտայայտութիւնը նաեւ կրնայ թարգմանուիլ որպէս՝ «եթէ. . . իր ձեռքէն չի գար»։ Եթէ իսրայէլացի մը այնքա՛ն աղքատ ըլլար, որ չէր կրնար ոչխար բերել, Աստուած սիրով կ’ընդունէր բան մը որ իր կարողութեան մէջ էր,– երկու տատրակ կամ երկու աղաւնի։
(Ղեւտացւոց 5։11) Իսկ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն։
w09 6/1 26 ¶4
Աստուած գիտէ մեր սահմանափակումները
Լաւ եթէ մէկը չէր կրնար նոյնիսկ երկու թռչուն բերել, ի՞նչ կ’ընէր։ Օրէնքը ըսաւ. «Այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը [ութ կամ ինը գաւաթ] բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար» (11–րդ համարը)։ Եհովան աղքատներուն համար բացառութիւն ըրաւ, արտօնելով որ արիւն չունեցող մեղքի պատարագ ընծայեն։ Այսպիսով, աղքատութիւնը ո՛չ մէկուն արգելք կ’ըլլար, որ մեղքերու ներումի օրհնութիւնը ստանար կամ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն վայելելու առանձնաշնորհումը ունենար։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 5։1) Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ։
Սորվէ՛ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն
14 Դուն ալ կրնաս հաւատարիմ ըլլալ նա՛խ Եհովային եւ ետքը ուրիշներուն, եթէ ազնիւ ըլլաս։ Օրինակի համար, թերեւս ձեռքդ փաստ ունիս, թէ եղբայր մը լուրջ մեղք գործած է։ Հաւանաբար կ’ուզես իրեն հաւատարիմ մնալ, մա՛նաւանդ եթէ քու մօտիկ բարեկամդ կամ ազգականդ է։ Բայց նաեւ կը գիտակցիս, թէ Եհովային հաւատարիմ մնալը անկէ աւելի կարեւոր է։ Ուստի Նաթանին պէս, Եհովային հնազանդէ, բայց՝ եղբօրդ հանդէպ ազնիւ եղիր։ Ըսէ՛ իրեն, որ պէտք է անձամբ երէցներէն օգնութիւն խնդրէ կարելի եղածին չափ շուտ։ Իսկ եթէ այդպէս չընէ, դո՛ւն պէտք է երէցներուն ըսես։ Այսպիսով Եհովային հաւատարիմ կը մնաս. եւ միաժամանակ՝ ազնիւ կը գտնուիս եղբօրդ հանդէպ, որովհետեւ երէցները կրնան հեզութեան հոգիով իրեն օգնել, որ Եհովայի հետ անգամ մը եւս լաւ փոխյարաբերութեան մէջ մտնէ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 5։1. Գաղատացիս 6։1)։
(Ղեւտացւոց 5։15, 16) Եթէ մէկը յանցանք մը գործէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար հօտերէն անարատ խոյ մը՝ թող քու որոշած արժէքին չափ արծաթի սիկղ բերէ։ 16 Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը թող հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր եւ թողութիւն ըլլայ անոր։
it-1 1130 ¶2
Սրբութիւն
Անասուններ եւ բերք։ Արջառներուն, ոչխարներուն եւ այծերուն անդրանիկները սուրբ կը նկատուէին Եհովային կողմէ, եւ ընծայողը չէր կրնար զանոնք ետ առնել։ Ատոնք պէտք էր զոհուէին եւ ատոնց մէկ մասը երթար քահանաներուն (Թւ. 18։17-19)։ Բերքին երախայրիները եւ տասանորդները սուրբ էին, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր այն սուրբ զոհերն ու ընծաները, որոնք Եհովային ծառայութեան նուիրուած էին (Ել. 28։38)։ Մէկը չէր կրնար թեթեւի առնել, անարգել կամ պարզ նպատակի համար գործածել բոլոր այն բաները, որոնք Եհովային կողմէ սուրբ կը նկատուէին։ Օրինակ, նկատի առնենք տասանորդին օրէնքը։ Ըսենք թէ անհատ մը մէկ կողմ դրաւ իր ցորենի հունձքին տասանորդը, եւ ետքը ինք կամ իր տնեցիներէն մէկը սխալմամբ ատկէ մաս մը գործածեց ընտանիքին ճաշ եփելու համար։ Այդ անհատը կտրած կ’ըլլար սուրբ բաներու նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը։ Օրէնքը կը պահանջէր որ ան պակսած քանակը հատուցանէ եւ ատոր վրայ աւելցնէ ատոր 20 առ հարիւրը։ Ասկէ զատ, ան պէտք էր անարատ խոյ մը զոհէր։ Այսպիսով, անհատը կը սորվէր յարգել Եհովային պատկանող սուրբ բաները (Ղեւ. 5։14-16)։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 23-29
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 6-7
«Շնորհակալութիւն յայտնելու կերպ մը»
(Ղեւտացւոց 7։11, 12) Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝ 12 եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։
Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք
9 Երկրորդ դասը. Եհովայի կը ծառայենք, քանի որ իրեն երախտապարտ ենք։ Այս կէտին առնչութեամբ, քննարկենք խաղաղութեան զոհերը, որոնք Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէին։ Ղեւտացւոց գիրքը կը նշէ, թէ իսրայէլացի մը կրնար խաղաղութեան զոհ մատուցանել «շնորհակալութեան համար» (Ղեւ. 7։11-13, 16-18)։ Ան այս զոհը կը մատուցանէր ոչ թէ ստիպմամբ, հապա իր կամքովը։ Ուստի ատիկա անհատին կողմէ կամաւոր ընծայ էր, ինչ որ Եհովայի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տար։ Ան, իր ընտանիքը եւ քահանաները զոհուած անասունին միսը կ’ուտէին։ Բայց զոհէն որոշ մասեր միայն Եհովային կը մատուցանուէին։ Ո՞ր մասերը։
(Ղեւտացւոց 7։13-15) Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։ 14 Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։ 15 Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։
Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ
15 Ուրիշ կամաւոր ընծայ մը՝ խաղաղութեան [«հաղորդութեան», ՆԱ] զոհն էր, որ նկարագրուած է Ղեւտացւոց 3–րդ գլուխին մէջ։ Եբրայերէնի մէջ «խաղաղութիւն» բառը պարզապէս պատերազմէ կամ խռովութենէ զերծ ըլլալէն աւելին կը նշանակէ։ «Աստուածաշունչին մէջ, անիկա այս իմաստը ունի, բայց նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խաղաղ վիճակ կամ յարաբերութիւն, բարգաւաճութիւն, երջանկութիւն եւ ուրախութիւն», կ’ըսէ Մովսիսական Սովորութիւններու Ուսումնասիրութիւններ խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Ուստի, խաղաղութեան զոհերը կը մատուցանուէին ո՛չ թէ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ապահովելու՝ որպէս թէ զինք հանդարտեցնելու համար, հապա Իրեն հաճութիւնը ունեցող բոլոր անհատներուն Աստուծոյ հետ վայելած խաղաղութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու, կամ զայն տօնակատարելու համար։ Անոր արիւնը եւ ճարպը Եհովայի մատուցուելէն ետք, քահանաները եւ ընծայողը զոհէն կ’ուտէին։ (Ղեւտացւոց 3։17. 7։16-21. 19։5-8) Գեղեցիկ եւ այլաբանական կերպով, մատուցանողը, քահանաները եւ Եհովա Աստուած ճաշի մը մասնակից կ’ըլլային, իրենց միջեւ եղող խաղաղ յարաբերութիւնը նշելու համար։
(Ղեւտացւոց 7։20) Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
Եհովան հաճեցնող փառաբանութեան զոհեր
8 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ զոհը մատուցանողին մասին։ Օրէնքը կը նշէր որ Եհովայի դիմաց ներկայացող ոեւէ անհատ պէտք էր մաքուր ու անարատ ըլլար։ Անհատ մը որ որեւէ պատճառով պղծուած էր, նախ մեղքի կամ յանցանքի պատարագ պէտք էր մատուցանէր, Եհովայի առջեւ իր մաքուր կեցուածքը վերահաստատելու համար, որպէսզի իր ողջակէզը կամ խաղաղութեան զոհը Իր կողմէ ընդունուէր։ (Ղեւտացւոց 5։1-6, 15, 17) Ուստի, մենք ալ կը գնահատե՞նք Եհովայի առջեւ միշտ մաքուր կեցուածք մը ունենալու կարեւորութիւնը։ Եթէ կը փափաքինք որ մեր պաշտամունքը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ, Իր օրէնքներէն որեւէ խախտում անմիջապէս սրբագրելու պէտք է նայինք։ Արագօրէն պէտք է օգտուինք օգնութեան համար Աստուծոյ տուած միջոցներէն՝ «ժողովքի երէցներ»էն եւ «մեր մեղքերուն քաւութիւն» եղող Յիսուս Քրիստոսէն։—Յակոբու 5։14. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 6։13) Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։
it-1 833 ¶1
Կրակ
Աստուծոյ օրէնքը կը պահանջէր, որ ողջակէզի զոհասեղանին կրակը միշտ վառուած ըլլար (Ղեւ. 6։12, 13)։ Հրեաները կը հաւատան որ այդ կրակը սկսաւ, երբ Եհովան հրաշքով մը կրակ ղրկեց առա՛ջ որ զոհերը դրուէին։ Բայց Սուրբ Գրութիւնները ասոր չեն համաձայնիր։ Եհովան Մովսէսին ցուցմունքներ տուաւ, որ իր որդիները ‘սեղանին վրայ կրակ դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն’, առաջ որ զոհերը սեղանին վրայ դնեն, (Ղեւ. 1։7, 8)։ Ահարոնական քահանայութիւնը հաստատուելէն վերջը, այսինքն զոհերը մատուցանուելէն վերջը, Եհովան կրակ ղրկեց, որպէսզի այրէ այդ զոհերը։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Եհովան հրաշքով կրակ ղրկեց, որպէսզի ‘սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրէ’, եւ ոչ թէ զոհերը մատուցանելէ առաջ զոհասեղանին կրակը վառէ։ Անշուշտ, այն կրակը որ ատկէ ետք զոհասեղանին վրայ շարունակուեցաւ վառիլ, ոչ միայն Աստուծոյ ղրկած կրակն էր, հապա նաեւ սկիզբէն Ահարոնին որդիներուն վառած կրակը (Ղեւ. 8։14–9։24)։
(Ղեւտացւոց 6։25) Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. «Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է՝ Ողջակէզին մորթուած տեղը պէտք է մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ։ Այս ամենասուրբ է»։
si 27 ¶15
Աստուածաշունչին 3–րդ գիրքը. Ղեւտացւոց
15 3) Դիտմամբ չեղող կամ սխալմամբ եղող մեղքերուն համար անհատէն պահանջուած էր մեղքի պատարագ մատուցանել։ Քահանան անասուն մը կը մատուցանէր, ժողովուրդը որպէս խումբ տարբեր անասուն մը կը մատուցանէր, իշխանը՝ տարբեր անասուն մը, իսկ պարզ անհատը՝ տարբեր անասուն մը։ Անհատներուն մատուցած մեղքի պատարագները ստիպողական էին, մինչ ողջակէզի ընծաները եւ խաղաղութեան զոհերը կամաւորաբար կ’ըլլային (Ղեւ. 4։1-35. 6։24-30)։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 30–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 6
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 8-9
«Եհովային օրհնութեան փաստը»
(Ղեւտացւոց 8։6-9) Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց 7 եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։ 8 Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։ 9 Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
(Ղեւտացւոց 8։12) Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։
it-1 1207
Քահանայութեան հաստատումը
Մովսէս լուաց Ահարոնը եւ Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարը եւ Իթամարը (կամ ալ անոնց ըսաւ որ ինքզինքնին լուան) պղնձէ աւազանին ջուրով, որ կը գտնուէր սրահին մէջ։ Մովսէս Ահարոնին հագցուց քահանայապետին փառաւոր հանդերձները (Թւ. 3։2, 3)։ Այդ հանդերձները կը ներկայացնէին իր նշանակումին պատասխանատուութիւնները եւ երեսակները։ Ետքը, Մովսէս օծեց խորանը, ատոր բոլոր կարասիներն ու առարկաները, ողջակէզի սեղանը, աւազանը եւ բոլոր այն առարկաները, որոնք ատոնց հետ կը գործածուէին։ Այսպիսով ատոնք սրբուեցան եւ նուիրուեցան միմիայն Աստուծոյ ծառայութեան։ Վերջը, Մովսէս օծեց Ահարոնը, անոր գլխուն վրայ իւղ թափելով (Ղեւ. 8։6-12. Ել. 30։22-33. Սաղ. 133։2)։
(Ղեւտացւոց 9։1-5) Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ Իսրայէլի ծերերը 2 եւ ըսաւ Ահարոնին. «Ա՛ռ քեզի մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը ու ողջակէզի համար՝ խոյ մը. անոնք անարատ պէտք է ըլլան եւ Տէրոջը առջեւ մօտեցո՛ւր 3 եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՝ ըսելով. ‘Մեղքի պատարագի համար այծերէն՝ նոխազ մը եւ ողջակէզի համար զուարակ մը ու գառնուկ մը առէ՛ք. մէկ տարեկան եւ անարատ ըլլալու են։ 4 Նաեւ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջը առջեւ զոհելու արջառ մը ու խոյ մը ու իւղով շաղուած հացի ընծայ առէք. վասն զի այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ’»։ 5 Եւ Մովսէսին պատուիրածները վկայութեան խորանին առջեւ բերին ու բոլոր ժողովուրդը մօտեցան ու Տէրոջը առջեւ կայնեցան։
it-1 1208 ¶8
Քահանայութեան հաստատումը
Ութերորդ օրը, քահանայութիւնը լման հաստատուած ըլլալով՝ առաջին անգամ ըլլալով իր պաշտօնին սկսաւ (առանց Մովսէսին օգնութեան)։ Իսրայէլ ազգին համար մեղքերու ներումի արարողութիւն եղաւ, ոչ միայն իրենց բնածին մեղաւոր վիճակին պատճառով մաքրուելու համար, հապա նաեւ վերջերս ոսկիէ հորթը շինելու նկատմամբ իրենց ըրած անհնազանդութեան պատճառով մաքրուելու համար, քանի որ ատիկա Եհովան նեղացուցած էր (Ղեւ. 9։1-7. Ել. 32։1-10)։ Երբ նոր հաստատուած քահանայութիւնը իր այս առաջին ծառայութիւնը վերջացուց, Եհովան հրաշքով մը կրակ ղրկեց, անկասկած խորանին վրայ եղող ամպի սիւնէն, որպէսզի իր հաճութիւնը ցոյց տայ եւ վստահեցնէ որ քահանայութիւնը հաստատուած է։ Այդ կրակը լափեց ինչ որ մնացած էր զոհասեղանին վրայ գտնուող զոհերէն (Ղեւ. 9։23, 24)։
(Ղեւտացւոց 9։23, 24) Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանը մտան եւ անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին եւ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։ 24 Եւ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրեց եւ բոլոր ժողովուրդը տեսնելով՝ աղաղակեցին ու երեսնուն վրայ ինկան։
Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք
13 Չորրորդ դասը. Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասը կ’օրհնէ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ք.Ա. 1512–ին, երբ խորանը Սինա լերան լանջին կանգնուեցաւ (Ել. 40։17)։ Մովսէս արարողութիւն մը կատարեց, որով Ահարոն ու իր որդիները քահանաներ նշանակուեցան։ Իսրայէլ ազգը հաւաքուեցաւ, որպէսզի տեսնեն թէ ինչպէ՛ս քահանաները առաջին անգամ ըլլալով անասնական զոհեր կը մատուցանեն (Ղեւ. 9։1-5)։ Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ նոր նշանակուած քահանայութեան կը հաճէր։ Մինչ Ահարոն ու Մովսէս ժողովուրդը կ’օրհնէին, Եհովան կրակ ղրկեց, որպէսզի զոհասեղանին վրայ զոհին մնացեալ մասը ամբողջութեամբ սպառէ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 9։23, 24)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 8։6) Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց։
Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք
6 Եհովայի այժմու ծառաներուն համար իմաստ մը կը կրէ այն իրողութիւնը, որ իսրայէլի քահանաներէն պահանջուած էր ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ։ Շատեր, որոնց հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, յաճախ կը նշմարեն մեր պաշտամունքի վայրերուն մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մեր կոկիկ հագուելակերպը։ Բայց ասոր կողքին, քահանաներուն մաքրութիւնը մեզի կը հասկցնէ, որ ամէն ով որ Եհովայի պաշտամունքին բարձր լեռը կ’ելլէ, պէտք է որ «սրտով մաքուր» ըլլայ (կարդա՛ Սաղմոս 24։3, 4. Եսա. 2։2, 3)։ Ուստի Եհովային պէտք է ծառայենք մաքուր մտքով եւ մաքուր սրտով, ինչպէս նաեւ՝ մաքուր մարմնով։ Ասիկա կը պահանջէ որ կանոնաւորաբար ինքնաքննութիւն ընենք։ Երբեմն, թերեւս նկատենք թէ մեծ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք որպէսզի սուրբ ըլլանք (Բ. Կոր. 13։5)։ Օրինակի համար, դիտումնաւոր կերպով պոռնկագրութիւն դիտող մկրտուած անհատ մը պէտք է ինքն իրեն հարց տայ. «Ցոյց կու տա՞մ թէ սուրբ եմ»։ Ապա, ան պէտք է օգնութիւն խնդրէ այս գարշելի սովորութեան վերջ դնելու համար (Յակ. 5։14)։
(Ղեւտացւոց 8։14-17) Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։ 15 Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։ 16 Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք։ 17 Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
it-2 437 ¶3
Մովսէս
Աստուած Մովսէսը Օրէնքի ուխտին միջնորդը ըրաւ։ Ոչ մէկ մարդ արարած նման յատուկ դիրք մը ունէր Աստուծոյ առջեւ, բացի Յիսուս Քրիստոսէն, որ նոր ուխտին միջնորդն է։ Մովսէս անասուններու արիւնը սրսկեց «ուխտին գիրք»ին վրայ. ուխտին մէկ կողմը Եհովան ըլլալով, իսկ միւս կողմը՝ ժողովուրդը, որ անկասկած ներկայացուած էր ծերերով։ Ան ուխտի գիրքը կարդաց ժողովուրդին, որոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք» (Ել. 24։3-8. Եբ. 9։19)։ Մովսէս միջնորդը ըլլալով առանձնաշնորհում ունէր խորանին եւ ատոր առարկաներուն շինարարութեան վրայ վերահսկելու (ցուցմունքները Եհովայէն առնելով), ինչպէս նաեւ՝ քահանայութիւնը հաստատելու, յատուկ իւղով մը օծելով խորանը եւ Ահարոն քահանայապետը։ Ետքը, ան վերահսկեց նորահաստատ քահանայութեան ըրած առաջին պաշտօնական ծառայութիւններուն վրայ (Ել. 25-29 գլուխներ, Ղեւ. 8-9 գլուխներ)։