ԺՈՂՈՎՈՂԻ
4 Ես դարձայ ու տեսայ
Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։
Զրկուածներուն աչքը արցունք կար,
Բայց անոնք մխիթարող չունէին.
Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար,
Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։
2 Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները,
Հիմա ապրողներէն աւելի բախտաւոր են։
3 Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բախտաւոր է,
Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։
4 Ու ես ամէն աշխատութիւն
Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ,
Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
5 Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ
Ու իր միսը կ’ուտէ։
6 Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ,
Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։
7 Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։
8 Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի,
Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր.
Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի
Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար
Եւ չ’ըսեր թէ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ
Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։
9 Երկուքը մէկէն աղէկ է,
Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի,
10 Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։
Բայց վա՜յ ինկող մէկուն՝
Որ զինք վերցնող մը չունի։
11 Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան,
Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։
13 Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան,
Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը,
Որ չի գիտեր խրատուիլ։
14 Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ,
Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր* ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։
15 Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները
Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր
Ու անոր տեղը պիտի անցնէր.