Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ժողովող 4
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ժողովող 4։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 24

    11/1/1999, էջ 32

    5/1/1997, էջ 25-27

    Գոհացուցիչ կեանք, էջ 8

Ժողովող 4։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/1999, էջ 32

Ժողովող 4։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Զարթի՛ր,

    թիւ 1 2020 էջ 10

    Դիտարան,

    11/1/1999, էջ 32

Ժողովող 4։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 42

Ժողովող 4։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Աստուծոյ սէրը, էջ 111-112

    Դիտարան,

    10/1/2009, էջ 28

Ժողովող 4։14

Ստորանիշներ

  • *

    4։14 Կամ, իր թագաւորութեանը մէջ

Ժողովող 4։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 24

Ժողովող 4։16

Ստորանիշներ

  • *

    4։16 Կամ, Անոնցմէ առաջ եղող

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 24

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ժողովող 4։1-16

ԺՈՂՈՎՈՂԻ

4 Ես դարձայ ու տեսայ

Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։

Զրկուածներուն աչքը արցունք կար,

Բայց անոնք մխիթարող չունէին.

Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար,

Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։

 2 Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները,

Հիմա ապրողներէն աւելի բախտաւոր են։

 3 Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բախտաւոր է,

Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։

 4 Ու ես ամէն աշխատութիւն

Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ,

Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

 5 Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ

Ու իր միսը կ’ուտէ։

 6 Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ,

Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։

 7 Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։

 8 Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի,

Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր.

Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի

Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար

Եւ չ’ըսեր թէ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ

Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։

 9 Երկուքը մէկէն աղէկ է,

Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի,

10 Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։

Բայց վա՜յ ինկող մէկուն՝

Որ զինք վերցնող մը չունի։

11 Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան,

Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։

12 Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ,

Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։

Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։

13 Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան,

Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը,

Որ չի գիտեր խրատուիլ։

14 Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ,

Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր* ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։

15 Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները

Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր

Ու անոր տեղը պիտի անցնէր.

16 Անոնց առջեւ կեցող* բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր.

Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։

Ասիկա ալ ունայնութիւն Ու հոգիի տանջանք է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել