ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
143 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս,
Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս,
Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ
Ու քու արդարութիւնովդ։
2 Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ,
Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։
4 Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ,
Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։
6 Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։
Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ (Սէլա։)
7 Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր.
Իմ հոգիս մարեցաւ.
Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ,
Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
8 Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր,
Վասն զի քեզի յուսացի։
Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր,
Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս,
Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
10 Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ,
Քանզի դուն ես իմ Աստուածս.
Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս,
Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
12 Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս
Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները,
Վասն զի ես քու ծառադ եմ։