Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 46
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 46։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/2008, էջ 22

Սաղմոս 46։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2004, էջ 3

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 46։1-11

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է

Կորխի որդիներուն երգը

46 Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է.

Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։

 2 Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի

Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,

 3 Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին,

Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)

 4 Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը,

Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։

 5 Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի.

Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։

 6 Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին.

Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։

 7 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է.

Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)

 8 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը,

Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։

 9 Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը.

Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։

10 Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած.

Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։

11 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է,

Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել