Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 119
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 119։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 6

Սաղմոս 119։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 6-7

Սաղմոս 119։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 6-7

Սաղմոս 119։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 7

    10/1/2002, էջ 19

Սաղմոս 119։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2000, էջ 14

Սաղմոս 119։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2000, էջ 14

Սաղմոս 119։23

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1997, էջ 24-25

Սաղմոս 119։24

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2006, էջ 13

    5/1/2005, էջ 7-8

Սաղմոս 119։27

Ստորանիշներ

  • *

    119։27 Կամ, խօսիմ

Սաղմոս 119։28

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 8

    10/1/1997, էջ 24-25

Սաղմոս 119։37

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 40

    Դիտարան,

    4/1/2010, էջ 23-27

    5/1/2005, էջ 8-9

Սաղմոս 119։46

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 9

Սաղմոս 119։48

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2000, էջ 14

    2/1/1999, էջ 8

Սաղմոս 119։51

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 9

Սաղմոս 119։61

Ստորանիշներ

  • *

    119։61 Կամ, լարերը

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2000, էջ 14-15

Սաղմոս 119։63

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 48

Սաղմոս 119։66

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/1999, էջ 8

Սաղմոս 119։71

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2006, էջ 24

    5/1/2005, էջ 10

Սաղմոս 119։76

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2010, էջ 27

Սաղմոս 119։78

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 10

Սաղմոս 119։81

Ստորանիշներ

  • *

    119։81 Եբր., կը մաշի

Սաղմոս 119։83

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 10

Սաղմոս 119։89

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 11

Սաղմոս 119։90

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 11

Սաղմոս 119։92

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 11

Սաղմոս 119։94

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 11

Սաղմոս 119։96

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2006, էջ 24

Սաղմոս 119։97

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 5

    Դիտարան,

    7/1/2006, էջ 8-9

    5/1/2002, էջ 6-7

    3/15/2001, էջ 16-17

    10/1/2000, էջ 14

    11/1/1999, էջ 11

Սաղմոս 119։99

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2000, էջ 14

Սաղմոս 119։100

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 5/2021, էջ 8

Սաղմոս 119։103

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    5/2017, էջ 20

Սաղմոս 119։105

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 1

    Դիտարան (հանրամատչելի),

    թիւ 1 2018 էջ 14

    Դիտարան,

    5/1/2007, էջ 18-22

    9/1/2006, էջ 24

    5/1/2005, էջ 12

    10/1/2002, էջ 10

    3/1/2002, էջ 25

Սաղմոս 119։110

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 12

Սաղմոս 119։113

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 1/2023, էջ 6

Սաղմոս 119։119

Ստորանիշներ

  • *

    119։119 Կամ, կղկղանքի պէս մերժեցիր

Սաղմոս 119։120

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 12-13

Սաղմոս 119։141

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 13-14

Սաղմոս 119։160

Ստորանիշներ

  • *

    119։160 Կամ, բովանդակութիւնը

Սաղմոս 119։164

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2006, էջ 24

Սաղմոս 119։165

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/15/2013, էջ 4-5

    5/1/2005, էջ 14-15

Սաղմոս 119։167

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2000, էջ 14-18

Սաղմոս 119։176

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2005, էջ 15

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
  • 32
  • 33
  • 34
  • 35
  • 36
  • 37
  • 38
  • 39
  • 40
  • 41
  • 42
  • 43
  • 44
  • 45
  • 46
  • 47
  • 48
  • 49
  • 50
  • 51
  • 52
  • 53
  • 54
  • 55
  • 56
  • 57
  • 58
  • 59
  • 60
  • 61
  • 62
  • 63
  • 64
  • 65
  • 66
  • 67
  • 68
  • 69
  • 70
  • 71
  • 72
  • 73
  • 74
  • 75
  • 76
  • 77
  • 78
  • 79
  • 80
  • 81
  • 82
  • 83
  • 84
  • 85
  • 86
  • 87
  • 88
  • 89
  • 90
  • 91
  • 92
  • 93
  • 94
  • 95
  • 96
  • 97
  • 98
  • 99
  • 100
  • 101
  • 102
  • 103
  • 104
  • 105
  • 106
  • 107
  • 108
  • 109
  • 110
  • 111
  • 112
  • 113
  • 114
  • 115
  • 116
  • 117
  • 118
  • 119
  • 120
  • 121
  • 122
  • 123
  • 124
  • 125
  • 126
  • 127
  • 128
  • 129
  • 130
  • 131
  • 132
  • 133
  • 134
  • 135
  • 136
  • 137
  • 138
  • 139
  • 140
  • 141
  • 142
  • 143
  • 144
  • 145
  • 146
  • 147
  • 148
  • 149
  • 150
  • 151
  • 152
  • 153
  • 154
  • 155
  • 156
  • 157
  • 158
  • 159
  • 160
  • 161
  • 162
  • 163
  • 164
  • 165
  • 166
  • 167
  • 168
  • 169
  • 170
  • 171
  • 172
  • 173
  • 174
  • 175
  • 176
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 119։1-176

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸ

ԱԼԷՖ

119 Երանի՜ ճամբով անբիծներուն,

Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։

 2 Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն

Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն

 3 Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ,

Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։

 4 Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ

Քու հրամաններդ պահենք։

 5 Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին

Քու կանոններդ պահելով։

 6 Այն ատեն պիտի չամչնամ՝

Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։

 7 Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով,

Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։

 8 Քու կանոններդ պիտի պահեմ.

Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ

ՊԷԹ

 9 Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։

Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։

10 Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։

Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։

11 Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ,

Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։

12 Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր,

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

13 Իմ շրթունքներովս պատմեցի

Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։

14 Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ,

Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։

15 Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ

Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։

16 Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ

Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԿԻՄԷԼ

17 Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ,

Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։

18 Բաց իմ աչքերս,

Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։

19 Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։

Մի՛ ծածկեր ինձմէ քու պատուիրանքներդ։

20 Իմ անձս կը նեղուի

Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։

21 Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները,

Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,

22 Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինձմէ,

Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։

23 Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին,

Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։

24 Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս

Ու իմ խորհրդատուներս են։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

ՏԱԼԷԹ

25 Իմ անձս հողին կը փակչի,

Կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

26 Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

27 Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր

Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ*։

28 Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի,

Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։

29 Ստութեան ճամբան հեռացուր ինձմէ

Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։

30 Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի

Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։

31 Քու վկայութիւններուդ յարեցայ,

Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։

32 Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ,

Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։

ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

ՀԷ

33 Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան

Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։

34 Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ

Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։

35 Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ,

Վասն զի անոր հաւնեցայ։

36 Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր

Ու ո՛չ թէ ագահութեան։

37 Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն

Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։

38 Հաստատէ՛ քու խօսքդ

Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։

39 Ե՛տ դարձուր ինձմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ,

Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։

40 Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ.

Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՎ

41 Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ

Եւ քու փրկութիւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։

42 Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին,

Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։

43 Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս,

Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։

44 Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ,

Յաւիտեանս յաւիտենից։

45 Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ,

Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։

46 Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ

Եւ պիտի չամչնամ։

47 Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝

Որոնք սիրեցի։

48 Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի

Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

ԶԱՅԻՆ

49 Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը,

Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։

50 Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է,

Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։

51 Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս,

Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։

52 Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի

Ու մխիթարուեցայ։

53 Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝

Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։

54 Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան

Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։

55 Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի

Ու քու օրէնքդ պահեցի։

56 Այս օրհնութիւնդ ստացայ,

Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ

ԽԷԹ

57 Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր.

Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։

58 Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի.

Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։

59 Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի

Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։

60 Քու պատուիրանքներդ պահելու

Արտորացի ու չուշացայ։

61 Ամբարիշտներուն խումբերը* զիս պատեցին,

Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։

62 Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու

Քու արդար դատաստաններուդ համար։

63 Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան

Ու քու հրամաններդ կը պահեն։

64 Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ.

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

ԴԷԹ

65 Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր,

Քու խօսքիդ համեմատ։

66 Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի,

Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։

67 Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի,

Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։

68 Բարի ես դուն ու բարերար։

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

69 Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ,

Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

70 Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ,

Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։

71 Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ,

Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։

72 Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ

Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՕՏ

73 Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին.

Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։

74 Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան,

Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։

75 Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են

Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։

76 Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝

Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։

77 Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ,

Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

78 Ամբարտաւանները պիտի ամչնան,

Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի,

Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։

79 Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները

Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։

80 Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ,

Որպէս զի չամչնամ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՔԱՖ

81 Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի*

Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։

82 Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին,

Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։

83 Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ,

Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։

84 Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը,

Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։

85 Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար,

Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։

86 Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։

Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։

87 Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ,

Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։

88 Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս

Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

ԼԱՄԷՏ

89 Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ

Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։

90 Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։

Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։

91 Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր.

Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։

92 Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար,

Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։

93 Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ,

Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։

94 Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս.

Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։

95 Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն,

Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։

96 Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։

Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

ՄԷՄ

97 Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։

Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։

98 Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին,

Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։

99 Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ,

Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։

100 Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ,

Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

101 Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի,

Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։

102 Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ,

Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։

103 Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս,

Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։

104 Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ,

Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԷՆ՝ ԼՈՅՍ

ՆՈՒՆ

105 Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է

Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։

106 Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ,

Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։

107 Շատ նեղացայ,

Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

108 Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր,

Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

109 Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է,

Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։

110 Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ,

Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։

111 Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի,

Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։

112 Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ

Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՄԷԽ

113 Երկմիտները ատեցի,

Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

114 Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես,

Քու խօսքիդ յուսացի։

115 Ե՛տ քաշուեցէք ինձմէ, ո՛վ չարագործներ,

Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։

116 Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ

Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։

117 Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ

Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։

118 Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան,

Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։

119 Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարես* երկրի բոլոր ամբարիշտները,

Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։

120 Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց

Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

ԱՅԻՆ

121 Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի,

Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։

122 Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր.

Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։

123 Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար

Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։

124 Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛

Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

125 Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս,

Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։

126 Տէրոջը գործելու ժամանակն է,

Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։

127 Անոր համար քու պատուիրանքներդ

Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,

128 Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ

Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔ

ՓԷ

129 Քու վկայութիւններդ զարմանալի են,

Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։

130 Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ

Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։

131 Իմ բերանս բացի ու հեւացի,

Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։

132 Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի,

Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։

133 Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ

Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։

134 Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն

Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

135 Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ

Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

136 Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս,

Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՑԱՏԷ

137 Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր,

Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։

138 Քու պատուիրած վկայութիւններդ

Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։

139 Իմ նախանձս զիս մաշեցուց,

Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։

140 Քու խօսքդ խիստ մաքուր է,

Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։

141 Ես ցած ու անարգուած եմ,

Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։

142 Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է

Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։

143 Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան,

Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։

144 Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է.

Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԳՕՖ

145 Բոլոր սրտով աղաղակեցի,

Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։

146 Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս

Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։

147 Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի.

Քու խօսքիդ յուսացի։

148 Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝

Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։

149 Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ.

Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

150 Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան.

Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։

151 Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես

Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։

152 Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ,

Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

ՐԷՇ

153 Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛,

Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։

154 Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս,

Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

155 Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն,

Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։

156 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են,

Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

157 Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս.

Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։

158 Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ.

Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։

159 Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ.

Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

160 Քու խօսքիդ սկիզբը* ճշմարտութիւն է

Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԸՆԾԱՅՈՒՄ

ՇԻՆ

161 Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին,

Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։

162 Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ,

Շատ աւար գտնողի պէս։

163 Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի,

Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

164 Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ

Քու արդար դատաստաններուդ համար։

165 Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ

Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։

166 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի

Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։

167 Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց

Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։

168 Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի,

Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԹԱՎ

169 Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ

Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։

170 Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ.

Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։

171 Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի,

Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։

172 Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ,

Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։

173 Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ,

Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։

174 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի

Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

175 Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ

Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։

176 Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ.

Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել